
Համազգայինի Գրական Յանձնախումբի կազմակերպած տարեկան աշակերտական մրցոյթը, տեղի ունեցաւ, Շաբաթ օր, Մայիս 5ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:30ին, Ուտսայտի Ս. Լուսաւորիչ Ամէնօրեայ Վարժարանի սրահին մէջ:
Մրցոյթին կը մասնակցէին` հետեւեալ Վարժարաններու աշակերտները: Պէյսայտի Սրբոց Նահատակաց Ամենօրեայ եւ Շաբաթօրեայ, Ուտսայտի Ս. Լուսաւորիչ Ամենօրեայ, Նիւ Ճըրզիի “Նարեկ“ Շաբաթօրեայ, եւ Տակլըսթընի Ս. Սարգիս Սիւզան եւ Յովսէփ Յակոբեան Շաբաթօրեայ: Սրահը լեցուած էր աշակերտներով, ծնողներով եւ ուսուցչուհիներով: Անհամբեր սպասում ու խանդավառութիւն:
Ամենօրեայ եւ Շաբաթօրեայ դպրոցներու 5րդ եւ 6րդ դասարաններու աշակերտներուն համար, Հայկական Ընդհանուր Գիտելիքներու բաժինը կ՛ընդգրկէր` Հայոց Պատմութիւն (մեր հին թագաւորութիւններէն, անցեալ դարասկիզբի պատահարներէն մինչեւ մեր ներկայ օրերը), աշխարհագրութիւն, գրողներու եւ բանաստեղծներու անուններ, միջազգային առումով նշանաւոր հայեր եւ արուեստագէտներ, յուշակոթողներ, ինչպէս նաեւ հայութեան հետ առնչուող այլազան նիւթեր: Այս բոլորին կ՛ընկերանայ, ուր պատշաճ է, համապատասխան լուսապատկերներ (power point):
Ամենօրեայ դպրոցներու 1-4րդ դասարաններու աշակերտներուն` կ՛ուղղարկուի ուղղագրութեան ցանկ: Շաբաթօրեայ դպրոցներու 1-4րդ դասարաններու աշակերտներուն` բառագիտութիւն` (Անգլերէնէ–Հայերէն): Մրցոյթի ընթացքին, իւրաքանչիւր աշակերտ, ըստ բախտի կը վերցնէ սակառէն թղթիկ մը, ուր գրուած են հինգ հարցումներ կամ հինգ բառեր:
Մասնակցող աշակերտներու թիւն էր 43.
Համազգայինի Վարչութեան կողմէ բացումը կատարեց ընկ. Զաւէն Վարդանեան եւ հրաւիրեց Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հովիւ Արժ. Տէր Մեսրոպ Քհնյ. Լագիսեան, մրցոյթը վարելու:
ՄՐՑՈՅԹԻ
ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐ
Ա. ՇԱԲԱԹՕՐԵԱՅ
ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐ
* Բառագիտութիւն` (Անգլերէնէ-Հայերէն, 116 բառ) 1-4րդ դասարաններու աշակերտներուն:
Անսխալ էին հետեւեալները: Նաթալի Գարակիւլլէեան, Հայկ Էմիրզեան, Մայքլ Մընըշեան, Յակոբ Վարդանեան Նայիրի Օվաննէսեան:
* Հայկական Ընդհանուր Գիտելիքներ (120 հարցում) 5րդ եւ 6րդ դասարաններու աշակերտներուն:
Անսխալ էին հետեւեալները: Մարալ Առաքելեան, Սեւան Ասատուրեան, Յակոբ Գասպարեան, Սեւակ Եփրեմեան, Ալին Թագւորեան, Շանթ Մկրեան, Քրիստափոր Մկրեան, Սեւակ Յակոբեան, Մարի Պիճիմէնեան, Լորի Սամուէլեան, Նայիրի Տիրացուօղլու:
Բ. ԱՄԵՆՕՐԵԱՅ
ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐ
* Ուղղագրական մրցոյթ, (112 բառ): 1-4րդ դասարաններու աշակերտներուն:
Անսխալ էին հետեւեալները: Էմմա Գալստեան, Արման Գէորգեան, Ռիթա Եոնան, Ինջիգիւլեան Անահիտ, Ինճոյեան Շանթ, Հալաճեան Արամ Անդրու, Յարութիւնեան Վահան, Շահվերտեան Հայկ, Ռակուբեան Լեւոն, Փափազեան Արշալոյս, Փոմաքեան Սիմոն:
* Հայկական Ընդհանուր Գիտելիքներ, տարբեր ցանկ (121 հարցում): 5րդ եւ 6րդ դասարաններու աշակերտներուն:
Անսխալ էին հետեւեալները: Նիգոլ Խրիմեան, Եդուարդ Նեմցեան, Անուշ Պէզճեան, Անի Ռակուբեան:
Արժ. Տէր Մեսրոպ Քհնյ. Լագիսեան, ձեռնհասօրէն վարեց մրցոյթը զուարթ մթնոլորտի մէջ: Աշակերտին սխալը մեղմօրէն կը սրբագրէր, եւ կամ խանդավառ` “անսխալ է“ կը յայտարարէր: Գիտելիքներու մասը կը ներկայացուէր (power point)ի ընկերակցութեամբ որը դաստիարակիչ է եւ բոլորը հետաքրքրութեամբ ու հաճոյքով մրցոյթին կը հետեւէին:
Մրցոյթի աւարտին Տէր Մեսրոպ Քհնյ. Լագիսեան, Համազգայինի վարչութեան կողմէ, բոլո՛ր մասնակցողներուն անխտիր յանձնեց Համազգայինի Մրցոյթին Մասնակցութեան Վկայագրեր` եւ Եռագոյն վզկապով կրծքապիտակներ: Ապա անսխալ եղող աշակերտներուն յանձնեց յաւելեալ նուէրներ, հայկական զանազան խորհրդանշաններով եւ Եռագոյնով զարդարուն:
Առանց Տնօրէնուհիներու համաձայնութեան, ուսուցչուհիներու յաւելեալ նուիրումին եւ ծնողներու զոհաբերութեան կարելի չէ իրականացնել ամիսներ տեւող այս աշխատանքը: Հարցումները միջին հաշուով 75-80 տոկոսով ճիշդ պատասխանուեցան աշակերտներուն կողմէ, որը կրթական որեւէ չափանիշով խիստ քաջալերական երեւոյթ է: Այս` վստահութիւն կը ներշնչէ մեր շաբաթօրեայ եւ ամենօրեայ վարժարաններու ուսուցչուհիներու նկատմամբ: Հայ Դպրոցի գոյութեան եւ առաքելութեան չհաւատացողներուն բան մը կը թելադրէ՞ այս յաջողութիւնը:
Յատուկ շնորհակալութիւն տնօրէնուհիներուն եւ ուսուցչուհիներուն: Զարմինէ Պօղոսեան, Հուրի Ղուկասեան եւ Անի Մանուէլեան (Սրբոց Նահատակաց Ամենօրեայ), Քրիստին Րիկալօֆ, Զմրուխտ Մարգարեան (Ս. Լուսաւորիչ Ամենօրեայ), Նորա Զօհրապեան եւ Լուսին Մկրեան, (Ս.Սարգիս – Սիւզան եւ Յովսէփ Յակոբեան Շաբաթօրեայ), Քնար Աբգարեան, Մարալ Վարդանեան, Հիլտա Թորոսեան, Մարինա Եագուպեան, Հուրի Սամուէլեան (Նարեկ Շաբաթօրեայ Ն.Ճ), Լուսին Ճիրճիրեան, Մարի Եագուպեան, Կարէն Կարամեան, Այտա Կեմճեան, (Սրբոց Նահատակաց Շաբաթօրեայ):
Մրցոյթին պատասխանատու Համազգայինի յանձնախումբ` Պերճուհի Եսայեան, Րիթա Կիրակոսեան, Մարի Կիւլումեան, Ժանէթ Մարգարեան եւ Արմինէ մինասեան:
Կը տեսնենք որ կանայք բացարձակ ներկայութիւն են: Յանձնախումբի անդամներ, տնօրէնուհիներ, ուսուցչուհիներ չախչախիչ ՄԵԾԱՄԱՍՆՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱՆԱՅՔ են: Առաջինները բծախնդրօրեն պատրաստեցին մրցոյթը, տնօրէնուհիները համաձայնեցան եւ ուսուցչուհիները յամառօրէն սորվեցուցին աշակերտներուն իրենց առօրեայ դասերու կողքին: Վստահ կրնանք ըլլալ որ տան մէջ երեխաներու հետ պարապողները դարձեալ մայրերն էին: Այս երեւոյթը յստակօրէն կը փաստէ թէ հայ կնոջ կիզակէտը` յաջորդ սերունդի հայեցի՛ դաստիարակութիւնն է:
Ձեռնարկի աւարտին, ներկաներէն մին` “Մանուկ հոգիներու հայեցի դաստիարակութեան նպաստել` իրապէս Համազգայինի կրթական աշխատանքներուն կարեւորագոյնն է“ ըսաւ:Մեր լաւագոյն բարենիշն էր: Այս պայմաններուն մէջ, երեխայ մը ե՛ւս հայութեան մօտեցնելու հաճոյքը, մոռցընել կուտայ ամիսներ տեւող մեր բծախնդիր աշխատանքի յոգնութիւնը: Եթէ միայն ՄԷ՛Կ աշակերտ մեր ազգի պատմութեան եւ մշակոյթին ծանօթանայ, սիրէ եւ հպարտանայ այդ` արդէն անսահման ուրախութիւն է այս մրցոյթը կազմակերպողներուն համար:
Թղթակից