ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ.- ՀՈՂԻՆ ԵՒ ՀՈՂԱՏԻՐՈՋ ՁԱՅՆԸ
Հայոց Ցեղասպանութեան, Հայ Դատի եւ առ հասարակ հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան գործընթացը, շարունակ քայլ կը պահէ ներկայ կացութեան հետ, եւ հետեւողական դրութեամբ կը թեւակոխէ նոր հանգրուաններու շարքէն ներս: Բնականաբար, քաղաքական գործօններու արդիւնք, ՀԱՐՑը դուրս եկած է, տարիներ շարունակ սեղմուած հայ եւ թուրք աւանդական միջավայրէն եւ քայլ պահելով համաշխարհայնացման հետ, ստացած է աշխարհաքաղաքական միջազգային բնոյթ, որուն մէկ ցայտուն օրինակն է, քանի մը ամիս առաջ, Ֆրանսայի մէջ արծարծուած Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագծի որդեգրման ոդիսականը, իր դրական եւ ժխտական ընթացքով, գործնական մօտեցումով, աղաւաղուած ենթադրութիւններով, հոգեպարար եզրակացութիւններով եւ անշուշտ յուսախաբութիւններով լի` աւարտով:
97 տարիներ առաջ…այս օրերուն կը սփռուէին այդ հայրենի բանաստեղծին նկարագրած կարմիր լուրերը: Տարագրուած, ջարդուած ու կոտորուած էր հայութիւնը, արմատախիլ եղած էին կառոյցներ եւ անշուշտ ամենէն աւելի տարրականն ու կարեւորը` հողն ալ խլուած էր:

