

Երկուշաբթի, Փետրուար 6-ի կանուխ ժամերուն, հարաւային Թուրքիան եւ հիւսիսային Սուրիան ցնցուեցան 7.8 ուժգնութեամբ երկրաշարժով մը։ Յետցնցումներուն կիզակէտը Այնթապի եւ Մարաշի մօտերն էր։ Սուրիոյ Լաթաքիա եւ Հալէպ նահանգները եւս ուժգնօրէն ցնցուեցան, մանաւանդ, որ յետցնցումներէն մէկը 7.5 ուժգնութեամբ էր։ Ըստ Երկուշաբթի երեկոյեան հաղորդուած տեղեկութիւններուն՝ արձանագրուած են առաւել քան 2700 զոհեր եւ հազարաւոր վիրաւորներ: Նիւթական հսկայական վնասներ պատճառած երկաշարժը զգալի դարձած է նաեւ Լիբանանի, Կիպրոսի եւ այլ երկիրներու մէջ։
Տեղական աղբիւրներ կը յայտնեն, թէ զոհերու թիւը շատ հաւանաբար աւելնայ, մինչ փրկարար աշխատանքները կը շարունակուին։ Սուրիոյ մէջ արձանագրուած են առնուազն 1136 զոհեր, իսկ միայն Լաթաքիոյ մէջ զոհերուն թիւը 210 է։ Հալէպի մէջ արձանագրուած են առնուազն 4 հայ զոհեր: Միրնա Թենեքճեան եւ անոր զաւակը՝ Ալպերը, այդ զոհերէն երկուքն են։ Վիրաւորուած են նոյն ընտանիքին հայրն ու դուստրը: