ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ.- ՀԱ­ՅՈՒ­ԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱ­ՅԵ­ՐԷ­ՆԻ… ՋԱ­ՒԱԽ­ՔԸ

0 0
Read Time:3 Minute, 31 Second

Իւ­րա­յա­տուկ եր­կիր է Վրաս­տա­նը իր հա­րիւ­րա­ւոր տար­բեր տե­սա­կի ժո­ղո­վուրդ­նե­րով եւ ցե­ղա­խում­բե­րով, այն­քան մը լրջօ­րէն կա­րե­լի է հար­ցադ­րել թէ մե­ծա­մաս­նու­թեամբ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րով բաղ­կա­ցած հո­ղա­շերտ մը, ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի է ղե­կա­վա­րել: Տեղ­ւոյն խորհր­դա­րա­նի մէկ յա­տուկ նիս­տին կող­մէ ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան շրջա­նա­կա­յին հա­մա­ձայ­նա­գի­րին վա­ւե­րա­ցու­մը յու­սադ­րիչ կը նկատ­ուէր, այն առու­մով, որ շրջա­նի զա­նա­զան խնդիր­նե­րը վեր­ջա­պէս կրնա­յին ստա­նալ ար­մա­տա­կան լու­ծում: Այս իւ­րա­յա­տուկ կա­ցու­թեան մէջ կը գտնուի Ջա­ւախ­քը, որուն հան­դէպ ցայ­սօր կա­տար­ուած անար­դա­րու­թիւնն ու ան­տար­բե­րու­թիւնը կը շա­րու­նա­կեն մտա­հո­գու­թիւն ստեղ­ծել եւ լուրջ հար­ցադ­րում­նե­րու դուռ բա­նալ:

Բազ­միցս հան­դի­պում­ներ եւ առա­ջադ­րանք­ներ յաչս ար­դա­րու­թեան մնա­ցած են ան­պա­տաս­խան եւ ապար­դիւն: Կեդ­րո­նա­կան իշ­խա­նու­թիւն­ներ հե­տե­ւո­ղա­կան ձե­ւով ներ­կա­յու­թիւն են եւ այն­պի­սի կա­ցու­թիւն մը կամ բուրգ մը հիմ­նած են, որ ամէն մէկ շար­ժում, որո­նում եւ գոր­ծըն­թաց… կախ­եալ են կեդ­րո­նա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րէն, այս մէ­կը նոյ­նիսկ եթէ նշնա­կո­վի կար­գա­վի­ճա­կէն ան­դին, ու­նի ընտ­րո­վի կար­գա­վի­ճակ: Ար­դա­րեւ, այս­պի­սի ան­հան­դուր­ժե­լի եւ նուաս­տա­ցու­ցիչ օրէնք­նե­րու կի­րար­կու­մով, փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը ներ­կա­յաց­ուած են ոչ թէ նուա­զա­գոյն թիւով, այլ ընդ­հան­րա­պէս բա­ցա­կայ են, չը­սե­լու հա­մար non grata` ան­հան­դուր­ժե­լի:

Այո՛ եւ հաս­տա­տօ­րէն ան­կաս­կած հա­յու­թեան կը պատ­կա­նի Ջա­ւախ­քը… Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան տա­րած­քէն դուրս գտնուող, ամէ­նէն աւե­լի մի­ա­տարր հա­յաբ­նակ երկ­րա­մա­սը: Ասոր հե­տ­ե­ւանք…Այո՛, նա­եւ հա­յե­րէն լեզ­ուին կը պատ­կա­նի Ջա­ւախ­քը, իր իւ­րա­յա­տուկ բար­բառ­նե­րով:

Փաս­տօ­րէն, զա­նա­զան շրջան­նե­րէ տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման մար­մին­ներ, օրի­նա­կա­նօ­րէն որո­շած են դի­մել իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն` Վրաս­տա­նի նա­խա­գա­հին եւ խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հին, պա­հան­ջե­լով, որ ձեռ­նար­կեն ան­յե­տաձ­գե­լի եւ անհ­րա­ժեշտ մի­ջոց­ներ` Վրաս­տա­նի սահ­մա­նադ­րու­թեան մէջ ամ­րագ­րե­լու յօդ­ուած, որ վրա­ցե­րէն լեզ­ուի կող­քին հա­յոց լեզ­ուի հա­մար կը սահ­մա­նէ տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին լեզ­ուի կար­գա­վի­ճակ:

Այս­պէս, հա­յե­րէն լեզ­ուի հան­դէպ վրա­ցի­նե­րու կեց­ուածքն ալ կը մնայ ան­տար­բեր եւ ան­տեղ­եակ: Դժբախ­տա­բար, ցայ­սօր հայ­կա­կան գիր­քե­րու, դա­սա­գիր­քե­րու եւ Հա­յաս­տա­նի մէջ ար­տադր­ուած գրե­նա­կան պի­տոյք­նե­րու մուտքն ու օգ­տա­գոր­ծու­մը շրջա­նէն ներս նոյն­քան մեծ յան­ցանք է…որ­քան թմրե­ցու­ցի­չի կամ խթա­նիչ դե­ղե­րու գոր­ծա­ծու­թիւնը:

…Եւ չյանդգ­նիլ շրջա­նի զա­ւակ, հան­րա­ծա­նօթ ֆրան­սա­հայ եր­գիչ Շարլ Ազ­նա­ւու­րի մէկ եր­գը.- Որով­հե­տեւ սխա­լա­կան է Հա­յաս­տա­նի զա­ւակ ըլ­լալը (…Puisqu’il est fautif d’etre enfant d՛Armenie):

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles