ԳրականՅօդուածներ
ԿԱՅԱՆԸ ՄՈՒԹ Է…
ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
Մշուշը ծածկեր է արահետն կեանքի։
Չկայ ո՛չ իսկ ջահ կամ լամպ մը դալուկ
Կամ կանխազգուշացնող ազդազարդող լոյս...
Մոլորուածութեան հանելուկին մէջ
Իր ու աշխարհի կապը կորուսած
Մարդը պարզապէս փոշու հատիկ է...
Հովերուն յանձնուած
Անյայտ կայանի մութ ճանապարհին...

