Քրիստոնեայ անհատը իր երկրաւոր կեանքի ընթացքին մնայուն փնտռտուքի եւ փորձառութեան ընթացք մըն է որ կ՛ունենայ: Աստուծոյ ներկայութիւնը զգալը իւրաքանչիւր քրիստոնեայի կեանքին մէջ հրամայական մըն է, զոր կ՛ամբողջացնէ, կը լիցքաւորէ, կ՛արժեւորէ ու կ՛իմաստաւորէ այդ կեանքը: Ահաւասիկ տարուան այն ժամանակաշրջանն է, զոր Հայ եկեղեցւոյ եւ ընդհանրապէս քրիստոնեայ եկեղեցւոյ համար սահմանուած է որպէս “Մեծ Պահոց“ շրջան, որ ըստ էութեան Վեց շաբաթներու վրայ կը տարածուի եւ Աւագ Շաբաթն ալ հաշուելով կը կազմէ Եօթ շաբաթներու շղթայ մը, որ այնքան իմաստալից է եւ հոգեպարար, սակայն միեւնոյն ժամանակ այնքան պատասխանատու:
Քրիստոնեաներուս կեանքը ճանապարհորդութիւն մըն է` հոգեւոր ճանապարհորդութիւն, զոր կը նշանակէ հոգիով ապրուած կեանք, ինչպէս Պօղոս Առաքեալ զայն գեղեցկօրէն կը բնորոշէ Հռոմայեցիներուն ուղղած իր նամակի Ութերորդ (Ը) գլխուն մէջ:
Հոգեւոր ճանապարհորդութեան ընթացքի սնունդը աղօթական կեանքն է, զոր Մեծ Պահոց շրջանի բանալին է: Աղօթքը կը կազմէ քրիստոնեայ անհատին էութիւնը, անոր բացակայութիւնը կ՛երաշխաւորէ անհատին ձախողութիւնը եւ այդ ճանապարհորդութեան անիմաստ վախճանը:
Եկեղեցւոյ հայրերն ու հայրապետները այնքա՜ն գեղեցկօրէն բնորոշած են Պահքի իմաստը եւ այնքա՜ն շեշտած անոր կարեւորութեան մասին, որուն արդիւնքը եղած է այն գեղահունչ եւ հոգեւով Աղօթքներն ու Շարականները, Մաղթանքներն ու Քարոզները, որոնք շաբթուան մէջ կատարուող Արեւագալի եւ Հսկումի ժամերգութեանց ընթացքին կը կրկնենք, փորձելով կեանքի կոչել եւ անմահացնել իւրաքանչիւր բառ եւ տող:
Եսայի մարգարէն այս գեղեցիկ երգին բառերով ու խորհուրդով մեզ կը հրաւիրէ մտածելու թէ ինչ ըսել է “Զի Աստուած ընդ մեզ է“ (Ես 8.9,11), որ կ՛երգենք իւրաքանչիւր Խաղաղական Ժամերգութեան ընթացքին: “Աստուած մեզի հետ է“ հաստատումն ու իրողութիւնը իսկապէս որ երանական վիճակ մըն է, զոր քրիստոնեային կը պարգեւէ ամէն տեսակ օրհնութիւն, ապահովութիւն եւ բարիք: Քրիստոնեան, իր հոգեւոր ճանապարհորդութեան ընթացքին պէտք ունի մնայուն ապահովութեան ընդդէմ սայթաքումի ու չարիքի, արթուն հսկելով իր անձին վրայ: Սակայն հաստատելով այս իրականութիւնը, զոր Աստուծոյ ներկայութիւնն է մեր մէջ, հարց պէտք է տանք թէ ո՞ւր ենք մենք Աստուծոյ մօտ, որքա՞ն արժէք կու տանք աստուածային ներկայութեան, եւ ո՞րքանով կ՛արժեւորենք այդ գանձը:
Այս հարցումները իրենց պատասխանը կը գտնեն մանաւանդ Մեծ Պահոց շրջանին, երբ իւրաքանչիւր հաւատացեալ առիթը կ՛ունենայ իր հոգւոյ խորը թափանցելու եւ ինք- զինք հարցադրելու, թէ ո՞ւր է ինք որպէս Աստուծոյ սիրելի զաւակ եւ որքանո՞վ կ՛արժեւորէ քրիստոնէական իր կոչումը:
Իւրաքանչիւր Կիրակի նուիրուած է յատուկ յիշատակութեան մը, զոր վեր կ՛առնէ մարդկային զանազան իրականութիւններ, իրադարձութիւններ, թերութիւններ ու փորձութիւններ: Ս. Եկեղեցին Աստուածաշնչական պատկերներով կը հրաւիրէ հաւատացեալը խորհրդածելու, աղօթելու, գիտակցելու, զղջալու եւ վերանորոգ հաւատքով շարունակելու հոգեւոր ճանապարհորդութիւնը դէպի լոյս Յարութիւն:
Մեծ Պահոց շրջանը լաւագոյն առիթն է նորոգուելու, սրտերն ու հոգինեը մաքրելու, բիւրեղացնելու եւ լեցնելու աղօթքով, առաւել առիթ մըն է մտքերը զարդարելու եւ ջամբելու ճշմարիտ աստուածագիտութեամբ: Մեր նախահայրերը տէր կանգնեցան այս բարձրագոյն արժէքներուն եւ մենք այսօր ազգովին մարտահրաւէրի դիմաց կը կանգնինք պաշտպանելու այս անգին արժէքները, հոգեւոր սկզբունքները, որոնք երաշխիքն են մեր հոգեւոր առողջ սնուցման: Առաքելաշունչ եւ դարաւոր օրհնեալ մեր հողերէն բռնի ու ակամայ զրկուելով, հայ ժողովուրդը իր հետ փոխադրեց իր դարաւոր հաւատքն ու արժէքները ամէն տեղ որ գնաց, հասնելով մինչեւ հեռաւոր ծայրամասերը աշխարհի: Հաւատքի մեր կեդրոնները, եկեղեցիներն ու վանքերը քանդուեցան չարին ձեռքով, սակայն հոգեւոր ու ազգային արժէքները մնացին իւրաքանչիւր հայու հոգիին, սրտին ու մտքին մէջ:
Աղօթաբոյր վանքերը, որոնք հոգեւոր գիտութիւն կը ջամբէին, հրկիզուեցան անողոք չարին ձեռքով, սակայն Քրիստոսի սէրը իր կրակով մաքրեց ու զօրացուց մեր ժողովուրդի զաւակներուն սրտերը եւ վերաշինեցինք մեր հաւատքի ու գիտութեան կեդրոնները աշխարհի չորս ծագերուն:
Սիւնեցիներու, Նարեկացիներու,Անձեւացիներու, Շնորհալիներու, Տաթեւացիներու եւ այլ իմաստուն գրիչներու գործերը, այդ վանքերուն ու համալսարաններուն մէջ հոգի առին եւ սրբատար մատեաններու վերածուեցան, այո՛ այսօր այդ կեդրոնները աւերակներ են, սակայն այդ մատենագրութիւնները մեր հետ մնացին ու եղան ամուր վահան, պաշտպանելու մեզ ընդդէմ ոչնչացման: Ուստի այսօր հայ հաւատացեալը հրաւիրուած է այդ ոգիով շարունակելու իր հոգեւոր ճանապարհորդութիւնը, զոր հիմնուած է նախնեաց հաւատքին, կամքին ու գործին վրայ:
Կրկնելով Մարգարէին բառեը վստահ ըլլանք թէ “Զի Աստուած ընդ մեզ“ եւ շարունակենք հոգեւոր մեր ճանապարհորդութիւնը: