
Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան
21 Սեպտեմբեր 2021-ը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 30-րդ տարեդարձն է: Դարերու գերութենէն եւ ստրկութենէն ետք, մեր հայրենիքը իր ազատութեան տիրացաւ եւ առաջին հանրապետութիւնը հաստատեց 28 Մայիս 1918-ին: Երկուքուկէս տարի ետք՝ դաժան պարագաներու դասաւորումով խորհրդայնացաւ 29 Նոյեմբեր 1920-ին: Շուրջ 70 տարի ամբողջատիրական վարչակարգի տակ գտնուող Հայաստանը իր անկախութիւնը կրկին հռչակեց՝ Սովետական Միութեան անկումէն քանի մը ամիս առաջ: Այսպէս ուրեմն, Խորհրդային Միութեան մաս կազմող 15 հանրապետութիւններէն առաջիններէն մին եղաւ մեր փոքրիկ երկիրը ազատ եւ անկախ պետութիւն դառնալու:
1988-ի աւերիչ երկրաշարժէն շուրջ երկուքուկէս տարի ետք ծնունդ առած հայ պետականութեան ծագումը, օրէ օր աճումն ու զարգացումը հրաշալի երեւոյթ մըն է մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ: Ի հեճուկս թուրք-ազերի մեր սահմանակիցներուն պարտադրած տնտեսական շրջաբակումին, քաղաքական սեղմումներուն, յարատեւ յարձակումներուն, Հայաստանի գոյատեւումը հրաշքի համազօր իրողութիւն մըն է:
Տարօրինակ կրնայ թուիլ, որ կեանքի դժբախտութիւնները մեր ժողովուրդին տուած են հոյակապ դիմադրական ուժ եւ միասնութիւն: Յիրաւի, Հայաստանի վերանկախութեան սկզբնածագ օրէն ասդին, մեր ժողովուրդը վճռած է տէր կենալ իր ճակատագրին եւ իր ցաւին ու տառապանքին մէջ իսկ արիանալ եւ իր արցունքէն ծիածան շինել, իր փուշերէն՝ պսակ, եւ իր կողին խրած աւազէն՝ մարգարիտ:
Մեր պատմութիւնը ցոյց կուտայ թէ իր ամենէն յուսահատ պարագաներուն մէջ իսկ մեր ժողովուրդը չէ ընկրկած. փոյթ չէ թէ քանի՜ քանի՜ հարուած ստացած է իր գլխուն, դեռ կրցած է ոտքի կանգնիլ եւ ամրապնդել իր հոգեւոր ու բարոյական մկանները, իր ապրելու եւ ստեղծագործելու արժանիքը ցոյց տալ, փիւնիկի մը պէս իր աւերակներու փոշիներէն եւ մոխիրներէն յարութիւն առնել եւ իր վերապրելու կամքին ուժը յայտնաբերել:
Արդարեւ, Ա. Աշխարհամարտին վաղորդայնին, կոտորակուած հայութեան բեկորներն էին որ ծնունդ տուին մեր Առաջին Հանրապետութեան: Ազգային դժբախտութիւն… ապա ազգային վերականգնում, ազգային բնաջնջում ու գերեզմանում… ապա ազգային յարութիւն եւ զարթօնք: Ա՚յսպէս եղած է մեր պատմութիւնը:
Եթէ ա՚յս է մեր պատմութեան պատկերը, այն ատեն երկիւղի եւ յուսաբեկութեան պատճառ չունինք: Այդ մշտանորոգ ուժի եւ կենսունակութեան յատկանիշ եղող մեր ազգային նկարագիրը պէտք է միշտ մնայ որպէս մեր հաւատքի ու յոյսի խարիսխը: Այդ զարթօնքն ու վերականգնումը մոգական գաւազանով մէջտեղ չեն եկած, այլ՝ հոգեկան ներքին զօրութենէ մը: Առ հասարակ, անցնող հայ սերունդները անո՚վ կրցած են յաղթահարել ամէն կերպ նեղութիւններ, ճնշումներ ու հալածանքներ: Մեր ժողովուրդը կարողացաւ կերտել այդ ներքին հրաշագործ զօրութիւնը՝ յարելով իր ցեղային, տոհմային, մշակութային ու քրիստոնէական արժէքներուն: Ասոնք երկնատուր «մանանա»ի պէս սնունդ տուին անոր, եւ ապրապնդեցին անոր դիմադրականութիւնը՝ մեր ազգային կեանքի «անապատ»-ներուն մէջ:
Այսօր Հայաստանի ապագան շատ անստոյգ եւ անապահով է: Բայց, ինչպէս անցեալին, ներկայիս ալ մեր մարտահրաւէրը նոյնն է—չյանձնուիլ վհատումի եւ ընկճումի յորձանուտին, չընկղմիլ յուսահատութեան ալեկոծ ովկիանին մէջ: Ընդհակառակը, հաւատքով մեր աչքերը սեւեռել դէպի ապագան: Այսօր անգամ մը եւս մեր հայրենասիրութիւնը փորձաքարի կ՚ենթարկուի՝ տեսնելու թէ մեր խօսքերը իրօք կը համապատասխանե՞ն մեր գործերուն: Որեւէ ընկրկում եւ վհատում կրնայ իր ահաւոր հետեւանքներն ունենալ:
Հայեր ուր ո՚ր ալ գտնուին, այս մոլորակին որեւէ երկնակամարին ներքեւ՝ կը պատկանին նոյն ազգին եւ անբաժանելի են. որպէս ժողովուրդ՝ միացած են միեւնոյն ճատակագրով: Արդ, ինչ խաւի, դաւանանքի եւ գաղափարաբանութեան ալ պատկանին, ինչ լեզու որ խօսին՝ ունին հասարակ յայտարար մը, իրենց հայկականութիւնը: Եթէ այս էական իրողութիւնը դառնայ մեզ մղող ներզօր ուժը, մենք վախ չենք ունենար ապագան դիմագրաւելու:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը, իր բոլոր թերութիւններով հանդերձ, մեզի կուտայ ազգային ինքնութեան հպարտութիւնը, թէ մենք ազգ ենք, ունինք մեր ինքնավար հայրենիքը, մեր ազգային դրօշը: Այս հպարտութիւնը, անտարակոյս, կ՚ամրապնդէ աշխարհացրիւ հայորդիներու հայրենասիրութեան զգացումը:
Որեւէ ժամանակէ աւելի պատմական այս հանգրուանին, Հայրենիք եւ Սփիւռք պէտք ունին իրարու զօդուելու անքակտելի կապերով՝ ի սէր մեր ազգային գոյութեան եւ յաւերժութեան: Ի վերջոյ, հայ մարդիկ ո՚ւր որ ալ գտնուին, իրարու կապուած են հասարակաց պատմութեամբ մը, հասարակաց յուշերով ու յոյզերով, հասարակաց երազներով եւ ճակատագրով:
Ժամանակն է որ իւրաքանչիւր հայ անդրադառնայ թէ Հայաստանը վերացականօրէն պէտք չէ սիրուի: Միակ օգտակար կերպը՝ գործնականն է—սիրել ամէն հայ առանց խտրականութեան եւ շահադիտութեան: Սէրը սոսկ զգացական բան մը չէ. գործնական արտայայտութիւն ըլլալու է: Ճշմարիտ հայրենասէրը կարող չէ անփոյթ եւ անտարբեր կենալ, երբ գիտէ թէ իր հայրենակիցները կը տառապին, կը տագնապին ու կը մեռնին: Ան չկրնար ձեռնածալ նստիլ եւ լուսանցքի մէջ մնալ: Ընդհակառակը, անձկութեամբ կը ջանայ ձեռքը կարկառելու եւ օգնութիւն հայթայթելու իր արմենական եղբայրներուն ու քոյրերուն, անոնց ցաւը ամոքելով եւ յոյս ներշնչելով:
Պատմութեան դասերը ազդանիշեր են: Իրազեկ ըլլանք թէ ոչ, մենք մէկ ազգ ենք, անբաժանելի ազգ: Կա՚մ բոլորս միասին պիտի բարձրանանք, կա՚մ բոլորս միատեղ պիտի իյնանք: Ինչո՞ւ չբարձրանանք՝ գործնականապէս զիրար սիրելով եւ իրերօգնութեան ձեռք երկարելով: Հայաստանը ամենուս հայրենիքն է: Բոլորս Հայկ Նահապետի թոռներն ենք: Թող Աստուած անսասան պահէ մեր սիրելի հայրենիքը: