Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովի Նիստ Եւ Ընդդիմութեան Բողոքի Ցոյց
ԵՐԵՒԱՆ.- Կիրակի, Յունիս 14-ին, կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը արտակարգ նիստ գումարեց՝ հրապարակելով խորհրդարանական ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքը, որ կը ներկայացնէ հետեւեալ պատկերը.-
- «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը՝ 726,819 քուէ կամ 49.7456 առ հարիւր:
- «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը ստացած է 340,006 քուէ կամ 23.2710 առ հարիւր:
- «Հայաստան» դաշինքը՝ 144,983 քուէ կամ 9.9231 առ հարիւր:
- «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը՝ 58,287 քուէ կամ 3.9893 առ հարիւր:
Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նիստին զուգահեռ ընդդիմադիր ուժերը բողոքի հաւաք կազմակերպեցին՝ պահանջելով անվաւեր նկատել ընտրութիւններու արդիւնքները եւ նշանակել նոր ընտրութիւններ։
Շէնքին առջեւ հաւաքուած էին «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի, «Հայաստան» դաշինքի եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ներկայացուցիչները։
Նիստի մեկնարկէն առաջ լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, Գագիկ Ծառուկեանի մամուլի քարտուղար եւ «Բարգաւաճ Հայաստան»-ի պատգամաւորի թեկնածու Իվեթա Տօնոյեան շեշտեց, թէ խնդիրը միայն «Բարգաւաճ Հայաստան»-ի համար սահմանուած 4 առ հարիւր անցողիկ շեմը յաղթահարելը եւ խորհրդարան մտնելը չէ։
«Ասիկա արդարութիւնը վերականգնելու հնարաւորութիւն մըն է, որովհետեւ ամբողջ ընտրական արդիւնքներու պատկերը կը փոխուի։ Աւելին, հարցականի տակ կը դրուի ընտրական ամբողջ գործընթացի օրինականութիւնը։ Ոչ ոք իրաւունք ունի մանտաթագողութեամբ կամ ձայնագողութեամբ զբաղելու եւ այսպիսի արհամարհական վերաբերմունք ցուցաբերելու քաղաքացիներու ընտրելու իրաւունքին նկատմամբ», ըսաւ ան։
Բողոքի ցոյցի ընթացքին ընդդիմադիր գործիչները յայտարարեցին, թէ Յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ անոնց նախորդած քարոզարշաւի շրջանին տեղի ունեցած են «համակարգուած եւ լայնածաւալ ընտրախախտումներ»։ Ի պատասխան՝ իշխանութիւնները բազմիցս պնդած են, թէ ընդդիմութիւնը ինք խախտած է օրէնքը՝ ընտրակաշառք բաժնելով։
Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի շէնքին մօտ եւ շրջակայ փողոցներուն մէջ մեծ թիւով ոստիկանական ուժեր տեղակայուած են։
Միեւնոյն ժամանակ, Վարչական դատարանը մերժած է «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան կողմէ կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի դէմ ներկայացուած երկու հայցերը։ Սակայն, ըստ Իվեթա Տօնոյեանի, դատաւոր Արթուր Աւագեան իր որոշման մէջ արձանագրած է խախտումներու առկայութիւնը եւ վերահաշուարկ կամ վերաքուէարկութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը։
Ընտրատարածքային յանձնաժողովներուն մէջ կատարուած վերահաշուարկներու արդիւնքով «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան քուէներուն թիւը 147-ով աւելցած է, սակայն միաժամանակ 222 քուէ նուազած է, որովհետեւ 35/65, 10/51 եւ 12/13 ընտրատեղամասերու արդիւնքները անվաւեր հռչակուած են։

