ԿՈՎԿԱՍԻ ՄԷՋ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ԱՐՋԱՊԱՐԸ ԹՐՔԱԿԱՆ ԿՇՌՈՅԹՈՎ ՉԷ

0 0
Read Time:2 Minute, 51 Second


Ա.Ա.

Արցախի դէմ շղթայազերծուած թուրքեւատրպէյճանական պատերազմով ի վերջոյ Թուրքիա մուտք գործեց Հարաւային կովկասեան ռազմաքաղաքական թատերաբեմ, երկար տարիներ քուլիսներու մէջ ելոյթներ, արարքներ, գործունէութիւններ եւ տարբեր բնոյթի աշխատանքներու մէջ մեծ եռանդ ու ներուժ սպառելէ ետք։
Մինչ պատերազմական ճակատին վրայ, ինչպէս թուրք ռազմագէտներ կը հաստատեն, օսմանեան բանակներու կիրառկած Կիսալուսինեան Մարտավարութեան դրոյթները կը գործածուին, քաղաքական թատերաբեմին վրայ արդէն իսկ երեւան եկած ու հաստատուած է, որ Թուրքիա Կովկասի մէջ գործօն դերակատարութիւն մը ապահոված է՝ Անգարա- Պաքու առանցք մը ստեղծելով, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին շահագործմամբ։
Վերջին զարգացումները բաւական լոյս կը սփռեն թրքական այս ճիգերուն վրայ։ Նախ՝ եթէ քիչ մը տարօրինակ է, թէ Կովկասեան բեմին վրայ միակ ազդեցիկ ուժը հանդիսացող Ռուսիոյ ղեկավարութիւնը ինչու ոչ մէկ կապ հաստատած է Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահներուն հետ, այս իրողութիւնը մանաւանդ ռուսական քաղաքական թէ հասարակական շրջանակները մղած է հարցադրումներ կատարելու, թէ առաջին հերթին Մոսկուա ինչու չէզոք դիրք որդեգրած է Արցախի դէմ մղուող պատերազմին կապուած իրադարձութիւններու նկատմամբ։ Ճիշդ է, որ Ռուսիա ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան անդամ է եւ ըստ այնմ չէզոքութիւն պահելու պարտաւորութեան տակ կը գտնուի, բայց պատերազմը կանգնեցնելու ճիգերը արդէն իսկ կ՛իյնան Մինսքի խումբին առաքելութեան ծիրին մէջ եւ ռուսական միջնորդութիւն մը չի հակասեր այդ առաքելութեան։ Այս դրուագով՝ խնդիրը կը վերաբերի վարձկան ահաբեկիչներու Ատրպէյճան փոխադրութեան՝ համալրելու համար ատրպէյճանական ցամաքային ստորաբաժանումները։ Պարզապէս միամտութիւն պիտի ըլլայ նոյնիսկ ենթադրելը, թէ ռուսական գաղտնի սպասարկութիւնները անտեղեակ էին, որ Թուրքիոյ հովանաւորութեան տակ գործող Սուրիական Ազատ Բանակի Ալ Համզա հատուածին պատասխանատուներէն՝ ՍէյՖ Ապու Պաքըր Իտլիպի մէջ սուրիացի զինեալներու հաւաքագրման գործով կը զբաղի՝ գործադրելով թրքական հրահանգը։ Պարզապէս անհաւատալի է, թէ ռուսական համապատասխան մարմինները եւ կառոյցները չէին գիտեր, որ զինեալները կը փոխադրուէին Քիլիս, ապա Այնթապ եւ հոնկէ ալ Պոլիս ուղղուելով՝ օդակայանէն կը ճամբորդէին Պաքու՝ իբրեւ «սահմանապահ» աշխատելու համար։ Այս ուղին եւ զինեալներու հաւաքագրման մասին հաստատ ու հաւաստի տեղեկութիւններու մասին առնուազն երկու պետութիւններ՝ Ֆրանսա եւ զարմանալիօրէն նաեւ Ռուսիա յայտարարեցին, ինչ որ առաւել մշուշապատեց ռուսական կեցուածքին եւ հետապնդուած ծրագրերուն շուրջ ստեղծուած հարցադրումներու ամբողջ իրավիճակը։
Մինչ այդ թրքական քաղաքական- հասարակական շրջանակներու մէջ շրջանառութեան մէջ է Հարաւային կովկասեան ռազմաքաղաքական իրադարձութիւններուն մէջ Թուրքիոյ ստանձնած դերակատարութեան կարեւորութեան մասին վերլուծումներու եւ մեկնաբանութիւններու վերաբերեալ տեղեկութիւններու ամբողջական թղթածրարներ, որոնց մէջ կը շեշտուի Կովկասի մէջ կիրառկելու խաղի նոր օրէնք մը՝ մրցակցութիւն եւ գործակցութիւն։ Ուր որ պէտք է մրցակցիլ Ռուսիոյ դէմ, ուր որ ալ պէտք է՝ գործակցիլ։
Կովկասի մէջ Թուրքիոյ այս նորագոյն արկածախնդրութիւնը կ՛աւելնայ Միջերկրականի արեւելեան աւազանին, Սուրիոյ, Լիպիոյ, Իրաքի, Եմէնի, Պաղեստինի, Լիբանանի եւ ափրիկեան տարբեր երկիրներու մէջ կիրարկուող թրքական միջամտութիւններու համընդհանուր պահպանակին, որ եթէ Անգարայի վարիչներուն կը պատճառէ նախկին Օսմանեան կայսրութեան օրերու կայսերապաշտական զգացումները, միջազգային ընտանիքին կողմէ սակայն այնքան ալ հաշտ աչքով չի դիտուիր, մանաւանդ որ կովկասեան կայունութեան եւ ապահովութեան սպառնացող այս պատերազմին կայծը Անգարայէն վառուած ըլլալու ստոյգ փաստը որոշումներու մայրաքաղաքները ի վերջոյ պիտի մղէ՝ թրքական ախորժակները զսպելու քայլերու դիմելու՝ հաշուի առնելով Անգարայի ծաւալապաշտական նկրտումները։ Մինչ այդ Էրտողանի «սիրելի եղբօր» Ալիեւի վերջին յայտարարութիւնը, թէ Թուրքիա իբրեւ շրջանային մեծ պետութիւն եւ Կովկասի հարեւան երկիր, իրաւունք ունի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծման բանակցութիւններուն մասնակցելու, ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ Կովկասի դռները բախող Թուրքիոյ պահանջին ատրպէյճանական բանաձեւումը։
Այս կացութեան մէջ շատ կարեւոր է Ռուսիոյ վարած քաղաքականութեան զարգացման հոլովոյթը։ Մոսկուա որքան եւ ինչ տարողութեամբ պիտի արտօնէ, որ Թուրքիա Կովկասի մէջ շարունակէ խաղին իր կանոններուն պարտադրանքը։ Այլ խօսքով Ռուսիա եւ Թուրքիա Կովկասի մէջ բացայայտ բախման կ՛ուղղուի՞ն, թէ ռուսական այս «կրաւորականութիւնը» մասամբ մը արդիւնք է որոշ համաձայնութիւններու, որոնց ծիրէն դուրս գալու պարագային է,որ Թուրքիա ի վերջոյ Կովկասի մէջ անխուսափելիօրէն իր դէմ պիտի գտնէ ռուսական արջը, որ նկատի ունենալով պատմական բոլոր իրողութիւնները եւ անցեալի փորձառութիւնները, բնաւ մտադրութիւն չունի թրքական մեղկ երաժշտութեան մը կշռոյթներով պարելու։ Այլ խօսքով՝ Կովկասի մէջ ռուսական արջապարը երբեք թրքական կշռոյթով չէ կատարուած։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles