Հակահայկական Բանաձեւ Մը Մերժուեցաւ Քենթաքիի Մէջ

0 0
Read Time:47 Second

p2-3 newKentucky
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Մարտ 7-ին, Քենթաքի նահանգի ծերակոյտին մէջ, կարելի եղած է կասեցնել որդեգրումը «Խոճալուի ողբերգութեան» 24-րդ տարելիցը ոգեկոչող թիւ 168 բանաձեւին, որ խեղաթիւրուած կերպով կը ներկայացնէր արցախեան հակամարտութեան վերաբերեալ փաստերը: Բանաձեւը չէ ընդունուած Հայ Դատի յանձնախումբի արեւելեան շրջանի ներկայացուցիչներուն կողմէ, նախաձեռնուող ապատեղեկատուութեան մասին նահանգին մէջ ահազանգ հնչեցնելէ ետք:
Բանաձեւը ծերակուտական Տէյմըն Թայըրի կողմէ ծերակոյտին ներկայացուած էր Մարտ 1-ին: Այդ մասին տեղեկանալով` Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները իսկոյն տեղեկատուական արշաւի նախաձեռնած էին` կոչ ուղղելով ծերակոյտի նախագահին ու մեծամասնութիւն կազմող խմբակցութեան ղեկավարներուն` հրաժարելու փաստերը խեղաթիւրող վտանգաւոր բանաձեւը որդեգրելէ: Իբրեւ արդիւնք, նահանգի ծերակոյտը պաշտօնապէս դադրեցուցած է բանաձեւի որդեգրման գործընթացը:
«Քենթաքիի մէջ ձեռք բերուած մեր փորձառութիւնը դարձեալ ապացուցեց, որ ժողովրդավարութիւնը կը գործէ, եւ նահանգին օրէնսդիր մարմինի անդամները պիտի չհանդուրժեն բռնատէր Իլհամ Ալիեւի շահերուն ծառայող խեղաթիւրման կամ միջամտութեան որեւէ փորձ: Ալիեւ կը շարունակէ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ ուղղուած նախայարձակումը` ատով վտանգի ենթարկելով տարածաշրջանի փխրուն խաղաղութիւնը», նշեց Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Արթուր Մարտիրոսեանը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles