Գլխաւոր
ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՈՐՈՇԵՑ ՄԻԱՆԱԼ ՄԱՔՍԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՄՈՍԿՈՒԱ.- Հայաստանի եւ Ռուսաստանի նախագահներ` Սերժ Սարգսեան եւ Վլատիմիր Փութին, Նովօ Օկարիովոյի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին, յայտարարեցին, որ մտադիր են երկու երկիրներու համագործակցութիւնը նոր մակարդակի բարձրացնել: Այս գործակցութեան արդիւնք, Հայաստան մտադիր է անդամակցիլ մաքսային միութեան եւ մասնակցութիւն ունենալ Եւրասիական տնտեսական միութեան ձեւաւորման:
Նախագահ Սարգսեանի այս որոշումը Փութինի կողմէ հաւանութեան արժանացած է եւ վերջինս պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցիլ Հայաստանին այս գծով:

