
Օրերն ու ժամերը կը համրուին, նաեւ հետզհետէ աւելի հետեւողականօրէն եւ սաստիկ կերպով, ճնշումներ կը բանեցուին: Երուզեռի մէջ են Սպիտակ Տունն ու Ուաշինկթընը: Հանդիպումեր, հեռաձայնային մտերմիկ ու խորհրդապահական խօսակցութիւններ: Օրուան հրատապ նիւթն է Սուրիան, կամ աւելի մանրամասնօրէն ներկայացնելու համար թնճուկը.- Ե՞րբ կանաչ լոյս պիտի ստանայ Սպիտակ Տունը, միջամտելու համար Սուրիոյ ներքին քաղաքացիական պատերազմին:
Վերոնշեալ հարցադրումն իսկ դուռ կը բանայ այլ հարցումներու ալիքի մը, որ իր վերլուծումներով, եզրակացութիւններով եւ ենթադրութիւններով իր կարգին կը ստեղծէ քաղաքական բնոյթ ունեցող ցունամի մը:
Մտահոգիչը յատկապէս ներկայ ղեկավարութեան որդեգրած գործելաձեւն է որ իսկապէս զարմանալի կը թուի ըլլալ: Արդարեւ, Օպամա իր նախագահական թեկնածութեան պայքարի բոլոր նժարը կեդրոնացուցած էր…իր նախորդին` Պուշի արտաքին քաղաքականութեան վրայ, քննադատելով իր իսկ ղեկավարած երկրի միջամտութիւնները Աֆղանիստանի թէ Իրաքի մէջ: Ահաւասիկ այս անգամ Սեպտեմբեր 11-ի տխրահռչակ 12-ամեակի օրերուն նոյնինքն Օպամա ինկած է…իր իսկ քննդատած գործընթացին ծուղակին մէջ:
…Եւ աւելին, քաջատեղեակ ըլլալով որ ծայրայեղ կրօնական որջ մը դարձած է աւելի քան հարիւր հազար զոհ խլած եւ երկու միլիոնէ աւելի գաղթականներ ստեղծած այս արդի օրերու ողբերգութիւնը…Օպամա եւ իր վարչակարգը, յանձին Արտաքին Գործոց նախարար Ճոն Քերիի, յամառօրէն կառչած են միջամուխ ըլլալու շրջանէ մը ներս …աշնանային նախօրեակին, գարնանային յեղափոխութեան ընթացքը շարունակելու բերկրանքով:
Երա՜զ մը, որուն պատկերն ու իրավիճակը յստակ է շրջանի քարտէսէն ներս, յատկապէս կիզակէտ ունենալով Եգիպտոսի պայթուցիկ կացութիւնը:
Հասկնալի է Աշխարհի գերպետութեան մը ղեկավարութեան պաշտօնը ստանձնելու “արհաւիրք“ը, յատկապէս այսպիսի կացութիւններու դիմաց, ուր
գերակայութեան բարդոյթները այնպիսի կացութիւններ կը ստեղծեն, որոնք
իրենք իրենց իսկ ժխտելով, կրնան վերածուիլ ստորակայութեան բարդոյթի:
Այսպիսի ծաւալապաշտ մտայնութիւն մը ձեռնարկելու կամ լայնածաւալ անխոհեմութիւն մը գործադրելու արդիւնքները նոյնքան մտահոգիչ կրնան ըլլալ որքան տասնեակ մը տարիներ առաջ, Աֆղանիստանի եւ Իրաքի վրայ շղթայազերծուած յարձակումը:
Նմանօրինակ արարք մը կատարելու կանաչ լոյս մը ստանալու (…կամ պարտադրելու) պարագային, ինչ որ ալ ըլլան յաջորդ քայլերն ու իրադարձութիւնները, Սպիտակ Տան վարձակալը կորսնցուցած պիտի ըլլայ թէ՛ ժողովրդականութիւն, թէ՛ վստահութիւն եւ …թէ՛ ինքնավստահութիւն:
Մինչ այդ “յարձակիլ թէ չյարձակիլ“ անորոշութիւնը կը շարունակուի:
ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Պոսթըն – Մասաչուսէց