
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Հայաստանի քաղաքական դաշտէն թորուած հազուագիւտ տեղեկութիւնները մտահոգիչ են եւ շփոթեցնող: Պատերազմի առաջին օրը, Ազգային ժողովին մէջ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած էր, որ ինչ ալ պատահի, մենք մեզ պարտուած պիտի չհամարենք: Տրամաբանական չէ՞ մտածել, որ նման յայտարարութիւն կը կանխորոշէր գալիք պարտութիւնը: Կանխորոշուա՞ծ էին նաեւ հողային զիջումները: Ինչի՞ դիմաց: Ինչո՞ւ քառասունչորս օր տեւեց պատերազմը, ինչո՞ւ այդքան մեծ թիւով զոհեր եղան:
Ինչո՞ւներու շարքը կարելի է երկարել: Իսկ պատասխան ակնկալել միամտութիւն պիտի ըլլար: Երեւոյթները ցոյց կու տան, որ արդիւնքի մը շուրջ նախնական համաձայնութիւն գոյացած էր, սակայն ազերիները շրջանցած են ճշդորոշուած սահմանը եւ հիմա, յոխորտալով, աւելին կը պահանջեն:
Եթէ բոլոր պայմաններուն մենք մեզ պարտուած պիտի չհամարենք, նոյնիսկ ոչ յաղթական, ոչ պարտեալի սկզբունքը որդեգրելով, ո՞ւր է մեր ոչ պարտեալի սահմանագիծը: Ի՞նչ է մեր պահանջը ուշացող, բայց վերջապէս կայանալի բանակցութիւններէն: Հողային բոլոր կորուստները ընդունա՞ծ ենք, թէ՞ կ՛ուզենք ապահովել անոնց գէթ մէկ մասին վերադարձը: Ի՞նչ կարգավիճակ կը նախատեսենք Արցախի համար:
Այս կենսական հարցերուն քննարկումները չեն կատարուիր: Փոխարէնը, գրեթէ տարիէ մը ի վեր հանրային կարծիքին կը հրամցուին տեղեկութիւններ, որոնք կը յուշեն, որ պարտութեան համար պատասխանատու են «նախկինները», որոնք քսան տարիներու իրենց իշխանութեամբ նախապատրաստած են զայն: Դրական հարցերէն խուսափելու եւ հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը շեղելու դասական հնարք է կատարուածը: Հանրային կարծիքը պէտք է անդադար զբաղեցնել կարծեցեալ կարեւոր խնդիրներով, վէճերով, տարակարծութիւններով, խարդաւանքներով ու սուտերով:
Հայաստանի իշխանութիւնները պարտաւոր են յստակօրէն ըսելու, թէ ի՞նչ պետութիւն կ՛ուզենք կտակել եկող սերունդներուն: Ի՞նչ է հայկական պետութեան նպատակը, ի՞նչ է հայ ազգին նպատակը:
Նման նպատակ ճշդելու համար, սխալ հիմքերով ընտրապայքարի մը արդիւնք եղող Ազգային ժողովը չի կրնար միակ տեղը ըլլալ: Հայաստանի եւ սփիւռքի բոլոր կենդանի ուժերը, միաւորականութիւնը, մամուլը, հասարակական կազմակերպութիւնները, կուսակցութիւններուն հետ պէտք է ձեռնարկեն համապարփակ քննարկումներու եւ մշակեն պետական ազգային ծրագիր:
Այս աշխատանքին կազմակերպման իրաւունքը եւ պարտաւորութիւնը իշխանութեան կը պատկանի: Հրաժարելով հինի ու նորի, իշխանաւորի ու ընդդիմադիրի, հաւատարմութիւն ցուցաբերողի ու քննադատողի տարբերակումներէն, իշխանութիւնը ազգային նոյն ծրագիրին խմբագրումին պիտի լծէ բոլորը, ամբողջ ազգը:
Ծրագիրի գործադրութեան միջոցներուն ու ձեւերուն շուրջ տարակարծութիւններ կրնան ծագիլ: Տեսակէտներու հակադրութիւնը ժողովրդավար կարգերուն բնական գործընթացին մաս կը կազմէ: Ամէն մարդ, ամէն կազմակերպութիւն իրաւունք ունի սեփական դիրքորոշում ունենալու եւ զայն ազատօրէն արտայայտելու: Պայմանով, որ այդ դիրքորոշումը հաշտ ըլլայ համազգային նպատակին ու վերաբերի զայն իրականացնելու սեփական ուղիի մը: Գործադրութեան իրաւունքը կը պատկանի ազատօրէն ընտրուած երկրի իշխանութիւններուն, որոնք կաշկանդուած կը մնան Սահմանադրութեամբ եւ համազգային ծրագիրով ճշդուած սկզբունքներու սահմանափակումներով:
Մեր ազգային նաւը ալեկոծ ծովու վրայ, խութերու միջեւ կը խուսանաւէ: Զայն պէտք է դուրս բերել վտանգի գօտիէն ու բաց ծովուն վրայ ուղղութիւն ճշդել: Դէպի ապահով ու փայլուն ապագայ: