ԳԱՐԵԳԻՆ ՔԱՀԱՆԱՅ ՊԵՏՈՒՐԵԱՆ
Այս նիւթին եւ այլ նմանօրինակ էական նիւթերու շուրջ խօսիլն ու խորհրդածելը, կարծէք մեր ներկայ ժամանակներուն դարձած է ձանձրոյթ պատճառող կամ ժամանակավրէպ արծարծումներ: Հայ ժողովուրդի ինքնութիւնը պահող, նկարագիրը ճշդող, էութիւնը հաստատող ու մարդկային կեանքը դրսեւորող հիասքանչ լեզուն, հիմնական խորհրդածութեան նիւթ կը նկատուի բոլոր անոնց համար, որոնք նախանձախնդիր են մեր ազգի գոյապահպանման արշաւին ու առաքելութեան:
Սփիւռքեան մեր իրականութեան մէջ, ընդհանրապէս հայերէն լեզուի գործածութեան ու անոր պահպանման համար մեծ ջանքեր կը կատարուին, որ ինքնին պարզ երեւոյթ մըն է, որովհետեւ կþապրինք զանազան ազգութիւններու մէջ, որոնք ունին իրենց յատուկ լեզուն, կրօնքը, մշակոյթը, նկարագիրն ու բարքերը: Կրօնական ու ազգային գիտելիքներու մատակարարման կողքին, լեզուին արժէքը պահելու ի խնդիր կատարուող ջանքերը շատ մեծ են:
Լեզուն կը պահուի զայն գործածելով: Լեզուին արժէքն ու կենսունակութիւնը կը կայանայ անոր յարատեւ գործածութեան ու մշակման աշխատանքին մէջ: Սփիւռքի մէջ մեծ է մեր գործը ու լայնածաւալ, ըլլալով փոքրաթիւ ազգ մը, բայց երբեք չնուաճուելով գուցէ տասնապատիկ ու աւելի թիւ ունեցող ազգերէ: Գոյատեւման աշխատանքը իր մէջ կը բովանդակէ կրօնական, ազգային, մշակութային, լեզուական, գրական ու այլ էական տուեալներ, որոնց առողջ ու կայտառ նկարագրի միջոցաւ, մենք զմեզ կը դասենք եւ այլոց կողմէ ալ կը դասուինք որպէս պատմական մեծ արժէք ունեցող ու ներկայի գոյատեւման վիթխարի զօրութիւն ունեցող փոքրամասնութիւն:
Մեր հայ գիրերու Աստուածային նախախնամական գիւտով, հայ ժողովուրդը ունեցաւ իր իւրայատուկ ինքնութիւնն ու ազգային արժէքը, արդէն իր կրօնական հաստատ համոզումներով ու հաւատքով: Հայ գիրերու գիւտը եղաւ նոր սկիզբ մը հայ ժողովուրդի համար, այս անգամ գրի ու գրականութեան ծաղկումով ու անոնց սքանչելի աւանդով: Մեր նախահայրերը, որոնք հիմը դրին մեր պատմութեան, Աստուածային ընծայ նկատեցին մեր հայկական տառերը, որոնց միջոցաւ կերտեցին մեր ինքնուրոյն արժէքը: Անոնք հետապնդելով մեծ երազներ ու իրագործումներ, նախանձախնդիր կերպով ու անհատնում աշխատանքով, փորձեցին ու յաջողեցան կազմել մեր հայ մշակոյթը ու տանիլ այն բարձրութեան, զոր կարելի չէ որեւէ մէկ ուժի կողմէ նուաճուիլ, քանդուիլ, փոխուիլ կամ աղաւաղուիլ: Անոնք հաւատացին, որ առանց լեզուի պահպանման, թէական պիտի ըլլար այս ազգի գոյութիւնը, որովհետեւ լեզուն կը պահէ, կը մօտեցնէ, կը միացնէ, կը զօրացնէ ու կը յաղթէ:
Սեփական լեզու չունենալ, կը նշանակէ ոչ մէկ սեփականութիւն ունենալ: Ի՞նչպէս պիտի ներկայանայինք ամբողջ աշխարհին ու արտայայտէինք մեր նկարագիրը, խօսքն ու կեցուածքը, եթէ չունենայինք հայ լեզուն, որ գրաւականը դարձաւ եւ է մեր գոյութեան: Սակայն պէտք է լաւապէս գիտակցիլ, թէ այս բոլորը չեն պատկանիր միայն անցեալին, այլ անցեալէն աւելի ա°յսօր անհրաժեշտ ու պայմանական կարիքը ունինք որպէս հայ ժողովուրդ, ջանք չխնայելու մեր հայ լեզուի պահպանման աշխատանքին: Աշխարհը իր այլազան ու բազմազան երեւոյթներով եւ կարիքներով, պայմաններով ու պարագաներով, յաճախ մեզ մարտահրաւէրներու դիմաց կը դնէ, որոնք իրենց խորքին մէջ սկսած են լուրջ մտահոգութեանց վերածուիլ: Հայ լեզուն չի պահուիր միայն զայն յիշելով, անոր կարեւորութեան մասին խօսելով, յարատեւ գործածելով: Հայերէն խօսիլը ոչ թէ նախընտրութիւն պէտք է ըլլայ, այլ պայման ու գրաւական հայ անհատի կոչումին:
Պայմանները որքան որ ստիպեն, այդ մէկը պէտք չէ պատճառ դառնայ յանձնուելու ու կորսուելու օտար մշակոյթներու ու ազգութեանց մէջ, հեռանալով մեր դարաւոր ու միջազգային մեծ արժէք ունեցող լեզուէն: Ո՞ր լեզուն աւելի հարուստ է քան մերը, ո՞ր լեզուն աւելի ճոխ է քան մերը, ո՞ր լեզուն աւելի սուրբ է քան մերը: Մեր լեզուն կը սկսի աղօթքով, անոր առաջին նախադասութիւնը կը սկսի օրհնութեամբ. ՃԱՆԱՉԵԼ ԶԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԶԽՐԱՏ, ԻՄԱՆԱԼ ԶԲԱՆՍ ՀԱՆՃԱՐՈՅ… (Առակաց 1. 2): Աստուածաշունչի Իմաստութեան գիրքին մէջ արձանագրուած այս համարը, կարծէք կը սպասէր մեր գիրերու գիւտին, որպէսզի առաւել կեանք ստանար եւ իմաստաւորուէր: Պատահական չէր, որ մեր թարգմանիչ հայրերը նախընտրեցին մեր լեզուի պատմութիւնը սկսիլ այս համարով, այլ անոնց ետին կար մեծ նպատակ ու իմաստ, որն է մեր լեզուին Աստուածային նախախնամութեամբ յայտնաբերումը եւ Աստուծոյ հովանիին ու Անոր իմաստութեան արդիւնքը եղող հսկայ գիւտը: Ուստի, մենք ալ պարտինք իմաստուններուն նման արժեւորել ու խնամել մեր սուրբ լեզուն: Պարտինք ունենալ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի հաւատքն ու երազը, որպէսզի կարենանք մենք եւս իրականացնել հրաշալիքներ ու նուաճել նորանոր տեսիլքներ:
Բանաստեղծին բառերով՝ Հայ լեզուն տունն է հայուն, աշխարհի չորս ծագերուն… այնպիսի տուն մը, որուն հիմերը զօրաւոր ու անխախտ հաւատքի վրայ կառուցուած են. այնպիսի տուն, ուր հայ անհատը կը գտնէ իր յոյզերն ու զգացումները արտայայտող օրրան: Մեր լեզուի գեղեցկութիւնը գովերգուած է շատ մը գրիչներու կողմէ, անոր տալով ադամանդի արժէք: Ուստի փայլուն պահենք ու աւելի զարդարենք մեր ադամանդեայ լեզուն, արժանի դառնալով մեր նախնիներուն անխոնջ աշխատանքի գնահատման:
Երբեք չկարծենք թէ այլ լեզուներով պիտի կրնանք պատմութիւն կերտել: Այլ լեզուներ կը գործածենք, որովհետեւ կþապրինք այլ երկիրներու մէջ, ստիպուած ու բնականաբար քայլ պահելու տեղւոյն կեանքին հետ: Սակայն մեր պատմութիւնը եւ սրբութիւնները պահելու համար հարկ է ա°յն լեզուն գործածել, որուն միջոցաւ սկիզբ առաւ այդ պատմութիւնը: Երբեք դժուար չէ լեզուն պահել, երբ քանի մը հայ քով քովի գալով իրենք զիրենք պարտադրեն հայերէն խօսելու ու պատասխանատու զգան մաս կազմելու հայապահպանման արշաւին, արդէն կը յաջողինք ու մեր նպատակին կը հասնինք:
Տեսիլք ունենալ է պէտք, նման սուրբ առաքելութիւններ յաջողցնելու համար, այլապէս այդ մէկը կը դառնայ պարզապէս անկենդան պարտականութիւն: Պէտք է սիրել հայ լեզուն, զայն խնամելու համար: Հայ մայրը իր զաւկին օրօրոցի կեանքէն սկսելով, երբ անոր ականջները լեցնէ հայ լեզուով ու այդքան գեղեցիկ հայերէն երգերով եւ երաժշտութեամբ, ինքնաբերաբար արժանի կը դառնայ հայ մայր կոչումին ու օրհնութեան: Հայ հայրը երբ ճիգ չխնայէ իր զաւակներուն ջամբել հայեցի դաստիարակութիւն ու հայթայթել հայեցի մթնոլորտ, արժանի կը դառնայ կոչուելու հայ օճախը պահող հայր:
Մեր եկեղեցիներն ու կազմակերպութիւնները, իրենց հիմնական նպատակը ունին ու ի գործ կը դնեն ամէն տեսակ միջոց, պահելու հայ լեզուն եւ զայն աւանդելու նոր սերունդին, որպէս ապագան այս ազգին: Հայ լեզուն պահած կþըլլանք երբ կը խօսինք հայերէն, կը գրենք հայերէն, կþերգենք հայերէն, կþաղօթենք հայերէն, կը կարդանք հայերէն, այլապէս զուր է մեր ջանքը ու զուր է մեր հայ կոչումը:
Մեր լեզուին հարստութիւնն ու ճոխութիւնը կը կայանայ նոյնպէս իր Գրաբար եւ Աշխարհաբար տարբերակներով: Գրաբարի վեհութիւնն ու մեծութիւնը, թէեւ անոր առաւել գործածութիւնը անցեալին կը պատկանի, սակայն կը պահէ ու ամէնէն կարեւոր ազդակն է մեր լեզուին, ըլլալով անոր հիմը:
Մեր աղօթքի լեզուն է գրաբարը: Մեր եկեղեցական արարողութիւնները Աստուածային լոյսերով զարդարող գրաբար լեզուն, կարծէք մեզ աւելի կը մօտեցնէ Աստուծոյ ու Անոր մեծութեան եւ իմաստութեան: Արարողութեանց վեհութիւնը ու երկնառաք գաղտնիքը կը յայտնաբերուի գրաբար մեր աղօթքներով, մաղթանքներով, քարոզներով ու շարականներով, որոնք կը կազմեն մեր Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հարուստ աստուածաբանութիւնը ու կրօնական տեսակէտը: Ուստի ինչ լաւ պիտի ըլլայ երբ մեր ժողովուրդի զաւակները տիրապետելով աշխարհաբար լեզուին, նոյնպէս կարեւորութիւն տան ու սորվին գրաբարը, զայն չպահելով միայն եկեղեցիներուն ու վանքերուն մէջ, այլ դուրս բերելով տանին մեր հայ ժողովուրդի տուներն ու դպրոցները, միասնաբար վերականգնեցնելով մեր նախնիներուն տեսիլքը:
Զանազան պատմական իրադարձութեանց պատճառներով յառաջ եկող աշխարհաբար լեզուն, իր վեհութեամբ շատ աւելի գործնական դարձուց մեր լեզուն, աւելի դիւրին ու հեզասահ ընթացք մը տալով իրեն: Տեսնենք այդ մեծութիւնը ու արժեւորենք զայն:
Ուստի մեր նոր սերունդի երիտասարդներուն յանձնուած այս գործը կþենթադրէ մեծ պատասխանատուութիւն ու խոր գիտակցութիւն, հանդէպ մեր լեզուին ու անոր լաւագոյնս պահպանման: Միասնական աշխատանքով ու ճիգով կարելի է յաղթել բոլոր մարտահրաւէրներուն ու ըլլալ այնպիսի ազգ մը, որ իսկապէս իր լսելի ձայնը ունենայ համայն աշխարհին: Այս մէկը սկսելու համար պէտք է սկսինք առաջին հերթին միշտ մաքուր հայերէն խօսիլ, լաւ տիրապետել մեր լեզուին ու անոր ծանօթ ըլլալով կարելի դարձնել անոր արժէքի բարձրութիւնը: Շատ լաւ է ու անհրաժեշտ այլ լեզուներու տիրապետել եւ այլ մշակոյթներու ծանօթ ըլլալ, որովհետեւ լեզու մը ինքնին հարստութիւն մըն է անհատի մը համար, սակայն նախ եւ առաջ ու առանց պայմանի ու պատճառաբանութեան մեր հայ լեզուին պէտք է տիրապետել, գործածել ու նպաստել անոր բարեզարդման: Հայ լեզուն այնքան հարուստ է, որ մեզի առաւելութիւն կու տայ դիւրութեամբ սորվելու եւ ըմբռնելու բազմաթիւ լեզուներ, սակայն նախ մերը եւ ապա ուրիշինը:
Կարելիութիւնը մեր առջեւն է, ոչ ոք մեզ կը պարտադրէ հայերէն լեզուն չգործածել, այլ ամէն բան մեր կամքին ձգուած է: Մեր հայ անհատական թէ հաւաքական կեանքէն ներս պարտինք հայերէն խօսիլ, կարդալ հայերէն գիրքեր, գրել հայերէն եւ ունկնդրել հայ երգ եւ երաժշտութիւն: Այս բոլորը ընելով, հաւատարիմ մնացած կþըլլանք մեր ազգին, կրօնքին, պատմութեան, մշակոյթին, գրականութեան ու լեզուին: Այս գործին ու իրագործման կը յաջորդէ լեզուի բարեկարգումն ու ճոխացումը, սերտելով մեր գրականութիւնը, մասնակցիլ իր հարուստ կերտումին, ունենալով նոր մշակոյթի պատմութիւն, որուն առանցքը կը կազմէ հայ լեզուն:
Շարունակենք մեր երթը դէպի փայլուն ապագայ, առաջնորդուելով քրիստոնէական ու հայկական մեր արժէքներով, միշտ գիտակցելով մեր ինքնութեան ու անոր յարատեւ պահպանման: