
Հալէպի հայկական թաղամասեր (Նոր Գիւղ, Սիւլէjմանիէ; եւայլն) կը շարունակեն դառնալ ծանր բախումներու թատերաբեմ: “Արմէնփրէս“ի թղթակիցին հարցումներուն պատասխանելով, Բերիոյ Թեմի խօսնակ Ժիրայր Ռէյիսեան կը տեղեկացնէ, որ Նոր Գիւղ (Միտան) շրջանին մէջ վիճակը վտանգաւոր է: Միտանի շրջանէն բնակչութեան դուրս բերման առընչութեամբ կառավարութեան հրապարակած կոչի մասին լուրերը սուտ են:
Ռէյիսեան տեղեկացուց նաեւ, որ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիի մօտակայքը ռումբ պայթած է, որու հետեւանքով եկեղեցին նիւթական վնասներ կրած է: Այդ շրջանին մէջ ռումբերու պայթիւններէն վնասուած են նաեւ հայկական այլ հատատատութիւններ, գործատեղիներ եւ շինութիւններ:
“Արմէնփրէս“ տեղեկացած է նաեւ, որ բախումներ կ՛ընթանան »Կիւլպէնկեան« հիւանդանոցի մօտակայքը: Հալէպահայերը կը նշեն, որ Նոր գիւղի շրջանը այժմ աւելի ապահով է, քան Թելեֆոն Հաուայէ շրջանը: