
ԵՐԵՒԱՆ.- Նոյեմբեր 11-ին, Ազատութեան հրապարակին վրայ, 17 կուսակցութիւններու խորհուրդին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ բազմամարդ հանրահաւաք մը, որուն ընթացքին պահանջուեցաւ Հ.Հ. վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը:
Արտասանուեցան խօսքեր կազմակերպող կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ, որոնք դատապարտեցին Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն յայտարարութիւնը:
Ոստիկանութիւնը փորձեց կասեցնել հաւաքը, ձերբակալեց հարիւրաւոր քաղաքացիներ եւ ապաւ հասարակական, քաղաքական, կուսակցական գործիչներ, որոնց կարգին՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան պատասխանատուներ՝ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեան, «Հայրենիք» կուսակցութեան ղեկավար Արթուր Վանեցեան եւ Հ.Յ.Դ. Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան: Ձերբակալուեցաւ նաեւ «Երկիր Մետիա» պատկերափիւռի կայանի լրատուական ծառայութան ղեկավար Գեղամ Մանուկեանը։