ԳլխաւորԼրահոս

ԿԱՐՕ ՓԱՅԼԱՆ՝ «ՀԱՅՐԵՆԻՔ»Ի ԵՐԴԻՔԻՆ ՏԱԿ

1

ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ.- Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 5-ի առաւօտեան, «Հայրենիք»ի հիւրն էր Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ եւ քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան անդամ Կարօ Փայլանը, որ արդէն իսկ տասնեակ մը օրերէ ի վեր ժամանած է Միացեալ Նահանգներ:
Լոս Անճելըսէն ետք, Ուաշինկթըն, Նիւ Եորք եւ Նիւ Ճըրզի այցելած, ան Երեքշաբթի օր ժամանած էր Պոսթըն, ուր տեղւոյն Պելմոնթ շրջանի Հայ Աւետարական եկեղեցւոյ մէջ, բանախօսեց ներկայացնելով ներկայ իրավիճակը Թուրքիոյ մէջ:
«Հայրենիք»ի երդիքին տակ, Փայլան ծանօթացաւ անձնակազմին: Ներկայ էին նաեւ Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի ներկայացուցիչներ, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ, եւ այս օրերուն Պոսթըն գտնուող Հ.Յ.Դ.-ի արխիւներով զբաղուող՝ Երուանդ Փամպուքեան:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button