Յօդուածներ
ԿԸ ԼՍԵ՞Ն ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ, ՔՈՒԷԱՐԿՈՂ, ՀԱՅ, ՔԱՂԱՔԱԿԻՐԹ ԱՇԽԱՐՀ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ
Յ. Պալեան
Հայկական իրականութիւնը այնպէս է այսօր, որ իրատեսական խօսքը կարծէք եղած է օդին մէջ կամ թուղթի վրայ մնալու: Մտաւորականը կրնայ խօսիլ, չեն արգիլեր որ ան արտայայտուի, բայց անոր ըսածը կարծէք դատապարտուած է փակ շրջանակի մէջ մնալու: Մենախօսութիւն:

