
Տարիներու հեռաւորութենէն եւ կարօտով ամէնօրեայ ժամադրութիւնը յարգողի նման նոյն տաք զգացումներովս սիրելի Հալէպ, քեզ է, որ կրկին կը յիշեմ: Հաւատա՛, հաստատ եւ պարզ ինքնագովութիւն մը չէ այս մէկը, որովհետեւ իմ մասիս խօսիլը քրտինք կրնայ բերել եւ նոյնիսկ կրնայ զիս դժբախտացնել, բայց հոգս չէ:
Իմ ուրոյն մտածողութեամբ, թէեւ քեզմէ շատ հեռու տակաւին կը շարունակեմ ապրիլ տեսակ մը հայ այս աշխարհի վրայ, բայց մի՛շտ զգացական պոռթկումով քեզ կը յիշեմ ու անվերջ քեզ կ՛երազեմ: Ուստի յամառօրէն կը փորձեմ կեանքս իր այս ձեւապաշտ վիճակէն դուրս բերել ու ստեղծել ժամանակս: Բայց այդ մէկը առանց քեզի յաճախ անհնարին է:
Գիտեմ, որ ձրի հպարտութիւնը արժէք չի ներկայացներ: Իմաստ չունի, որովհետեւ բառը կամ մարդոց արտասանած բառերն ու խօսքերը, այլեւս պարպուած են իրենց իսկական իմաստներէն ու դարձած աժան, ձեւական, անարժէք, անկշիռ եւ անիմաստ:
Իսկ դո՛ւն: Ա՜խ դուն: Ի՞նչ ըսեմ: Ի՞նչ ընեմ: Ըսէ՛: Խօսի՛ր:
Դո՛ւն, դժբախտ իրականութիւն: Սակայն եւ այնպէս դո՛ւն ինծի համար, քու զաւակներովդ կենսունակութիւնը դրօշ հռչակած քաջութիւնն ես: Ներկայ այս տխուր ու մահացու իրավիճակիդ մէջ իսկ օրինակելի ես ու նախանձելի: Ամբողջ աշխարհը կրնայ վկայել: Անոր համար դուն մինակդ ե՛ւ կ՛ապրիս, ե՛ւ կը շնչես ու մեր բոլորին աչքին առաջ մինակդ նոյնիսկ սովամահ` կը տանջուիս ողբերգութեամբը հայ ըլլալուդ:
Ահա կեանքին հեգնանքը: Դժբախտ իրականութիւն է, չէ՞:
Գերագոյն զոհողութեամբ եւ զոհաբերութեամբ սեփական կեանքով գոյատեւելու ձգտումդ կը շարունակես պահել, հակառակ անոր, որ ամէն օր եւ ամէն վայրկեան մարդիկ, օտարներ, ոճրագործներ կը սպառնան կեանքիդ, հոգիիդ եւ ֆիզիքականիդ:
Արարք մը, որ կը վտանգէ մեր ազգը: Մեր մայր գաղութը: Հայ Սփիւռքը: Որովհետեւ, անէծք չար սատանային, Հալէպի մէջ, այս օրերուն ամէն քայլափոխի տեսանելի են կռիւ, արիւն, վէրք, անօթութիւն, սով, լոյսի եւ ջուրի կարօտ, մահ եւ սուգ: Բայց, յետոյ ի՞նչ: Ըսէ՛, յետոյ…մինչեւ ե՞րբ այս վիճակը, այս հիւծումդ ու մաշումդ, փլատակ վիճակդ, քանդումդ ու մանաւանդ մահազդու տագնապդ: Ըսէ՛, հարցո՛ւր, մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակուի այս կռիւը: Որքա՞ն ժամանակ պիտի կարենաս այս հարուածներուն տոկալ: Ես պատասխան չունիմ: Ոչ մէկ պատասխան: Ըսէ՛, ո՞վ ունի անոր դիմենք:
Անոր համար այսօր, կրկին մանկութեանս ենթագիտակցականը սկսած է բանալ կորսուած յիշողութիւններուս ծալքերը, որոնց մէջէն ակնյայտ դուրս բերած եմ ցեղիս պատգամը: Յարութիւն եւ վերապրում:
Քեզի համար են այս վերագրումները: Միայն քեզի: Ու այսօր, կրկին կարօտը սրտիս կը քալեմ, կը խօսիմ, կը յուզուիմ, կը բացատրեմ եւ շեշտակի կը փորձեմ քեզի հանդէպ բոլոր անտարբեր մարդկանց համոզել:
Կ՛ուզեմ վերադառնալ էութեանս: Կ՛ուզեմ նաեւ դուն ալ վերադառնաս քու նախկին վիճակիդ: Ահա հոսկէ է, որ կը սկսի ծանր ու հոգիս ճզմող ընդհարումն ու ներքին տառապանքս, որ կը ցնցէ ամբողջ ենթագիտակցութիւնս:
Կեանքը իբրեւ հաւատք եւ հաւաքական ապրում, մեզի համար ազգային է. ըսած եմ շատ յաճախ: Բայց որո՞ւ կ՛ըսեմ, երբ տակաւին կան շատեր, որոնք անտարբեր կեցուածք ունին հանդէպ քու վիճակիդ, քու իրականութեանդ: Մարդիկ, նոյնիսկ անմիջական շրջապատիս մարդիկ, քեզ անտեսելով, արդէն շատոնց մկրատած են տրամադրութեանս լարերը:
Եւ, ի տես այս տխուր եւ ամօթալի իրականութեան, ձայնիս մէջ յուզումը թանձրացած է եւ դարձած շեշտ: Ծանր բան մը բռնած է կոկորդս, որ կարծես հոգիէս փրթած բեկոր մը ըլլար: Մէկ խօսքով, տրտմութեամբ թաթխուած է իրականութիւնս:
Բայց որո՞ւ հոգը: Բայց նաեւ` ինչու…:
Ո՞վ պիտի փոխէ այս կացութիւնը: Ըսէ՛, ինծի պաշտելի քաղաքս, ով պիտի կարենայ զգաստութեան հրաւիրել մեզ բոլորս ազգովին: Ո՞վ պիտի կարենայ չափել քու ազգային ողբերգութեանդ տարողութիւնը:
Ահա թէ ինչու այս օրերուն աչքերուս մէջ կայ վայրագ շարժում մը, իսկ դէմքիս վրայ, քեզ կորսնցնելու գաղափարէն ծնունդ առած վախ մը, որ յաճախ առիթ կ՛ընծայէ, նոր վէրք ստացող կենդանիի մը նման ճչալու, պոռալու, բողոքելու մարդոց երեսին:
Տակաւին քիչ ժամանակ առաջ ինծի ու իմ նմաններուս համար դրախտ մըն էիր սիրելի ծննդավայր` Հալէպս: Բայց դժբախտաբար այդ մէկը կորսուեցաւ: Մարդիկ, հալէպահա-յերուն ձեռքէն գողցան այդ դրախտը: Ու բոլորին նման իմ դրախտս ալ մնաց երազներու աշխարհին մէջ: Անգութ մարդիկ տարին զայն, սպաննեցին, ու այսպէս զայն նետեցին ճակատագրի մոռացութեան ալիքներուն գիրկը:
Այլեւս յուսահատ եմ: Ինծի համար անիմաստ է յիմարօրէն փնտռել մանկութեանս եւ վաղ երիտասարդութեանս քու պատգեւած դրախտդ: Աստուած իմ, այս ինչ յուսահատութիւն է, որ նոյնիսկ դէմքս մեծ գաղտնիքով մը կարծրացուցած է:
Բայց, հակառակ այս բոլորին ես ամէն օր եւ ամէն առիթով կը շարունակեմ փնտռել այդ դրախտը, բոլոր սուրբերուն մոմեր խոստանալով: Որովհետեւ կը հաւատամ, որ հոն, այդ վախազդու եւ աղմկոտ երկնքիդ տակ, տակաւին կ՛ապրին մանկութեանս անմեղ ու բարի աստուածները, որոնք օր մը կրկին պիտի ժպտին, ու մենք, ես ու դուն, զաւակներուդ հետ միատեղ, կրկին միասին պիտի ապրինք: Անոր համար, ինչ մեղքս պահեմ, երկար կ՛աղօթեմ: Բարի մաղթանքներս կը կրկնեմ: Թէեւ կ՛ափսոսամ, եւ սակայն յոյսս չեմ կորսնցներ:
Գիտես, հոն, մօտդ կեանքը տարբեր էր: Աշխարհը կրնայ վկայել: Սակայն չարամիտ ու չա-րագործ մարդիկ նախանձելով զայն փլատակ դարձուցին: Ուզեցին ինքնութիւնդ ոչնչացնել: Փորձեցին օր ցերեկով աշխարհի աչքին առջեւ նոյնիսկ քեզ խեղդել ու սպաննել: Բայց, չյաջողեցան: Հաւատա՛:
Հոն, մօտդ, նոյն այդ մաքուր եւ անմեղ երդիքիդ տակ կար ժամանակ, որ ամէն ինչ պատ-մութիւն էր եւ այդ պատմութիւնը ուրախ էր, հաճելի էր ու կենդանի: Անով մեծցանք մենք, ու անով ալ սնանեցանք: Անով սիրեցինք հայն ու արաբ դրացին եւ Հայաստանը եւ հայ մշակոյթը: Քեզմով տոկացինք ու դուն դարձար մեզի համար հարազատ հայրենիքի մը չափ հայրենիք: Հոն, երդիքիդ տակ մենք տարբեր էինք, կը կրկնեմ: Տարբեր էր մեր կեանքը: Մեր էութիւնն ու մեր հոգին ամէն տեղ էր եւ ազատօրէն կը սաւառնէր, Արարատէն մինչեւ Արագած, մինչեւ Եփրատի ափերը, մինչեւ Սեւանայ լիճ: Հոն, կար ժամանակ, որ ամէն պահ խրախճանք էր, որովհետեւ մեր էութեամբ կապուած ու միախառնուած էինք մեր ազգին ու ցեղին հետ: Հոն, այդպէս դաստիրակուած էինք: Մեր հոգին արտաքին լոյսին պէտք չունէր: Ամէն օր Արարատը կը յիշէինք, հայրենիք կ՛երազէինք: Հայրենիք ու հայութիւն կ՛երգէինք: Կը գծէինք: Կր պարէինք: Ուրախ էինք: Արարատը, մեզմէ շատ հեռու այս սրբազան լեռը հոն էր մեր քիթին տակ, մեր տուներէն ներս, մեր սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ, իր վեհու-թեամբ եւ սեփականութեան հրճուանքով: Որովհետեւ սիրելի Հալէպս, հոն մօտդ խորունկ ու գաղտնի բան մը կար, որ մեր հոգիները կը ջերմացնէր: Տաքութիւն մը ունէիր, որ միայն գրկիդ մէջ ապրողը կը զգար: Հոն, քեզի հետ ու քեզի նման մենք ալ օրհնուած էինք: Քու շուքիդ տակ հրաշքի յաղթանակին կը հաւատայինք, ինչպէս նաեւ բարի դրացնութեան: Մշակոյթ կը պահէինք: Աւանդութիւն եւ սրբութիւն կար. հոն, մօտդ, ափիդ մէջ: Գիրկդ:
Լռութեամբ կը յիշեմ այս բոլորը ու նաեւ մեծ անձկութեամբ եւ աղաչանքով կ՛աղօթեմ, որ այս օրերուն դուն տոկաս, մնաս, որպէսզի զաւակներդ ալ իրենց գոյութիւնը պահեն:
Զաւակներուդ ֆիզիքական ներկայութիւնը փրկութիւն է ազգիս: Հաւատա՛:
Յանկարծ կը զգամ, որ անզգալաբար դեգերած եմ ժամանակին մէջ: Արագօրէն կը փորձեմ թօթուել Սփիւռքեան բոլոր հոգեբանութիւններս եւ վերագնահատութեան ենթարկել կեանքս: Զիս դէպի Հալէպ տանող մտքի եւ հոգիի պատուհաններս լայն բացած էի հաստատապէս:
Արդեօք ինծի նման միւս հայրենակիցներս ալ նոյնը կ՛ընե՞ն, կամ անոնք ալ քաջութիւնը ունի՞ն կամ պիտի ունենա՞ն Հալէպով հետաքրքրուելու, սուիրահայութեամբ ապրելու եւ տառապելու: Արդեօ՞ք անոնք ալ իբրեւ հայեր օր մը իրենց ամէնօրեայ մտահոգութիւն-ներու շարքին պիտի դասե՞ն մեր մայր գաղութի ծանր ու հոգեմաշ այս իրավիճակը: Սիրելի Հալէպ, ըսէ՛, արդեօ՞ք այդ »անտարբերները« քաջութիւնը պիտի ունենան քեզ դիտելու, քեզ հետ զգալու եւ քեզի հետ ապրելու եւ կիսուելու: Անոնք, ե՞րբ »սա ալ մեր Հալէպն է« պիտի ըսեն եւ քեզմով պիտի հետաքրքրուի՞ն:
Կրկին պատասխան չունիմ: Իրենք եւ իրենց մարդկային ու ազգային խիղճը. կ՛ըսեմ:
Սակայն վստահ գիտեմ, որ հիմա հոդ այս անմարդկային տառապանքիդ մէջ տակաւին կայ հայութիւն մը, որ հինին ժառանգը, ցեղին արեան եւ բնաջնջումի աւազանին մէջ վերանորոգելով կը փորձէ յամառօրէն ապրիլ: Ինքզինք ոտքի պահել: Պատիւ իրեն: Անոր համար նոյն այս հայորդիներուն հանդէպ խորունկ սէր ու յարգանք ունիմ: Անսահման երախտագիտութիւն: Կախարդուած եմ: Կը հաւատամ, որ ոչ ոք կրնայ լռեցնել անոնց ցեղին ձայնը:
Որովհետեւ կը հաւատամ, որ այս աշխարհի վրայ ամէն բան վերջ մը ունի կամ պիտի ունենայ: Ուստի, ուշ կամ կանուխ, օր մը չէ օր մը, անպայման վերջ պիտի գտնէ մարդկային մտքերով եւ ձեռքերով ստեղծուած Հալէպի եւ հալէպահայութեան տագնապը կամ անոր դէմ նիւթուած եւ իրագործուած այս արիւնլուայ ճակատագիրը:
Վստահօրէն օր մը պիտի նորոգուի մեր Հալէպը: Կը կրկնեմ: Պէտք է, որ նորոգուի ու յանուն մեր ինքնութեան պահպանման պէտք է որ ան վերածնուի մեր բոլորին անսակարկ ճիգերով: Եւ որպէսզի ծնի նոր Հալէպը եւ որպէսզի իբրեւ մարդ հոն ապրի ֆիզիքապէս տանջուող հայ գաղութը այս վերածնունդին համար Սփիւռք եւ հայրենիք անոր կողքին պէտք է մնան ամէնօրեայ եւ գործնական ճիգերով:
Յիշեցէ՛ք, մեր դարերու պատմութիւնը վկայ, յամառ ժողովուրդ ենք, որ ոչ միայն չուզեր մեռնիլ, այլ նաեւ գիտէ յարութիւն առնել: