ԳԱՐԵԳԻՆ ՔԱՀԱՆԱՅ ՊԵՏՈՒՐԵԱՆ
Մարդկային կեանքը, իր հոգեկան ու ֆիզիքական զոյգ կազմուածքներով կը կազմէ սքանչելիք մը, որ Աստուածային նախախնամութեամբ ստեղծագործուած ու կատարեալ ձեւ մը զգեցած է:
Մարդ արարածին համար, վաղ ժամանակներէն սկսեալ, ժամանակի հասկացողութիւնը այնպիսի արժէք ունեցած է, որուն հետ ան կապած է իր առօրեան, կեանքի շրջանն ու անոր մանրամասնութիւնները:
Ժամանակը մարդուն համար է ու ժամանակով է, որ մարդ արարած կը կանոնաւորէ եւ տրամաբանական հունի մը մէջ կը զետեղէ իր կեանքը: Սակայն մարդկային էութիւնը միշտ կը մնայ ու պէտք է մնայ ժամանակէն վեր ու ժամանակէն անդին, չի կրնար մարդկային հոգեկան անհուն տիեզերքը սահմանափակուիլ ժամանակամիջոցի մը մէջ:
Շատ մը մարդոց կը հանդիպինք, որոնք հասած ըլլալով իրենց կեանքի վերջակէտին, տակաւին իրենք զիրենք կամ իրենց առաքելութիւնը կը գտնեն կիսաւարտ վիճակի մէջ, շատ բաներ ունէին տակաւին ընելու, շատ մը իրագործումներ ունէին կատարելու, սական իրենց ժամանակը արդէն աւարտած է ու պիտի յանձնուին անժամանակին՝ յաւիտենականին:
Ժամանակը այնպիսի իրականութիւն մըն է, որ կարելի չէ զայն ետ տանիլ կամ որոշ ժամանակամիջոցներ կրկին անգամ կեանքի բերել: Կարելի է անցեալին մէջ պատահարները կրկնել եւ այդպիսով նոյնութիւն մը ստեղծել անցեալին եւ ներկային միջեւ: Օրինակ, այսօր շատ կը լսենք մեր չորսդին ու ականատես կը դառնանք երեւոյթներու, զորս կը կոչենք ժամանակը կրկնող դէպքեր: »Ժամանակը ինքզինք կը կրկնէ«… այս իրականութիւնը այնքան ակնյայտ է, որ մարդ արարած ստիպուած ինքզինք կը զգայ մաս մը պատմութեան ժամանակէն ու կը նոյնանայ պատմութեան տուեալ ժամանակին հետ:
Մարդկային ընկերութեան կեանքին մէջ կան ժամանակներ, որոնք հաւաքական թէ անհատական գետնի վրայ մեծ կարեւորութիւն ունին եւ այնպիսի առիթներ են, զորս լաւագոյնս կը պահպանուին, ի խնդիր յիշելու, վերապրելու, ներշնչուելու եւ յարգանք տածելու տուեալ երեւոյթի անձին – անձերուն, դէպքին – դէպքերուն: Տօնական օրերը, յիշատակի տօնախմբութիւնները, անհատներու ծննդեան տարեդարձները կամ մահուան տարելիցները, կը կազմեն մարդկային կեանքի մտքին ու հոգիին տուրքը կամ յարգանքի ու յիշատակի մատուցումը:
Ժողովուրդներ կան, որոնք ունին իրենց յատուկ կամ անձնական տօներ կամ տօնակատարութիւններ: Անոնք կը կատարուին տուեալ ժողովուրդի մշակութային եւ աւանդական ձեւերով, կամ կրօնքներու յատուկ տօնախմբութիւններ: Անոնք հասարակաց են բոլոր նոյն կրօնքին հետեւող ազգութիւններուն, սակայն նոյնպէս ազգային իւրայատուկ երանգով ու աւանդական սովորութիւններով: Կան տօներ կամ տօնախմբութիւններ, զորս հասարակաց են գրեթէ բոլոր ժողովուրդներուն ու ազգութեանց մօտ:
Այդ տօնակատարութեանց կամ առիթներուն մէջ ամէնէն ակներեւն ու հասարակացը, Ամանորի տօնախմբութիւնն է: Ամանորի տօնը շատ հին պատմութիւն կ’ենթադրէ ու իր մէջ կը բովանդակէ մէկէ աւելի իմաստներ: Անոնք իւրաքանչիւր անձի համար բան մը կը նշանակեն եւ իւրաքանչիւր անձ իրեն յատուկ ձեւը ունի ըմբռնելու Ամանորի խորհուրդը:
Ամանորը իր ձեւին մէջ շատ պարզ առիթ մըն է, օր մը տարուան բոլոր օրերուն նման, այդ օր արեւը իր բնական ժամուն կը ծագի ու իր բնական ժամանակին մայր կը մտնէ, այդ օրը տարուան բոլոր օրերուն նման քսանչորս ժամերէ կը բաղկանայ եւ այսպէս… ամէն օրուան նման:
Ակներեւ կամ տիեզերական իրականութիւնը, որ կը տեսնուի այդ օր, ժամանակի հասկացողութեան փոփոխութիւնն է: Տարուան թիւին փոխուիլը, նոր տարի մը սկսիլը, օրացոյցի փոփոխութիւն, հին օրացոյցը մէկ կողմ դնելով, բոլորը իրենց տուներուն, հաստատութիւններուն անձնական օրացոյցները կը նորոգեն, եւ ամէն բան նոր, նոր ու նոր կը դառնայ: Բայց յաջորդ առաւօտ երբ կը զարթնուն, կրկին անգամ կը տեսնեն ամէն բան բնական, ինչպէս որ էր »անցեալ տարի«:
Սակայն խորքին մէջ ի՞նչն է որ կը փոխուի, ի՞նչն է որ կը նորոգուի, ինչո՞ւ համար կը նորոգուի եւ ի՞նչ է պատգամը կամ խորհուրդը Ամանորին:
Ամէն մարդ ձեւով մը կը դիմաւորէ Ամանորը, շատեր մեծ ուրախութեամբ, տօնախմբութիւններով, պատրաստութիւններով, աներեւակայելի գումարներ յատկացնելով… շատեր ալ, աւելի պարզ բնոյթով կը տօնախմբեն, Ամանորը առիթ մը նկատելով իրար մօտ հաւաքուելու, զիրար տեսնելու, ազգականական կամ բարեկամական ջերմ միջավայր մը ստեղծելով:
Շատեր կան, որոնց համար արժէք չունի Ամանորը: Ան պարզապէս օր մըն է, որուն աւարտը կը սպասեն, կամ թերեւս կ’ուրախանան որովհետեւ արձակուրդի կամ հանգիստի օր մը պիտի ունենան:
Նաեւ այս աշխարհին այնքան կապուած ու աշխարհայինով կալանաւորուած մարդիկ ալ կան, որոնք Ամանորի ժամանակ, կարծէք դժբախտութեան մը հանգրուանին դիմաց կը գտնուին, որովհետեւ իրենց կեանքը տարիով մը եւս կ’անցնի, աւելի կը ծերանան, ուստի իրենց մէջ բնական տխրութիւն մը կը յառաջանայ, որ դժբախտաբար մարդ արարած ոչինչ կրնայ փոխել այդ իրականութենէն:
Այս բոլորին հակառակ, մարդոց ալ կը հանդիպինք դժբախտաբար, որոնք ոչ կարելիութիւնը կ°ունենան եւ ոչ ալ միջոց Ամանորը տօնախմբելու, այդ ըլլայ աղքատութեան վատ վիճակով, կորուստներու ենթարկուելով՝ սիրելիներու եւ մտերիմներու առհաւէտ բաժանումով կամ անոնց առողջական վատ իրավիճակով:
Պէտք է լաւապէս գիտակցիլ ու տրամաբանօրէն մտածել, թէ Ամանորը սոսկ տօնախմբութեան մը հաւաքը չէ, այլ զայն անդրանցնող այնպիսի առիթ մը, ուր մարդ արարածին դիմաց կը բացուի նոր հորիզոն մը, նոր երազներով ու իրականութիւններով, իրագործումներով ու մարտահրաւէրներով: Ամանորը բանալով մեր դիմաց Նոր Տարին, իր մէջ արդէն կը բովանդակէ նորութեան ու նորոգութեան սքանչելի խորհուրդը:
Աստուածային նախախնամութիւնն ու բնութիւնը անգամ մը եւս մարդ արարածին կը պարգեւեն առիթ մը ինքզինք քննելու, իր էութեան խորքը սուզուելով մտածելու ու խորհրդածելու նախորդ տարուան ու անոր բոլոր մանրամասնութիւններուն մասին ու տեսնել թէ ո՞րքանով ան ինքզինք կատարելագործած, իրագործած ու արժեւորած է:
Շատերու համար ցաւօք սրտի Ամանորը միայն ճոխ սեղան կը նշանակէ, այնպիսի ճոխութիւն, որ իր բնական սահմանը անցնելով կը դառնայ անիմաստ, ընչաքաղցութեան առիթ, արբենալու ու ինքզինք կորսնցնելու վիճակ եւ համապատասխան մթնոլորտ… աւելի ցաւալին այն է, որ յաջորդ առաւօտ երբ պահ մը կը շրջինք փողոցները, հոն կը տեսնենք անհաշիւ աղբի տոպրակներ, որոնք նախորդ օրուան ճաշերուն եւ ուտելիքներուն աւելցուքներն են, շատ յաճախ կազմելով երկու երրորդը նախորդ օրուան տօնախմբութեան պահանջքին:
Այս մէկը հանդիսանալով մարդկային ընկերութեան ու Աստուածային պատկերի աղաւաղիչ ու քանդիչ նկարագիրը, ահաւասիկ կը տեսնուի Նոր Տարուան սեմին: Այս մէկը տակաւին մէկ երեւոյթ է այն բազում երեւոյթներէն, ուր մարդ արարածը անխնայ կը գործածէ Աստուծոյ պարգեւները ու գիտակցաբար դէմ դրած կ’ըլլայ Աստուծոյ պատուիրանին:
Ամանորի իմաստը կը կայանայ նաեւ ուրիշը ուրախ պահելու առաքինութեան մէջ: Ուրիշը ուրախ պահած կ’ըլլանք, երբ զայն մասնակից կը դարձնենք մեր ուրախութեան, բաժնեկից կը դարձնենք այն բոլոր առաւելութիւններուն, զորս ունինք բայց մեր նմանը զրկուած է: Անձնական ԵՍ ին մէջ թաղուած այս աշխարհը, այլեւս կը դժուարանայ այսպիսի առաքինութեանց տէրը մնալ եւ այդ իսկ պատճառով, մարդկային եսակեդրոն արարքները պատճառ կը դառնան Աստուծոյ շնորհքին ու օրհնութեան ձրի վատնումին:
Աշխարհը այսօր կը դիմագրաւէ լուրջ հարցեր, որոնց առաջին պատճառը մարդկային բարոյականութեան հանդէպ ունենալիք սխալ ու վատառողջ մօտեցումներն են: Այսօր մարդկային արարքները, ընկերային ու անհատական սկզբունքներու անբնական ընթացքն ու հասկացողութիւնը, պատճառ սկսած են դառնալ նոյինսկ բնութեան անբնական ընթացքին, որուն ականատես կը դառնանք աշխահի չորս կողմերուն մէջ տեղի ունեցող աղէտներու արդիւնքով, անոնք ըլլան նիւթական կամ բարոյական աղէտներ:
Ամանորը իր խորհուրդով կու գայ մարդկութիւնը անգամ մը եւս հրաւիրելու իր նախկին ու բնական ընթացքին. կու գայ յիշեցնելու մարդ արարածին, թէ աշխարհը իր սեփականութիւնը չէ, այլ կը պատկանի անոր, որ տիեզերքը ստեղծեց: Ամանորը մարդկութեան մէջ կը ցանէ գիտակցութիւն տէրը դառնալու այս սքանչելի տիեզերքին, որ Աստուած պարգեւեց մարդկութեան ու կենդանական աշխարհին:
Ամանորը վերջապէս առիթ մըն է ու լաւագոյն առիթն է հաշուեյարդարի… մարդ ինք իր անձին ու հոգիին հետ ամփոփուելով, ինք իր ներքին տիեզերքին հետ անկեղծ գտնուելով, կը կանգնի ու հաշուի կ’ենթարկէ այն բոլոր արարքները, զորս պէտք չէ կատարեր, որովհետեւ անոնք վնասեցին իր անձին, էութեան ու գուցէ շրջապատին, եւ նկատի առնէ այն բոլոր լաւ ու առաքինի արարքները, զորս իրագործեց նախորդ տարուան ընթացքին:
Ամանորը նոր սկիզբ մըն է, մաքուր ու սպիտակ էջի մը սկիզբը, որուն մէջ ամէն օր պիտի արձանագրուին այն բոլոր արարքները, որ անհատը կը գործէ իր բնութիւնը, նկարագիրը եւ պատկերը արտացոլացնելով, առաքինի գործերը անհրաժեշտ է որ լեցնեն այդ էջերը, ազնիւ նկարագիր հարկ է որ յայտնաբերուի այդ էջերուն ընդմէջէն:
Ամանորի սքանչելի խորհուրդը լաւ հասկնալով, կրնանք ըմբռնել կեանքի վաւերական իմաստը: Կեանքը հասկնալու համար լաւապէս բանանք մեր մտքերն ու հոգիները Աստուծոյ ու Իր Խօսքին: Ինքն է, որ մեզի պարգեւեց մեր կեանքը, ուրեմն լաւապէս գիտակցինք, թէ այս կեանքը որ մենք կ’ապրինք միայն մեզի չի պատկանիր, այլ Անոր, որ զայն ստեղծեց ու Իր խնամքին ներքեւ կը գտնուի ամէն վայրկեան:
Ահաւասիկ արդէն կը մօտենանք Նոր Տարուան սեմին ու պիտի դիմաւորենք Ամանորը, որ լեցուն է իր անակնկալներով եւ նորութիւններով: Մեզմէ շատեր վստահաբար ծրագիրներ մշակած են ու երազներ հիւսած, գալիք տարուան մէջ իրագործելու համար: Ուստի մեր բոլոր ծրագիրները, երազներն ու իրագործումները յանձնենք Աստուծոյ կամքին, հաւատալով Աստուծոյ, որ գիտէ մեր կարիքները ու կը կատարէ միայն այն բաները, զորս ի հեճուկս մեզի կը հանդիսանան:
Յիսուս Քրիստոսի կենսարար խօսքը լաւագոյնս կը մեկնաբանէ այս ոգին երբ կ’ըսէ. »Մի° մտահոգուիք ո°չ ձեր ուտելիքով եւ ո°չ ալ ձեր խմելիքով, եւ մի° մտատանջէք դուք ձեզ, որովհետեւ ասոնք բոլորը հեթանոսներուն յատուկ են: Ձեր Հայրը գիտէ որ այդ բոլորին պէտք ունիք: Այլ, ուզեցէք որ Աստուծոյ արքայութիւնը գայ, եւ Աստուած այդ բոլորը աւելիով պիտի տայ ձեզի« (Ղկ 12.29-31):
Միշտ նկատի ունենանք աղքատն ու կարօտեալը եւ զայն բաժնեկից դարձնենք մեր ուրախութեան ու խնդութեան, այն ատեն է միայն, որ հասկցած կ’ըլլանք Ամանորի խորհուրդը ու հաստատած կ’ըլլանք մեր Աստուածային պատկերին համաձայն ստեղծուիլը:
Թող Ամանորը իր հետ բերէ ամէն բարիք եւ օրհնութիւն: