
Այս տարի կը լրանայ Հաճնոյ ութամսեայ հերոսամարտի 106-ամեակը։ Այս առիթով Կիրակի, 25 Հոկտեմբերին, Պաթոն Ռուժի (Լուիզիանալ) Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ ոգեկոչուեցաւ Հաճնոյ հերոսամարտի նահատակներուն յիշատակը՝ վերանորոգելով յարգանքի ուխտը մեր ժողովուրդի պատմութեան այդ հերոսական գոյամարտին եւ անոր անմահ նահատակներուն հանդէպ։

