Հալէպ, Հալէպի Մէջ, Հալէպէն Հեռու. Բաց Զրոյց` Ներսի Եւ Դուրսի Միջեւ

0 0
Read Time:53 Minute, 24 Second

Ծ.Խ.- Համպուրկի համալսարանի դասախօս Իշխան Չիֆթճեանի առաջարկով կայացած է զրոյց մը «Գանձասար»-ի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեանի հետ` իբրեւ առանցք ունենալով սուրիահայ պատերազմի լոյսին տակ տեղւոյն գաղութին ապրած վիճակը, առօրեան, մարտահրաւէրները եւ գոյատեւման երթը: Ստորեւ, լոյս կ՛ընծայենք այս  երկարաշունչ հարցազրոյցը:

ԻՇԽԱՆ ՉԻՖԹՃԵԱՆ.- Սուրիոյ մէջ բազմամակարդակ պատերազմը կը շարունակուի: Միջազգային ու ազգային մակարդակներու վրայ ահագին խօսք, գիր, գիրք, ձեռնարկում, օժանդակութիւն, քարոզ ու այլինչ բաւական ճամբայ կտրած են: Տագնապանքի, յուսահատութեան, յուսալքումի, քանդումի մթնոլորտը եկաւ, կու գայ ու կ’երթայ եւ որեւէ ժամանակ դարձեալ կրնայ յայտնուիլ: Դեռ պատերազմին «մէջ» ենք: Սովորաբար դատումներն ու եզրակացութիւնները դէպքերէն ետք տեղի կ’ունենան, երբ յստակացումներ կը կատարուին: Քանի պատերազմը չէ աւարտած, ուրեմն դեռ այդ վերջնական յստակացումը տեղ չէ գտած:
Այստեղ կ’ուզեմ ներսի եւ դուրսի միջեւ զրոյց մը առաջարկել: Գիտենք կրակին մէջ ու անկէ հեռու եղողներուն տարբերութիւնները: Մորթին վրայ զգալուն ու հեռուէն լսելով զգալուն տարբերութիւնները կան: Հեռուն կեցողը խօսելու եւ դատելու իրաւունք չունի` կ’ըսենք յաճախ իրաւամբ: Դուրսէն կ’երեւին, սակայն, երբեմն բաներ, որոնք ներսէն յստակ չեն: Ներսինը յաճախ դուրսինին կարծիքին կարիքն ալ չունի: Ինչո՞ւ ունենայ: Խօսիլը դիւրին է, ապրիլը` դժուար: Ապրողը գիտէ: «Կրակն ինկած տեղը կ’այրէ»:
Կրակին այրած տեղերը, սակայն, Սուրիոյ պատերազմին պարագային, տարածուեցան, վերջին տարիներուն ընթացքին դարձան «համազգային խնդիր», որովհետեւ Սուրիոյ ու մանաւանդ Հալէպի պատմական ու կեդրոնական դերակատարութիւնը հայկական կեանքին մէջ շեշտուեցաւ, յստակացաւ մեր աչքերուն առջեւ: Ազգովին վկայ դարձանք, ամէն մարդ իր չափով ու չափանիշով, դատելու եւ դիտելու իր կարողութեամբ, թէ ինչպէ՛ս կրնայ օր ցերեկով առողջ ու կայուն գաղութ մը խոշտանգումի ու խորտակումի պայմաններու մէջ գտնուիլ: Ասիկա պատճառ դարձաւ, ի միջի այլոց, նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան` իբրեւ հայրենիքի, դերակատարութեան անդրադառնալու: Մարգարէութիւններ ու գուշակութիւններ չպակսեցան, որոնք սփիւռքի ապագան հարցականի տակ առին: Հայաստան գաղթեցին մեծաթիւ սուրիահայեր: Ոմանք հոնկէ անցան արեւմտեան երկիրներ:
Ծայրայեղ, ահազանգային դատումներէն մինչեւ ամէնէն մեղմ դատումները, ժխտական ու դրական մօտեցումները, համացանցային երբեմն անպատասխանատու, երբեմն տրամաբանող ու հարցադրող, երբեմն անհաւասարակշիռ ու այպանող կարծիքներն ու արտայայտութիւնները, ինքնապաշտպանականն ու յարձակողականը` ներսէն կամ դուրսէն, բոլորն ալ մտահոգութեանց արդիւնք են, բոլորին ալ կարիքն ունին պատմութիւնն ու պատմագիրը:
Դուրսէն եւ ներսէն դիտելն ու զգալը ունին իրենց առանձնայատկութիւնները, եւ ես պիտի ուզէի ըսել, որ երկուքն ալ անհրաժեշտ են, որովհետեւ հայ ժողովուրդի նկարագրին ու էութեան անբաժան մասն են ներս ու դուրս, ներս կամ դուրս ըլլալու հանգամանքները: Ներսէն զգալ ու հասկնալ, դուրսէն զգալ ու հասկնալ:
Ընդհանուր ու պաշտօնական մեկնութիւններէն ու խօսքերէն անդին, կը փափաքիմ աշխարհագրական հեռաւորութիւնս օգտագործելով` քանի մը հարցումներ ուղղել «Գանձասար» շաբաթաթերթին, անոր խմբագիրին հետ զրուցելով, դէպի ներս հայեացք մը նետել փորձելով:
Որո՞նք են ներսի եւ դուրսի հիմնական տարբերութիւնները: Կ’ընդունի՞ք, որ ներսէն զգալուն եւ հասկնալուն կողքին, կրնան նաեւ դուրսէն հասկնալ ու… զգալ գոյութիւն ունենալ:
3 Յունիս 2017

ԶԱՐՄԻԿ ՊՕՂԻԿԵԱՆ.- Ներսի եւ դուրսի ձայները` երկուքն ալ բնականաբար ցաւի, պոռթկումի, փրկութեան ուղիներու որոնման ձայներ են, կասկած չունինք: Անոնց միջեւ, սակայն, հիմնական տարբերութիւններ կան:
Դուրսը, կամ, աւելի մեղմ պիտի ըլլայ ըսել, աշխարհագրականօրէն հեռու ապրողը ներսի պատկերին մանրամասնութիւնները չի տեսներ յաճախ: Ան պատկերը իր ընդհանրութեան մէջ կը տեսնէ միայն, այնքան մը, որ ան իրեն կը հրամցուի զանգուածային լրատուամիջոցներուն կողմէ: Այդ լրատուամիջոցները երբեմն տագնապի որոշ երեսները ուռճացուած կը ներկայացնեն, երբեմն դիտումնաւոր կ’անտեսեն այլ երեսներ… եւ այսպիսով, անոնք կ’ուղղորդեն հանրային կարծիքը` իրենց նպատակներուն համաձայն:
Տագնապի ամէնէն բռնկուն ժամանակաշրջանին, օրինակ, երբ յատկապէս արեւմտեան լրատուամիջոցներ Հալէպը հռչակած էին աղէտեալ քաղաք ու ցոյց կու տային քաղաքի քանդուած բնակարանները, անտուն, անօթեւան մարդիկն ու զոհերը, ապօրինի ուղիներով պատերազմէն փախչող հազարաւորներուն ողբալի վիճակը միայն, դուրսը ապրողը, բնականաբար, գաղութը պարպելու կոչեր պիտի ուղղէր հոս ու հոն, յետոյ պիտի զարմանար` տեսնելով Հալէպի մէջ հայկական վարժարան յաճախող փոքրիկներուն պատկերները, պատերազմի պայմաններուն մէջ իրենց կեանքը շարունակող ընտանիքները, երբեմն պիտի այպանէր զանոնք նաեւ:
Հայկական կարգ մը լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ, երբ կապ կը հաստատէին հետս եւ կ’ուզէին իրազեկ դառնալ գետնի վրայ տիրող իրավիճակին, մերթ ընդ մերթ կը հարցնէին, թէ ո՛ւր կը բնակիք, նկուղներու մէ՞ջ, կարելիութիւն ունի՞ք առօրեայ ձեր ուտելիքը ապահովելու համար փողոց ելլելու: Կը փորձէի բացատրել, որ ճամբաները անապահով են, ռումբի մը զոհը կրնաս դառնալ որեւէ մէկ ատեն ու որեւէ մէկ տեղ, նոյնիսկ` բնակարանիդ մէջ, այդուհանդերձ, կեանքը կը շարունակուի, վարժարանները իրենց դռները բաց կը պահեն, եկեղեցիներուն զանգերը կը ղօղանջեն, Հալէպը չէ դատարկուած:
Ներսը ապրողը իր մորթին վրայ կը զգար ցաւը, կ’ապրէր վտանգը, սակայն իրապաշտ էր նաեւ. գիտէր, որ ի՛նք պիտի լուծէր իր հարցերը: Դուրսինը կրնար օգնել, որ իր ցաւերը մեղմանան, որ դիւրութեամբ կարենայ յաղթահարել դժուարութիւնները, սակայն իր հարցերուն հիմնական լուծում չէր կրնար տալ:
Ներսը ապրողն էր, որ լուծումներ պիտի որոնէր: Այդպէս ալ եղաւ… Իւրաքանչիւր ընտանիք շարժեցաւ ի՛ր պայմաններուն, ի՛ր դիմանալու կարողութեան, ի՛ր կարելիութիւններուն համաձայն: Ոմանք տագնապի առաջին օրերէն գաղթեցին, ուրիշներ որոշեցին հայրենիք հաստատուիլ: Ոմանք նախընտրեցին երկրին մէջ, առժամաբար, քաղաքէ քաղաք տեղափոխուիլ, մինչեւ կացութեան հանդարտիլը, ուրիշներ փախուստ տալը լուծում չէ` ըսին ու հաւատալով, որ այս բոլորը վերջ մը պիտի ունենան անպայման, նախընտրեցին մնալ ու տոկալ: Ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք գաղթականի ցուպը կրկին պիտի չբռնենք` ըսին:
Մնացողներուն տէր կանգնիլ ու դարարմատ այս գաղութը պահպանելն ալ էական էր, որուն համար նաեւ կը տքնէր ներսինը: Դուրսինին երբեմն անհասկնալի կը թուէր ներսինին` գաղութին կառչելու որոշումը, ան դուրս ելլելով` մահուան վտանգէն փրկուիլը աւելի դիւրին ու տրամաբանական կը համարէր:
Սա չի նշանակեր, որ դուրսինը չի զգար, չի տագնապիր: Ան, պարզապէս սուրիահայութեան պատկերին կարգ մը մանրամասնութիւնները չի տեսներ:
Սուրիահայութիւնը ունենալով կորուստներ, ապրելով զրկանք` իր բոլոր կարելիութիւններով կը փորձէր պաշտպանուիլ այս փոթորիկին դէմ, որովհետեւ լաւ կը հասկնար սուրիական ընկերութեան դրուածքը ու գիտէր, որ այս բոլորը վերջ մը պիտի ունենային անպայման, գիտէր մանաւանդ, որ հայրենամերձ այս գաղութը խոր արմատներ ունի այս երկրին մէջ, ու Սուրիան ժամանակաւոր կայարան մը չէ, որ իւրաքանչիւր դժուարութեան դիմաց թաղէ ամէն բան ու հեռանայ, անորոշութեան գիրկը նետուի: Թաղէ իր պապերէն ժառանգած մշակութային արժէքները, աւանդոյթները, լեզուն եւ տակաւին շատ ու շատ իւրայատկութիւններ, որոնք պահպանուած են գուրգուրանքով, զոհողութիւններով, խզէ իր կապը այն երկրին հետ, որուն զարգացման փուլերուն մէջ իր լուման դրած է ու բոլոր ժամանակներուն մէջ յարգանք եւ վստահութիւն վայելած` անոր ժողովուրդին կողմէ:
Ոմանք երբեմն տեղեակ չըլլալով պատկերին մանրամասնութիւններուն, ներսը տարուող աշխատանքներուն` գաղութին կառչած մնալը անհեթեթօրէն կը վերագրէին կառոյցներու, շէնքերու պահպանումին: Հոս է, որ ցաւ զգալով` կ’ընդվզէր ներսինը: Անհրաժեշտ էր տագնապին մէջ ապրողը հասկնալ, զօրակցիլ անոր, որպէսզի եթէ նոյնիսկ օգնելու կարելիութիւն չունենայ դուրսինը, գէթ աւելի չծանրացնէ ներսինին վիճակը, խուճապի չմատնէ զայն: Ճիշդ այս պատճառով ալ անպատասխանատու արտայայտութիւններուն պէտք էր պատասխանել երբեմն` հանդարտեցնելու եւ գօտեպնդելու ներսինը, բացատրելու անոր միտքը:

Երկրորդ հիմնական տարբերութիւնը այն էր, որ դուրսինը յաճախ Սուրիոյ մէջ ապրող հայութիւնը կը դիտէր որպէս անջատ հաւաքականութիւն, որուն հարցերով կը տագնապէր առաւելաբար:
Սուրիահայութիւնը քաջ գիտէր, որ ինք մաս կը կազմէ հայ ժողովուրդին, եւ կը գիտակցէր, որ իր կեցուածքը պիտի անդրադառնար ամբողջ հայ ժողովուրդին, նոյնիսկ Հայաստանի վրայ, իսկ հալէպահայութեան կենաց մահու կռիւը հայութեան ընդհանուր ռազմավարութենէն դուրս, անջատ պայքար մը չէր, հետեւաբար համահայկական ուշադրութեան արժանի պիտի ըլլար: Սուրիահայութիւնը, սակայն, ինքզինք կը տեսնէր նաեւ որպէս սուրիական ընկերութեան մէկ մասնիկը ու իր մօտեցումներուն, իր արտայայտութիւններուն մէջ նկատի կ’ունենար այս հանգամանքը անպայման: Ասիկա երբեմն անհասկնալի կը թուէր դուրսինին:
Միւս կողմէ` դուրսէն զգացողն ու հասկցողն ալ ներկայ էր միշտ: Անոր ներկայութիւնը մեծ նշանակութիւն ունէր, որովհետեւ երբեմն դուրսէն կրնար նկատել այլ մանրամասնութիւններ, զորս նկատած չէր ըլլար ներսինը, եւ դուրսինը կը զգուշացնէր, կ’օգնէր, սուրիահայութեան ձայնը հասանելի կը դարձնէր լայն շրջանակներու` երբեմն օգտագործելով այնպիսի լծակներ, զորս չունէր ներսինը:
Առնենք Քեսապի օրինակը. երբ Քեսապ գրաւուեցաւ, ու բնակչութիւնը տեղահանուեցաւ, մեծ աղմուկ բարձրացուցին ոչ միայն Հայ դատի գրասենեակներն ու Հայաստանի պաշտօնական աղբիւրները, այլ` ամբողջ սփիւռքահայութիւնը: Ցոյցեր, դատապարտումներ, նուիրահաւաքներ: Այս բոլորը իրենց դերը պիտի ունենային բնականաբար Քեսապի ազատագրումին ու անոր բնակչութեան վերադարձին մէջ: Նոյնն էր պարագան, երբ թրքամէտ ահաբեկիչներ քարուքանդ կ’ընէին Նոր Գիւղն ու Հալէպը:
Ինչպէս յիշեցիք, ներսն ու դուրսը անբաժան մասերն են հայկական էութեան, հայկական մարմինին: Եթէ մէկը աչքն է, այս պարագային, միւսը ականջն է անոր: Էականը երկուքը ծառայեցնելն է այդ մարմինին:

ԻՇԽԱՆ ՉԻՖԹՃԵԱՆ.- Նախ շնորհակալ եմ ձեր ընդառաջումին ու պատասխաններուն համար, որովհետեւ զրուցելը շատ մը իմաստներով անկարելի դարձած ու դարձուած է հայկական մակարդակի վրայ քիչ մը ամէն տեղ: Իւրաքանչիւր կողմ իր ճշմարտութեան մէջ առանձնացած ու ընկղմած է, եւ փոխանակումի կարելիութենէն անկախ` այդ փոխանակութեան անհրաժեշտութիւնը չի տեսնուիր: Եթէ կը սխալիմ, կրնաք սրբագրել: Բնականաբար չեմ ակնարկեր մակերեսային հանդիպումներու, որոնք բազմաթիւ են:
Սկիզբէն շեշտելով, հաստատելու ենք, կրկնութեան գնով, որ դժուար է խօսիլ կամ գրել այս բոլոր նիւթերուն մասին. շա՛տ դժուար: Սակայն բոլոր անկարողութիւններէն անդին` անհրաժեշտութիւն մըն է անիկա: Մենք խօսքէն աւելի «գործ»-ին հաւատացող ընկերութիւն մըն ենք: «Գործնական»-ը մեզ այնքան կլանած է, որ մեր մշակութային, «խօսքի ու գիրի» (որոնք «գործ» չեն, ըստ երեւոյթին) բազմատեսակ արխիւներն ու արխիւացումները արհամարհանքի ու անտեսումի կ’արժանանան, լաւագոյն պարագային: Փաստերը շատ են: Կրնաք ըսել` այս չէ հիմա մեր նիւթը: Ճիշդ է, սակայն բացուած զրոյցը կրնայ զարգանալ, պէտք է որ զարգանայ, որպէսզի գէթ փորձենք տեսնել, թէ պատերազմ դիմակայելու մեր միջոցներն ու կարողութիւնը ի՛նչ բնոյթ ունին, թէ` անոնք ի՛նչ կապ ունին մեր այսօրուան սովորական առօրեան ապրելու չոր իրականութեան հետ:
Ձեր գրածներուն մէջ կան շատ կարեւոր մանրամասնութիւններ: Կ’առանձնացնեմ հիմա անոնցմէ այս մէկը` աւելի ուշ անցնելու համար միւսներուն:
Դրսեցին չի տեսներ ներսը կատարուածը: Ասիկա առած ըլլալու չափ ճիշդ է: Առածները արդէն փորձառութեամբ hասունցած են: Դուրսինները տեղեակ չեն ըլլար կարգ մը կարեւոր մանրամասնութիւններու, կ’ըսէք, եւ սա յստակ է:
Ընդունելով որոշ չափով այս ըսուածը իբրեւ իրականութիւն` պէտք չէ մոռնալ, որ ներսիններն ալ կրնան չունենալ, մի՛ զարմանաք, այն ճշգրիտ տեղեկութիւնները, որոնք դուրսինները ունին, երբե՛մն, տարբեր աղբիւրներու միջոցով: Մանաւանդ` համացանցի այս դարուս, որ հայկական կեանքի մէջ յեղաշրջում յառաջացուցած է դրական ու ժխտական իմաստներով:
Կարգ մը տեղեկութիւններուն ապատեղեկատուութիւն ըլլալը` այլ հարց: Հոս խօսքս զուտ ու հում տեղեկութեան մասին է, անոր կարելիութեան, ոչ` սուտի կամ փրոփականտի: Կրնամ վստահեցնել ձեզ, որ ներսինը չունի միշտ «բոլոր» տեղեկութիւնները` զուտ տեղեկութեան հասնելու միջոցներուն սահմանափակութեան կամ ընդհատումին պատճառով, երբե՛մն: Ճիշդ հոս է, որ կրնայ, կրնար դուրսինը ներսինին օգտակար դառնալ` երբեմն միայն պարզապէս տեղեկութիւն փոխանցելով, հաղորդակցական միջոցներու բնական բանեցման պարագային հարկաւ: Ասիկա ընդունեցէք, խնդրեմ, լոկ իբրեւ աննշան գաղափար մը: Կրնայ երկրորդական ու ընդհանրապէս անկարեւոր, արտասովոր, գռեհիկ, նոյնիսկ անիմաստ նկատուիլ ներսինին համար: Իսկապէս ալ տեղեկութեան մը պակասը կրակիս ուժգնութիւնը չէ, որ պիտի նուազեցնէ, պիտի ըսէք իրաւամբ: Մէկ տեղեկութիւն աւելի, մէկ պակաս` ինչի՞ մասին է խօսքը: Հոս անցում մը կ’ուզեմ կատարել. «տեղեկութիւն» բառը, «տեղեակ ըլլալը» առէք, խնդրեմ, իր ամէն կարելի ու հեռահաս իմաստներով: Իրարմէ տեղեակ ըլլալու հարցը համացանցային այս դարուն ու սփիւռքեան մեր ցանցակերպ գոյութեան համար հիմնական անհրաժեշտութիւն է:
Մեր ազգային, եկեղեցական, քաղաքական պատասխանատուները ունին իրենց մօտեցումներն ու լծակները, ներս-դուրս կապերը, մարտահրաւէր դիմագրաւելու իրենց ձեւերը, ու անոնք ըրին, ինչ որ ըրին կամ կրցան ընել: Մեզի` հասարակ մահկանացուներուս կը մնայ լաւագոյն պարագային լռել ու ականատես ու ականջալուր վկան դառնալ կատարուածին: Այս զրոյցը, սակայն, կը փափաքի այդ սահմանէն անդին անցնիլ, այլապէս ան ամբողջովին աւելորդ է:
Իմ մօտեցումս, որ այս զրոյցին ալ հիմք կը կազմէ, այն է, որ եղելութիւններուն դուրսէն մասնակից դառնալը, որքան ալ անկարելի թուի ան, ոչ թէ ազգային «պարտք» է կամ ճառի նիւթ, այլ` հայկական ինքնութեան հետ սերտօրէն առնչուած գործելաձեւ: Նոյն բանն է, երբ իբրեւ սփիւռքահայ կը «հետաքրքրուինք» Հայաստանի Հանրապետութեամբ եւ դուրսէն ու հեռուէն կը «մասնակցինք» անոր կեանքին, իւրաքանչիւրը` իր հասկցած ձեւով: Հոն չենք, ներսը չենք, սակայն միաժամանակ կրաւորական դիտորդ ալ չենք, «տագնապ կը կիսենք»: Կը ներէք, որ այս չակերտներէն չեմ կրնար հրաժարիլ, որովհետեւ արձանագրուած իմաստին մէջ հարկ է մտածել կարելի այլ իմաստներ: Կ’ուզեմ յստակօրէն ըսել, որ Սուրիոյ պատերազմը մեր ինքնութեան հարցերը ջուրի երես կը հանէ շատ մը ձեւերով: Եւ մեր ինքնութեան հարցերը միշտ կապ ունին ներսի եւ դուրսի, ներսեցիի ու դրսեցիի, անոնց մօտեցումներուն, փորձառութիւններուն փոխանակութեան հետ:
Ներսն ու դուրսը ունենալով իրենց տարբերութիւնները` հաւասարութիւն կը կազմեն, հաւասար կողմերէ իրարու հետ յարաբերելու կոչուած են: Շատ լաւ կը յիշեմ, շուրջ տասնամեակ մը առաջ, Ժընեւի Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կեդրոնին մէջ օտար աստուածաբան մը Հայաստանէն ժամանած եկեղեցական բարձր պատուիրակութեան դառնալով` հարցուց ճիշդ այս բառերով. «Դուք հսկայ սփիւռք ունիք: Ինչո՞ւ չէք օգտուիր անոր փորձառութենէն»: Հարցումը կը վերաբերէր դրսեցիի փորձառութեան: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս նոյն առարկան մօտէն ու հեռուէն դիտելով` «տարբեր» կը տեսնենք նոյնը, այնպէս ալ ներսն ու դուրսը իրարու պէտք ունին` կարելի եղածին չափ ամբողջական պատկերի մը հասնելու համար երկուստեք, աւելի՛ն, այդ պատկերը միասնաբար կազմելու ու կազմակերպելու ի խնդիր:
Բոլորս ալ գիտենք, որ պատերազմն ու քաոսը ոչ մէկ պայման կը յարգեն, «օրէնքներ» չունին: Բայց մենք այդ հարցը առ այժմ մէկդի դրած պիտի ըլլանք, այլապէս զրոյցը ընդհանրապէս անիմաստ կ’ըլլայ:
Ներսը ամբողջովին փակ տարածք չէ, դուրսն ալ ամբողջովին բաց տարածք չէ: Կը խնդրեմ, որ առողջ փոխանակումը այս երկուքին միջեւ իբրեւ պահանջ կամ սպասում չհասկցուի, այլ` բնականոն հոլովոյթ, այս պարագային` անբնական պայմաններու մէջ: Անբնականին մէջ բնական գործելու ու փոխանակութիւն կատարելու պատմական փորձառութիւն գոյութիւն ունի, ոչ միայն մեր ժողովուրդին համար: Ներսը դուրսին ծառայեցնելը կամ դուրսը ներսին ծառայեցնելը փոխանակումի հիմք չի կրնար դառնալ:
Դուք, ձեր իսկ փորձառութենէն մեկնած, ինչպէ՞ս կը գնահատէք վերջին տարիներուն ներսի եւ դուրսի միջեւ կատարուած փոխանակութիւնը, անոր առողջութիւնն ու թերիները, գոնէ` անոր քանի մը երեսները: Ակնարկներ ըրած էք վերը, ձեր պատասխանին մէջ: Կրնա՞ք մանրամասնել: Ոչինչ բաւարար ու գոհացուցիչ կրնայ ըլլալ կրակին մէջ գտնուողին համար: Գտնուողի՞ն. այրողի՛ն համար:
27 յունիս 2017

ԶԱՐՄԻԿ ՊՕՂԻԿԵԱՆ.- Խնդրեմ. ես ալ շնորհակալ եմ, որ զրոյցի այս առիթը ստեղծեցիք ու նման կարեւոր հարցեր կ՛արծարծէք: Զրուցելը շատ կարեւոր է զիրար լաւ հասկնալու, մեր դիմագրաւած հարցերուն խորքը թափանցելու, մէկս միւսին փորձառութենէն, մտքերէն օգտուելու համար: Կը խորհիմ, որ զրուցելը հայկական մակարդակի վրայ ոչ թէ անկարելի դարձած կամ դարձուած է, այլ` մակերեսային: Մակերեսային զրոյցին պատճառով ալ երբեմն փոխանակութիւնը դարձած է սահմանափակ, իսկ հանդիպումները` նոյնքան ձեւական:

Ներսն ու դուրսը զիրար կ՛ամբողջացնեն, անջատ գոյութիւններ չեն, անոր համար ալ իւրաքանչիւր կողմ, եթէ ընկղմի իր ճշմարտութեան մէջ, չի կրնար երկար գոյատեւել:
Մեր ժողովուրդին պարագային, ներսի ու դուրսի անքակտելի կապը, իրարու միջեւ փոխանակումը կը նպաստեն մեր ինքնութեան պահպանման գործընթացին, աւելի կ՛ամրացնեն մեզ` ներս թէ դուրս: Այս մէկը իրականացած տեսնելու համար անհրաժեշտ է փոխանակումը: Փոխանակումը` փորձառութեան, փոխանակումը` տեղեկութեան, փոխանակումը` մտքի, կարծիքի: Ներս ու դուրս հասկացողութիւնը պէտք է դիտել որպէս հարստութիւն նաեւ, որմէ կարելի է առաւելագոյն չափով օգտուիլ:
Պատերազմի մէջ փոխանակումը միայն նիւթական եւ մարդասիրական օժանդակութիւններով պէտք չէր սահմանափակուեր: Պաշտօնական կողմերը ըրին այդ բոլորը, ինչ խօսք, քիչ վերջ օրինակներով կը յիշեմ: Մենք կարիք ունէինք միտքերու, գործելաձեւերու փոխանակումի` հայկական մեր ինքնութեան պատկերը յստակացնելու, պարզելու, թէ սուրիահայութեան օգնելով, անոր գոյութիւնը պահպանելով` մեր ինքնութեան պահպանման նպաստած կ’ըլլանք նաեւ, որովհետեւ Սուրիոյ հայութիւնը կարեւոր բաղադրիչ մըն է հայկական իրականութեան մէջ, ոչ թէ` ինքնանպատակ գործող հաւաքականութիւն մը:
Առողջ փոխանակումի շարք մը երեւոյթներ նպաստեցին պատերազմ դիմակայող սուրիահայութեան:
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի նախաձեռնութեամբ, Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի կեդրոնական մարմինին կազմութիւնը, Սուրիոյ հայ համայնքի բոլոր բաղադրիչներուն մասնակցութեամբ, Սուրիոյ հայաբնակ քաղաքներուն մէջ իր գործադիր մարմիններով, օրինակ, տառապեալ ժողովուրդի օժանդակութեան կազմակերպուած ընթացք տալուն նպաստեց: Ասիկա փորձառութեան փոխանակում մըն էր, որ արագ ձեւ ու մարմին ստացաւ եւ գործի վերածուեցաւ: Ազգային եւ համայնքային պատասխանատուներու յաճախակի այցելութիւնները հայրենիք եւ սփիւռքի զանազան ոստաններ, այնտեղ անոնց ժողովրդային հանդիպումները նպաստեցին ներսի իրավիճակը ճշգրիտ ներկայացնելու, տեղեկութիւններ տալու եւ առնելու կարեւոր գործին` պատերազմին մէջ ապրողն ու դուրսէն հետեւողը մերձեցնելու, ամբողջական պատկերը յստակ դարձնելու համար: Նոյն այդ յստակացումին կը ծառայէր հայկական լրատուամիջոցներու հետ ամէնօրեայ մեր կապը: Եղան շրջաններ, երբ համացանցի չգոյութեան պատճառով մեր գործընկերները օգնութեան փութացին եւ կարեւոր տեղեկութիւնները տալ ու ստանալ, ճշդումներ կատարել սկսանք հեռաձայնով ու այդ օրերու տեղեկատուական փոխանակումի բացը Հայաստանի եւ սփիւռքի մեր գործընկերներուն գործակցութեամբ գոցեցինք:
Համահայկական հանգանակութիւններն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջոցով անոնց փոխանցումը Սուրիա` նպաստեց սուրիահայութեան շարք մը դժուարութիւններու յաղթահարման, նիւթական դժուարութիւններու պատճառով հայ դպրոցը իր դռները չփակեց, բաց մնաց:

Հ.Հ. ներկայութիւնը, որպէս հայրենիքի, տագնապին մէջ դրական իր դերը ունեցաւ: Հալէպի մէջ ՀՀ հիւպատոսութիւնը դիւանագիտական միակ գրասենեակն էր, որ շարունակեց իր գործունէութիւնն ու ծառայեց այդ փոխանակումին: Աւելի քան 12.000 սուրիահայեր այսօր հաստատուած են Հայաստան ու, երկրի վարչապետին իսկ խօսքով, աշխատանքի նոր մշակոյթ ներմուծած են երկիր: Ինչ խօսք, որ անոնք հայրենիքի մէջ ալ կը դիմագրաւեն դժուարութիւններ, երբեմն հայրենիքը միայն հանգրուան համարելով` կ՛ուղղուին արեւմտեան ափեր: Ասիկա այլ խնդիր է, որ ունի իր պատճառներն ու լուծումի կարօտ հարցերը:
Իրաւացի էք, մենք գործին հաւատացող ժողովուրդ ենք, մանաւանդ` պատերազմական իրավիճակներու մէջ, սակայն «խօսքի ու գիրի», մշակութային արժէքներու դերին ապաւինիլը եւս կը նպաստէ պատերազմը դիմակայելու մեր մաքառումին: Այս գիտակցութեամբ է, որ պատերազմական առօրեային մէջ շարունակուեցան մշակութային զանազան ձեռնարկները, թերթի, գիրքի հրատարակութիւնը: Պատերազմ դիմակայելու մեր միջոցներէն մէկն ալ արխիւացումի աշխատանքն է, որ եթէ ցարդ կ՛ընթանար դանդաղ կշռոյթով, պատերազմէն ետք պէտք է մասնագիտական ամենաբարձր մակարդակով կատարուի, եւ «խօսքն ու գիրը» վերածուին գործի, որովհետեւ խօսքէն աւելի՛ կազմակերպուած գործ կրնայ ծնիլ:
Սուրիական տագնապին ընթացքին ամէնէն կարեւոր հարցը ներսինին անվտանգութեան երաշխաւորումն էր, սակայն պատերազմին մէջ ո՞վ կրնար երաշխաւորել սուրիահայութեան անվտանգութիւնը… ո՛չ ոք: Սուրիոյ ողջ ժողովուրդը այդ կրակին մէջ կ’այրէր: Սակայն կարելի էր անոր ձայնը բարձրացնել, դիւանագիտական, քարոզչական բոլոր լծակներու օգտագործումով նպաստել, որ պատերազմի հրահրումը վերջ գտնէ, ներկայացնել մարդկային ողբերգութիւնը, փոքրամասնութիւններու տառապանքը եւ այլն:
Այս իմաստով, սուրիական տագնապին առնչուող ներսի եւ դուրսի տեղեկութիւններու համադրումը, հայկական բոլոր կողմերուն նոյնանման առողջ դիրքորոշումներով հանդէս գալը, նոյն լեզուով խօսիլը դրական էին, պաշտօնական մակարդակի վրայ Հ.Հ.-ը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, Հայ դատի գրասենեակները, համահայկական կառոյցները իրենց կարելին ըրին` դիւանագիտական լծակներու օգտագործումով, միջազգային բեմերէ հանդէս գալով:
Ձեր հարցումին պատասխանելով` մանրամասնեմ Քեսապի օրինակը: Ներսէն տեղեկութիւններու ճշդումը, Քեսապի ժողովուրդին տեղահանութիւնն ու տեղեկութիւններու հոսքը, այս առումով, դուրսէն հայկական կողմին դիւանագիտական աշխատանքը, սփիւռքի քարոզչական հսկայ արշաւը, Հայ դատի յանձնախումբերու այցելութիւններն ու նամակները` ուղղուած միջազգային մարմիններուն, ՀՀ նախագահի եւ Սուրիոյ նախագահի անմիջական կապերը Քեսապի գրաւման ժամանակաշրջանին` դրական ազդեցութիւն ունեցան, հարցին դրական լուծման նպաստեցին:
Փոխանակման գործընթացին մէջ հիմնական թերին ոչ պաշտօնական կարգ մը կողմերուն գաղութին գոյերթը կասկածի տակ դնող մտայնութիւնն էր, ասոր կողքին, դուրս գալու պարտադրանքին տակ գտնուողներուն ուղին յստակացնելու եւ զանոնք Հայաստան ուղղելու համահայկական կամքի բացակայութիւնը: Մարդոց, բնականաբար, չենք կրնար պարտադրել, որ հայրենիք ուղղուին սոսկ հայրենասիրական զգացումներէ թելադրուած, այդ ուղին պէտք էր հարթ դարձնէինք, որպէսզի համոզուէին ու իրենք ընտրէին զայն: Միայն այս պարագային կարելի կ՛ըլլար սուրիահայութեան նկատառելի մէկ տոկոսին օտար ափեր ցրուումը կանխել:
Այլ թերութիւն մըն ալ սուրիահայութիւնը տեղէ տեղ փոխադրելու նպատակով ոչ պաշտօնական կողմերէ արտայայտուած կարծիքներն էին (այստեղ չեմ ակնարկեր անշուշտ հայրենադարձութիւն հասկացողութեան): Զանգուած մը տեղէ մը հանելով ու այլ տեղ փոխադրելով` անոր հարցերը լուծած չենք ըլլար: Մանաւանդ եթէ ան իր ապրած միջավայրին աղերսուած է պատմական կապերով ու իր ինքնութեան պահպանման համար յարմար միջավայր ստեղծած է այնտեղ: Հալէպահայութիւնը կամազուրկ զանգուած մը չէ, որ զայն տեղէ մը այլ տեղ փոխադրելով` անոր հարցերը լուծուած համարենք: Ընդհակառա՛կը, առողջ կարծիքներու, անկեղծ ճիգերու փոխանակումով կարելի պիտի ըլլար անոր հարցերուն լուծման օգտակար դառնալ, ու սա համահայկական խնդիր էր:
Ձեր պատասխանին մէջ կը յայտնէք «տագնապը կիսել»-ու կարեւորութիւնը: Այստեղ նախ կ՛ուզեմ հարցնել, թէ ինչո՞ւ այս նախադասութիւնը չակերտած էք:
Իսկ դուք, որպէս Գերմանիա ապրող մտաւորական, փոխանակումի հոլովոյթին մէջ օգտագործելի ինչպիսի՞ կարելիութիւններ կը տեսնէիք դուրսի եւ ներսի, այս պարագային` սուրիահայութեան միջեւ: Կարելիութիւններ, զորս չենք կրցած օգտագործել: Մանաւանդ որ դուք ապրած էք լիբանանեան պատերազմի դառնութիւնը ու տեղեակ էք պատերազմին մէջ այրողին դժուարութիւններուն:

ԻՇԽԱՆ ՉԻՖԹՃԵԱՆ.- Երբ «զրոյց» կ’ըսեմ, արդէն լրջութեան նուազագոյն մակարդակ մը նկատի ունիմ: Այլապէս Հայաստան-սփիւռք կամ այլուր կատարուած երթուդարձերն ու փոխանակումները, ի խնդիր ազգային կամ հայրենասիրական անանուն ախորժակներու յագեցման, տեսադաշտէս դուրս կը գտնուին: Անկարելիութիւնը, անկարելի դարձուածը նոյնինքն մակերեսէն վար, խորք իջնելու արարքն է: Անոր պատճառները շատ են:
Ձեր այդ թուարկած նախաձեռնութիւններն ու իրագործումները, որոնց մենք արդէն մամուլէն ծանօթ ենք, բայց լաւ է, որ այստեղ զանոնք վերստին կը հրամցնէք, եկէք` կոչենք բնական ու, ինչո՞ւ չէ, երբեմն ալ` գերբնական հակազդեցութիւնները գաղութի մը պատասխանատուութիւնը իր կռնակը առած ամբողջ համակարգի մը: Եւ արդէն այդ է, որ կը սպասուի գաղութի մը ղեկավարութենէն: Այս կամ նման ձեռնարկութեանց բացակայութիւնը պիտի ըլլար, արդարեւ, մեծ ամօթ մը: Նախաձեռնութեանց ձեր այս շարայարումը հաւանաբար լռելեայն ինծի ուղղուած հարցում մըն է ինքնին` արդեօք այս բոլորէն անդի՞ն ակնկալիք ունէիք: Ի՞նչ է ձեր սպասածը: «Ուզածդ ի՞նչ է, բարեկա՛մ», պիտի ըսէի ես Պուրճ Համուտի բարբառովս: Ահաւասիկ` «բազում գործք արութեան», պիտի ըսէր Խորենացի: Գործք… վերը ակնարկեցինք արդէն, որ գործնական ենք: Հետեւաբար գործ կ’արտադրենք: Ես ալ փորձեմ «ուզածս» սահմանել:

«Հաւատք առանց գործոց` դատարկ են», կը կարդանք Նոր Կտակարանին մէջ (Յակոբոս, Բ.20): Եթէ բանի մը կը հաւատաս եւ գործով հաւատքդ չես ապացուցեր, հաւատքդ դատարկ է, մեռեալ է: Հայկական աշխարհը, բայց հարկաւ` ոչ միայն ան, կ’ապրի ժամանակի մը մէջ, ուր իրականութիւնը այս ըսուածին հակառակ պատկերը կը ներկայացնէ: Այդ պատճառով ալ հակառակ պիտի դարձնեմ եւ հակառակէն կարդամ այս խօսքը: Ամէն տեղ կան քիչ թէ շատ գործեր ու գործողներ, սակայն անոնք իրենց ըսածին ու ըրածին հանդէպ հաւատք չունին: Գործս յարգելի բացառութիւններու հետ չէ: Մակերեսային հանդիպումներու ակնարկեցինք վերը: Ահա հոս է, որ մակերեսայինի հարցը կը սրի: Կառոյցներն ու շէնքերը կը բարձրանան, սակայն զանոնք լեցնողը դատարկ է: Ճիշդ կարդացիք` լեցնողը դատարկ է: Եւ երբ որ հաւատքէն առաջ դրուած է գործին տեսանելի կոթողացումը, հաւատքին բացակայութեան է, որ գործը կը յառաջանայ: Եւ հետեւաբար «անհաւատ» գործն է, որ կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ: Մինչդեռ անհրաժեշտութիւնը գործին հանդէպ հաւատքի փոխանցումն է: Կրնայ հակասական կամ բարդ թուիլ այս հաստատումը, բայց ըսեմ, որ ես կը խօսիմ գործնական հաւատքի մասին, որ կրնայ գործ արտադրել` եւ այն գործին մասին, որ կարողութիւն չունի հաւատք արտադրելու: Օրինակ մը տամ, որպէսզի գէթ քիչ մը յստականան ըսածներս:
Կարելի է հսկայական, արդիական, գիտական հաստատութիւն կառուցել, վերակառուցել ու ընդարձակել, փայլեցնել, օժտել զայն բոլոր կարելի արտաքին, երեւելի բարիքներով, բայց այդ կառոյցին բովանդակութեան չնչին մէկ տոկոսը ցարդ ուսումնասիրած ըլլալ եւ հետագայի ուսումնասիրութեան համար ո՛չ բաւարար ծրագիր, ո՛չ մարդուժ պատրաստել: Կառոյցը ստեղծել, սակայն` զայն զրկել իր իսկական բովանդակութենէն, իր բանեցումի կարելիութենէն: Գաղտնիք մը չէ այս կառոյցը: Հայաստանի մէջ կը գտնուի ան, բայց թող ըլլայ հանելուկ:
Ժողովուրդը կ’ըսէ` մնայուն ու գնայուն բաներ կան, որոնց իբրեւ թարգմանութիւն մը` պիտի առաջարկեմ հոս, ըսելով` Սուրիոյ դաժան այս պատերազմին լոյսին, կամ աւելի ճիշդ` խաւարին տակ քանդելի (գնայուն) ու անքանդելի (մնայուն) կառոյցներ կան: Պատերազմը ցոյց կու տայ, թէ ի՛նչ կարելի է քանդել ու, ատոր զուգահեռ, ի՛նչ կարելի չէ քանդել: Կը սրէ մեր դիմադրողականութիւնը: Եղեռնի դասապահերէն անցած ըլլալու ենք, ու այդ դասանիւթերուն մեծամասնութիւնը դիմադրողականութեան եւ անքանդելիին կը վերաբերի: Ի՞նչ կարելի է փրկել պատերազմին քանդումէն: Քանդումէն` ընդհանրապէս: Սուրիան ընդհանրապէս, ու մանաւանդ Հալէպը, Դամասկոսը, Ռաս Ուլ Այնը, Ռաքքան, Հասիչէն, Տէր Զօրը այդ դասարաններուն անուններն են: Հոյակապ դասատու մըն է, եթէ կարդանք պատմութիւնը, համապատասխան վաւերաթուղթերն ու նամակները, Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոս` իր խօսքին ու մանաւանդ գործքին հմտութեամբ, Մեծն Սուրիոյ մէջ հաստատուելու իր քայլով, հակառակ այդ որոշումին դէմ կեցած նիւթական դժուարութիւններու:
Այս յարաբերաբար անպատերազմ ժամանակը ճիշդ ատենն է, որ այս հարցերը իրենց լրջութեամբ չափենք եւ պատրաստուինք: Ինչի՞: Մեր գոյութեան հիմերուն: Պատերազմին վէրքերը դարմանող եւ ձեր նշած բոլոր ձեռնարկութիւնները որքանո՞վ կ’անցնին սահմանը գոյութիւն պահելէն գոյութիւն հիմնաւորելուն: Նկատի ունիմ կառոյցէն դէպի անոր բովանդակութիւն երթը, եթէ կ’ուզէք: Այլեւ առօրեայ օրինակ մը` թերթը լոյս կը տեսնէ՞: Այո՛: Բայց երկրորդ հարցումն է կարեւորը` ի՞նչ է անոր բովանդակութիւնը: Երկրորդ հարցումէն ետք կը սկսի մնայունի, անքանդելիի տարածքը:
Թող սին շռայլութիւն համարուի, բայց սեւով ճերմակի վրայ կը գրեմ. պատերազմը պատճառ ըլլալու է, որ աւելի մեծ քանդումներու պատրաստուինք, ու մեր յետպատերազմեան կամ միջպատերազմեան ձեռնարկութիւնները ոչ միայն իբրեւ վերապրողի կարելիութիւններ շնչելու, այլեւ շունչ տալու կարողութիւն ունենան: Հոս է, որ նաեւ դուրսինը կրնայ գործունեայ դառնալ, որովհետեւ ան պատերազմին օդը չի շնչեր:
Եւ ասիկա կ’արձանագրեմ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին իմ նուազագոյն փորձառութեանս իբրեւ արդիւնք, քանի վերը ըրած էք հարցումը: Կը տեսնէք` կը յուսամ, որ իբրեւ դրսեցի մը` ներսի եւ դուրսի հարցերը կը փորձեմ շատ աւելի ներս հրել հիմքերու հասնելու համար: Ահա, եթէ կ’ուզէք, նախապայման մը, ըստ իս, ներսի ու դուրսի համերաշխութեան: Սուրիական պատերազմէն անցքը դէպի մեր գոյութեան պատերազմը շատ հեռու չէ: Կամայական երբեք չէ ան: Յաւուր պատշաճի պոռոտախօսութիւնները, ամէն բեմի վրայ լսելի, չեն կրնար հիմք կազմել մեր գոյութեան: Անոնք կը զրկեն մեր գոյութիւնը իր հիմերէն, լաւագոյն պարագային: Վաղը, քանի մը ամիսէն, կը լսէք նմուշներ անոնցմէ, սփիւռք-Հայաստան յաջորդ համաժողովին ընթացքին: Եւ կրնաք ենթադրել հարկաւ, որ «բարի վայելում» պիտի չմաղթեմ:
Կ’ուզեմ հոս առանձնացնել սփիւռքին` հարցականի տակ դրուելու հարցը, որ կապ ունի «գաղութ պարպելու» (դուրսէն լսուող) եւ զուգահեռաբար` «գաղութ պահելու» (ներսէն եւ դուրսէն լսուող) հարցերուն հետ:
Մեր հաւաքական ինքնութիւնը վերջին դարաշրջանին զանգուածային գաղթի երկու տեսակ ապրեցաւ. մէկը Ցեղասպանութեան հետեւանքն է, որ արիւնոտ բռնագաղթ է, իսկ միւսը, որ դեռ բաց վէրք մըն է, Հայաստանէն արտագաղթն է: Անիի անկումէն ետք գիտենք, որ յառաջացան Կիլիկեան հայրենիքն ու եւրոպական հողի վրայ` Խրիմի եւ այսօրուան արեւելեան Եւրոպայի երկիրներու գաղութները: Վերջիններս անարիւն գաղթեր էին, ինչպէս է Հայաստանէն արտագաղթը այսօր: Ի՞նչ տեղի կ’ունենայ: Ժողովրդագրական շարժ ու ատոր հետ միատեղ` ուժերու ցրուում: Մինչեւ որ նոր ուժերը նոր վայրերուն մէջ կազմակերպուին, երբեմն ուշացումներու դէմ յանդիման կը գտնուինք:
Արտագաղթով արիւնաքամ ըլլալու վտանգին մէջ գտնուող Հայաստանը շատ բնական է, որ չէր կրնար լաւագոյնս օգտակար դառնալ գաղթական զանգուածներու, ընտանիքներու կամ անհատներու, որոնք բարեբախտաբար վրանաբնակ գաղթականներ չեն մեծ մասով մը: Սուրիական պատերազմը երկրորդ անակնկալ փորձն էր, առաջինը Իրաքի պատերազմն էր, որ եւս դէպի Հայաստան հոսք մը բացաւ, ու Հայաստան «անծրագիր ներգաղթ»-ի ընդառաջելու պատրաստութիւնը չունեցաւ դժբախտաբար: Պատճառները մեծաւ մասամբ յստակ են: Երբ երկրէ մը, յատկապէս` տնտեսական պատճառներով, զանգուածային արտագաղթ տեղի կ’ունենայ, դժուար է ներգաղթ ակնկալել, նոյնիսկ եթէ այդ երկիրը մեր սիրելին է: Շատ պարզ է, որ գաղափարախօսութենէն առաջ հարկ է ծրագիր ունենալ, որուն գործադրութեան համար պայմանները անուն եւ հասցէ ունենալու են կէս տասնամեակ ժամանակէ մը ետք, այսօր: «Եկէ՛ք, տեսէ՛ք, փորձեցէ՛ք»-ը ծրագիր չէ հարկաւ:
Գաղութներ երբեմն կը պարպուին ինքնաբերաբար: Շուրջ երկու տասնամեակի ընթացքին այսօր Իրաքէն երկու միլիոնէ աւելի քրիստոնեայ (ասորի, հայ եւ այլ) մեկնած է, եթէ չեմ սխալիր: Գաղութ պահելը տասնամեակներու հոլովոյթ է, զայն պարպելը երբեմն շատ աւելի արագ կ’ընթանայ: Ես պիտի ուզէի, որ ամէն գաղութ շնչելու իր կարողութիւնը իւրովի զարգացնէր, վերի օրինակներուս իմաստով, որոնք բնականաբար իբրեւ առաջարկ, ոչ իբրեւ ճշմարտութիւն կը հասկնամ: Մարգարէութիւններով կարելի չէ գաղութ պարպել կամ պահել: Պատերազմի պատճառով որեւէ գաղութ հարցականի տակ դնողները, լեհահայ գաղութի տիպական ու դասականի վերածուած օրինակին ակնարկութեամբ «հաշիւներ» կատարողները` պաշտօնական կամ անպաշտօն շրջանակներ, գիտակից կամ անգիտակից, հարկ է որ «իրենց» պատմութեան էջերը լաւ թղթատեն:
«Տագնապ կիսել», այո՛, կը հարցնէք: Դրսեցին կրնայ միայն չակերտներու մէջ կիսել այդ տագնապը: Վարուժանի «Դիակի սայլը» քերթուածին վերջին պատկերին մէջ գեղանի մը վարդ կը նետէ դիակնաբեռն սայլին վրայ…Վէրքին վրայ կարելի է աղ կամ վարդ սփռել: Ես անոնցմէ ոչ մէկը կը նախընտրեմ:
Բայց դուք ի՞նչ կը սպասէիք ու կը սպասէք դրսեցիէն:

ԶԱՐՄԻԿ ՊՕՂԻԿԵԱՆ.- Նախ կ’ուզեմ անդրադառնալ գործ արտադրող հաւատքին: Կը բաժնեմ ձեր տեսակէտը. եթէ հաւատքն է գործ արտադրողը, ուրեմն անպայման կը ծնի անքանդելին: Կը սրի դիմադրողականութիւնը նաեւ: Սուրիահայութեան, բայց մանաւանդ հալէպահայութեան դիմադրողականութիւնը այս պատերազմին մէջ երբեմն ոմանց անհասկնալի կը թուէր: Խօսքս հաստատութիւններու չի վերաբերիր, որոնք, պատերազմին մէջ, գոյութիւն պահելու սահմաններուն մէջ մնացին եւ, երբեմն, իրենց ուժականութիւնը կորսնցուցին: Խօսքս կը վերաբերի գաղութին տիրութիւն ընելու գործին` իր կորուստներուն մէջ անգամ: Եթէ նախքան պատերազմը մեր դիմադրողականութիւնը մեր գոյութեան հիմքերու զօրացումով պայմանաւորուած էր, պատերազմին մէջ մեր դիմադրողականութիւնը իր ամբողջ ուժգնութեամբ, կեդրոնացաւ մեր ֆիզիքական գոյութիւնը պահելու մարտնչումին վրայ: Եթէ նախապատերազմեան շրջանին չըլլար գործին նկատմամբ ձեր յիշած հաւատքին ներարկումը, սուրիահայ գաղութը, վնասներ կրելով մէկտեղ, պատերազմական այս փոթորիկին չէր կրնար դիմանալ: Օրինակ մը տալու համար յիշեմ մեր դպրոցները, որոնց կառոյցները վնասուեցան, բախումնային շրջաններու մէջ գտնուեցան, բայց կրթական գործը շարունակուեցաւ: Ծնողներ ամէն առաւօտ իրենց զաւակները խաչակնքելով դպրոց ճամբեցին` վստահ չըլլալով նոյնիսկ, թէ անոնք ողջ-առողջ պիտի վերադառնա՞ն տուն, թէ՞ ոչ: Բայց ճամբեցի՛ն: Ասիկա հաւատքի դրսեւորումն էր` անքանդելին պահելու:

Պատերազմին մէջ առաւելաբար ֆիզիքական գոյութիւն պահելու հարց կը յառաջանայ, սակայն յետպատերազմեան շրջանին, յատկապէս երբ անքանդելին յստակօրէն ուրուագծուած կ’ըլլայ այլեւս, կը սկսի վերարտադրութեան աշխատանքը, մեր գոյութեան հիմքերը վերամրագրելու աշխատանքը: Այստեղ յեղափոխութիւն մը պէտք է տեղի ունենայ: Ինքնակազմակերպման յեղափոխութիւն մը` նոր թափով ու հաւատքով գոյութիւն հիմնաւորող աշխատանքներու ձեռնարկելու: Ահա այստեղ կը սպասուի դրսեցիին ներդրումը` նոր շունչ տալու, փորձառութիւններ փոխանակելու, արագ կշռոյթով վերականգնելու յոգնաբեկ, բայց յամառօրէն իր գոյութիւնը պահող այս գաղութը: Այն գաղութը, որ ոչ միայն դիմադրողականութեան օրինակ տուաւ, այլ սփիւռքի ներուժին տարողութիւնը անգամ մըն ալ ջուրի երես հանեց:
Մեր հաւաքական ինքնութեան հարցը շատ խորունկ ծալքեր ունի, յատկապէս` հոգեբանական ծալքեր:
Երբ կը խօսինք արիւնոտ բռնագաղթով կազմուած գաղութի մասին, այստեղ բարդ հարցեր գլուխ կը ցցեն: Նախ պէտք է իմանանք, որ գաղութը մեր ազատ կամքով չէ յառաջացած, որպէսզի մէկ օրուան մէջ, մէկ որոշումով կարելի ըլլայ քանդել կամ պարպել զայն: Աւելի՛ն. երբ կը խօսինք հարիւրամեակներու ներկայութիւն ունեցող գաղութներու մասին, կը նշանակէ` կը խօսինք այդ «օտար» հողին վրայ ապրող սերունդներու մասին, որոնք իրենց ծնունդով ստեղծած են մշակոյթ, ինքնութիւն պահպանելու յենարաններ, բայց նաեւ ստեղծած են իւրայատկութիւն: Այդ իւրայատկութեան կարեւոր մէկ բաժինը այն է նաեւ, որ անոնք, հայկականութեամբ պատուաստուած ըլլալով, իրենք զիրենք այդ հողին զաւակը զգացած են: Մնալը, պարպելը հաւանաբար շատերուն համար քաղաքական հաշուարկ է, բայց հոգեբանական նրբութիւններ կ’ընդգրկէ: Տակաւին, գոյութիւն ունի մեր հայրենիքին հողային խնդիրը: Չմոռնանք, որ ներկայ Հայաստանը ամբողջական հայրենիքին մէկ մասն է միայն, որ ունի իր դժուարութիւնները. ինչպէ՞ս ուրեմն ամբողջական հայութիւնը իր մէջ պիտի պարփակէ:
Հոս կը ծագի նաեւ հայ մնալու խնդիրը, քաղաքացիութեան խնդիրը: Եթէ չոր տրամաբանութեամբ մօտենանք գաղութ պարպելու հարցին` զանց առնելով հայ մնալու խնդիրը, քաղաքացիութեան խնդիրը, ուրեմն այպանելի չէ գացողը: Կամ առնենք Հայաստանի պարագան, որ մայր հայրենիք է: Եթէ դժուարութիւններ կան, բայց մենք կը նախընտրենք աւելի լաւ պայմաններու մէջ ապրիլ, ուրեմն չայպանենք հայրենիքէն գաղթողը: Ի՞նչ ընել ուրեմն, մեկնի՞լ, թէ՞ ոչ յանձնառութիւն ունենալ փոխելու, բարելաւելու: Ո՞վ է ճիշդը` հեռացո՞ղը, թէ՞ մնացողը եւ մաքառողը:
Վերադառնանք սուրիահայութեան տագնապին: Ներսէն կամ դուրսէն հնչող ձայներ կ’ըսեն` «Այս գաղութը պէտք է պարպել»: Ինչո՞ւ: Որպէսզի մարդիկ զոհ չերթան, աւելի լաւ ապրին: Օրինակով մը բացատրենք մնալու եւ լքելու հարցը: Տեղ մը հրդեհ կայ, դուն կա՛մ կը փախչիս, որ չայրիս ու հոգ չես ըներ, եթէ հրդեհին տեղը այրի, կա՛մ ալ հրդեհը մարելու համար կը նկրտիս, որպէսզի ե՛ւ դուն չայրիս, ե՛ւ ուրիշներ չայրին, ե՛ւ տեղը չայրի: Արդիւնք` երկուքն ալ մարդը պահելու համար առնուած քայլեր են: Սուրիական տագնապի ընթացքին այս երկու մտածելաձեւերը ունեցողներ ալ կային մեր մէջ: Ու, բնականաբար, սպասելի չէ, որ ազգ մը, իր բոլոր բաղադրիչներով, ամէն դժուարութեան մէջ նոյն ձեւով մտածէ, նոյն ձեւով շարժի:
Միանշանակ խնդիրներ չեն ասոնք, միանշանակ լուծումներ չունին, բայց մեր ազգային հիմնախնդիրներուն մէջ համախոհութիւն պէտք է ստեղծել ու համախոհական հարցերուն ծանրութիւն տալ` հեռու մնալով սրումներէ:
Ուրեմն, հանրային մտածողութիւնը պէտք է միշտ հասարակ յայտարարի մը բերելու աշխատանքին մէջ ըլլանք, որպէսզի բեւեռացումներ չգոյանան: Բեւեռացումները յաճախ կը պարպեն հարցը իր էութենէն եւ կ’անձնականացնեն: Մեր հայրենիքին մէջ, օրինակ, տագնապներուն լուծումներ որոնելու համար իշխանութիւն-ընդդիմութիւն հարցը չէ, որ մեր կիզակէտին մէջ պէտք է ըլլայ տեւաբար, այլ` հայրենիքի հարցը, որ վեր կը դասուի բոլոր հարցերէն: Նոյնն ալ` սփիւռքի մէջ, գաղութ պահելը մեր ուշադրութեան կիզակէտին մէջ պէտք է պահել, այնքան ատեն որ մեր համազգային խնդիրները վերջնական լուծումներու չեն յանգած: Սփիւռքի մայրամուտը երգողները պատմութիւնը լաւ պէտք է կարդան…եւ` ոչ միայն պատմութիւնը, ներկան եւս:
Մակերեսայինի եւ խորքայինի մասին կը խօսիք: Այսօր մարդոց համար գործը, անմիջական արդիւնքը աւելի մեծ քաշողական ուժ ունին, քան` գաղափարախօսական քննարկում կատարելը: Ինչո՞ւ…որովհետեւ խորքային քննարկում կատարելը կը պահանջէ շատ աւելի խոր իմացութիւն, որ այսօր ընդհանրապէս հասարակութեան մէջ կը բացակայի: Ասիկա համաշխարհային երեւոյթ է: Ցաւօք, այսօր մտաւորականութիւնը կը զգայ, որ տեղ չունի, անոր համար ալ առաւելաբար կ’ապաւինի իր մաքրակրօնութեան: Մենք մեր իրականութեան մէջ լայն տեղ պէտք է տանք մտաւորականութեան, որովհետեւ, պարզ բառերով, տեղեկացուած ըլլալը բան մըն է, իմանալը, իմացումի մակարդակ ունենալը` այլ բան: Իմացումի վրայ քաղաքականութիւն մշակելն է էականը: Հոս է, որ դուրսի եւ ներսի կապը շատ կարեւոր է:

Կը բարձրացնէք պոռոտախօսութիւններու, կառոյցները իրենց էութենէն դատարկելու հարցը: Ասոնք երեւոյթներ են, որոնք կարելի է քննարկել եւ լուծումներ առաջարկել: Հայրենիք-սփիւռք համաժողովի նախօրէին, օրինակ, կարելի է ժողովի հիմնական օրակարգը քննարկել մամուլին ընդմէջէն եւ բիւրեղացած առաջարկներով ներկայանալ ժողովին ու այդ կառոյցներուն գոյութիւնը արդարացնող, դուրսի եւ ներսի պատկերացումները ներդաշնակող գործի ձեւաչափեր առաջարկել, կրկին ու կրկին առաջարկել` առանց յուսահատելու: Այս ձեւով է, որ համերաշխ փոխանակումը ծնունդ կ’առնէ:

Եզրափակելով պատասխանս` կ’ուզեմ աւելցնել, որ պատերազմի մէջ յայտնուած զանգուածներուն դուրսէն կարելի էր շունչ տալ նաեւ խօսքով: Այո՛, մի՛ զարմանաք, պատասխանատու խօսքով` մանաւանդ, որովհետեւ տագնապի մէջ յայտնուած մարդիկ իրենց դիմադրողական ուժը պահելու համար երբեմն կարիքը կը զգային այդ խօսքին: Այդ պահու համար անհրաժեշտ խօսքին: Իսկ ինչո՞ւ կը բացակայէր այդ խօսքը պատերազմի օրերուն:

ԻՇԽԱՆ ՉԻՖԹՃԵԱՆ.- Ուրախ եմ, որ դպրոցը յիշեցիք: Ամէնէն էականը, ըստ իս, որ մատնանշեցիք: Երբ դպրոցը դադրի, գաղութին զարկերակը կը դադրի բաբախելէ, կարծեմ այդպէս ալ ըսած էր, առիթով մը, Շահան սրբազան, հարցազրոյցի մը ընթացքին: Ուրախ եմ, որ սուրիահայ գաղութը բաց թողուց իր դպրոցները, կրցաւ զանոնք անքանդելիի առաջին սահմանէն ներս առնել: Յատուկ յուզումով եւ խանդավառութեամբ կը հրատարակենք մեր հայերէն պլոկին (hayerenblog.wordpress.com) վրայ Հալէպէն, Դամասկոսէն ու մանաւանդ սահմանամերձ Գամիշլիէն հայ աշակերտներու շարադրութիւնները: Անոնցմէ մեր երակները ուժ կ’առնեն: Եւ ասիկա իբրեւ հռետորութիւն մի՛ ընդունիք, կը խնդրեմ:
Անդին` պիտի տեսնէք, թէ որքա՛ն արագ կ’անցնիմ բացասականի ափը. իրողութիւնները մեզ յոռետես դարձնելու հակամէտ են, սակայն այդ ալ լաւատեսութեա՛ն հաշուոյն տեղի կ’ունենայ, հոգ մի՛ ընէք, այլապէս այսքան ժամանակ տրամադրելը այս հարցերուն` անիմաստ պիտի ըլլար. քիչ չէ թիւը այսօր այնպիսիներու` կազմակերպութիւն կամ անհատ, որոնք համոզուած են, որ դպրոցը` հասութաբեր հաստատութիւն մը չէ: Դպրոցին կը մօտենան իբրեւ գործարանի մը, որ… ի՞նչ կ’արտադրէ: Այո՛, այդպէս է արդարեւ, հայերէնի գիտակ հայ արտադրող գործարան մըն է հայ դպրոցը` առաջին հերթին, կամ` ի միջի այլոց: (Բազմահոլով «ոգիի խնդիր»-ը` այնքան բռնաբարուած ու շահագործուած այդ նիւթը պահ մը մէկդի ձգենք): Եօթանասունը անց հայախօս մարդոց այսօր կը հանդիպինք Եւրոպայի մէջ, որոնք արտադրութիւնն են Երուսաղէմի, Մելքոնեանի, Եգիպտոսի եւ այլ գաղութներու: Եւ մխիթարիչ է այս երեւոյթը, երբ մանաւանդ անոնք իրարու հետ ալ հայերէն կը խօսին: Կիլիկեցի վերապրող թրքախօս հայը կրցած էր իր զաւակները հայախօս դարձնել: Ասիկա` յատկապէս լիբանանեան մեր օրինակէն մեկնած: Եւ հիմա, անհամեմատելի լաւ պայմաններու մէջ դպրոց բանալն ու պահելը մեծ հարցականներու վերածուած են Միջին Արեւելքի մէջ: Մարտահրաւէր ու հերոսութիւն դարձած են: Յստակ չէ` ինչո՞ւ: Կամ ալ, թերեւս, շատ յստակ է: Որբերու սերունդը կրցաւ, սակայն յղփացած սերունդներ կը դժուարանան իրենց կարողութիւնը ի գործ դնել: Այս է կեանքի իրականութիւնը: Եղեռնին ուժը մենք կը թերագնահատենք: Մահէն կու գայ անիկա եւ մահուան դէմ դնելու զօրութիւն ունի: Ճիշդ աս է հարցը արդէն դիմադրողականութիւն կոչուածին: Պատերազմէն յետոյն է աս: Կարմիր ծովէն անցքը, եթէ կ’ուզէք: Սուրիոյ օրինակով տեսանք, որ պատերազմը չի կրնար քանդել դպրոցը, բայց յղփացումը կրնայ:
Դպրոց եւ մամուլ` սփիւռքեան երկու մասնաւոր աշխարհներ են, որոնց կ’ուզեմ անդրադառնալ հոս: Ես այն տպաւորութիւնը ունիմ, որ մեր ընկերութեան մէջ, համապատասխան վայրերուն մէջ, բանալի անձեր ի սպառ կը բացակային, որոնք կրնան ճակատագրական փոփոխութիւն կատարել: Օրմանեան սրբազանի մը կարճատեւ ներկայութիւնը Ս. Էջմիածին, Գէորգեան ճեմարանի իբրեւ տեսուչ, ճակատագրական դեր ունեցած էր` սերունդի մը ճամբայ բանալով: Մենք Օրմանեան չենք` պիտի ըսէք անմիջապէս: Հապա ի՞նչ է ձեր անունը: Անուն մը հարկ է ունենալ:
Մամուլի պարագան բաւական հետաքրքրական ու կարեւոր է, մանաւանդ` սփիւռքի մէջ: Մեր ունեցած-չունեցածը հոն մթերուած կը գտնուի: Մօտիկ անցեալին Անդրանիկ Ծառուկեան, Սիմոն Սիմոնեան, Պօղոս Սնապեան կրցած էին «իրենց» թերթերը վերածել յատուկ աշխարհի մը, յատուկ նկարագրով ու նպատակներու հետապնդումով, իրենց բոլոր թերութիւններով հանդերձ: Ժամանակները տարբեր են, գիտենք բոլորս, ժամանակները կը փոխուին: Ատենին կային գրոց-բրոց դպրոցականներ, կը հաւաքուէին իրենց ուսուցիչներուն շուրջ, որոնք եւս կային: Այսօր ո՞վ որո՛ւ շուրջ հաւաքուի: Հ. Յակոբոս վրդ. Տաշեանին շուրջ կը հաւաքուէին իր աշակերտները Վիեննայի Մխիթարեան վանքին մէջ եւ բառեր կը հաւաքէին, կը ցանկագրէին, կը քննարկէին, բառի մարզանք կ’ընէին, եթէ կ’ուզէք: Ճիշդ է` այդ շրջանին բանասիրութիւնը, լեզուագիտութիւնը տարբեր թափով ու տարբեր մթնոլորտի մէջ յառաջ կ’երթային, եւ այդ համախմբումը արձագանգն էր այդ թափին: Դատարկ անցելապաշտութիւն չէ ըրածս, որ մատնանշումէ անդին չ’անցնիր ու անօգուտ է առանձինն` ինքն իր մէջ: Հարկ է անցնիլ այսօրուան եւ տեսնել այսօրուան համար կարելիութիւններ, որոնք միշտ ալ կան: Այսօր, նոր ժամանակներու արհեստագիտութեամբ, կան համացանցային խաղեր: Թերեւս այսօր ալ կան նման մարզանքով զբաղողներ: Թերեւս հարկ է սպասել տակաւին լաւ բաներու: Ողբերգականը, ամէն պարագայի, միայն պատերազմը` ինք չէ, կը տեսնէք, այլ` տեղ մը յաղթուած պատերազմի չանդրադարձող ինքնախաբէութիւնը:

«Չանդրադարձող ինքնախաբէութիւն»-ը ինծի` ձեր երբեմն գործածած «գոյերթ» բառը յիշեցուց, որուն համար հոս կ’ուզեմ փակագիծ մը բանալ: Կ’ենթադրեմ, որ Սարգիս Կիրակոսեանն է այս բառին գիւտարարը: Աստուած հոգին լուսաւորէ, սակայն այդ բառը ինծի կը յիշեցնէ, որ մերկ ու պարզ «երթ»-ը (որ նաեւ անունն է Սուրիահայ գրողներու համախմբումի ձեր տարեգիրքին) երթալ մըն է, սանկ` անորոշ յառաջընթաց մը, անբաւարար, իսկ «գոյերթ»-ը մեր գոյութեա՛ն ընթացքն է, որ շատ աւելի լուրջ բան մը ըլլալու է, կը խորհիմ: Այստեղ, ուրեմն, թոյլ տուէք ինծի կամայական երկու խմբակ կազմել երթի եւ գոյերթի. առաջինը, այսպէս թէ այնպէս, քալողներու խմբակն է, իսկ երկրորդը` գոյութեան երթին գիտակիցներու խմբակը: Ալ ո՞վ ո՛ր խմբակին մաս կը կազմէ` ինք կ’որոշէ: Իմ բնութագրումովս, սոսկ երթին մասնակիցները «չանդրադարձող ինքնախաբէութեան» զոհերն են:

Բայց հարկ մըն է նախ հարցումը դնել. ի՞նչ կացութիւն է այս, անուն ունի՞ այս կացութիւնը, երբ Միջին Արեւելքի մէջ հայկական վարժարանէ շրջանաւարտը կոճկուած հայերէնի մը, բերանացի կամ գրաւոր, չի տիրապետեր. երբ պաշտօնաթերթերու մէջ ուղղագրական իսկ սխալները բնական երեւոյթ դարձած են. երբ հայերէնի ուսուցիչ ունենալը կամ գտնելը շռայլութիւն կարելի է համարել: Այս երեւոյթներուն ցանկը երկար է: Գոյութեան ի՞նչ «ամրոցներու» մասին կը խօսինք: Ամպեղէ՞ն: Գրաւուա՞ծ են մեր բերդերը: Մենք մեզի հարց կու տա՞նք, թէ ի՛նչ կացութեան մէջ կը գտնուինք: Ես վստահ չեմ, որ այս հարցումը ձեւականութենէ մէկ քայլ անդին անցած է: Տակաւին, վտանգաւորը այն է, տագնապներո՛ւն տագնապը, որ տագնապին մաս կազմող, տագնապը յառաջացնո՛ղ տարրերն են, որ տագնապին մատնանշումը կ’ընեն, մտահոգութիւն ու ցաւ կը յայտնեն, իբր թէ կ’անհանգստանան: Ճիշդ` քաղաքականութեան մէջ եղածին պէս: Գողը կը խօսի գողութեան մասին, անսուրբը` սրբութեան: Ինչ որ Էրտողանը կ’ընէ երբեմն: Ահաւասիկ` ցաւերուն ցաւը, աղուէսը կարգուած է հաւնոցին պահապան: Աղուէսը հաւերուն ապահովութեան մասի՞ն կը մտածէ, թէ՞ ոչ իր անձնական շահին: Պատասխանը պարզ է: Յուսադրիչ երեւոյթներու փնտռտուքով կրնաս ժամանակդ սպաննել:
Յուսահատութիւնը յոյսին համար է, անոր հականիշը չէ, անոր օգնանիշն է, ինչպէս կասկածը հաւատքին համար գործելու է: Այլապէս ինքնանպատակ յուսահատութիւնն ու կասկածը կրնանք ենթադրել, թէ ո՛ւր կ’առաջնորդեն:
Երբ այս տողերը մեր հայաստանցի քոյրերն ու եղբայրները կը կարդան, անմիջապէս կը կարծեն, որ սփիւռքի թաղման արարողութիւնն է, որ կը կազմակերպուի: Ո՛չ, սիրելինե՛ր, ձեր կացութիւնը շատ աւելի գէշ է: Համապատասխան հաստատութիւններ ունենալով հանդերձ, պետական նեցուկ ունենալով հանդերձ, համապատասխան ձեր բացթողումները մտահոգիչ են:
Մարդուժի խնդիրը կարելի է չորս աստիճաններու վրայ դիտել`

1.- Մարդուժ չունինք,
2.- Մարդուժ չենք պատրաստեր,
3.- Մարդուժ չենք կրնար պատրաստել,
4.- Մարդուժ չենք ուզեր պատրաստել:

Չորս աստիճաններն ալ գոյութիւն ունին, եւ ես կը կարծեմ, որ չորսն ալ լուրջի չեն առնուած: Կարելի է օր մը մանրամասնութիւններու անդրադառնալ: Նոյնիսկ կարեւոր է:
Խօսքը Միջին Արեւելքէն դուրս տանելով, արեւմտեան աշխարհի մէջ միջինարեւելեան կամ կիսամիջինարեւելեան կարգ մը գաղութներու պարագային, ուր լեզուն կը պակսի, բայց «հայկականը» առաւելաբար տոլմային հոտէն կ’առնեն ոմանք, որ չեմ արժեզրկեր, բնականաբար, գիտակցական գէշ-աղէկ կացութիւն մը յառաջացած է: (Գէշի եւ աղէկի միջեւ պայքարը, սակայն, իր աւարտով երբեք յստակ չէ: Երբեմն գէշն է գերակշիռ, երբեմն` աղէկը): Հոն ալ նոյնն է պարագան: Հարցումը չի դրուիր: Կացութիւնը լրջութեան չի հասնիր: Կարծէք` մեր գոյութիւնը կը նմանի մէկ շաբթուան կամ նոյնիսկ մէկ օրուան համար գնումի գացող ու սառնարանը լեցնող ուսանողի մը հապճեպ կացութեան: Մինչ գիտենք, որքա՜ն եւ որպէ՜ս կը լեցուէին մեր նախնեաց հայրենիքին մէջ մառանները: Մեր մառանները այսօր գրեթէ դատարկ են, եւ մենք յաւերժութեան մասին կը խօսինք, երկու վայրկեանը մէկ:
Գերմանիոյ մէջ ալ մշակութային լաւ ու բարձրորակ ձեռնարկներ տեղի կ’ունենան վերջին տարիներուն, մասամբ` Հայաստանէն ներածուած ուժերով, «Հայկական մշակութային շաբաթ»-ներ, ուր միտք բանին մեր մշակոյթի ցուցադրութիւնն է, յատկապէս` գերմանացիին կամ օտարին: Մեզի հետ գրեթէ կապ չունի ան: Կարծես մշակոյթը, գրականութիւնը, երգն ու պարը ըլլային հագուստ, որ կը հագնիս, կը ցուցադրես, կը վայելես, կ’ուրախանաս, կը հպարտանաս, կը հանես եւ կ’անցնիս… գործիդ (դարձեալ` գործնականութիւնը մեր, որ միշտ կը հալածէ մեզ): Մենք մեր մարմինն է, որ չենք զգար, զայն հագուստի վերածած ենք: Իսկ գաղութային կազմակերպչական կեանքի մէջ, ընդհանրապէս, միօրեայ թիթեռնիկի կենսահորիզոնը ի՞նչ ձեռքբերում կը խոստանայ: Տոլման` լիցքը կը լիցքաւորէ, եւ լաւ է այդ մէկը: Ազգագրութիւնը միայն ճաշը, պարն ու երգը չեն բացայայտօրէն:
Ինծի համար քանի մը տարի առաջ բաւական հետաքրքրական նորութիւն մըն էր Սուրիոյ գաղութին սփիւռքը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ, ուր զարգացած եւ երիտասարդ ուժեր մէկտեղուած էին եւ կարելիութիւնը ունէին իրենք իրենց ուղղելու իրենց գոյութեան վերաբերող հարցումներ:
Պակսողը, վրիպողը թերեւս աւելի յստականան հետեւեալ օրինակով: Վերջերս կ’ուսումնասիրէի Գարեգին վրդ. Յովսէփեանցի նամակները: Շատ բնական է, որ իր նամակներուն մէջ գլխաւորաբար իր կատարած աշխատանքին մասին պիտի խօսի մարդը: Գիտնական մարդուն տեղեկագրած տողերուն մէջ, սակայն, իր աշխատանքին կապուած կիրքն ու խանդը այնքան զգալի են, եւ խանդով կատարուած գիտութիւնը, կարծէք, տարբեր բնորոշումի մը պէտք ունի: Այդ խենթ խանդն է, որուն ուզէք` «հաւատք» անունը տուէք, ուզէք` «ոգի» ըսէք, թէեւ ոգին շատ լլկուած է, կամ` «խենթութիւն»: Վերը ակնարկեցի հաւատք-գործ հակադրութեան: Համալսարանին մէջ ալ, մեր ուսանողութեան շրջանին, կային դասախօսներ, որոնք սոսկ տեղեկութիւն կը փոխանցէին` գիրքերու մէջ շարադրուած չոր ծանօթութեան պէս, ուրիշներ, փոխանցուածին կողքին, հորիզոն կը բանային, կը ստիպէին, որ երթայիր, աւելի պրպտէիր, աւելի քննէիր:
Դպրեվանքի մեր ուսուցիչներէն երջանկայիշատակ Գարեգին վեհափառը գիւղական կեանքէ տպաւորիչ օրինակ մը տուած էր անգամ մը` ինքնանորոգումի ակնարկելով: Մօտաւորապէս կը յիշեմ խօսքերը. «Երբ մեր գիւղացիները տեսնէին, որ տուեալ տարի բերքը լաւ չէր, հողը չորցած կամ հիւանդ էր, կէս մեթր կը փորէին իրենց պարտէզը, վար կ’իջնէին, հողը կը «դարձնէին», որ լաւ արդիւնքի հասնէին յաջորդ տարի»: Կը կարծեմ, որ նման հողադարձի մը կարիքը կայ: Կան նաեւ նման այլ ձեռնարկներ, երբ հողագործը առատ թրիք ու քակոր կը տեղադրէ հողին վրայ, որպէսզի աղտը դրական արդիւնք տայ, հողը կենդանացնէ: Աղտը մաքրութիւն կը գործէ: Այս երկու օրինակներն ալ, մէկը` ինքնապեղումով, միւսը` աղտին միջնորդութեամբ, կրնան կացութիւն փոխել: Մեզի ներսուզում կամ արտաքին աղտ պէտք է: Մեր սեփական աղտը իր բուժիչ յատկութիւնը կորսնցուցած է: Ներսուզման համար վայր չէ մնացած, խորովածի հոտը թափանցած է ամէն տունէ ու քունէ ներս: Ուրեմն զարթնումը կը մնայ անհրաժեշտ, Շնորհալիի «Զարթիք»-ով կամ Սասունցի Դաւիթի կանչով` ամէն մարդ թող ազատ զգայ, ամէն ոք իր ճաշակը ունի: Դուք կը խօսիք յեղափոխութեան մասին: Զարթօնքն ալ կապ ունի անոր հետ վստահաբար:

Կը տեսնէք, թէ պատերազմը մինչեւ ո՛ւր կը հասնի: Մեր դրան առջեւն է ան:

Այպանելու խնդիր մը դրած էք` Սուրիայէն հեռացողին ու հոն մնացողին միջեւ տարբերութիւնը շեշտելով: Բնական է, որ այդ տարբերութիւնը կայ ու պիտի ըլլայ, որ նման է, նոյնը չէ, դուրսինին ու ներսինին` իմ եւ ձեր միջեւ եղած տարբերութեան: Այպանումի խնդիր ես պիտի չուզէի դնել ընդհանրապէս, այլ, ճիշդ հակառակը, աւելի սերտացում` գացողի եւ մնացողի միջեւ, որովհետեւ այդ երկու կողմերուն միջեւ կապը սուրիական հայրենիքին իմաստն է, որ պիտի խորացնէ:

«Համազգային համախոհութեան» հարց կ’արծարծէք, «սրումներ», «բեւեռացումներ» իբրեւ այդ համախոհութեան հականիշ կը սահմանէք: Կը կարծէ՞ք, որ մեր բեմերուն վրայ այսօր անգիտակցաբար ծափահարուող մշակոյթի սպասաւորները «համախոհ» տարրեր եղած են մեծաւ մասամբ: Օրինակ, Պարոնեան կամ Օշական, քիչ թէ շատ ծափահարուած տիպարներ մեր գրականութենէն, կը կարծէ՞ք, որ համազգային խնդիրներու մտահոգութիւն չունեցող մարդիկ եղած են: Ընդհակառա՛կը: Բայց բեւեռացումներու գացած են, որպէսզի կարենան ազգայինին տալ տարբեր շեշտ ու խորք: Դուք զիրենք «մաքրակրօ՞ն», «այլախո՞հ», «զարտուղի՞», «ընդդիմադի՞ր» կը կոչէք. ազատ էք: Սակայն առանց այդ կարծեցեալ կամ իրական մաքրակրօնին, այլախոհին, զարտուղիին, ընդդիմադիրին` մշակոյթ կարելի չէ ունենալ: Այլախոհութեան բարիքին համը առնելու համար չի բաւեր, օրինակ, Պարոնեանի մը մասին ձեռնարկ կազմակերպել, ներկայ ըլլալ «հոծ բազմութեամբ», ինչպէս սովոր ենք գրել, ու ծափահարել, այլ` կարդալ մանաւանդ արտադրուած երկերը, սորվելու, հասկնալու, այսինքն` ներկային մէջ հոսեցնելու համար զանոնք, եւ տեսնելու համար, որ ճահիճը լքելու պայմաններ ու ձեւեր կան` մեզմէ շատ տասնամեակներ առաջ մտածուած:

«Համազգային համախոհութիւն», «Հայաստանը` ամէն բանէ վեր», «հայաստանակեդրոն մտածելակերպ» եւ նման ինքնին բարենպատակ լոզունգներ, գրաւոր կամ բերանացի, յաճախ կրկնուող, գաղափարախօսական սնանկութեան արդիւնք են: Մտածա՞ծ ենք երբեւէ թութակաբար կրկնուող այդ փակ յղացքներուն ու անոնց բացումին մասին: Այս յղացքներուն գէթ ուրուագծային բացատրութեան իսկ չեմ հանդիպած: Հայրենասիրութիւնը «հալած իւղ» կամ դեղահատ չէ, կը կարծեմ: Ժամանակն է, որ անդրադառնանք, եւ ասիկա` ի հաշիւ գալիք սերունդներուն մանաւանդ, որ լոզունգով ինքնութիւն չի կերտուիր: Աստուած իսկ, «խորին խորհուրդ»-ը, որ «ի վեր է քան զմիտս եւ զխորհուրդս», աստուածաբանութեան միջոցով առարկայ կը դառնայ գիտութեան: «Վեր եղող» բաները պէտք է մէյ մը վար առնել, մեր յարաբերութիւնը ճշդելու համար անոնց հետ: Քանակային, որակային ու այլ իմաստներով այսօր Հայաստանը հայութեան կեդրոնը չէ, ուզենք կամ չուզենք, եւ ես վստահ չեմ, որ այդ կեդրոնը ըլլալու որեւէ կարելիութիւն ունի՞ ապագային: Հոգեբանութեան մէջ փափաքը իբրեւ իրականութիւն կը թարգմանուի տեղ մը, իրականութիւնը մեր փափաքներուն կառուցումն ու պատասխանն է տեղ մը: Այդ տեղը, սակայն, ամէն անգամ կարելի չէ ըլլալ: Հայկական պետականութիւնը ուժեր համախմբելու հայրական ու պետական արժանիքը զարգացնելու հասունութեան հարկ է որ ձգտի, եւ այսօրուան վիճակը այդ մէկը ցոյց չի տար դժբախտաբար` հակառակ համախմբումի անունով կատարուած բոլոր մակերեսային հանդիպումներուն: Բարեբախտաբար համացանցի այս դարուն կրնանք ամէն ձեռնարկի հետեւիլ ծայրէ ծայր ու լաւ տեղեակ ենք, թէ ի՛նչ կը պատահի այդ հանդիպումներուն ընթացքին: Դրամահաւաքով պետականութիւն կարելի չէ ամրացնել, մանաւանդ երբ դրամին ճամբան ալ յստակ չէ: Այնքան ատեն որ սփիւռքը իր բազմակի կարողականութեամբ լուրջի չէ առնուած, անոր կապը Հայաստանին հետ պիտի մնայ անորոշ, նոյնիսկ` անկարելի: Սփիւռքը լուրջի կ’առնուի այն ատեն, երբ ան իբրեւ սփիւռք ներկայութիւն է Հայաստանի մէջ` իր մշակութային, գիտական, քաղաքական ներդրումով, որ ունենալու է նաեւ իր արտադրումը:

Խօսքին անհրաժեշտութիւնը մեր հայկական ընկերութեան մէջ գրեթէ աւելորդ կը համարուի, դուք ալ կը յիշէք իրաւամբ, ես ըսեմ` «պարապ վախտի խաղալիք» է ան, որովհետեւ գործին հակառակն է` ըստ մեր տտիպ համոզումներուն: Երախտապարտ եմ, որ անոր անհրաժեշտութիւնը դուք կը տեսնէք: Վերջին ձեր հարցումը` ինչո՞ւ հիմա՛, պատերազմին ատեն ո՞ւր էիք: Ան, որ խօսքին անհրաժեշտութեան անդրադարձը ունի, կրնայ նաեւ հասկնալ, որ անոր ժամանակը, առաջն ու յետոյն ինքնաստեղծ են, կամ` ժամանակաստեղծ. ընտրեցէք` ըստ ձեր ճաշակին: Եւ անշուշտ, գիտէք, ես կը խօսիմ… խօսքի՛ն մասին: Մաղթանքս պիտի ըլլայ, որ նաեւ ձեր թերթին մէջ անոր տեղը բացուի, լայննայ, որպէսզի անոր դերը աւելի յստականայ: Պատերազմները կու գան ու կ’երթան, սակայն ներսի ու դուրսի խօսքը, հանդիպող ու զօրացող, կը մնայ: Խօսքը չի սրբուիր: Խօսքը ստեղծարար է:

ԶԱՐՄԻԿ ՊՕՂԻԿԵԱՆ.- Ուրախ եմ, որ անկաշկանդ կը խօսիք, կը քննէք` մեր մշակութային ու ազգային հաւաքական արժէքներու ձեր հաւատարմութենէն ու նախանձախնդրութենէն մեկնելով:

Կը բաժնեմ ձեր այն տեսակէտը, որ հեռու պէտք է մնալ ամէն բան վարդագոյն տեսնելու, մեր փոքր յաջողութիւնները ուռուցիկ ներկայացնելու վատառողջ մօտեցումներէ: Սակայն մեր քննարկումներուն մէջ պէտք է նկատի առնենք նաեւ հարցերուն այլ երեսները:

Ձեր արծարծած հարցերը համահայկական հարցեր են: Սփիւռքի պարագային, սակայն, ներկայ կացութիւնը հետեւանք է նաեւ հայրենազուրկ դարձած ըլլալու մեր իրավիճակին: Արեւմտահայերէնը հայրենազուրկ լեզու դառնալով` աւանդուած է միայն լեզուի ու գրականութեան դասանիւթերով, իսկ դպրոցներէն ներս այդ նիւթերու դասաւանդումը սակաւաթիւ ուսուցիչներու կողմէ միայն ճեղքած է դասի սահմանը եւ աշակերտին` հայերէնի գործածութեան համը տուած, զինք կարդալու, պրպտելու, լեզուն կատարելագործելու մղած:

Գրականութեան կողքին, գիտութեան կամ արուեստի ոլորտներով հետաքրքրուող աշակերտները արեւմտահայերէն համապատասխան գրականութիւն չեն գտած` կարդալու ու իրենց մայրենին անոնց ընդմէջէն եւս զարգացնելու համար: Արեւմտահայերէնը մեզի ծանօթ պատճառներով քայլ չէ պահած ժամանակի բոլոր պահանջներուն հետ: Իսկ մեր կրթական մարմինները, միութիւնները տարիներ շարունակ այս հարցերուն լուծման ուղիներ չեն որոնած, այլ բաւարարուած են որդեգրուած ձեւերը կրկնելով:

Սուրիոյ մէջ, օրինակ, աշակերտը իր ուսումնական բոլոր նիւթերը օտար լեզուով կը սորվի, հայերէնաւանդութիւնը սահմանափակուած է լեզուի ու գրականութեան պահերով: Իսկ գիտութեան կամ արուեստի նիւթերով հետաքրքրուող աշակերտները, եթէ ուզեն յագուրդ տալ իրենց հետաքրքրութիւններուն, ի՞նչ պիտի կարդան… եթէ չկան արեւմտահայերէն գիտական համապատասխան գիրքեր: Անոնք ստիպուած` պիտի դիմեն արաբերէն կամ անգլերէն գիրքերու, լաւագոյն պարագային` արեւելահայերէն գիրքերու, եւ հետզհետէ անոնց լեզուն եւ գրիչը պիտի սնանին արեւելահայերէնի ու արեւմտահայերէնի խառնուրդով մը` աւելի վատթարացնելով կացութիւնը:

Այս դժուարութիւնը մասամբ յաղթահարելու համար, այո՛, ճիշդ էք, քով-քովի պէտք է գալ, տագնապիլ, ինքնանորոգումի ուղիներ որոնել: Բայց ո՞ւր են այդ տագնապողները այսօր, երբ տիրողը անտարբերութիւնն է:

Լեզուն, սակայն, պէտք է ճոխացնել, անոր գործածութիւնը ժողովրդականացնել նաեւ, այդ մէկը կարելի էր ընել` թարգմանական աշխատանքներուն թափ տալով, մասնագիտական բառարաններ ու գիրքեր հրատարակելով եւ արեւմտահայ մեր մշակոյթը կենդանացնելով: Հայաստան, որ ունի պետական կարելիութիւններ, սփիւռքահայ մտաւորականներուն հետ գործակցաբար մեծ դեր կրնայ ունենալ այս փրկարար գործին մէջ` արեւմտահայ նման հրատարակութիւններու պատրաստութեան նպաստելով (անկախ այն իրողութենէն, որ այնտեղ եւս կան լեզուական հարցեր): Արեւմտահայերէնի կենսունակութիւնը ոչ միայն պիտի վերանորոգէ սփիւռքահայ մեր սերունդները, այլեւ պիտի հարստացնէ մեր ազգային մշակոյթը` իր նիւթերու բազմազանութեամբ:

Նախորդ տարիներուն սուրիահայ վարժարաններէն ներս համեստ փորձ մը կատարուեցաւ այս ուղղութեամբ. պատրաստուեցան հայերէնի նոր դասագիրքեր, որոնք, գրականութեան եւ քերականութեան կողքին, կ’ընդգրկէին իւրաքանչիւր կարգի գիտական նիւթերուն, ինչպէս նաեւ հայ արուեստին (թատրոն, երգ, պար, կերպարուեստ) վերաբերող բառամթերք:

Միութիւններն ու ակումբներն ալ մեծ դեր ունին մայրենին կենսունակ պահելու առաքելութեան մէջ: Եթէ իւրաքանչիւրը իր մարզին մէջ հայ պատանին մղէ կարդալու, պրպտելու, կազմակերպուած իւրաքանչիւր ձեռնարկի ընդմէջէն մեր պատմութեան, մշակոյթի գանձերուն ծանօթանալու, անոնց հմայքն ու հարազատութիւնը զգալու եւ զանոնք իր առօրեային անբաժան մէկ մասնիկը դարձնելու, պիտի կարենայ զայն կառչած պահել իր մշակութային արժէքներուն` գոյութիւն ունեցող բոլոր դժուարութիւններուն լոյսին տակ անգամ: Մեր միութիւնները ձեռնարկներ կազմակերպելով պէտք չէ բաւարարուին: Անոնք պէտք է վերածուին մշակութային դպրոցներու:

Հողադարձի մասին կը խօսիք: Պատերազմը ի՛նք այդ հողադարձը կատարեց` խորապէս ցնցելով մեր էութիւնը, քննութեան ենթարկելով մեր դիմադրականութիւնը, ու պահ մը ապրեցանք հայկականը կորսնցնելու վտանգը, վախը, բայց չկորսնցուցինք զայն: Այժմ, երբ խաղաղութիւնը տիրող դարձաւ այլեւս, անբացատրելի ուժ մը կը զգանք մեր երակներուն մէջ ու այդ ուժը պահպանուածը զօրացնելու կրնանք ծառայեցնել, եթէ ծրագիր եւ աշխատելու կամք ունենանք:

Լրջութեան այս նոյն մօտեցումը պէտք է ունենանք թերթին նկատմամբ: Անսխալ ուղղագրութեամբ թերթ մը հրատարակելը հազուադէպ երեւոյթ դարձած է, այո՛: Այսօր շատեր, ցաւօք, հայերէն թերթը լոկ քարոզչութեան կամ լրատուութեան աղբիւր կը համարեն, յատկապէս` լրատուական բաց համակարգի այս ժամանակաշրջանին, երբ վայրկեան առ վայրկեան թարմ լրատուութիւնը հասանելի կը դառնայ ու լրատուադաշտի յորձանուտին մէջ կը ներքաշէ ընթերցողը` մոռնալով յաճախ, որ թերթը գրիչ ու միտք պատրաստելու, լեզու կատարելագործելու կարեւորագոյն գործարանն է: Եթէ այս գիտակցութիւնը ձեւաւորուի, յոյս կ’ունենանք, որ այդ ձեւաւորման ինքնաբերաբար կը յաջորդէ բծախնդիր ու պատասխանատու աշխատանքը:

Գաղութի մեր պատասխանատուները մարդուժի պատրաստութեան գործարաններ ստեղծելու հեռատեսութիւնը ունեցած են, բայց անոնց որակային արդիւնաւէտութիւնը հարկ եղած հետապնդումին չէ արժանացած:

Ի՞նչ է ձեր անունը` կը հարցնէք: Ես կամ մենք պիտի չճշդենք այդ անունը: Յետպատերազմեան սերունդն է, որ պիտի ճշդէ: Բայց ինչպէ՞ս տոկաց գաղութը, ինչպէ՞ս դիմացաւ, որո՞նք էին սուրիահայութեան դիմադրութեան յենարանը կազմող այդ անխախտ սիւները:

Գլխաւորը հաւատքն էր` մեր ստեղծած հայկական այս աշխարհին հանդէպ, ապա, եւ աւելի կարեւորը, վստահութիւնը, կը կարծեմ, բոլոր մակարդակներու վրայ: Երբ աշակերտը դպրոց կը յաճախէ պատերազմի ամէնէն անապահով օրերուն ու իրենց պատուանդանին վրայ կանգնած կը տեսնէ տնօրէնը, ուսուցիչը, դաստիարակը, դպրոցին նկատմամբ իր վստահութիւնը կ’ամրապնդուի: Երբ հայ երիտասարդը, ռումբերու տարափին տակ, տուն, տեղ, աշխատանք թողած` ազգային կառոյցները կը պաշտպանէ ու իր քովը կանգնած կը տեսնէ իր հրամանատարը, իր պատասխանատուն, վստահութիւնն է, որ զինք տոկուն կը պահէ: Երբ յուսալքումի գագաթնակէտին հասած հալէպահայը աղօթքին ապաւինելով` եկեղեցի կ’ուղղուի ու խորանին վրայ անսասան կանգնած իր առաջնորդը կը տեսնէ, յուսահատութիւնը մէկդի կը շպրտէ: Երբ ահաբեկիչներու կողմէ պաշարուած, սնունդէ եւ ջուրէ զրկուած յոգնաբեկ մարդիկ մշակութային սրահ կը փութան ու բեմին վրայ նոյն պայմաններուն մէջ ապրող, բայց մշակութային մեր գանձերով ոգեւորուող երիտասարդներ կը տեսնեն, գոյատեւելու իրենց վճռակամութիւնը կ’ամրապնդեն: Երբ փլատակներուն տակէն դուրս բերուող վիրաւորը զինք փրկելու փութացող հայ տղոց երկարած ձեռքը պինդ կը բռնէ, վստահութեամբ կը վերադառնայ կեանքին եւ, վերջապէս, իրենց զաւակներէն իսկ լքուած մամիկ-պապիկները կամ Պատսպարանի սաները, երբ զիրենք խնամելու պատրաստ կամաւոր հայ կիներուն ու երիտասարդներուն նուիրական աշխատանքը կը տեսնեն, վստահութեան ներքին փայլ մը կը ցոլայ անոնց աչքերուն մէջ:

Փոխադարձ վստահութեան այս մթնոլորտը գաղութի մեր հայկական կեանքը իւրայատուկ ջերմութեամբ օժտած է: Ահա թէ ինչո՛ւ Հալէպի խաղաղութեան հաստատումէն ետք վերադարձողներ կը տեսնենք`, հակառակ շարունակուող կարգ մը դժուարութիւններուն: Վստահութեան բացակայութիւնը աւերներ կը գործէ, կ’ըսուի յիրաւի… Իսկ այստեղ` Հալէպի մէջ, պատերազմին քանդածը կը վերակառուցուի վստահութեան մթնոլորտին շնորհիւ: Կը տեսնէք, չէ՞, թէ ինչե՛ր կրնան յառաջանալ վստահութեան մթնոլորտի ներկայութեան ու բացակայութեան: Վստահութեան մթնոլորտը կրնայ արտագաղթ կասեցնել, փտածութիւն վերացնել, յառաջդիմութեան ու բարօրութեան թափ տալ նաեւ մեր հայրենիքէն ներս, եթէ անվերապահօրէն ձեւաւորուի:

Այպանումի մասին կը խօսիք: Այպանումի հարց չէ, որ կը դնենք, այլ մօտեցումները յստակացնել եւ մեկնաբանել կը փորձենք: Մենք միասնաբար պէտք է ամրապնդենք դուրսի եւ ներսի կամուրջները: Ահա այս է մեր իսկ զրոյցին նպատակը: «Գանձասար»-ի յօդուածներուն տակ դրուած ստորագրութիւնները, ներսի եւ դուրսի գրիչներուն հանդիպումը անոր էջերուն վրայ, այս նպատակին կը ծառայեն:

Ձեր ըսածին հիման վրայ վար առնենք վեր գտնուող սրբութիւնները պահ մը եւ մեր զրոյցը տեսականէն գետնի վրայ արձանագրուող զարգացումներուն փորձենք մօտեցնել:

Այլախոհն ու ընդդիմութիւնը բնականաբար միշտ ներկայ պիտի ըլլան իրենց խօսքով ու գործով, մեր գոյութիւնը երաշխաւորող էական հարցերու շուրջ համախոհութիւն գոյացնելը չի նշանակեր ամէն հարցի մէջ համախոհ ըլլալ ու նոյնանման մտածել, սա ճահիճի մէջ խրուիլ պիտի ըլլար իրաւացիօրէն: Բայց էական հարցեր կան, որոնց շուրջ մեր համախոհութիւնը աւելի ուժեղ կը դարձնէ մեզ, այնքան` որքան տարակարծութիւնն ու կարծիքներու բազմազանութիւնը այլ հարցերու մէջ: Այդ հիմնահարցերուն մաս կը կազմեն, օրինակ, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, դատապարտումն ու հատուցումը, Արցախի հարցը: Էականը բոլոր կողմերուն միջեւ (սփիւռք-հայրենիք, իշխանութիւն-ընդդիմութիւն) ճիշդ ու վստահելի յարաբերութեան եղանակ ստեղծելն է, որպէսզի կարենանք ճիշդի՛ն համար եւ ոչ թէ իրարու դէմ պայքարիլ: Մէկը միւսին գոյութիւնը արհամարհելու կամ չէզոքացնելու իրաւունք չունի: Բոլորը պէտք է կարենան ապրիլ ու զարգանալ, անկախ այն բանէն, թէ ո՞վ զո՛վ ճիշդ կը գտնէ, զո՞վ` սխալ: Հայրենիքը մեր սերունդներուն համար ներշնչումի աղբիւր է վերջապէս, պետական երիտասարդ գոյութիւն մը, որուն պէտք է գուրգուրալ, իւրաքանչիւրը իր ոճով, իր ըմբռնումի ձեւով: Թէ այդ պետութիւնը որքանո՞վ հայրութիւն կ’ընէ իր զաւակներուն, որքանո՞վ համընդհանուր շահերուն մասին կը մտածէ, որքանո՞վ հայութեան կեդրոնը դառնալու պայմաններ կը ստեղծէ` քննարկելի հարցեր են, որոնք սակայն չեն նսեմացներ անկախ հայրենիք ունենալու մեր առաւելութիւնը:

Մեր թերթին մէջ խօսքին, շահեկան խօսքին լայն տեղ տալու տրամաբանութեամբ կը գործենք: Աւելի՛ն. թերթին ճամբով, խօսքին ճամբով նոր հորիզոններ բանալ կը փորձենք: Մեր այս փորձն ալ կը նպաստէ, պիտի նպաստէ վերը յիշուած խանդի, եռանդի խթանումին, որովհետեւ հաւատք ունեցողն է, որ ճիգ կը թափէ` խօսելու, կացութիւն բարեփոխելու, յուսահատութեան ակնարկելով, յոյսին ծնունդ տալու: Խօսքը, վերջապէս, կ’օգնէ համոզում գոյացնելու, մանաւանդ` պատերազմական միջավայրի մէջ, մարդկային ու ոգեղէն արժէքներու տապալման փորձերուն ականատեսը դարձող զանգուածներուն մօտ:

Չէ՞ք կարծեր, որ խօսքը կը խթանէ ընթերցող եւ գրող մարդուժի պատրաստութիւնը նաեւ:

 

ԻՇԽԱՆ ՉԻՖԹՃԵԱՆ.- Հայրենազուրկ կամ հողազուրկ բառերը, արեւմտահայերէնի իբրեւ ածական տրուած, մասնաւոր բացատրութեան կը կարօտին: Արեւմտահայաստանը` իբրեւ հայ աշխարհ, գոյութիւն ունէր արեւմտահայութեամբ հանդերձ, սակայն լեզուն Պոլսոյ եւ Զմիւռնիոյ մէջ իր hիմնական զարգացումը ապրեցաւ, այսինքն` դուրսը, հողազուրկ, եթէ կ’ուզէք: Սա լեզուն մեր հասկցած իմաստով հայրենիք չունեցաւ, ձեւով մը: Լեզուները անհայրենիք ալ կրնան որոշ չափով մը զարգանալ: Նոյնիսկ կրնան իրենց ուսումնասիրութեան կեդրոնները ունենալ: Ամէն ինչ կախեալ է ծրագիրէն:

Քիւրտերու պարագան ներկայիս բաւական հետաքրքրական է: Վերջին շրջանին եւրոպական շարք մը համալսարաններու մէջ իրենց լեզուն, նոյնիսկ` անոր քանի մը բարբառները, ոչ միայն կ’աւանդուի, այլեւ կ’ուսումնասիրուի. Գերմանիա, Աւստրիա, Լեհաստան` ինծի ծանօթ օրինակներն են: Գալով մեզի, եւրոպական կամ ամերիկեան հայագիտական ամպիոններու մէջ լեզուի ուսուցումը հսկայական նահանջ արձանագրած է, անիկա յաճախ նախապայման իսկ չէ: Մարդ կը զարմանայ, առանց հայագիտութեան հիմքին` լեզուին, ինչպէ՞ս կարելի է այդ գիտութեամբ զբաղիլ` երկրորդական աղբիւրներ ու գրականութիւն ուսումնասիրելով: Բայց, ըստ երեւոյթին, կարելի է:

Վենետիկ եւ Վիեննա` Մխիթարեան վանքերը տարբեր օրինակներ են, այս անգամ լեզուն գործածող ժողովուրդէն` հաւաքականութենէն ալ հեռու, հակառակը` Պոլսոյ եւ Զմիւռնիոյ պարագաներուն, ուր հայախօս միջավայր գոյութիւն ունէր: Ուրեմն, «փակ» հաստատութեանց սահմաններուն մէջ ու անոնց շնորհիւ ալ հսկայական զարգացում կրնայ արձանագրել լեզուն, կը տեսնենք: Մխիթարեաններ, սակայն, այս երեւոյթին փակութեան գիտակցեցան ու սկսան հիմնադրել, ուր որ կրնային, իրենց վարժարանները: Ինծի կը մնայ այսօր իրենց մաղթել, որ հոգեվարքի ջահերը յոյսի ջահերու վերածելու ճամբան գտնեն: Հոս ալ պարագան նոյնն է, ձեւերը չէ, որ կը պակսին:

Արեւմտահայերէնով գիտական գրականութեան պակասին կ’ակնարկէք: Օտար գրականութիւն կարդալը, գեղարուեստական կամ գիտական, միայն դրական իմաստ ունի: Սփիւռքի մէջ մեր ճակատագիրն է այդ կալուածներուն ծանօթանալ յատկապէս օտար լեզուներով: Համապատասխան մասնագիտական գրականութիւնը հայերէնի թարգմանելու աշխատանքը հսկայական գործ է: Հրաչ Տասնապետեանի իրագիտութեան կամ բնագիտութեան դպրոցական դասագիրքերը անշուշտ բաւարար չեն, որ մասնագիտական եզրաբանութեան մը հիմքը դրուի, բայց հետաքրքրական փորձեր են անտարակոյս: Ուրախ եմ, որ ձեր թեմին մէջ նոր դասագիրքեր հրատարակուած են, որոնք նաեւ բառամթերքին կարեւորութիւն կ’ընծայեն: Այդ աշխատանքին խորացումը շատ անհրաժեշտ պիտի ըլլար: Երբ այսօր Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանի տարրալուծարանը մտնէք, պիտի տեսնէք, որ հոն գիտական եզրերու հայերէն համազօրները կան ցուցանակներու վրայ, որովհետեւ ատենին քիմիագէտներ ու բնագէտներ նաեւ հայկական եզրաբանութեամբ զբաղած էին: Օսմանեան շրջանի հայոց պատմութիւնը շատ դասեր ունի տալիք մեզի այսօր:

Գիտական հետաքրքրութիւն ունեցող երիտասարդը կը դիմէ… օտար լեզուներու օգնութեան: Լաւ կ’ընէ, ի դէպ, եթէ ան արեւելահայերէնին չդիմէ, որովհետեւ հոն շատ աւելի օտար եզրեր պիտի գտնէ, քան հայերէն… Այս է արեւելահայերէնին ճակատագիրը: Ան օտար եզրին օտարութեան զգայութիւնը չունի, դժբախտաբար, եւ արեւմտահայերէնին հայրենազրկութեան բարիքն է, եթէ կ’ուզէք, այն, եթէ համապատասխան արեւմտահայ մամուլը թղթատէք, կը տեսնէք, որ ան փորձած է եւ տակաւին կը փորձէ, շատ քիչ պարագաներու մէջ, այսօր, օտար եզրերուն քով հայերէն առաջարկներ կատարել` անոնց մէջէն իր կորսուած հայրենիքը եզր առ եզր վերականգնելու համար հաւանաբար:

Կան օրինակներ թափուած ջանքի, ինչ կը վերաբերի մասնագիտական եզրաբանութիւնը արեւմտահայերէնի թարգմանելու աշխատանքին: Փրոֆ. Ռոպէր Տէր Մերկերեան (հարաւային Ֆրանսա) փորձեր կատարած էր այս ուղղութեամբ` արդի եզրեր առաջարկելով, պրակներ ալ հրատարակած էր: Վերջերս իմացայ, որ բժ. Կարպիս Հարպոյեանի բժշկագիտական նոր հրատարակուած հատորներէն մէկը բժշկագիտական եզրերու հայերէն առաջարկներ կատարած է: Կոմիտաս Գէորգեանի «Երաժշտական բառարան»-ը (Փարիզ, 1989) այլ օրինակ մըն է: Հին, բայց դեռ որքան նոր` հայր Ղեւոնդ Ալիշանի «Հայբուսակ կամ հայկական բուսաբառութիւն» (Վենետիկ, Ս. Ղազար, 1895)` ուրիշ օրինակ: Ծանօթ է նաեւ Շահան Պէրպէրեանի կիսաւարտ գործը` իմաստասիրական բառարանի մը: Այլ հետաքրքրութիւն կրնայ բաւարարել Մաղաքիա արք. Օրմանեանի «Ծիսական բառարան»-ը: Ասոնք հապճեպ նշուած աղբիւրներ են, իրենց բոլոր հաւանական թերիներն ալ նկատի առած եմ, որովհետեւ անոնք արդիականացման ու վերամշակման կարիքը ունին: Մենք եւրոպացի ժողովուրդ մը չենք, որ ամէն տարի իր բառարանները կը թարմացնէ, սակայն ասոնք նախաքայլեր են, որոնք առնուած են, եւ մշակութային կամ ուսումնական կազմակերպութեանց պարտականութիւնը կրնայ ըլլալ զանոնք համախմբել, տրամադրել, շրջանառութեան մէջ դնել, որպէսզի գէթ փնտռողը գտնելիք ունենայ, եւ եթէ փափաքի, իր օտար լեզուով կարդացած մասնագիտական գիրքէն ոստումներ կատարէ դէպի նման աղբիւրներ ու այս կամ այն եզրին հայերէն համազօրը կամ անոր մօտ հայկական եզր մը գտնէ: Բայց թերեւս դուք ինձմէ աւելի լաւ գիտէք, թէ ինչո՛վ զբաղած են մշակութային միութիւններն ու ուսումնական խորհուրդները: Եթէ Հայաստանէն բերուած երգիչ մը գաղութէ գաղութ պտտցնելը, համերգ կազմակերպելն ու չակերտաւոր կամ անչակերտ խանդավառութիւն ստեղծելը մշակութային գոհունակութիւն կը պատճառեն, եւ հոն կ’աւարտի մշակութային խրախճանքը, ըսելիք չունիմ:

Գիտական նիւթերը հարկաւ կրնան հայերէնին «կապուիլ»: Սփիւռքի մէջ, ըստ իս, մանաւանդ մշակութային միութիւններու հետաքրքրութեանց սահմաններէն ներս կրնայ իյնալ նկատուող հետաքրքրութեանց ուղղութիւն տալու աշխատանքը, ընդհանրապէս հոտառութիւն ունենալը, թէ` այսօրուան երիտասարդութեան անհատական կամ խմբական հետաքրքրութիւնները ո՛ր ուղղութեամբ կ’ընթանան: Իսկ այդ հետաքրքրութեանց բացակայութեան պարագային (քանի դուք ալ կը խօսիք համատարած անտարբերութեան մասին), տագնապիլ, թէ ի՛նչ ձեւերով կարելի է ստեղծե՛լ այդ հետաքրքրութիւնը: Միամտութիւն է կարծել, որ ամէն հայ երիտասարդ հայկական հարցերով պիտի զբաղի, «հայկական կեանք» պիտի ապրի` Հայաստան կամ սփիւռք: Աւետարանին մէջ սերմնացանին առակը գիտէք, հարկաւ: Գիտէք անոր սփռած սերմերը ո՛ւր կ’իյնան` ճամբեզրին, փուշերու մէջ, ժայռերու վրայ եւ պարարտ հողի մէջ: Սերմնացանը, սակայն, պիտի ցանէ: Այդ է իր գործը: Ան, որ ցանելէն հրաժարի, արդէն հողին հանդէպ հաւատքն ալ, սերմնացանի իր պաշտօնն ալ կորսնցուցած է: Փորձառութեամբ գիտեմ, որ յարատեւ, նպատակաւոր ու ծրագրաւոր ճիգը արդիւնք կու տայ: Շնչատ խանդավառութիւն ու շնչաւոր պոռթկում` երկուքն ալ հրախաղութեան մակարդակի վրայ կը մնան:

Պատերազմին կատարած «հողադարձ»-ը շատ բնորոշիչ է: Իմ ակնարկածս ոչ թէ դուրսէն` պատերազմէն գալիքն էր, այլ` ներսէն: Սակայն գիտենք ընկերաբանութենէն, որ եթէ արկած կամ բախում չպատահի, նորութեան ու նորոգութեան անհրաժեշտութիւնը չենք զգար: Ներսէն կամ դուրսէն` հողադարձը կամ դարձը անհրաժեշտութիւն են: Մաղթելի է, որ ձեր պատերազմին ցնցումը ինքնանորոգութեան բարիքի վերածուի: Ցնցումով դարմանումը կայ հոգեբանութեան մէջ: Չկարծէք, որ ներշնչուած եմ Գերմանիոյ մէջ կայացող ու դեռ կայանալիք այս տարուան յոբելենական մթնոլորտէն: Գերմանիոյ մէջ այս տարի ամէն քաղաք հետամուտ է Մարթին Լուտերի բարեկարգութեան 500-ամեակը յիշատակելու` բազմազան յայտագիրներ կազմակերպելով: Գերմանացիները իրենց ազգային ու միջազգային բարեկարգութիւնը թող տօնախմբեն: Մենք ալ կարենանք մեր բարի կարգերը մէջտեղ բերել:

Ան, որ դիմացաւ պատերազմին, անոր ցնցումին կամ քանդումին, ան միայն գիտէ դիմանալու գաղտնիքը, այդ շատ անթափանցելի ու փակ աշխարհն ու աշխատանքը: Դուք բացատրութիւն ալ կու տաք, արդարեւ, նշելով, որ երբ ներքին կապը եւ վստահութիւնը ներկայ են, մէկը միւսէն ուժ կ’առնէ: Դուրսիններս հեռու-մօտիկ վկաներ կրնանք ըլլալ առաւելագոյն պարագային, սակայն, շատ աւելին, մենք ալ սորվելիք ունինք այս փորձանքին յորձանքէն: Գիտենք, որ այսպիսի պարագաներու ցաւն ալ ծախող վաճառականներ հանդէս կու գան:

Եբրայական աստուածաբանութենէն մեզի անցած է աղէտին` Աստուծոյ կողմէ կատարուած փորձարկում ըլլալու հանգամանքը: Աստուած մեր գլխուն բերած չարիքով կա՛մ մեզ է, որ կը փորձէ, կ’ըսէին նաեւ մեր հայրերը, կա՛մ ալ աղէտին պատճառը մենք իսկ ենք` «վասն ծովացեալ մեղաց մերոց»: Ես կը նախընտրեմ փորձարկումի, քննութեան մեկնութիւնը: Մեր զրոյցին սկիզբը արդէն ըսինք` ապրողը միայն գիտէ: Ապրողը զայն փորձարկումի վերածելու արուեստը կը զարգացնէ, երբեմն` ինքնաբերաբար:

Ազգային էական հարցերու մէջ համախոհութիւնը երբեք առարկելի չէ: Անկախ պետականութիւն ունենալն ալ նսեմացնելու ոչ մէկ հետաքրքրութիւն ունիմ: Տգիտաբար խանդավառուիլը, սակայն, ամէն պարագայի, դատապարտելի կը գտնեմ, Հայաստանի ճամբան չափող չափահաս կամ անչափահաս տիպարներու կողմէ, մանաւանդ երբ այդ խանդավառութեան անունը «հայրենասիրութիւն» կը դրուի: Հայաստանը, Արցախը, Ցեղասպանութեան ճանաչումը առաջնահերթութիւններ են` ո՞վ չի գիտեր: Պաշտօնապէս թուղթի վրայ ալ գրուեցան անոնք, եթէ չեմ սխալիր: Հարցը քարոզչական մակարդակէն անդին անցնիլն է: Եթէ թութակի պէս պիտի կրկնենք, որ` «Հայաստանը բոլոր հայերուն հայրենիքն է», սակայն անոր իմաստը պիտի չբացատրուի թութակներուս կողմէ, որովհետեւ շատ յստակ բան է ըսուածը, ըստ երեւոյթին, ընդհանրապէս լուրջի կարելի չէ առնել այս հաստատումը: Կան նիւթական եւ հոգեկան կապեր, որոնք մեզ բոլորս կը կապեն ներկայ պետութիւն-հայրենիքին հետ` հակառակ անոր վանողական բոլոր` նիւթական ու բարոյական բազմաթիւ ձեռնարկութիւններուն: Այս կապը ներսի ու դուրսի միջեւ եղած կապն է: Անոր գոյութիւնն ու զարգացումը երկու կողմերէն կախեալ է: Ասոնք ըսուած, լսուած, հռչակուած սահմանումներ են: Դուք իբրեւ ներսի բնակիչներ` վկան էք այսօր այն իրողութեան, որ վերջերս հայրենիք մեկնած սուրիահայեր կը վերադառնան սուրիական հայրենիք: Ասիկա նշանակութիւն, բացատրութիւն ու մանաւանդ պատգամ ունեցող քայլ մըն է:

«Ճիշդի՛ն համար եւ ոչ իրարու դէմ պայքարիլ», կը գրէք: Նախ «ճիշդ»-ը շատ ընդարձակ ու բարդ հարց մըն է: Նախընտրելի է խօսիլ օրինակներով, բացատրութիւններով, պայքարելով, ինչո՞ւ չէ, իրարու դէմ: Հապա միայն թուրքի՞ն դէմ: Վերջերս տեղ մը կարդացի անպատասխանատու գրութիւն մը, թէ ՀՀ մէջ բոլոր վանքերն ու եկեղեցիները մաս-մաքուր, նորոգուած վիճակի մէջ են, իսկ Թուրքիոյ մէջ` քարուքանդ: Թուրքիոյ պարագային ծանօթ ենք: Ատիկա չէ հարցը: Խօսիլն իսկ աւելորդ է: Սակայն գիտե՞նք, կ’ուզե՞նք գիտնալ, թէ որքա՛ն եկեղեցիներ լքեալ կամ անխնամ վիճակի մէջ կը գտնուին այսօր Հայաստանի մէջ, թէ՞ այս ալ «հայկական գաղտնիք» է: Չոր ու ցամաք հայկականութենէն դուրս ելլելը անհրաժեշտութիւն է` հասնելու համար աշխարհին: Ասիկա միայն օրինակ մըն է: Սսոյ մայրավանքն ալ աւերակ էր, երբ Սահակ կաթողիկոս զայն ստանձնեց: Ատոր պատճառն ալ թուրքը չէր… միայն: Հարցերուն տարբեր երեսները դիտել կ’առաջարկէիք, չէ՞: Ներքին թշնամին այնքան ընտելացած է, օձը ոչ թէ ոչխարի մորթ առած է վրան, այլեւ ոչխարի լեզուով կը խօսի այսօր մեզի հետ:

Կ’արժէ կարդալ ձեռագրաց յիշատակարանները` հասկնալու համար, թէ պատերազմական ինչպիսի՛ պայմաններու տակ կարելի էր նստիլ ու ձեռագիր մատեան ընդօրինակել կամ նկարազարդել, գնայունին դէմ մնայունը կառուցել: Մաղթելի է, որ մեր այս զրոյցը դուրս գայ իր սահմաններէն, ձեր թերթին մէջ «արմատ արձակէ», խթանիչին ու խենթութեան ճամբայ բանայ: Այսօր համացանցը հեռահաս է, գաղափարներու փոխանակումէն ետք իրագործումներ անկարելի չեն: Չի բաւեր սակայն, դուք ալ գիտէք, միայն գրելն ու գրիչը կուրօրէն «քաջալերել»-ը: Վերը կ’ակնարկէիք ճիշդի-սխալի հարցին: Այսօր, օր ցերեկով, յանուն արեւմտահայերէնի քաջալերութեան` սխալ արեւմտահայերէնով տպագիր ու ելեկտրոնային մամուլ ու ձեռնարկութիւն կը «քաջալերուին»: Արմատական փոփոխութեան համար արմատական մօտեցում հարկաւոր է, այլապէս կրնանք մակերեսին վրայ թափառումները շարունակել ու օրուան վերջաւորութեան ալ գոհունակութեան, նոյնիսկ յաղթանակի երգեր եւ երազներ թռցնել:

Ներսի եւ դուրսի փոխանակման յատուկ սիւնակ մը ձեր թերթին մէջ, պատահական «հանդիպումներէ» անդին, կրնայ լաւ քայլ մը դառնալ: Այն ատեն կրնամ գոնէ զրոյցին շնորհքը ընկալած ըլլալ:

ԶԱՐՄԻԿ ՊՕՂԻԿԵԱՆ.- Ձեր տուած օրինակները, այո՛, կը վկայեն, որ լեզուն կրնայ նաեւ հողէն հեռու, որոշ չափով մը, զարգանալ: Հալէպի պատմութեան մէջ ալ մենք կարդացած ենք այսպիսի օրինակներու մասին: Մեծագոյն վկան Հալէպի գրչատունն էր, Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ կից, որ իր ամէնէն արդիւնաւոր ու փայլուն շրջանը կը բոլորէր գաղութի հոգեւոր, մշակութային եւ տնտեսական վերելքի ժամանակահատուածին` ԺԷ. դարասկիզբէն մինչեւ ԺԸ. դարու կէսը:

Գրչատունը ծաղկած էր յատկապէս այն ժամանակաշրջանին, երբ Կիլիկիոյ թագաւորութեան անկումէն ետք, կիլիկեան գրչութեան կեդրոնները խամրած էին: Այդ օրերուն Հալէպը եւ հալէպահայութիւնը տնտեսական ու մշակութային բարգաւաճման օրեր կ’ապրէին, այդ իսկ պատճառով, վաճառականներու եւ արհեստաւորներու կողքին, հոգեւոր մշակոյթի գործիչներ, եկեղեցականներ, ուսումնասէր վարդապետներ, գրիչներ, երաժիշտներ, նկարիչներ եւս կ’ուղղուէին Հալէպ: Հալէպը կը դառնար այն պարարտ հողը, ուր իրենց շարունակութիւնը կը գտնէին ու կը ծաղկէին կիլիկեան մշակութային աւանդոյթները: Եւ այս առումով կարելի է ըսել, որ Հալէպի գրչակեդրոնն ալ, այս կամ այն չափով, այդ աւանդոյթներու կրողն ու շարունակողն էր, օտար եւ այլակրօն միջավայրի մէջ իսկ: Հալէպ շարունակողի, պահպանողի իր այս դերը պէտք չէ թերագնահատէ ու ըստ այնմ պէտք է լծուի վերականգնումի աշխատանքներուն:

Լեզուի ուսումնասիրութեան մասին ձեր բերած օրինակները այլ իրողութիւն մըն ալ լուսարձակի տակ կը բերեն: Սփիւռքը, Հայաստանի հետ իր գործակցութեան կողքին, աշխարհին ու աշխարհի գիտութեանց դիմաց բաց ըլլալու հարստութիւնը ունի, աշխարհի մեծագոյն համալսարաններուն մէջ իր լեզուին ուսումնասիրութիւնը զարգացնելու կարելիութիւնը ունի նաեւ: Սա հարստութիւն է, որուն եթէ գիտակցինք ու մշակենք զայն, ապա նաեւ շրջանառութեան մէջ դնենք, պիտի կարենանք ուժեղացնել իւրաքանչիւր գաղութի մէջ գոյութիւն պահպանելու համար մաքառող նեղ շրջանակները: Ու այդ նեղ շրջանակները պիտի կարենան բացուիլ լայն շրջանակներու` միութիւններ, դպրոցներ, եւ նոր ուղղութիւն, նոր շունչ պիտի տան անոնց: Մենք յաճախ կը խօսինք սփիւռք-հայրենիք փոխանակումներուն մասին` մոռնալով երբեմն, որ սփիւռք-սփիւռք փոխանակումները եւս փրկարար դեր կրնան ունենալ լեզուի ու մշակոյթի պահպանման ճիգերուն մէջ: Այդ փոխանակումները բոլորովին չեն անտեսուած, սակայն նպատակային աշխատելաոճի մը շարունակականութիւնը չեն պահած:

Շռայլ լոզունգներով կարելի չէ հայապահպանում իրագործել, այո՛: Սակայն ո՞վ եւ ինչպէ՞ս պիտի քաջալերէ այս փոխանակումը: Բնականաբար` համահայկական տարողութեամբ գործունէութիւն ծաւալող մեր մշակութային միութիւնները:

Կառոյցները պահպանելէ քայլ մը անդին պէտք է անցնիլ ու խրախուսել, քաջալերել յատկապէս եռանդ եւ աշխատելու պատրաստակամութիւն ունեցող մեր երիտասարդները` ճիշդ անձը ճիշդ պաշտօնին կոչելով ու զարգանալու, զարգացնելու բոլոր կարելիութիւնները տրամադրելով անոր: Այս պարագային միայն կարելի է մտածել արմատական լուծումներու մասին:

Պատերազմին գործած աւերներուն մասին երկար խօսեցանք: Խաւարը անիծելու փոխարէն` մոմ մը վառելու մասին պէտք է մտածենք այլեւս:

Հայաստանէն Սուրիա վերադարձող ընտանիքներ կը տեսնենք, այո՛, որուն ի տես նոյնպէս ցաւ կ’ապրինք: Ցաւ կ’ապրինք, որովհետեւ գնահատելով հանդերձ հայրենադարձութիւնը խրախուսող պետական ջանքերը, սփիւռքի նախարարութեան շարունակուող ձեռնարկները, ներգաղթը քաջալերող ու արտագաղթը նուազեցնող գործնական, երկարաժամկէտ ծրագիրներ չենք տեսներ տակաւին:

Փափաքելի է, որ հայրենիք դարձը տեղի չունենայ պատերազմի պարտադրած պայմաններուն լոյսին տակ, այլ դառնայ ծրագիր, որպէսզի Հայաստան հասնողը հոն մնայ ու անորոշութեան չմատնուի, իսկ հայրենադարձութեան կոչերը քարոզչութեան սահմաններուն մէջ չմնան:

Սուրիահայութեան ցաւը ծախող վաճառականներ եղան, ցաւօք, յատկապէս` մամուլին մէջ: Անոր դիմադրութեան ուժը թերագնահատողներ ալ եղան:

Սուրիոյ հայութեան դիմադրողական թաքուն ուժը հայրենամերձ այս հողին հետ մեր հոգեկան ու ֆիզիքական կապին, յիշողութեան մէջ պէտք է տեսնել նաեւ:

Օրերս Քեսապ էի, ու երբ քեսապցիներու հետ կը զրուցէի մեր գոյութեան հիմքերուն ու Քեսապի մէջ հայկական ներկայութեան մասին, վերահաստատեցի այն համոզումս, որ հողին հետ կապը չի խզուիր, այնքան ատեն որ այդ կապը արմատներ նետած է հողին խորքը: Աշխարհագրական այս միջավայրը` Քեսապը թալանեցին, քանդեցին, բայց հողը նոյն տեղն է, լեռները նոյն տեղն են ու կրկին կը կանչեն իրենց զաւակները` վերստին կառուցելու, վերստին ծաղկեցնելու զայն:

«Երեք ամիս վերջ հայու շունչէն կտրուած Քեսապին տեսքը ահաւոր էր, աշխարհագրական միջավայր մը, առանց իր բնակչութեան, տխուր էր, մահամերձ, բայց կը կանչէր մեզ», կը շեշտէր քեսապցին ու կը պատմէր, որ գիւղացիներէն մէկը Քեսապ վերադարձէն ետք, երբ ի՛ր իսկ պարտէզի ծիրանի ծառէն փորձած էր ծիրան քաղել… դժուարացած էր. «Ծառը կարծէք նեղուած էր ինձմէ, ձեռքս չէր երթար քաղելու, գողութիւն կ’ընէի կարծէք, որովհետեւ երեք ամիս չէի խնամած զինք», ըսած էր: Ուրիշ մը` «Երբ պարտէզ կ’երթամ, կը նստիմ, հողը կ’առնեմ ափիս մէջ ու կը շփեմ, կը շփեմ, կարօտս կ’առնեմ եւ անբացատրելի ուժ մը կը զգամ», ըսած էր: Քեսապցիներու այս փորձառութիւնը պատգամ մը ունի իր մէջ, այդ պատգամը հողին կանչն է, պատմական մեր հայրենիքին հետ կապուած անմեռ յիշողութիւնն է: Քեսապը, որպէս Կիլիկեան թագաւորութեան վկայարան, թէ՛ պատմական, թէ՛ աշխարհագրական առումներով, իւրայատուկ իմաստ ունի: Այստեղ եւս պէտք է փնտռել դիմանալու գաղտնիքը:

Եկէք` այս լաւատեսութեամբ ներշնչուինք, ուրեմն, ու մեր զրոյցը, որ նորութիւն էր ինծի համար իր ձեւով ու բոլորովին տարբեր էր կրկնուող այն հարցազրոյցներէն, որոնց հարցումները երբեմն նախքան հարցազրոյցը կը նախատեսէի, գործակցութեան վերածենք: Մենք գիտենք, որ վերաշինութեան որեւէ գործընթաց կը սկսի քանդումով, թէեւ այս պարագային մեր կամքով չէր ու աղէտաբեր էր քանդումը: Այս աղէտը, սակայն, Աստուծոյ կողմէ կատարուած փորձութիւն ըլլայ, կամ աղէտին պատճառը մենք իսկ եղած ըլլանք, անցեալին կը պատկանի այլեւս: Մեր զրոյցը մոմ վառողներու շրջանակը ընդլայնելու պիտի նպաստէ, պէ՛տք է նպաստէ: Ներսի եւ դուրսի փոխանակման յատուկ սիւնակը սկիզբ մը կրնայ ըլլալ, հարկաւ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles