
1 Նոյեմբերը Ամենայն Սրբոց է, մեռելոց, շիրիմ կը ծաղկեցնեն եւ արձակուրդի կ’երթան: Ծովափին ոստրէի օրը կը տօնեն, կուշտերը ոստրէ կը գնեն՝ Ամանորի համար:
Էլպիս եւ Արմենակ այցելութեան եկան:
Մակարուհին իր յոգնութիւն չպահանջող գիւտով մեզ հիւրասիրեց, չինական տաք բրդուճով, նեմով, որուն համը անոր թացանն է, Հայաստան կ’ըսեն՝ սաաուս:
Արմենակ զիս զարմացուց, երբ հարցուց
– Մակա՛ր, կը հետեւի՞ս ֆէմինիստներուն: Այրերու հաւասարելէ ետք, այժմ կը պայքարին կանացի աւանդական վայելչութեան դէմ, կը մերժեն élégance-ը, քանի որ ան այրերու պարտադրանք է:
– Եւ ֆէմինիստները պիտի կռուի՞ն կիներու դէմ, արգիլե՞ն վայելուչը:
– Անցեալին, նորոյթ էր տոպրակ շրջազգեստը, robe sac, որ կանացի բարեւձեւութիւնը կը շեշտէր: Հիմա ալիւրի տոպրակ պէտք է հագնին, այրերու ցանկութիւնը պատժելու համար վայելչութիւնը կը վերացնեն: Եթէ նախարար ըլլայի, կոնվենցիաներու կը մասնակցէի, այր եւ կին ջոկելու խելքս կորսնցուցած կ’ըլլայի, արդիական մանկավարժ կ’ըլլայի, կը սորվեցնէի, որ մանուկը այսօր Վարդան է, վաղը Վարդանուշ, երկար ծամերով եւ կապուտաչեայ վեցամեայ աղջնակը այսօր Աստղիկ է եւ վաղը Աստիկ: Անոնց ուսապարկերուն մէջ մանչուկի եւ աղջնակի հագուստ պէտք է դնել, որպէսզի բարդոյթ չունենան, երբ ուզեն աղջիկ կամ մանչ ըլլալ, շոր փոխեն:
– Արմանք եւ զարմանք,- ըսի:
Արմենակ ղեկավարի պէս շարունակեց.
– Անբնականով եւ հակաբնականով նոր քաղաքակրթութիւն կը ստեղծեն հոգեկան հիւանդներ, ինքնատպութեան մարմաջով մարդկային կեղը ընդունելի դարձնող զեղծարարներ: Հայկական լրատուամիջոցներու էջերէն ներս սողսկած են LGBT, կամ LGBTQIA սկբնատառերով կազմուած բառերը: Իւրաքանչիւրի ետին կան սեռային զարտուղի հոգեկան հիւանդներ:
Արմենակ բաժակ մը կոնեակ կուլ տուաւ, եւ հռետորի պէս շարունակեց.
– Անցեալին, գիւմրեցի պոլոզ Մուկուչ կար: Ան ՍՄԿԿի կամ ՍՄԿՊի հետեւութեամբ, իր կնոջ ըսած էր՝ ՉԲԽ, որ ապշած էր: Ինք ըսած էր, Չայ Բեր Խմենք: Հիմա բնախօսական թերին, անբնականը, հոգեկան եւ մտային ախտը, կը համարուին ինքնատիպ, արդիական: Յետադիմական չըլլալու համար LGBT եւ LGBTQIA պէտք է ըլլալ:
Տգէտ չմնալու համար հարցուցի.
– Արմենա՛կ, պարզ ըսէ՛ որ հասկնամ: Ի՞նչ է LGBT եւ LGBTQIA:
– Ես ալ չէի գիտեր, եւ չսիրած ԿՈՒԿԸԼդ ըսաւ:
– Եւ:
– Այդպէս են այր եւ կին միասեռականները, այրերու եւ կիներու հետ սեռային յարաբերութիւն եւ բնականէ տարբեր սեռային զգացողութիւն ունեցողները, ի ծնէ զարտուղիները, սեռային ցանկութիւն չունեցողները եւ տարբեր ըլլալու հիւանդները: LGBT եւ LGBTQIA՝ նոր կարգ եւ նոր օրէնք են:
– Յետո՞յ:
– Հիւանդագինը նորոյթ է, ինքնատիպ: Անբնականը՝ օրինական, բնախօսական պարզի եւ բարոյականի կարգին: LGBTQIAէն դուրս ըլլալ յանցանք է: Եթէ գիւտարար մը ինքզինք կին զգացող այր մարդու մը որովայնին մէջ արգանդ մը զետեղէ, ան կ’ըլլայ մայր եւ հայր:
Կը լսէի հոգեբան-տեսաբան Արմենակը.
– Հայաստան ախոյեան կ’ուզէ ըլլալ LGBTի: Կենդանիներու պաշտպանները պիտի պահանջե՞ն, որ անոնք ալ ունենան LGBT, քանի որ նոյն գեղձերը ունին, եւ կը սերնդագործեն: Մրցանակ պիտի տրուի՞ անոր, որ յաջողի արու առիւծը յղիացնել: Ինչո՞ւ չարդիականանալ:
Արմենակ ձայն տուաւ Էլպիսին, ըսաւ՝ «երթանք»:
Պինդ սիրտ ունի Կեդրոնականցին: Այս բոլորը գիտնալով, սրտաճագ չ’ըլլար:
Մակար ի Գաղիա, 2 Նոյեմբեր 2021