
Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան
Աւելի քան երեսուն տարի է, որ կ’ապրիմ Ժընեւ ու կը բնակիմ Սէն-Ժան (Saint-Jean) զբօսայգիին մօտակայքը։ Երկու զաւակներս յաճախած են զբօսայգիին յարակից Seujet դպրոցը։ Բազմիցս անցած եմ այս զբօսայգիէն աշխատանքի երթալու ճանապարհին, յաճախ գտնուած եմ այնտեղ ճեմելու կամ պարզապէս խաղաղ պահ մը անցընելու համար, նաեւ պատեհ առիթներով նստած եմ անոր նստարաններէն մէկուն կամ միւսին վրայ՝ բարեկամներու հետ հաճելի զրոյց ունենալու կամ շրջապատին անդորրը վայելելու նպատակով։
Տարիներու ընթացքին այս վայրը ինծի հոգեհարազատ դարձած է։ Կը ճանչնամ անոր ճեմուղիները, դարաւոր ծառերը, եւ նոյնիսկ գարնանամուտին շքեղ գոյներով ծաղկող բուրաստանները։ Ամէն անգամ երբ դիտեմ այդ երփներանգ ծաղկամարգերը, սիրտս վարարուն ուրախութիւն մը կ’ապրի, ու կը յիշեմ անգլիացի մեծանուն բանաստեծ Ուիլիըմ Պլէյքի (1757–1827) «Անմեղութեան կանխանշաններ» բանաստեղծութեան առաջին քառատողը, որ կ’ըսէ.
«Տեսնել աշխարհը աւազի հատիկի մը մէջ,
Իսկ երկինքը՝ վայրի ծաղիկի մը մէջ:
Ափիդ մէջ առնել անծիրն անհուն,
Իսկ յաւերժութիւնը՝ ակնթարթի մը մէջ»:
Զբօսայգիին մէջ քանի մը արձաններ կան։ Անոնցմէ ոմանք բարձր պատուանդաններու վրայ կանգնած են եւ կը յիշեցնեն Ժընեւ քաղաքի այն նշանաւոր անձնաւորութիւնները, որոնք մեծ ծառայութիւն մատուցած են քաղաքին։ Ուրիշներ, սակայն, գրեթէ աննկատ կերպով միաձուլուած են բնութեան հետ։
Կեանքի մէջ կան երեւոյթներ, որոնց կողքով ամէն օր կ’անցնինք, կը տեսնենք զանոնք առանց իսկապէս տեսնելու, կամ աւելի ճիշդ՝ ընկալելու։ Անոնք այնքան սովորական մասը կը կազմեն մեր առօրեային, որ մեր հայեացքին համար իսկութեան մէջ կը դառնան անտեսանելի։ Թէ ինչո՞ւ է այդպէս, դժուար է ըսել։ Թերեւս պէտք է գայ ճիշդ այն յատուկ պահը, երբ այնքան ծանօթը յանկարծ կը թուի օտար, մինչ այդ լուռ մնացածը, մեր ընկալումի եւ ուշադրութեան լուսանցքին մէջ նետուածը կը սկսի խօսիլ մեզի հետ։ Արդարեւ կան բաներ, որոնք մեզի չեն յայտնուիր այն պահուն, երբ անոնց կը հանդիպինք, այլ միայն այն ատեն, երբ մեր ներաշխարհով պատրաստ կ’ըլլանք զանոնք իսկապէս տեսնելու եւ ընկալելու։
Այդպէս պատահեցաւ այն արձանին հետ, որ չի գտնուիր զբօսայգիին կեդրոնական մասը, այլ անոր հարաւարեւելեան կողմը, շատ մօտ Promenade des Lavandières-ին եւ Pont de la Coulouvrenière-ին։ Այդտեղէն գեղեցիկ տեսարան մը կը բացուի դէպի Ռոն գետը եւ պատմական Bâtiment des Forces Motrices շէնքը։ Եթէ զբօսայգիի կեդրոնական մասէն դէպի Seujet դպրոցը ուղղուինք, ճեմուղիներէն մէկը մեղմօրէն վար կ’իջնէ Ռոն գետի ուղղութեամբ։
Այդ պրոնզաձոյլ արձանը, որուն մասին կը խօսիմ, զետեղուած չէ բարձր պատուանդանի մը, այլ ցած քարայատակի մը վրայ՝ ուղիղ ճամբուն քով։ Այդ պատճառով ալ գրեթէ աչքերու հարթութեան վրայ կը հանդիպի անցորդին, որ թերեւս կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ շատերը աննկատ կ’անցնին անոր քովէն։ Ան չի պարտադրեր իր ներկայութիւնը․ ան կը սպասէ, որ յայտնաբերեն զինք։
Այդպէս ալ եղաւ այդ կիրակի առաւօտեան։ Թէ ինչո՞ւ եւ մանաւանդ այդ օր կանգ առի անոր առջեւ՝ դժուար է ըսել։ Մոգական պահ մը կարծէք մագնիսացուց զիս՝ ստիպելով բանալու տեսողութեանս վարագոյրը եւ ընկալելու այն, որ տարիներէ ի վեր ինծի կը թուէր, թէ կը տեսնէի…: Զբօսայգին նոյնն էր, նոյնն էին նաեւ ճեմուղիները, այդտեղ տեղադրուած արձաննները, բայց այս անգամ նոյն աչքերով չէի նայեր անոնց, յատկապէս ամենաաննշան թուող այն արձանին, որ այդ պահուն ուղղակի հմայած էր զիս:
Առանց շտապելու սկսայ դիտել զայն բովանդակ ուշադրութեամբ եւ ներքին ակնածանքով։ Որքան աւելի երկար կը նայէի, այնքան աւելի կը զգայի, թէ ան պարզ արձան մը չէր, այլ ներկայութիւն մը, որ իր լռութեան մէջ շատ ըսելիք ունէր: Կարծէք այդ բոլոր տարիներուն ան համբերութեամբ կը սպասէր, որ վերջապէս կանգ առնեմ ու հանդիպիմ իրեն։
Արձանը ստեղծագործութիւնն է քանդակագործ Ուրսուլա Մալպինի (Ursula Malbin), որուն ան տուած է «Ծաղիկով աղջնակ մը» (Fillette à la fleur) անունը։ Քանդակը ստեղծուած է 1970 թուականին։ Անոր բարձրութիւնը մօտաւորապէս 106 սմ. է եւ կը պատկանի Ժընեւ քաղաքի ժամանակակից արուեստի հաւաքածոյին։ Նշուած թուականէն ի վեր ան կը գտնուի այս զբօսայգիին մէջ՝ դառնալով այդ վայրին լուռ եւ անբաժանելի ներկայութիւններէն մէկը, որ չի մաշիր ժամանակին հետ, այլ իր շուրջբոլորը գտնուող հաստաբուն ծառերուն հետ ինք ալ տարուէ-տարի աւելի խոր կ’արմատաւորուի զբօսայգիին տարածութեան մէջ:
Տարիները անդարձ անցած են․ մարդիկ հերթով եկած են ու գացած, եղանակները՝ մերթ խստաշունչ, մերթ խաղաղ, զիրար յաջորդելով՝ փոխուած են անկասելի հոսանքով։ Բայց ան մնացած է նոյնը՝ խաղաղ լռութեան մէջ դիտելով աշխարհը առանց դատելու եւ առանց խօսելու։ Թերեւս այդ լռութեան մէջ է անոր իսկական ներկայութիւնը՝ ոչ իբրեւ պարզ առարկայ, այլ որպէս կենդանի յիշողութիւն մը, որ քարի եւ պղինձի մէջ կը շարունակէ շնչել՝ պահելով մարդկային իրականութեան մէկ նուրբ երեսը, մէկ ակնթարթային պարագիծը, որ չի կորսուիր ժամանակի հոսքին մէջ, այլ ստոյգ կը դառնայ անոր անբաժանելի մէկ մասը։
Հմայուած կը դիտէի արձանը ու ինքնաբերաբար հարց կու տայի. ո՞վ է այս փոքրիկ աղջնակը։ Ինչո՞ւ մէկ ձեռքով կը բարձրացնէ ծաղիկ մը, իսկ միւս ձեռքին՝ տիկնիկ մը։ Ի՞նչ պատմութիւն կ’ուզէ պատմել ան մեզի, մանաւանդ այսօր, երբ աշխարհը այնքան շատ ցաւի, բռնութեան եւ պատերազմներու մէջ կը գտնուի։
Այդ պահուն յանկարծ մտքովս անցաւ հայրենի մեծանուն գրող Նայիրի Զարեանի յետպատերազմեան տարիներուն գրած այն յուզիչ բանաստեղծութիւնը՝ «Խաղաղութեան աղաւնին» խորագրով, զոր ի տղայի տիոց սորված էի։ Բանաստեղծը այնտեղ պատկերաւոր ու կենդանի գիծերով կը ներկայացնէ 1949 թուականին Փրակայի մէջ գումարուած խաղաղութեան մեծ համաժողովը․ հանդիսաւոր դահլիճ մը, ուր հաւաքուած են աշխարհի զանազան երկիրներէն եկած քաղաքական գործիչներ, բարձրաստիճան զինուորականներ, բազմաթիւ մտաւորականներ ու գրողներ։ Եւ ահա, նիստերէն մէկուն ընթացքին, բեմ կը բարձրանայ վեցամեայ աղջնակ մը՝ իր կուրծքին ամուր սեղմած ճերմակ տիկնիկ մը։ Անոր աչքերուն մէջ նկատելի էր մահաբեր պատերազմին պատճառած վախն ու կորուստի ցաւը։ Ուստի դիմելով Խորհրդային Միութեան հերոս զօրահրամանատար Ֆեոտորովի՝ ան մանկական պարզ, բայց ճշմարտութիւն դրսեւորող ձայնով կըսէ․
«Քեռի՛, չունեմ ես հայր…
Սպանուած է նա Աթենք ում…
Ես տիկնիկիս եւ ինձ համար
Խաղաղութիւն եմ ուզում»:
Անկարելի էր չմտածել, որ նշուած բանաստեղծութեան եւ «Ծաղիկով աղջնակ մը» ստեղծագործութեան միջեւ կային բովանդակային ընդհանրութիւններ՝ անկախ անկէ, թէ ո՛ւր կամ ո՛ր հեղինակին կողմէ յօրինուած էին անոնք: Խաղաղութեան աղաւնին, ձիթենիի ճիւղը, անմեղունակ աղջնակը, ծաղիկն ու տիկնիկը դարերու խորքէն եկող այն խորհրդանիշերն են, որոնք գուցէ մարդոց համար դարձած են ամենահոգեհարազատ պատկերները կեանքի պահպանման եւ խաղաղութեան իտէալի արտայայտութեան մէջ։
Արուեստը սահման չունի, որովհետեւ ան կը պատկանի ոչ թէ աշխարհագրութեան, այլ մարդկային հոգիին։ Ստեղծագործութիւնը, ըլլայ քանդակ, նկար, վէպ կամ բանաստեղծութիւն, իրականութիւն չի ստեղծեր։ Իրականութիւնն է, որ կը ծնի զայն։ Մարդկային փորձառութիւնը, յոյսն ու յուսախաբութիւնը, սէրն ու կորուստը, տուայտանքն ու կարօտը, խաղաղութիւնն ու պատերազմը՝ ահա այն հողն է, ուրկէ կը ծլի արուեստը։ Սակայն երբ ստեղծագործութիւնը լոյս աշխարհ կու գայ՝ ընդամէնը արուեստի պարզ գործ մը չէ։ Ան կը վերածուի հայելիի մը, որ ոչ միայն կ’արտացոլացնէ իրականութիւնը, այլ նաեւ կ’օգնէ մեզի տեսնելու այն, որ առօրեային մէջ յաճախ անտեսանելի կը մնայ։ Արուեստը կը բացայայտէ իրականութեան ներքին իմաստը, կը հարցաքննէ եւ երբեմն ալ կը գերազանցէ զայն՝ դառնալով մարդու ներաշխարհը լուսաւորող լուսարձակ մը, ինքնաճանաչողութեան ուղեկից եւ գոյութեան իմաստը որոնող ձայն մը։
Անգամ մը եւս կը դիտեմ արձանը ու կրկին կ’անդրադառնամ, որ արուեստի որոշ գործեր իրենց մեծութիւնը չեն պարտադրեր դիտորդին։ Անոնք լուռ կը սպասեն, մինչեւ մենք պատրաստ ըլլանք զանոնք իսկապէս ընկալելու։ Թերեւս անոնց ճշմարտութիւնը չի բացայայտուիր այն օրը, երբ զանոնք առաջին անգամ հարեւանցի կը տեսնենք, այլ այն պահուն, երբ մեր հոգին պատրաստ կ’ըլլայ զայն ընդունելու։ Փաստօրէն արձանը, որուն առջեւեն բազմիցս անցած էի, բոլորովին չէր փոխուած. փոխուած էր իմ հայեացքը։
Արձանը չի ներկայացներ հերոսուհի մը, ոչ ալ յաղթանակած անձ մը կամ նահատակ մը։ Ան փոքրիկ աղջնակ մըն է՝ խոցելի, փխրուն, բայց միաժամանակ՝ ուղիղ ու արժանապատիւ հպարտութեամբ կանգնած։ Ձախ ձեռքով ան վեր բարձրացուցած է ծաղիկ մը՝ կեանքի, գեղեցկութեան եւ յոյսի հնագոյն խորհրդանիշերէն մէկը։ Իսկ աջ ձեռքով բռնած է տիկնիկ մը, որ մանկութեան, գուրգուրանքի եւ ապահովութեան խորհրդանիշն է։ Այս երկուքն ալ կեանքի այն արժէքներն են, որոնք պատերազմներու ընթացքին յաճախ առաջինն են, որ կը զոհուին։
Յատկապէս մեր օրերու պատերազմներու եւ հակամարտութիւններու լոյսին տակ՝ Ուքրանիոյ, Կազայի, Սուտանի, Իրանի, Լիբանանի եւ աշխարհի բազմաթիւ այլ վայրերու մէջ, այս քանդակը կարծէք կը ստանայ նոր իմաստ մը։ Արդարեւ, մեր առջեւ չի ներկայանար աղջնակ մը, որ պարզապէս իր մանկական խաղերով տարուած է: Ընդհակառակը՝ ան կը խորհրդանշէ այն միլիոնաւոր մանուկները, որոնց մանկութիւնը բռնութեան եւ պատերազմներու ստուերին տակ կ’արիւնի։
Այդպիսով ծաղիկն ալ նոր նշանակութիւն մը կը ստանայ։ Ան կը թուի ըլլալու զէնքերուն դէմ ուղղուած լուռ, բայց վճռական հակադրութիւն մը։ Ծաղիկը չի կրնար որեւէ մէկը պարտութեան մատնել. ան միայն կրնայ աճիլ ու ծաղկիլ՝ ցուցադրելով կեանքը եւ անոր բովանդակ գեղեցկութիւնը։ Եւ ճիշդ ա՛յդ է անոր ուժը։ Ան մեզի կը յիշեցնէ, որ խաղաղութիւնը միայն զօրութեամբ չի հաստատուիր, այլ կեանքը պահպանելու, խնամելու եւ փայփայելու կարողութեամբ։
Տիկնիկն ալ նոյնքան խորհրդանշական է։ Չափահաս մարդոց համար ան լոկ խաղալիք մըն է։ Բայց երեխային համար ան բարեկամ մըն է, ընտանիքի անդամ մը, հարազատ խաղընկեր մը, կամ մխիթարութեան աղբիւր մը։ Պատերազմի գօտիներու մէջ տիկնիկներն ու փափուկ խաղալիքները յաճախ այն սակաւաթիւ իրերէն են, զորս երեխաները իրենց հետ կը վերցնեն փախուստի ճամբուն։ Անոնք կը հանդիսանան մարդկայնութեան այն խորհրդանիշերը, որոնք պէտք է պահպանուին, նոյնիսկ ամենադաժան իրավիճակներու մէջ։
«Ծաղիկով աղջնակ մը» ստեղծագործութիւնը իր խորհրդաւոր պարզութեան մէջ մեզի կը յիշեցնէ, որ խաղաղութիւնը միայն պետութիւններու կամ կառավարութիւններու գործը չէ։ Ան կը սկսի առօրեայէն՝ այնտեղ, ուր բոլորս պատասխանատւութիւն կը ստանձնենք իրարու հանդէպ, որպէսզի երեխաները անվախ խաղալ կարենան ու աճիլ կեանքի մէջ, սորվիլ, ձեռք բերել իրենց փորձառութիւնները եւ, ի վերջոյ, իրենք ալ ատակ դառնան իմաստ տալու իրենց գոյութեան եւ ապրելու զայն գիտակից պատասխանատւութեամբ:
Արդարեւ, քանի դեռ երեխան կրնայ մէկ ձեռքով բարձրացնել ծաղիկ մը, իսկ միւսով գրկել տիկնիկ մը, մեռած չէ տակաւին յոյսը, կեանքը, որ կը ծաղկի, սէրը կ’աճի կեանքը իմաստաւորող իր բովանդակ գեղեցկութեամբ: Բայց երբ երեխան կը ստիպուի զէնք կրել կամ մահ ու աւեր սփռող որոտացող թնդանօթներէն փախչիլ՝ ձախողած է աշխարհը իր ամենահիմնական պարտականութեան մէջ։
Այս իմաստով՝ «Ծաղիկով աղջնակ մը» արձանը կարելի է ընկալել որպէս խաղաղութեան պատգամ մը։ Ան չի ցուցադրեր պատերազմին սարսափները, այլ կը յիշեցնէ այն, ինչ պատերազմը մարդէն ամէնէն առաջ կը խլէ՝ երջանիկ մանկութիւն մը ապրելու իրաւունքը, վստահելու կարողութիւնը եւ ապահով աշխարհի մը երազը։ Ան չի հնչեցներ քաղաքական կոչ մը եւ ոչ ոք կը մեղադրէ. իր լուռ եւ խոնարհ ներկայութեամբ ան միայն կը յիշեցնէ, թէ ի՛նչ է այն մեծագոյն արժէքը, որ պարտաւոր ենք պաշտպանել – ամէն բանէ առաջ կեանքը: Պէտք չէ մոռնալ, որ դիմացինդ միշտ մա՛րդ է, կեանք է ու կը ներկայացնէ անչափելի արժէք մը: Ամէն մարդկային կեանք ինքնին տիեզերք մըն է։ Անոր կորուստը երբեք միայն մէկ մարդու կամ անհատի մը կորուստը չէ, այլ ամբողջ աշխարհ մը աղքատացնելու ողբերգութիւն։ Ուստի ամենեւին զարմանալի չէ, որ այսպիսի համեստ թուող ստեղծագործութիւններ երբեմն մարդոց սիրտերուն շատ աւելի խոր ու ազդեցիկ կը խօսին, քան ամենաշքեղ պատերազմական յուշարձանները:
Արդարեւ, երբ աշխարհը կը մոռնայ մանուկը, կը մոռնայ նաեւ ինքզինք։ Մանուկը պաշտպանել՝ մարդկութիւնն ու անոր ապագան ապահովել կը նշանակէ։ Խաղաղութիւնը պատերազմին լոկ բացակայութիւնը չէ։ Ան այն չէ, որ պատերազմէն ետք կը մնայ, այլ այն՝ որ մարդուն մէջ մարդկայնութենէն կը մնայ․ այն խորհրդաւոր եւ ստեղծագործ զօրութիւնը, որ մարդը աւելի՛ մարդ կը դարձնէ։ Խաղաղութիւնը կը սկսի այն պահուն, երբ մարդը դիմացինին մէջ ոչ թէ թշնամի, այլ ամբողջ տիեզերք մը կը տեսնէ՝ իր բովանդակ գեղեցկութեամբ, հմայող խորհրդաւորութեամբ եւ անչափելի արժանապատուութեամբ:
Ժընեւ, 2 Յուլիս 2026
Յիշատակ սրբոյն Եղիսէի մարգարէին

