ՀԱ­ՅԵՐ ՍՈՒՐ­ԻՈՅ ՀԻՆ ՈՒ ՆՈՐ ՔԱ­ՂԱՔ­ՆԵ­ՐՈՒՆ ՄԷՋ

0 0
Read Time:25 Minute, 45 Second

P14-15

ԿԱ­ՐՕ ՊԵՏ­ՐՈՍ­ԵԱՆ

 

Ան­կաս­կած Սուր­իոյ մէջ հայ գա­ղու­թին կո­րի­զը եղած է Հա­լէպ:

Արե­ւի ու կա­թի հնա­գոյն այդ քա­ղա­քին մէջ հա­յե­րու ներ­կա­յու­թիւնը, գա­ղութ կազ­մե­լը, ու­նի դա­րա­ւոր պատ­մու­թիւն սկսեալ մեր թուա­կա­նու­թե­նէն առաջ` Մեծն Տիգ­րա­նի յաղ­թա­կան տա­րի­նե­րէն, մին­չեւ ան­մարդ­կա­յին առա­ջին ցե­ղաս­պա­նու­թեան տա­րեթիւը` 1915, եւ մին­չեւ մեր օրե­րը:

Հայ­րե­նի մեր ժո­ղո­վուր­դին ճա­կա­տագր­ուած պատ­մու­թեան պայ­ման­նե­րուն բե­րու­մով, դա­ժան դա­րե­րուն` պարս­կա­կան, հռո­մէ­ա­կան, մոն­կոլ-թա­թա­րա­կան, թուրք ցե­ղա­խում­բե­րու ալիք առ ալիք ար­շա­ւանք­նե­րուն եւ անոնց դժխեմ տի­րա­պե­տու­թեա­նը իբ­րեւ հե­տե­ւանք գաղ­թա­կան ելած կամ տե­ղա­հան­ուած հա­յեր հաս­տատ­ուած են ոչ միայն Հա­լէպ, այլ նա­եւ անոր մեր­ձա­կայ որոշ քա­ղաք­նե­րուն մէջ, ուր շի­նած են իրենց մա­տուռ-եկե­ղե­ցի­նե­րը, ապ­րած օրի­նա­պահ եւ բա­րե­համ­բաւ կեանք ար­հես­տա­ւո­րի, հո­ղամ­շա­կի, առեւտ­րա­կա­նի եւ բարձր մաս­նա­գի­տու­թիւն­նե­րու յատ­կա­նիշ­նե­րով:

Պատ­մու­թե­նէն յայտ­նի է, որ հա­յե­րու թիւը ընդ­հան­րա­պէս Սուր­իոյ մէջ զգա­լի աճ ար­ձա­նագ­րած է Բագ­րա­տուն­եաց թա­գա­ւո­րու­թեան անկ­ման շրջա­նին, իսկ աւե­լի ուշ Կի­լիկ­ի­ան թա­գա­ւո­րու­թեան ան­կու­մին հե­տե­ւան­քով:

10-րդ դա­րուն ար­դէն հոն հիմն­ուած է Շղու­րի վան­քը որ կը դառ­նայ մշա­կոյ­թի կեդ­րոն: Անտի­ո­քի շրջա­նին մէջ բազ­մա­թիւ հայ կու­սա­կալ­ներ կը յիշ­ուին. Աբ­նա իշ­խան, Խա­չա­տուր Անե­ցի, Վա­սակ Պահ­լա­ւու­նի… Հա­յեր գլխա­ւոր քա­ղաք­նե­րուն մէջ կը դառ­նան կապ` Եւ­րո­պա­յի հետ առեւտ­րա­կան գետ­նի վրայ, կը զար­գաց­նեն ոս­կեր­չու­թիւնը, մե­տաք­սի գոր­ծը, մուշ­տա­կի ար­տադ­րու­թիւնը, եւայլն:

Այ­սու­հան­դերձ հա­յա­շատ կեդ­րոն­նե­րուն մէջ միշտ կեն­դա­նի կը պահ­ուի ազգ. մշա­կոյ­թը, կը կա­տար­ուին գրքե­րու ըն­դօ­րի­նա­կու­թիւն­ներ, աւե­տա­րան­նե­րու նկա­րա­զար­դում­ներ, ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ` տա­ղա­րան­նե­րու, բժշկա­կան գի­տե­լիք­նե­րու եւայլն:

Ըն­կե­րա­յին դժուա­րին պայ­ման­ներ կը ստեղծ­ուին երկ­րին մէջ թրքա­կան տի­րա­պե­տու­թեան հետ, սկսեալ` 16-րդ դա­րէն: Հա­ւա­սա­րա­պէս, թէ՛ բնիկ­նե­րը` սուր­ի­ա­ցի արաբ­ներ, թէ՛ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը` հայ, յոյն, հրեայ, կը կրեն ծանր եւ ան­տա­նե­լի լու­ծը Օս­ման­եան տի­րա­պե­տու­թեան:

Հա­յեր` բռնա­կա­լու­թեան դէմ, միշտ կ՛ըլ­լան ազա­տագ­րա­կան պայ­քար մղող արաբ ժո­ղո­վուր­դի կող­քին: Իսկ եղեռ­նէն ետք, քա­նի մը տասն­եակ տա­րի­ներ վերջ, իբ­րեւ երախ­տա­պարտ քա­ղա­քա­ցի­ներ, գործ­նա­պէս կը յայտն­ուին գաղ­թա­տի­րու­թեան դէմ:

Այ­նու­հե­տեւ, ժա­մա­նա­կա­կից պատ­մու­թեան բո­լոր տաս­նամ­եակ­նե­րուն, սկսեալ 1943-ի ան­կա­խու­թե­նէն, հա­յեր իբ­րեւ հա­րա­զատ քա­ղա­քա­ցի­ներ, իրենց մաս­նակ­ցու­թիւնը կը բե­րեն երկ­րի ըն­կե­րա­յին բո­լոր տե­սա­կի բնա­գա­ւառ­նե­րուն մէջ: Յի­շա­տա­կու­թեան ար­ժա­նի է մա­նա­ւանդ զի­նուո­րա­կան մար­զը, որուն մէջ յա­ջոր­դա­կան պա­տե­րազմ­նե­րու ըն­թաց­քին քա­նի  մը զօ­րա­վար­ներ կ՛ար­ժա­նա­նան ազ­գա­յին հե­րո­սի տիտ­ղոս­նե­րուն, ինչ­պէս` Զօ­րա­վար Գա­րա­մա­նուկ­եան,  Զօ­րա­վար Սա­րաֆ­եան եւ այլք:

Օս­ման­եան Թուրք­ի­ան հայ ժո­ղո­վուր­դը բնաջն­ջե­լու իր ծրագ­րին գոր­ծադ­րու­թեան հե­տե­ւան­քով, հայ­կա­կան հնա­գոյն հա­մայնք­նե­րը Սուր­իոյ տա­րած­քին կ՛ու­նե­նան թուա­կան նոր աճ: Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ճո­ղոպ­րած աս­տան­դա­կան հա­զա­րա­ւոր բե­կոր­ներ, կեան­քի եւ հա­ցի հա­մար կը տա­րած­ուին ըն­դար­ձակ երկ­րին ոչ միայն գլխա­ւոր քա­ղաք­նե­րուն մէջ, այլ նոյ­նիսկ անա­պա­տա­յին շրջան­ներ, ուր կը կազ­մեն նոր գա­ղութ­ներ, նոր քա­ղաք­նե­րու եւ աւան­նե­րու մէջ:

Ար­դա­րեւ,  նկա­տի ու­նե­նա­լով ներ­կա­յի արիւն եւ աւեր պատ­կե­րաց­նող ամ­բողջ երկ­րի ցա­ւա­լի իրա­վի­ճա­կը, դժբախ­տու­թեան մատն­ուած անոր միլի­ո­նա­ւոր ժո­ղո­վուր­դը, որուն մէջ նա­եւ պա­տու­հաս­ուած հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր հա­յու­թիւնը, կաս­կած չկայ որ ամէն հա­յու հա­մար հե­տաքրք­րա­կան է, մեր արիւ­նա­կից­նե­րը ո՞ւր կ՛ապ­րէ­ին, կամ կը շա­րու­նա­կեն ապ­րիլ, եւ ո՞ր քա­ղա­քե­րուն կամ աւան­նե­րուն մէջ:

Պի­տի նշենք քա­ղաք­նե­րուն եւ գա­ղութ­նե­րուն մէջ յատ­կա­պէս գո­յա­ռած եկե­ղե­ցինեը, պատ­կե­րա­ցում մը տա­լու հա­մար անոնց մէջ գա­ղութ­նե­րու կազ­մա­ւոր­ման ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մա­սին:

Պէտք է ի մտի ու­նե­նալ, որ ամե­նու­րէք` մա­նա­ւանդ վեր­ջին դա­րուն, գոր­ծած են նա­եւ կու­սակ­ցու­թիւն­ներ եւ հա­մա­պա­տաս­խա­նա­բար վար­չա­կան մար­մին­ներ:

Հա­յա­շատ շրջան­նե­րու մէջ կա­րե­ւոր ներ­կա­յու­թիւն եղած են նա­եւ Հայ Կա­թո­ղի­կէ եւ Աւե­տա­րա­նա­կան եկե­ղե­ցի­նե­րը իրենց զու­գա­հեռ դպրոց­նե­րով եւ կի­րակ­նօր­եայ վար­ժա­րան­նե­րով:

 

ՀԱ­ԼԷՊ

16-րդ դա­րու սկիզ­բը` 1499-1500, ար­դէն գո­յու­թիւն ու­նե­ցած է եկե­ղե­ցա­կան առաջ­նոր­դու­թեան շէնք, որ պար­բե­րա­բար դար­ձած է նա­եւ կա­թո­ղի­կո­սա­կան աթո­ռա­նիստ:

 

Գլխա­ւոր Եկե­ղե­ցի­ներն են.-

Ար­բոց Քա­ռաս­նից Ման­կանց եկե­ղե­ցին, սկսեալ 14-րդ դա­րէն:haleb-st.hagop

Ս. Աստ­ուա­ծա­ծին եկե­ղե­ցին, 1535, վե­րա­նո­րոգ­ուած 1983-ին:

Ս. Գէ­որգ եկե­ղե­ցին, 1923, որ սկզբնա­կան շրջա­նին կոչ­ուած է Ս. Խաչ:

Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ եկե­ղե­ցին` 1930:

Ս. Յա­կոբ եկե­ղե­ցին` 1934:

Կա­րե­ւոր.

Ու­շագ­րաւ ներ­կա­յու­թիւն եւ կրօ­նամ­շա­կու­թա­յին գոր­ծու­նէ­ու­թիւն ու­նե­ցած է հայ կա­թո­ղի­կէ հա­մայն­քը, որ իր նուի­րա­պե­տու­թիւնը ստեղ­ծած է Հա­լէ­պի մէջ 1740-ական թուա­կան­նե­րուն, Հռո­մի Սրբա­զան Պա­պի օրհ­նու­թեամբ: Աթո­ռը յե­տա­գա­յին փո­խադր­ուած է Լի­բա­նան:

Իսկ Աւե­տա­րա­նա­կան եկե­ղե­ցին, սկսած է գոր­ծել 1924-ին, բազ­մա­ճիւղ եկե­ղե­ցի­նե­րով եւ դպրոց­նե­րով:

 

Հա­լէ­պի հա­մաս­փիւռք­եան գան­ձե­րը

halep giligian Հա­յա­հոծ մեծ գա­ղու­թը ստեղծ­ուած ճգնա­ժա­մի պատ­ճա­ռով, ան­շուշտ որ մեծ մտա­հո­գու­թիւն պի­տի դառ­նար հա­նուր հա­յու­թեան: Ցե­ղաս­պա­նու­թեան դժնդակ տաս­նամ­եակ­նե­րու վա­ղոր­դայ­նին, վե­րա­կանգ­նած բազ­մա­տասն­եակ նա­խակր­թա­րան­նե­րով, ան իրա­կա­նա­ցուց նա­եւ բազ­մա­թիւ երկ­րոր­դա­կան որա­կա­ւոր վար­ժա­րան­ներ, որոնք դար­ձան հա­մաս­փիւռք­եան հո­գե­ւոր գան­ձեր: Անոնց­մէ շրջա­նա­ւարտ ազ­գան­ուէր հունձ­քե­րը բա­րիք դար­ձան սփիւռ­քի բո­լոր ծա­գե­րուն: Ամե­նու­րեք, շրջա­նա­ւարտ-շրջա­նա­ւար­տու­հի­նե­րը առա­քե­լա­տիպ օգ­տա­կա­րու­թիւն ու­նե­ցան իբր հայ լեզ­ուի, մշա­կոյ­թի ու­սու­ցիչ, տնօ­րէն, մամ­լոյ աշ­խա­տա­կից, քար­տու­ղար, գրող եւ գոր­ծիչ:

Բա­րիք­նե­րու աղ­բիւր այդ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րէն ար­ձա­նագ­րենք կարգ մը անուն­ներ.

– Ազ­գա­յին Քա­րէն Եփ­փէ Ճե­մա­րան, հիմն­ուած` 1947-ին:

– Կի­լիկ­եան Կրթա­կան Հաս­տա­տու­թիւն` 1960-ին (իբ­րեւ նա­խակր­թա­րան հիմն­ուած` 1921-ին):

– Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Լա­զար­եան-Գա­լուստ Կիւլ­պէնկ­եան Կեդ­րո­նա­կան Վար­ժա­րան` 1959-ին (իբր նա­խակր­թա­րան` հիմն­ուած` 1954-ին):

 

ԼԱ­ԹԱՔ­ԻԱ

latakia-st.asdvadzadzin  Հա­յեր Լա­թաք­իոյ մէջ բնա­կու­թիւն հաս­տա­տած են հին դա­րե­րէն սկսեալ: Ար­դէն 10-րդ դա­րուն, հա­մայն­քը ու­նե­ցած է եպիս­կո­պոս: Երու­սա­ղէմ ուխ­տագ­նաց­նե­րուն հա­մար, եղած է կա­րե­ւոր հանգր­ուան Հա­լէպ-Դա­մաս­կոս ճամ­բուն վրայ եւ հա­մա­պա­տաս­խան ծա­ռա­յու­թեան հա­մար, քա­ղա­քը ու­նե­ցած է հո­գե­տուն` հիմն­ուած Երու­սա­ղէ­մի պատր­ի­ար­քու­թեան կող­մէ: Երու­սա­ղէ­մի պատր­ի­ար­քու­թիւնը հոն հիմ­նած է նա­եւ եկե­ղե­ցի, Ս. Աստ­ուա­ծա­ծի­նը` 1755 թուա­կա­նին:

Յի­շա­տա­կու­թիւն կայ, որ 1254-ին, հոն կա­ռուց­ուած է հայ­կա­կան եկե­ղե­ցի մը: Դարձ­եալ յի­շա­տա­կու­թիւն կայ, որ 1895-ին հա­յու­թեան թիւը հոն` եղած է շուրջ 1600:

Ներ­կա­յիս գոր­ծօն է Ս. Աստ­ուա­ծա­ծին եկե­ղե­ցին եւ Սրբոց Նա­հա­տա­կաց Ազ­գա­յին Վար­ժա­րա­նը, հիմն­ուած` 1922-ին:

 

 

 

 

 

ԵԱ­ԳՈՒՊԻԷ

yakoubiyeh-st.anna  Հա­յեր հաս­տատ­ուած են Եա­գուպի­էի մէջ սկսեալ 8-րդ դա­րէն: Հոն կը բնա­կին շուրջ 150 հայ ըն­տա­նիք` ընդ­հան­րա­պէս արա­բա­խօս:

Գա­ղու­թը ու­նի Ս. Հռիփ­սի­մէ եկե­ղե­ցին եւ Ս. Ան­նա մա­տու­ռը: Գոր­ծօն է Ազ­գա­յին Վե­րած­նունդ վար­ժա­րա­նը:

 

 

 

 

ՂԸ­ՆԷՄԻԷ

xnemiye-st.kevork  Կ՛են­թադր­ուի, որ հոս եւս հա­յեր հաս­տատ­ուած են սկսեալ 8-րդ դա­րէն: Շրջան մը եղած է զուտ հա­յաբ­նակ:

Գա­ղու­թը ու­նի Ս. Գէ­որգ եկե­ղե­ցին, շուրջ 300 տար­ուան հնու­թեամբ: Վե­րա­կա­ռուց­ուած է 1876-ին, նո­րոգ­ուած` 1959-60, եւ 1997 թուա­կան­նե­րուն: Հա­յե­րը ընդ­հան­րա­պէս արա­բա­խօս են:

Հա­լէ­պէն եւ այլ շրջան­նե­րէ, ամէն տա­րի Ս. Աստ­ուա­ծած­նայ տօ­նի հան­դի­պա­կած Կի­րակի­ին հա­յեր ուխ­տագ­նա­ցու­թեան կ՛եր­թան Ղը­նէմիէ:

1911-ին, հոն եղած են 392 հայ բնա­կիչ­ներ: 2003-ին` 60 ըն­տա­նիք:

 

ԱՐԱ­ՄՕ

aramo ff  Հա­յեր Արա­մո­յի մէջ եղած են սկսեալ 12-րդ դա­րէն: Հոն է Ս. Թով­մաս վան­քը, որ կը կրէ 1348 տա­րեթիւի ար­ձա­նագ­րու­թիւն: Քա­ղա­քի բար­ձուն­քին վրայ կանգ­նած են Ս. Աստ­ուա­ծա­ծին վի­մա­փոր, եւ Ս. Գէ­որգ եկե­ղե­ցի­նե­րը, որոնք գոր­ծօն չեն:

Ս. Գէ­որգ եկե­ղե­ցին կը նկատ­ուի ուխ­տա­վայր թէ՛ հա­յե­րուն եւ թէ՛ տե­ղա­ցի­նե­րուն կող­մէ:

Գա­ղու­թի հա­յոց թիւը վեր­ջին տաս­նամ­եակ­նե­րուն նոս­րա­ցած է: Գոր­ծօն է Ս. Ստե­փա­նոս եկե­ղե­ցին (1964), որ նո­րոգ­ուած է 1958-ին:

Ար­ձա­նագ­րենք, որ Հա­լէ­պէն ոչ շատ հե­ռա­ւո­րու­թիւն­նե­րու վրայ փոք­րա­թիւ հա­յեր բնա­կու­թիւն հաս­տա­տած են նա­եւ հե­տեւ­եալ քա­ղաք­նե­րուն մէջ.

 

 

ԹԱՐ­ԹՈՒՍ, ՊԱՆ­Ի­ԱՍ, ՄՈՒՄ­ՊՈՒՃ, ՃԸ­ՍԸՐ,  ՄԷՅ­ՏԱՆ ԷՔ­ՊԷԶ, ՍԵ­ԼԵՄԻԷ, ՃԱ­ՐԱՊ­ԼՈՒՍ

 

ՔԵ­ՍԱՊ ԵՒ ՇՐՋԱ­ԿԱՅՔ

kesab-karaduran-st Պատ­մու­թեան հնա­գոյն ժա­մա­նակ­նե­րէն, հայ­կա­կան Քե­սա­պը գո­յա­տե­ւած է իր ու­րոյն բար­բա­ռով եւ աւան­դու­թիւն­նե­րով: Շրջան մը, եղած է զուտ հա­յաբ­նակ: Բնակ­չու­թեան զգա­լի աճ ար­ձա­նագր­ուած է 16-րդ դա­րուն: 20-րդ դա­րու սկիզ­բը` 6000, իսկ 1915-ին բնակ­չու­թեան թիւը եղած է շուրջ 8000:

Աղէ­տի տա­րի­նե­րուն տե­ղա­հա­նու­թեանց եւ ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան պա­րա­գա­նե­րու ըն­թաց­քին, զոհ­ուած է շուրջ 5000 անձ:

1950-ական թուա­կան­նե­րուն, 2000-էն 2400 անձ ներ­գաղ­թած է Հա­յաս­տան: Այ­նու­հե­տեւ, տնտե­սա­կան եւ ըն­կե­րա­յին ստեղծ­ուած պայ­ման­նե­րուն բե­րու­մով, զգա­լի թիւ մը ար­տա­գաղ­թած է դէ­պի մեծ քա­ղաք­ներ` Մի­աց­եալ Նա­հանգ­ներ, Գա­նա­տա, Եւ­րո­պա եւ այ­լուր:

Ներ­կա­յիս տե­ղաբ­նակ­նե­րու թիւը կը տա­րու­բեր­ուի 1500-էն 1800-ի մի­ջեւ: Գա­ղու­թին մէջ առ­կայ են միջ­նա­կարգ եւ նա­խակր­թա­կան վար­ժա­րան­ներ, հայ­կա­կան կրօ­նա­կան հա­մայնք­նե­րու հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ: Գոր­ծօն են եւ Աւե­տա­րա­նա­կան, եւ Կա­թո­ղի­կէ հա­մայնք­նե­րը եւս:

kesab-st.asdvadzadzin  Գլխա­ւոր կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւնը` Ազ­գա­յին Ու­սում­նա­սի­րաց վար­ժա­րա­նը` հիմն­ուած է 1848-ին, ներ­կա­յիս միջ­նա­կարգ եւ երկ­րոր­դա­կա­նի բա­ժին­նե­րով:

1880-ական թուա­կան­նե­րուն կա­ռուց­ուած է Ս. Աստ­ուա­ծա­ծին եկե­ղե­ցին, փո­խա­րի­նե­լով 17-րդ դա­րէն աւանդ փոքր մա­տու­ռի մը, որ նոյն անու­նը կը կրէր:

Եկե­ղե­ցին բա­րե­զարդ­ուած է 1973 եւ 1992 թուա­կան­նե­րուն:

Քե­սապ քա­ղա­քը իր մեր­ձա­ւո­րու­թեան մէջ ու­նի փոքր ու մեծ բազ­մա­թիւ աւան­ներ` 30, 40 մին­չեւ 400 հայ բնա­կիչ­նե­րով: Անոնց­մէ ոմանք ու­նին իրենց յա­տուկ մա­տու­ռը կամ եկե­ղե­ցին:

Յի­շա­տա­կե­լի են.

ԳԱ­ՐԱ­ՏՈՒ­ՐԱՆ (կամ Գա­լա­տու­րան)

Գիւ­ղը 1913-ին ու­նե­ցած է 1381 հայ բնա­կիչ եւ Ս. Աստ­ուա­ծա­ծին եկե­ղե­ցին: 2003-ին‘ հայ բնա­կիչ­նե­րու թիւը եղած է 450:

ԾՈ­ՎՈՒ ԹԱՂ

Ու­նի Ս. Սար­գիս սրբա­վայ­րը եւ Ս. Գէ­որգ բնա­կան աղէ­տով փլուզ­ուած մա­տուռ, որ աւանդ է 16-րդ-17-րդ դա­րե­րէն:

ԷՍ­ԿԻՒ­ՐԷՆ (Ներ­քին Գիւղ)

Ու­նի Ս. Աստ­ուա­ծա­ծին մա­տուռ եւ “Կղը­ցի­կ“ ուխ­տա­տե­ղին: 2009-ին` 20 ըն­տա­նիք:

ՊԱ­ՇՈՐՏ, ԷՔԻԶ ՕԼՈՒՔ, ԽԱ­ՅԻԹ, ՔԷ­ՕՐ­ՔԻՒ­ՆԷ, ՍԵՒ ԱՂ­ԲԻՒՐ, ՉԱ­ԳԱԼ­ՃԸՔ, ՉԻ­ՆԱՐ­ՃԸՔ, ՎԵ­ՐԻ ՊԱՂ­ՃԱ­ՂԱԶ, ՎԱ­ՐԻ ՊԱՂ­ՃԱ­ՂԱԶ

 

ԴԱ­ՄԱՍ­ԿՈՍ

Հա­յեր Դա­մաս­կո­սի մէջ հաս­տատ­ուած են Ք.Ա., սկսեալ Մեծն Տիգ­րա­նի տի­րա­կա­լու­թեան ժա­մա­նա­կաշր­ջան­նե­րէն: Հա­մա­պա­տաս­խան պատ­մա­կան յի­շա­տա­կու­թիւն­ներ կան սկսեալ 7-րդ դա­րէն:

Հա­յեր քա­ղա­քին մէջ ստուա­րա­ցած են արեւմտ­եան Հա­յաս­տա­նէն` Բա­ղէ­շի, Տիգ­րա­նա­կեր­տի, Վա­նի, Խար­բեր­դի եւ այլ շրջան­նե­րէն ար­տա­գաղ­թող­նե­րով: 11-րդ դա­րուն, Դա­մաս­կոս նոյ­նիսկ հայ կա­ռա­վա­րիչ ու­նե­ցած է, յան­ձին` հա­յազ­գի Պատր Էլ Ճա­մալի­ին:

Քա­ղա­քը առա­ջին հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մին դար­ձած է հայ աք­սո­րա­կան­նե­րու կա­րե­ւոր կա­յան: Հոն մէկ­տեղ­ուած են շուրջ 30.000 հայ գաղ­թա­կան­ներ: Պա­տե­րազ­մի աւար­տին, անոնց մօ­տա­ւո­րա­պէս կէ­սը տե­ղա­փոխ­ուած է Պէյ­րութ:

Յե­ղա­փո­խու­թիւն­նե­րու եւ քա­ղա­քա­կան անն­պաստ պայ­ման­նե­րու հե­տե­ւան­քով, հա­յու­թիւնը նուա­զած է իջ­նե­լով 5-6 հա­զա­րի:

Գլխա­ւոր եկե­ղե­ցին է` Ս. Սար­գի­սը 15-րդ դա­րէն, Անա­րատ Յղու­թիւնը` 1963-էն, եւ Թա­գու­հի Տի­ե­զե­րաց Կա­թո­ղի­կէ եկե­ղե­ցի­նե­րը:

Մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ գոր­ծօն են գլխա­ւո­րա­բար Թարգ­ման­չաց Ճե­մա­րա­նը, 1898, հայ Աւե­տա­րա­նա­կան վար­ժա­րա­նը` 1925, Ազ­գա­յին Մի­աց­եալ վար­ժա­րա­նը` 1929 եւ միու­թե­նա­կան ու հա­մայն­քա­յին այլ վար­ժա­րան­ներ:

 

ՀՈՄՍ

Հա­լէ­պէն Դա­մաս­կոս ճամ­բու կի­սուն` Հոմս, արեւմտ­եան Սուր­իոյ մէջ կա­րե­ւոր քա­ղաք է: Հա­յեր հոն ու­նին Ս. Մես­րոպ եկե­ղե­ցին եւ Ազ­գա­յին Սա­հակ­եան նա­խակր­թա­րա­նը: Վեր­ջին եր­կամ­եա­կի քա­ղա­քաց­ի­ա­կան կռիւ­նե­րու ըն­թաց­քին, եկե­ղե­ցին եւ դպրո­ցը եղան տու­ժող առա­ջին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը:

 

ՀԱ­ՄԱ

Հոմ­սին մեր­ձա­կայ մեծ այս քա­ղա­քին մէջ, կայ փոք­րա­թիւ Հայ գա­ղութ մը:

 

Հա­յեր` Յետ Եղեռ­նի Սուր­իոյ Հիւ­սիւ­սա­յին եւ Հիւ­սիս Կեդ­րո­նա­կան Տա­րածք­նե­րուն Մէջ:

 

ԳԱ­ՄԻՇ­ԼԻ

qamshli-st.hagop  Ճե­զի­րէ նա­հան­գին մէջ գլխա­ւոր քա­ղաք, ուր կազմ­ուած է տա­րա­ծաշր­ջա­նի հայ­կա­կան գլխա­ւոր գա­ղու­թը:

Քա­ղա­քը 6-7 քի­լո­մեթր հե­ռա­ւորու­թեամբ, սահ­մա­նա­կից է պատ­մա­կան Մծբին քա­ղա­քին, որ Նու­սէյ­պին անու­նով ներ­կա­յիս կ՛իյ­նայ թուրք­իոյ մէջ, Սուր­իոյ հա­րաւ արեւմտ­եան սահ­մա­նագ­ծին վրայ:

Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ջար­դե­րէն բե­կոր­ներ, մաս­նա­ւո­րա­բար Տա­րօ­նի աշ­խար­հէն, Տիգ­րա­նա­կեր­տէն, Ուր­ֆա­յէն…, կ՛ապաս­տա­նին այս քա­ղա­քին մէջ:

1932-ին, հոն կը հիմն­ուի եկե­ղե­ցի եւ ի յի­շա­տակ Մծբնայ հայ­րա­պե­տին` կ՛ան­ուան­ուի Ս. Յա­կոբ:

Նոյն տա­րին, հի­մը կը դրուի նա­եւ ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նին, որ ուռ­ճա­նա­լով շրջան մը կը դառ­նայ Սուր­իոյ ամե­նա­հոծ թիւով դպրո­ցը, շուրջ 1350 երկ­սեռ աշա­կեր­տու­թեամբ:

Հայ­կա­կան  գա­ղու­թը լա­ւա­գոյն պա­րա­գա­յին հաշ­ուած է 18-էն 20 հա­զար անձ: Ներ­կա­յիս այդ թիւը, 5-6 հա­զա­րով նուա­զած է, իջ­նե­լով 12-13 հա­զա­րի:

Շրջա­նի կա­րե­ւո­րու­թիւնը նկա­տի առ­նե­լով, Բեր­իոյ Թե­մի ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թեանց որո­շու­մով, 1942-ին Գա­միշլիի մէջ հաս­տատ­ուած է Բեր­իոյ Թե­մի Առաջ­նոր­դու­թեան Փո­խա­նոր­դու­թիւն:

Եր­կար տա­րի­ներ հոն պաշ­տօ­նա­վա­րած են հո­գեշ­նորհ Տ. Խո­րէն վրդ. Բա­րոյ­եան, յե­տա­գա­յին Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կոս եւ հո­գեշ­նորհ Տ. Տա­ճատ Վրդ. Ուր­ֆալ­եան, յե­տա­գա­յին ար­քե­պիս­կո­պոս եւ թե­մա­կալ առաջ­նորդ Լի­բա­նա­նի:

1945-46 եւ 1962-63 թուա­կան­նե­րուն, զգա­լի թիւ մը հա­յե­րէն, կը ներ­գաղ­թէ Հա­յաս­տան:

Քա­ղա­քին մէջ գոր­ծօն եղած են նա­եւ հայ Կա­թո­ղի­կէ եւ հայ Աւե­տա­րա­նա­կան հա­մայնք­նե­րը իրենց եկե­ղե­ցի­նե­րով եւ կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րով:

Աշ­խոյժ գոր­ծու­նէ­ու­թիւն­ներ կը ծա­ւա­լեն հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին, բա­րե­սի­րա­կան, մար­զա­կան եւ հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թիւն­ներ:

Ազ­գա­յին Եփ­րատ Միջ­նա­կարգ վար­ժա­րա­նը, 2000 թուին ար­ձա­նագ­րած է շուրջ 900 աշա­կերտ: Իսկ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն մօ­տա­ւո­րա­պէս` 800:

 

ՀԱ­ՍԱ­ՔԷ (Կամ Հա­սի­չէ)

Ճե­զի­րէի նա­հան­գա­պե­տին նստա­վայր քա­ղա­քը: Կը գտնուի Գա­միշլի­էն դէ­պի Տէր Զօր` շուրջ 80 քլմ. հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ:

Հայ գա­ղու­թը հոն կը հաշ­ուէ շուրջ 80 ըն­տա­նիք: Եկե­ղե­ցին` Ս. Յով­հան­նու Կա­րա­պե­տը, հիմն­ուած է 1938-ին եւ կա­ռուց­ուած` 1942-ին: Գոր­ծօն է Ազ­գա­յին Մես­րոպ­եան վար­ժա­րա­նը, սկսեալ‘ 1939-էն:

 

ՏԵ­ՐԻՔՄԵ­ԼԻՔԻԷ

derik-st.asdvadzadzin Սուր­ի­ա­կան եւ թրքա­կան եր­կար սահ­մա­նագ­ծի հիւ­սի­սի ծայ­րա­գոյն շրջա­նին մէջ քա­ղաք‘ Իրա­քի մեր­ձա­ւո­րու­թեամբ:

Հայ­կա­կան գա­ղու­թը կը հաշ­ուէ շուրջ 100 ըն­տա­նիք: Ու­նի եկե­ղե­ցի, Ս. Աստ­ուա­ծա­ծին եւ Ազա­տու­թիւն անու­նով ազ­գա­յին վար­ժա­րան, սկսեալ‘ 1945-էն:

2000 թուին աշա­կեր­տու­թեան թիւը եղած է 120:

 

 

 

ԱՄՈՒ­ՏԱ

Սուր­ի­ա­կան-թրքա­կան եր­կար սահ­մա­նագ­ծին վրայ, Գա­միշլի­էն շուրջ 30 քլմ. դէ­պի արեւ­մուտք քա­ղաք, որ ու­նի պատ­մա­կան հնա­գոյն անց­եալ: Ակա­նա­ւոր գրող Ստե­փան Ալա­ճաճ­եան այդ մա­սին ու­նի ակ­նարկ իր “Պատմ­ուածք­նե­ր“ գրքին մէջ: Շրջան մը գա­ղու­թը հաշ­ուած է աւե­լի քան 200 անձ: Հոն գոր­ծած է Ազ­գա­յին վար­ժա­րան մը: Աւե­լի ուշ, գա­ղու­թը նոս­րա­ցած է. ըն­տա­նիք­ներ ուղղ­ուած են Գա­միշ­լի կամ Հա­լէպ:

 

ՏԵՐ­ՊԵՍԻԷ

Դարձ­եալ Սուր­ի­ա­կան-թրքա­կան սահ­մա­նագ­ծին վրայ քա­ղաք Գա­միշլի­էն շուրջ 60 քլմ. դէ­պի արեւ­մուտք: Հոն հաս­տատ­ուած է փոք­րա­թիւ հայ­կա­կան գա­ղութ: Շրջան մը եռուն կեանք ապ­րե­լէ ետք, գա­ղու­թը նոս­րա­ցած է դէ­պի Հա­լէպ եւ Գա­միշ­լի տե­ղա­փո­խու­թիւն­նե­րով:

 

ՌԱՍ ԷԼ ԱՅՆ

ras-ul-ayn-st.hagop Սուր­ի­ա­կան-թրքա­կան սահ­մա­նագ­ծին վրայ, Գա­միշլի­էն դէ­պի արեւ­մուտք շուրջ 120 քլմ. հե­ռա­ւո­րու­թեամբ քա­ղաք, որ ցե­ղաս­պա­նու­թեան շրջա­նին եղած է հա­ւա­քա­կան սպանդ­նե­րու վայր:

Մնա­ցոր­դա­ցէն, հոն հաս­տատ­ուած հա­յեր, ակա­նա­տես եղած են հա­ւա­քա­կան փո­սե­րու մէջ հայ­կա­կան մե­ծա­քա­նակ աճիւն­նե­րու փաս­տին:

Փոք­րա­թիւ հայ գա­ղու­թը 1930-ին հիմ­նած է եկե­ղե­ցի` Ս. Յա­կոբ, որ նո­րոգ­ուած եւ վե­րա­նո­րոգ­ուած է 1941 եւ 1957 թուա­կան­նե­րուն: Եկե­ղեց­ւոյ կող­քին կը գոր­ծէ Ս. Սա­հակ կի­րակ­նօր­եայ վար­ժա­րա­նը:

Դպրո­ցը հիմն­ուած է 1932-ին Ազ­գա­յին Նա­հա­տա­կաց Վար­ժա­րան անու­նով:

2000 թուին, աշա­կեր­տու­թեան թիւը եղած է 270:

 

 

 

 

ԹԷԼ ԱՊ­Ի­ԱՏ

tel-abiad-st.xach  Միշտ Սուր­ի­ա­կան-Թրքա­կան եր­կար սահ­մա­նագ­ծին վրայ, կա­րե­ւոր քա­ղաք մը:

Ցե­ղաս­պա­նու­թեան բե­կոր­ներ հոն կազ­մած են փոք­րա­թիւ գա­ղութ մը: Ներ­կա­յիս շուրջ 40 ըն­տա­նիք: Եկե­ղե­ցին` Ս. Խաչ, հիմն­ուած է 1930-2-ին: Նոյն թուին հաս­տատ­ուած է նա­եւ Ազ­գա­յին Խո­րէն­եան վար­ժա­րա­նը:

 

ՐԱՔ­ՔԱ

rakka-st.asdvadzadzin  Սուր­իոյ կեդ­րո­նա­կան շրջա­նին մէջ, հա­մա­նուն նա­հան­գի կեդ­րո­նա­կան քա­ղաք:

Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն մնա­ցորդն­ներ հոն կը հիմ­նեն Ս. Աստ­ուա­ծա­ծին եկե­ղե­ցին 1922-ին: Կի­րակ­նօր­եայ դպրո­ցը կը կոչ­ուի Սրբոց Թարգ­ման­չաց: Ազ­գա­յին նա­խակր­թա­րա­նը կը գոր­ծէ 1924-էն սկսեալ:

1980-ին, գա­ղու­թը իրա­կա­նա­ցու­ցած է հայ կեդ­րոն-սրահ Ս. Մես­րոպ Մաշ­տոց անու­նով: Հա­մայն­քը ներ­կա­յիս կը հաշ­ուէ շուրջ 250 ըն­տա­նիք:

 

 

 

 

 

ՏԷՐ ԶՕՐ

Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հայ նա­հա­տակ­նե­րու ան­թիւ եւ ան­հաշ­ուե­լի խորհր­դա­նիշ քա­ղաք եւ շրջան:

Տէր Զօ­րը հա­մա­նուն նա­հան­գին եւ նա­հան­գա­պե­տու­թեան նստա­վայր է: Փոք­րա­թիւ հայ գա­ղու­թը 1928-ի սկզբնա­կան շրջա­նին կը վար­ձէ բա­կով տուն մը գոր­ծա­ծե­լու հա­մար իբ­րեւ աղօ­թա­տե­ղի եւ դպրոց: 1931-ին կը հիմն­ուի Ս. Հռիփ­սի­մէ եկե­ղե­ցին, որուն օծու­մը կը կա­տա­րէ Հա­լէ­պի առաջ­նորդ Ար­տա­ւազդ Արք. Սիւր­մէյ­եան: Եկե­ղեց­ւոյ մէջ կ՛ամ­փոփ­ուի նա­հա­տակ­նե­րու աճիւն­ներ:

1984-ին, Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կոս Սար­գիս­եան կը կա­տա­րէ եկե­ղեց­ւոյ հիմ­նար­կէ­քը:

Եկե­ղեց­ւոյ հան­դի­սա­ւոր օծու­մը Սրբոց Նա­հա­տա­կաց անու­նով, տե­ղի կ՛ու­նե­նայ 1991-ի Մա­յի­սի սկիզ­բը (3-4 Մա­յի­սին):

2002-ի Ապ­րի­լի 24-ին, Արամ Ա. Վե­հա­փառ կա­թո­ղի­կո­սի սրբա­զան կոն­դա­կով, Տէր Զօ­րի Ար­բոց Նա­հա­տա­կաց Յու­շա­հա­մա­լի­րը կը հռչակ­ուի Հա­մազ­գա­յին Ուխ­տա­տե­ղի:

Ներ­կա­յիս Տէր Զօ­րի գա­ղու­թը կը հաշ­ուէ շուրջ 20 ըն­տա­նիք:

 

ՄԱՐ­ԿԱ­ՏԷ

deirzor margade  Կը գտնուի Տէր Զօր նա­հան­գին հիւ­սիս-արե­ւել­քը, շուրջ 90 քլմ. հե­ռա­ւո­րու­թեամբ: Անա­պա­տա­յին շրջան:

Հոն` Բեր­իոյ Թե­մի Ազ­գա­յին Իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ կա­ռուց­ուած է Յու­շա­կո­թող Մա­տուռ` Ս. Յա­րու­թիւն անու­նով: Մե­ծա­թիւ նա­հա­տակ­նե­րու աճիւն­նե­րուն բա­ցա­յայ­տու­մը այդ վայ­րին մէջ, կա­տար­ուած է Սուր­ի­ա­կան պե­տու­թեան կող­մէ ճա­նա­պար­հա­յին շի­նու­թեանց ըն­թաց­քին:

Մար­կա­տէի մէջ հայ գա­ղութ չկայ:

Տէր Զօր մեկ­նող հայ ուխ­տա­ւոր­ներ կ՛այ­ցե­լեն Մար­կա­տէի Ս. Յա­րու­թիւն մա­տու­ռը, իբ­րեւ երկ­րորդ ուխ­տա­տե­ղի:

 

****

ԿԱ­ՐԵ­ՒՈՐ

Նկա­տե­լի է ան­շուշտ, որ Սուր­իոյ հիւ­սի­սա­յին եւ կեդ­րո­նա­կան շրջան­նե­րու յիշ­եալ քա­ղաք­ներուն մէջ հայ գա­ղութ­նե­րու գո­յա­ռու­մը իրենց եկե­ղե­ցի­նե­րով եւ դպրոց­նե­րով սկսած է յետ-ցե­ղաս­պա­նու­թեան տա­րի­նե­րու առա­ջին տաս­նամ­եակ­նե­րու ըն­թաց­քին:

Ան­կաս­կած մեծ թիւ մը գաղ­թա­կան­նե­րու հաս­տատ­ուե­ցաւ նա­եւ հնա­գոյն գա­ղութ­նե­րուն մէջ, Հա­լէ­պէն մին­չեւ Դա­մաս­կոս, մին­չեւ Լա­թաք­իա եւ այ­լուր:

Պէտք է աւելց­նել սա­կայն, որ հիւ­սի­սա­յին շրջան­նե­րուն մէջ, որոշ չա­փով Գա­միշլիի մեր­ձա­ւո­րու­թեամբ, բազ­մա­թիւ հայ ըն­տա­նիք­ներ դաշ­տա­յին եւ բա­նուո­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րով կայք հաս­տա­տե­ցին նա­եւ փոքր ու մեծ այլ գիւ­ղե­րու եւ աւան­նե­րու մէջ, ուր որ կա­րե­լիու­թիւն կը տեսն­ուէր կեան­քը վե­րապ­րե­լու:

Կը յի­շա­տա­կենք նման փոք­րա­թիւ աւան­նե­րու, գիւ­ղե­րու կամ գիւ­ղա­քա­ղաք­նե­րու անուն­ներ եւս.

ԹԷԼ ՔԷ­Օ­ՉԷՔ, ԱՅՆ ՏԻՈՒԱՐ, ԱՅՆ ԱՐՈՒՍ, ԹԷԼ ՊՐԱՔ, ԱՐԱԲ ԲՈՒ­ՆԱՐ

 

Յ.Գ. եւ Ծա­նօթ

Թէ՛ մեծ, թէ՛ փոքր քա­ղաք­նե­րուն մէջ, կա­րե­լի չէ գտնել ար­ժա­նա­հա­ւատ աղ­բիւր ար­ձա­նագ­րե­լու հա­մար գա­ղութ­նե­րու մէջ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող հա­յե­րու գո­նէ մօ­տա­ւոր թուա­համա­րը:

Այդ մէ­կը` թէ­եւ կը պակ­սի նոյ­նիսկ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու եւ Գա­նա­տա­յի մէջ, հա­կա­ռակ եր­կիր­նե­րուն քա­ղա­քա­կան կա­յուն վի­ճա­կին:

Կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ եւ եկե­ղե­ցա­կան իշ­խա­նու­թիւն­ներ կրնա՞ն յա­ջո­ղիլ այդ նպա­տա­կին մէջ: Ան­շուշտ լաւ է յու­սալ եւ ակն­կա­լել:

 

 

Աղ­բիւր­ներ

Բեր­իոյ Թե­մի Կայ­քէջ

Ս.Ս.Հ.Հ. Հան­րա­գի­տա­րան թիւ 10

Հա­յերն Աշ­խար­հում Եր. 1995

“Հայ Սփիւռ­ք“ Եր. 2003

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles