ՀԱ­ՄԱԶ­ԳԱ­ՅԻ­ՆԻ ՀԱ­ՄԱԽՄ­ԲՈՒՄ` ՊՈՍ­ԹԸ­ՆԻ ՄԷՋ

0 0
Read Time:5 Minute, 6 Second

 

ham034  Մա­յիս 4-ին, Պոս­թը­նի Հայ Մշա­կու­թա­յին եւ Կրթա­կան Կեդ­րո­նի “Յով­նան­եան“ սրա­հին մէջ, կա­տար­ուե­ցաւ Ա.Մ.Ն. Արե­ւել­եան շրջա­նի Հա­մազ­գա­յի­նի եր­րորդ հա­մախմ­բու­մը, որ նուիր­ուած էր Սայ­եաթ Նո­վա­յի ծննդեան 300-ամ­եա­կին: Օր­ուան հան­դի­սա­վարն էր Արե­ւիկ Գաբրի­էլ­եան, որ բեմ հրա­ւի­րեց ըն­թա­ցա­ւարտ Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան ատե­նա­պետ Արա Նա­զար­եա­նը: Այս վեր­ջի­նը կա­տա­րեց հան­դի­սու­թեան բա­ցու­մը: Ապա խօսք առին բե­մադ­րիչ Էրիք Նա­զար­եան եւ Երե­ւա­նի հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս տոքթ. Թով­մաս Սամ­ուէլ­եան: Այս վեր­ջի­նը, “սքայփ“ի սար­քա­ւո­րու­մով, Երե­ւա­նէն ուղ­ղակի­օ­րէն յայտ­նեց իր խօս­քը:

ham 025 Ընթ­րիք-հիւ­րա­սի­րու­թեան կող­քին նա­եւ կա­տար­ուե­ցաւ գրա­կան “Թէ­օ­լէ­օլ­եան“ մրցա­նակ­նե­րու բաշ­խում: Մի­նաս եւ Գո­հար Թէ­օ­լէ­օլ­եա­ննե­րու յի­շա­տա­կին հիմն­ուած այս մրցա­նա­կը ներ­կա­յա­ցուց անոնց զա­ւա­կը` Խա­չիկ Թէ­օ­լէ­օլ­եան:

Նշենք թէ Նի­կո­ղոս Սա­րաֆ­եա­նի “Վեն­սէ­նի Ան­տառ­նե­րը“ գոր­ծը, հա­յե­րէ­նէ անգ­լե­րէն  թարգ­մա­նած` Քրիս­թոֆ Ադամ­եան շա­հած էր մրցան­քը: Ասոր կող­քին, նա­եւ Հա­մազ­գա­յի­նը յա­տուկ մրցանք­ներ յանձ­նեց Ուա­թըր­թաու­նի Հայ­կա­կան թան­գա­րան-գրա­դա­րա­նի (ALMA) պա­տաս­խա­նա­տու­ներ` Կէ­րի եւ Սու­զըն  Լինտ Սի­նան­եան­նե­րուն, Արա Ղա­զար­եան­ցին (Ար­լինկ­թը­նի Հայ Մշա­կու­թա­յին Կեդ­րոն), Աստ­ղիկ Սե­ւա­կին ( Նիւ Եոր­քի Հա­մազ­գա­յի­նի ժրա­ջան եւ օրի­նա­կե­լի ան­դամ) եւ Արա Սարգս­եան (Յօ­րի­նող, երա­ժիշտ եւ դաշ­նա­կա­հար):ham022

Հան­դի­սու­թեան աւար­տին, ելոյթ ու­նե­ցաւ Ան­նա Մա­յիլ­եան եռ­եա­կը, որ ներ­կա­յա­ցուց հայ­րե­նի եր­գե­րու փունջ մը, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ դաշ­նա­կա­հար Լու­սինէ Գրի­գոր­եա­նի:

Նշենք թէ նախ­քան այս հա­մախմ­բու­մը, օր­ուան ըն­թաց­քին, կա­տար­ուած էր  Արե­ւել­եան Ա.Մ.Ն.-ի Հա­մազ­գա­յի­նի 37-րդ պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վը, “Բաբ­գէն Սիւ­նի“ ակում­բի ժո­ղո­վաս­րա­հէն ներս: Բա­նա­ւոր պատ­ճառ­նե­րով, բա­ցա­կայ էին Ֆի­լա­տելֆ­իոյ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը: Մնաց­եալ մաս­նա­ճիւ­ղե­րը` Տիթ­րոյթ, Շի­քա­կօ, Ուա­շինկ­թըն, Նիւ Եորք, Նիւ Ճըր­զի, Փրո­վի­տենս եւ հիւրն­կալ Պոս­թըն, ներ­կայ էին իրենց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րով: Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թիւնը կը ներ­կա­յաց­նէր Վի­գէն Եա­գուպ­եան: Քննուե­լէ ետք նա­խանց­եալ Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը,  կա­տար­ուած էին առա­ջարկ­ներ եւ նոր Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան ընտ­րու­թիւն:

ԹՂԹԱԿԻՑ

 

ՆՇՄԱՐ

 

ԵԼՈՅ­ԹԻ ՄԸ ԱՌ­ԹԻՒ

 

Սրա­հը, զար­դա­րան­քը, հա­նդի­սա­տե­սը, ամէն ինչ պատ­րաստ էր, կարգ ու սար­քով աշ­խա­տել էին բո­լո­րը, որ­պէս­զի, ըստ պատ­շա­ճի, իրա­կա­նաց­ուէր Հա­մազ­գա­յին Հայ Կրթա­կան եւ Մշա­կու­թա­յին Միու­թեան 3-րդ տա­րե­կան հա­մախմ­բու­մը: Հնչե­ցին շնոր­հա­կա­լու­թեան եւ գնա­հա­տան­քի խօս­քեր, շնորհ­ուե­ցին մրցա­նակ­ներ եւ պատ­ուոգ­րեր, բայց մի զգա­ցո­ղու­թիւն կար, որ թոյլ չէր տա­լիս տրա­մադր­ուե­լու եւ ներշչ­ուե­լու` այդ պճնուած սե­ղան­նե­րը միայն ու­տե­լու ախոր­ժակ էին բա­ցում, չէր մօ­տե­նում սպաս­ուած պա­հը, հա­մեր­գը չէր սկսւում: Երե­կոյ­եան ժա­մը 10-ից անց էր, երբ յայ­տա­րար­ուեց Ան­նա Մա­յիլ­եան եռ­եա­կի մուտ­քը` բե­մա­հար­թակ, դաշ­նա­կա­հա­րու­հի Լու­սի­նէ Գրի­գոր­եա­նի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ: Լսուե­ցին ծա­փեր` բայց ոչ բա­ւա­րար: Մեծ երգ­չու­հին նկա­տեց մի բան` պա­կա­սում էր ունկն­դի­րը…

Չէ՞ որ այս­պի­սի կա­տա­րու­մը, անն­ման մա­քուր եր­գը կա­րող է հնչել միայն հա­մեր­գաս­րա­հի բե­մից, կամ գո­նէ մի, “վայ­րի­ց“ ուր չեն ծա­մում խոր­տիկ­ներ եւ վա­յե­լում անու­շե­ղէն: Տգեղ էր, չա­փա­զանց տգեղ: Աստ­ուա­ծա­յին մե­ղե­դին բարձ­րա­նում էր մի քիչ սպա­սում եւ փշրւում գե­տին` ափ­սէ­նե­րի եւ դա­նակ – պա­տա­ռա­քա­ղի զնգզնգոց­նե­րի ճչա­ցող մլա­ւոց­նե­րի տակ: Փո­ղո­ցը մթնել էր` շատ վա­ղուց, մթագ­նել էր նա­եւ շատ շա­տե­րի հո­գի­նե­րը, հա­կա­սու­թիւն­նե­րի ալիք էր բարձ­րա­նում եւ բախ­ւում: Ին­չո՛ւ ին­չո՛ւ.

Այս­պի­սի ար­ուես­տա­գէտ­ներ յա­ճախ չեն այ­ցե­լում մեզ: Ի՞ն­չը ստի­պեց մեզ` հա­յե­րիս, նո­րից ատել միմ­եանց, եւ չա­նել բա­րի եւ ճա­շակ բարձ­րաց­նող մի գործ: Յու­սով եմ կը կա­րո­ղա­նանք հաս­կա­նալ մեր սխալ­նե­րը, աճել ու աճեց­նել: Լսենք ազ­գա­յին ակունք­նե­րի կո­չը` չուա­րա­նել եւ ընդվ­զել: Ցածր եւ ճղճիմ նվնվոց­նե­րից լուա­նանք մեր լսո­ղու­թիւնը: Պէ՛տք է, Պէ՛տք է…

 

ԼՈՒՍԻՆԷ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

Ուա­թըր­թաուն

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles