Յօդուածներ
Կոռնիձորի Հաւաքը Նոր Մեկնակէտ Է
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Շաբաթ, 20 մայիսին հազարաւոր հայեր (կը խօսուի շուրջ 5000-ի մասին) Կոռնիձորի մէջ հաւաքուեցան եւ քայլարշաւով մօտեցան Հայաստանը Արցախին կապող կամուրջին վրայ տեղակայուած Ատրպէյճանական անցարգելին: Միւս կողմէն, իրենց ընդառաջ եկան Ստեփանակերտէն եկող ցուցարարներ:

