Յօդուածներ
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ.- ՀԱՏՈՒՑՄԱՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ՏԱՐԻՆ
Արդէ՜ն 2011-ի հաշուեյարդարն է:
Մօտ ատենէն 12 ամիսները, 52 շաբաթները, 365 օրերը, 8760 ժամերը, 525 հազար վայրկեաններն ու 31,536 հազար երկվայրկեանները պատմութեան անցեալ կատարեալին միացած պիտի ըլլան, առիթ ընծայելով, որ Աշխարհ կոչեցեալ բնագաւառին բնակիչ մարդ էակը, յետադարձ ակնարկ մը նետելով, վերլուծէ, յիշէ, նշէ եւ ընդգծէ կարեւոր դէպքերն ու անցուդարձերը:

