ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆՑԻ ԱՐՄԵՆԱԿ ԱՌԱՆՁԻՆ ՑՈՅՑ ՊԻՏԻ ԸՆԷ…

0 0
Read Time:1 Minute, 12 Second

 

            Արմենակ հեռաձայնեց եւ ըսաւ, որ աշխարհի դէմ առանձին ցոյց պիտի ընէ ուրբաթ օր: Հարցուցի.

            – Ինչո՞ւ առանձին:

            – Բազմամարդ ըլլանք թէ առանձին, արդէն չեն լսեր մեր ըսածը:

            – Ճիշդ ես: Բայց ի՞նչ ըսելու համար ցոյց պիտի ընես:

            – Պաստառին վրայ պիտի գրեմ, որ Ատրպէյճանի եւ անոր ետին կանգած Թուրքիոյ կոչ կ’ընեմ դադրեցնելու Արցախի եւ անոր ժողովուրդին դէմ նախայարձակումը եւ կրակը:

            – Արմենա՛կ, քեզ ով մտիկ կ’ընէ: Կեղծ իմաստուն մը առիթով մը ըսաւ, որ այդ ջուրի մակերեսին տրուած սուրի հարուած էր: Քու ցոյցդ այդքան անգամ չի կրնար ըլլալ:

            – Ռուսիա, Ամերիկա, Ֆրանսա, Հոլանտան եւ ուրիշներ ալ կոչ կ’ընեն կրակը դադրեցնելու: Իրենց կոչերը լսող չկայ: Ինչո՞ւ լսող պիտի ըլլայ, քանի որ չեն ըսեր, թէ ի՞նչ պիտի ընեն, եթէ զիրենք չլսեն: Իմ կոչս ալ կ’արժէ նոյնքան, որքան բոլորի չլսուող կոչերը: Ձախէն զերօ:

            – Ճիշդ ես: Բայց թերթերուն շատախօսութեան նիւթ պիտի չհայթայթէ քու միայնակ ցոյցդ, ոչ լրագրող պիտի գայ եւ ոչ ալ նկարահանող:

            – Դուն ալ ճիշդ ես: Գոնէ ես գոհ պիտի ըլլամ, որ մեծերու շարքին խօսքս ըսի: Քու ըսած իմաստունիդ խօսքը օդին մէջ չձգելու համար. սուրի հարուած օդին մէջ:

            – Ո՞ւր պիտի ընես ցոյցդ:

            – Մեր տան առջեւ, հետաքրքրելու համար ողջմիտ քաղաքացիները: Զիրար կրկնող մեծերը զիրար անգամ չեն լսեր,- ըսաւ եւ եզրակացուց արձակազէն ցուցարար Կեդրոնականցին:

            Հայրենասիրական արտակարգ ցոյցը  ներկայութեամբս եւ այ ֆոնովս  պիտի անմահացնեմ, որպէսզի իր անհեթեթութեան գիտակից Կեդրոնականցիին հետ լուսանկարուիմ եւ իրեն հետ դիմատետրային Պատմութեան մէջ արձանագրուիմ:

            Մակարս անգամ փառասիրութիւններ ունի, ինչպէս բոլոր մեծ ու պզտիկ սուլթանները…

 

Մակար ի Գաղիա, 7 հոկտեմբեր 2020

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles