
Կիրակի, Դեկտեմբեր 4-ին, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, պատարագեց ու քարոզեց Կրանիթ Սիթիի (Իլինոյ) Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ , հիմնադրութեան 68-ամեակին առիթով։Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, հաւատացեալները դիմաւորեցին Սրբալոյս Միւռոնը եւ տեղի ունեցաւ Ջրօրհնէք։
Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախագահեց եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութեան։ Գեղարուեստական գողտրիկ յայտագիր մը ներկայացուեցաւ՝ Մարկ (սրինգ) եւ Եդուարդ Տէր Յովհաննիսեան (դաշնակ) եղբայրներու մասնակցութեամբ։ Խօսք առաւ հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Սթիւ Յակոբեան, որ ներկայացուց եկեղեցւոյ գործունէութիւնը։ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Դանիէլ Քհն. Մանճիկեան, իր երախտապարտութիւնը յայտնեց հոգաբարձութեան եւ համայնքին իրենց մնայուն աջակցութեան համար։ Աւարտին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս դրուատեց Տէր Հօր աշխոյժ գործունէութիւնը համայնքին մէջ, ինչպէս եւ իր դաստիարակչական նախաձեռնութիւնները։ Տօնախմբութիւնը փակուեցաւ «Կիլիկիա» երգով։