«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

ԱԼԵՔՍ ԿԱԼԻՑՔԻ
Հայ ԴատԻ Յանձնախումբ – Ուաշինկթըն
Անցեալ շաբաթ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի փոխնախագահ, քոնկրէսական Տարրել Իսսա ներկայացուց, այսպէս կոչուած, «Խաղաղութեան օրէնք»-ը (PEACE Act), օրինագիծ մը, որ առաջադրուեցաւ իբրեւ համարձակ նախաձեռնութիւն` զսպելու Ատրպէյճանի հետագայ նախայարձակումը Հայաստանի վրայ:
Հակառակ այն պնդումներուն, թէ օրինագիծը պիտի կիրարկէ «աննախադէպ պատժամիջոցներ» Ատրպէյճանի նկատմամբ, իրականութեան մէջ այն թուղթէ վագր մըն է` նախատեսուած կարծես կոշտ երեւալու, բայց` գործնականօրէն անպէտք, անիրագործելի եւ սահմանափակ շրջանակով: Պատժամիջոցները պիտի գործադրուին միայն Հայաստանի նկատմամբ «նոր նախայարձակման» պարագային` անտեսելով Ատրպէյճանի կողմէ ինքնիշխան Հայաստանի հողերուն շարունակուող գրաւումը, հայ գերիներու պահումն ու չարաշահումը, հայկական մշակութային ժառանգութեան եւ ունեցուածքի ոչնչացումը, ինչպէս նաեւ` արցախահայութեան ապահով եւ արժանապատիւ վերադարձի իրաւունքը:
Որպէս արդիւնք` օրինագիծը չափազանց ցած չափանիշ կը սահմանէ Ատրպէյճանի պատասխանատուութեան համար` կանխելով միայն «նոր նախայարձակումը», բայց արդարացնելով եւ օրինականացնելով անոր շարունակուող ոտնձգութիւններն ու մարդու իրաւունքներու խախտումները: Հայաստանի համար այս աժան մխիթարութիւն մըն է, որ կը փակէ իրական արդարութեան եւ պատասխանատուութեան դռները:
Ինչո՞ւ «Խաղաղութեան օրէնք»-ը բաւարար չէ
Պատժամիջոցներ` առանց կիրարկումի: Թէեւ քոնկրէսը կրնայ արտօնել պատժամիջոցներ, բայց եւ այնպէս, անոնց գործադրութիւնը գրեթէ ամբողջութեամբ կախեալ կը մնայ նախագահին հայեցողութենէն: Նոյնիսկ եթէ ոեւէ անձ կամ երկիր համապատասխանէ պատժամիջոցներու չափանիշներուն, նախագահը պարտաւոր չէ զանոնք կիրարկել: Բացի այդ, պատժամիջոցներու մեծ մասը (ներառեալ` այս օրինագիծը) նախագահին կը շնորհեն լայն հայեցողական լիազօրութիւն` շրջանցելու պատժամիջոցները, եթէ ան եզրակացնէ, որ այդ շրջանցումը կը ծառայէ Միացեալ Նահանգներու «ազգային անվտանգութեան շահերուն»: Այս բացատրութիւնը օգտագործուած է անընդմէջ` տարբեր վարչակազմերու կողմէ, ներառեալ` Թրամփի վարչակազմին, վերջին երկու տասնամեակներուն` շրջանցելու Ատրպէյճանին ռազմական օժանդակութեան օրինական սահմանափակումները:
Շեղում` արդէն գոյութիւն ունեցող պատասխանատուութեան գործիքներէն: Նախագահը արդէն ունի լիազօրութիւն` պատժամիջոցներ կիրարկելու Ատրպէյճանի դէմ: «Համաշխարհային Մակնիցքի» պատժամիջոցները անոր հնարաւորութիւն կու տան սառեցնել ֆինանսական հաշիւները եւ արգիլել ԱՄՆ մուտքը այն պաշտօնեաներուն, որոնք մեղաւոր են մարդու իրաւունքներու խախտումներու մէջ: Եւրոպական Միութիւնը, Մեծն Բրիտանիան, Քանատան եւ Աւստրալիան ունին նմանատիպ օրէնսդրութիւն, այսինքն ամերիկեան կիրարկումը կրնայ խթանել միջազգային մակարդակի պատասխանատուութիւնը: Բացի այդ, գոյութիւն ունին այլ գործիքներ եւս, որոնք կրնան կիրարկուիլ Ատրպէյճանի ուժանիւթի ոլորտին դէմ, մանաւանդ անոր կապերուն` Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ: Ուաշինկթընի մերժումը` օգտագործելու այս առկայ գործիքակազմը, կասկածի տակ կը դնէ, նոյնիսկ եթէ գործադրուի:
Ամերիկեան շահերու խորացումը Ատրպէյճանի մէջ
Ուաշինկթընի ներգրաւուածութիւնը Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացին մէջ հիմնականօրէն կը բխի իր տարածաշրջանային ուժանիւթի շահերէն: Ատոր վկայութիւնն է Թրամփի նախաձեռնած «Թրամփի ուղի»-ն (TRIPP), որ Միացեալ Նահանգներուն կը շնորհէ բացառիկ իրաւունք` Սիւնիքով Թուրքիան Ատրպէյճանի հետ կապող «անխոչընդոտ հաղորդակցութեան» զարգացումին եւ շահագործման մէջ: Նաեւ ԱՄՆ-Ատրպէյճան փոխըմբռնման յուշագիրը` պաշտպանութեան եւ ուժանիւթի ոլորտներուն մէջ համագործակցութիւնը ընդլայնելու, ինչպէս նաեւ` ExxonMobil եւ SOCAR ընկերութիւններու համաձայնութիւնը` ընդլայնելու ամերիկեան ներդրումները Ատրպէյճանի ուժանիւթի ոլորտին մէջ:
Բոլորովին անհաւանական է, որ վարչակազմը պիտի պատժէ այն նոյն ուժանիւթի ոլորտը, ուր ինք կը շարունակէ ընդլայնել իր ներդրումները: Նման ակնկալութիւնը, լաւագոյն պարագային, մանկամտութիւն է, իսկ վատագոյն պարագային` դիտաւորեալ մոլորեցնող:
Կեդրոնացումը «Նոր նախայարձակում»-ի վրայ` անտեսելով շարունակուող խախտումները
Օրինագիծը կը փորձէ կանխել միայն «նոր նախայարձակում» մը, բայց անով կը շրջանցէ մարդու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան այն շարունակուող խնդիրները, որոնք մնացած են անլուծելի` խաղաղութեան գործընթացին մէջ: Իսկ այդ խնդիրներն են, որոնք կը սպառնան Հայաստանի անվտանգութեան եւ արդար խաղաղութեան հեռանկարներուն:
Այս հարցերը անտեսելով` օրինագիծը փաստօրէն կ՛օրինականացնէ ու կը վարձատրէ Ատրպէյճանի ցարդ կիրարկուող յարձակողական քայլերը: «Ներկայ» եւ «նոր» նախայարձակում բառերուն միջեւ կամայական գիծ մը քաշելով` Ատրպէյճանը կրնայ խուսափիլ նոր սրացումէ, բայց շարունակել գերիներու նկատմամբ դաժան վերաբերմունքը եւ ամրապնդել իր բռնագրաւումը` առանց պատժամիջոցներու կիրարկման:
Անպատասխան հարցեր եւ Հայաստանի կառավարութեան դերը
Թէեւ Հայաստանի կառավարութեան մօտ կանգնած շրջանակները ողջունած են «Խաղաղութեան օրէնք»-ը, բայց անոնք չեն կրնար բացատրել, թէ ինչո՛ւ պատժամիջոցները պէտք է սահմանափակուին միայն «նոր նախայարձակում»-ով եւ չվերաբերին Հայաստանի բռնագրաւուած հողերուն կամ հայ գերիներուն պահման եւ չարաշահման հարցերուն: Անոնք նաեւ չեն կրնար բացատրել, թէ ինչպէ՞ս այս օրինագիծը կրնայ վստահելի կերպով զսպել ապագայ նախայարձակումը, երբ կ՛արդարացնէ ներկայի խախտումները:
Առկայ են պատժամիջոցներ եւ պատասխանատուութեան ենթարկելու գործիքակազմեր, որոնք կրնան` թիրախաւորել Ատրպէյճանի ուժանիւթի ոլորտը, կանխել ռազմական նախայարձակումը եւ ապահովել մարդու իրաւունքներու խախտումներու համար արդարութիւն, եւ անոնք քոնկրէսին մէջ կը վայելեն երկկուսակցական ուժեղ աջակցութիւն: Հետեւաբար, ինչո՞ւ խոչընդոտել այս առկայ պատժամիջոցներու կիրարկման ջանքերը` առաջ բերելով անպէտք եւ անիրագործելի օրինագիծ մը, որ կ՛իջեցնէ Ատրպէյճանի պատասխանատուութեան չափանիշը` օրինականացնելով անոր կողմէ շարունակուող մարդու իրաւունքներու խախտումները եւ յարձակողական քաղաքականութիւնը:
Ուաշինկթընի մեծցող ներդրումները Ատրպէյճանի ուժանիւթի ոլորտին մէջ լուրջ կասկած կը յառաջացնեն, թէ Թրամփի վարչակազմը երբեւէ կրնայ կիրարկել պատժամիջոցներ այդ ճիւղին նկատմամբ: Ինչո՞ւ վարչակազմը պիտի կիրարկէ ուժանիւթի ոլորտի պատժամիջոցներ, երբ գործօն կերպով կ՛ընդլայնէ համագործակցութիւնը այդ երկրին հետ եւ հաշուի առնելով անոր հրաժարումը անդրադառնալու Ատրպէյճանի ուժանիւթի ոլորտի դերակատարութեան` Ռուսիոյ եւ Իրանի դէմ պատժամիջոցները շրջանցելու հարցին մէջ:
Ինչո՞ւ Հայաստանի կառավարութիւնը եւ անոր ներկայացուցիչները խոչընդոտած են ջանքերը` ապահովելու հայ գերիներու ազատ արձակումը, հայկական ժառանգութեան եւ ունեցուածքի պաշտպանութիւնը ու բռնի ուժով տեղահանուած հայերու իրաւունքը` վերադառնալու Արցախ, յատկապէս երբ ԱՄՆ վարչակազմը արդէն յայտարարած է իր աջակցութիւնը այս հարցերուն: Ինչո՞ւ Հայաստանի կառավարութիւնը չէ օգտագործած Ուաշինկթընի դերը` պատժամիջոցներ գործադրելու Ատրպէյճանի վրայ, ճնշում բանեցնելու համար, որ ազատ արձակուին հայ գերիները եւ ետ քաշուին զօրքերը Հայաստանի ինքնիշխան հողերէն:
Անպատասխան այս հարցերը միայն կ՛ընդգծեն, որ «Խաղաղութեան օրէնք»-ը երբեք նախատեսուած չէ իրական գործադրութեան համար եւ նախատեսուած է միայն որպէս խորհրդանշական նկատողութիւն Ատրպէյճանի համար` առանց նշանակալի հետեւանքներու: Օրինագիծը կը ծառայէ Հայաստանի կառավարութեան եւ անոր մերձաւորներուն` մեղմելու մտահոգութիւնները խաղաղութեան գործընթացին մէջ Հայաստանի ապահովութեան առարկայական երաշխիքներու բացակայութեան մասին, միաժամանակ շեղելով ջանքերը` պատասխանատուութեան, Ատրպէյճանի մարդու իրաւունքներու խախտումներուն եւ շարունակուող յարձակողական քաղաքականութեան:
Յառաջանալու աւելի լաւ ուղի
Միացեալ Նահանգները կրնան վճռորոշ դեր ունենալ մարդու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցերու լուծման մէջ, որոնք դուրս մնացած են նախաստորագրուած երկկողմ խաղաղութեան համաձայնագիրէն: Արտաքին ճնշումը անհրաժեշտ է, քանի որ համաձայնագիրը կը նախատեսէ, որ Հայաստանը հրաժարի իր միջազգային դատական հայցերէն Ատրպէյճանի դէմ` փակելով իրաւական ուղիները արդարութեան հասնելու համար:
Արդէն հրաժարելով իրաւական միջոցներէն` Հայաստանի կառավարութիւնը եւ իր մերձաւոր շրջանակը այժմ կը փորձեն խոչընդոտել նաեւ քաղաքական ուղիները` առաջ մղելով անպէտք եւ անիրագործելի օրինագիծ մը, որ կ՛օրինականացնէ Ատրպէյճանի նախայարձակումը եւ մարդու իրաւունքներու խախտումները` խորհրդանշական նկատողութեան ձեւաչափով:
Քոնկրէսը պիտի կեդրոնանայ իրական միջոցներու վրայ
Քոնկրէսը պէտք է իր ջանքերը ուղղէ դէպի առկայ պատասխանատուութեան գործիքակազմներու կիրարկման` ապահովելու իրական հետեւանքներ Ատրպէյճանի նախայարձակ քաղաքականութեան համար, ներառեալ`
– «Ազատութեան աջակցութեան օրէնք»-ի (FREEDOM Support Act) 907-րդ յօդուածի ամրապնդում
քոնկրէսը պէտք է խստացնէ Ատրպէյճանի նկատմամբ ամերիկեան ռազմական օգնութեան պատժամիջոցները` սահմանափակելով նախագահին` զանոնք շրջանցելու հնարաւորութիւնը, մինչեւ որ Ատրպէյճանը`
Ազատ արձակէ բոլոր հայ գերիները,
Ապահովէ հայկական մշակութային ժառանգութեան եւ ունեցուածքի պաշտպանութիւնը եւ ամբողջութեամբ ետ քաշէ իր զօրքերը Հայաստանի ինքնիշխան հողերէն:
«Համաշխարհային Մակնիցքի» պատժամիջոցներու կիրարկում
քոնկրէսը պէտք է պարտադրէ վարչակազմին` կիրարկել «Կլոպալ Մակնիցքի» պատժամիջոցները այն Ատրպէյճանցի պաշտօնեաներու դէմ, որոնք պատասխանատու են պատերազմական յանցագործութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու խախտումներու համար` ընդունելով «Ատրպէյճանի պատժամիջոցներու վերանայման օրէնքը» (Azerbaijan Sanctions Review Act of 2025) եւ գործածելով իր վերահսկողական լիազօրութիւնները:
Երկրորդական պատժամիջոցներ` շրջանցումներու դէմ
քոնկրէսը պէտք է պարտադրէ վարչակազմին` կիրարկել երկրորդական պատժամիջոցներ Ատրպէյճանի դէմ` անոր հաստատուած մասնակցութեան համար` Ռուսիոյ եւ Իրանի ուժանիւթի ու անվտանգութեան ճիւղերու պատժամիջոցները շրջանցելու հարցով: Այս միջոցը աւելի իրատեսական եւ ազդեցիկ է` նկատի ունենալով վարչակազմի վերջին պայքարը պատժամիջոցներու շրջանցման դէմ:
քոնկրէսի վերահսկողական գործիքակազմեր
քոնկրէսը կրնայ գործածել իր վերահսկողական գործառոյթը` պահանջելու վերանայելու եւ կասեցնելու Միացեալ Նահանգներու ռազմական օգնութիւնը Ատրպէյճանին` «Արտաքին օժանդակութեան օրէնք»-ի (Foreign Assistance Act) 502B(c) յօդուածին հիման վրայ:
Եզրակացութիւն
Կեդրոնանալով միայն «նոր նախայարձակման» վրայ եւ անտեսելով Ատրպէյճանի շարունակուող մարդու իրաւունքներու խախտումներն ու Հայաստանի ինքնիշխան հողերու բռնագրաւումը` «Խաղաղութեան օրէնք»-ը վտանգաւոր նախադէպ կը ստեղծէ` օրինականացնելով Ատրպէյճանի վարքագիծը եւ թուլցնելով ջանքերը` ուղղուած իրական արդարութեան հաստատման:
Քանի որ խաղաղութեան համաձայնագիրը չի ներառեր որեւէ դրոյթ` ապահովելու հայ գերիներու ազատ արձակումը, հայկական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը եւ Արցախի ժողովուրդին վերադարձի իրաւունքը, «Խաղաղութեան օրէնք»-ը հեռու է այն վճռական քայլերէն, որոնք անհրաժեշտ են` ապահովելու արդար, կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութիւն:
Խաղաղութիւնը անկարելի է` առանց արդարութեան, իսկ նախայարձակումը չի կրնար կանխուիլ, երբ զայն կ՛օրինականացնեն եւ կը պարգեւատրեն:

