ԼՈՒՐԵՐ ԹՐՔԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ

0 0
Read Time:2 Minute, 16 Second

 

Պատրաստեց՝ Ցոլեր Աղճեան

  • Թուրքիոյ երիտասարդական հիմնադրամը (TÜGVA) «Այա Սոֆիա» մղկիթին մէջ կը տօնէ Ղարաբաղեան յաղթանակի տարեդարձը

Թուրքիոյ երիտասարդական հիմնադրամը (TÜGVA) նշեց Ղարաբաղեան պատերազմի և յաղթանակի տարելիցը, «Այա Սոֆիա» մզկիթին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ նամազ։ Ապա կարդացուեցաւ մամլոյ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ հարցը նկարագրուած է որպէս «Սառած հակամարտութիւն, որ գոյատեւած է մինչեւ անցեալ տարի, 1988 թուականէն ի վեր: Մինչ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի գլխաւորութեամբ ձեռք բերուած այս փառահեղ յաղթանակը ոսկի տառերով գրուեցաւ պատմութեան մէջ շնորհիւ Թուրքիոյ մեր եղբայրներուն կողքին կրկին կանգնելուն: Որպէս այս պատմական կապի շարունակութիւն ՝ Ատրպէյճանի և Թուրքիոյ մեր նախագահները իրար «եղբայր» կը կանչեն, մեր մահիկ-աստղ դրօշները միասին կը ծածանին, այն ինչ որ մեր ընկերներուն հպարտութիւն եւ մեր թշնամիներուն սպառնալիք կը պատճառէ»:

Թուրքիոյ երիտասարդական հիմնադրամի (TÜGVA) կողմէ դպրոցական երիտասարդներու համար կազմակերպուեցաւ «Ղարաբաղեան յաղթանակի նկարչական մրցոյթ»,  որուն մասնակցութիւնը մեծ ժողովրդականութիւն ունեցաւ: Առաջին հադիսացող երեք երիտասարդները, դէպի Պաքու օդանաւի տոմս ստացան:

Աղբիւր՝ www.yenisafak.com

  • Ատրպէյճան ոչնչացուցած է Հայաստանի կողմէ տեղադրուած աւելի քան 16 հազար ական

Հաղորդուած է, որ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը ոչնչացուցած են աւելի քան 16 հազար ական և չպայթած զինամթերք `ազատագրուած տարածքներուն վրայ:

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ ազատագրուած տարածքներու վրայ կը շարունակուին ականներու և չպայթած զինամթերքի ականազերծումը: Նաեւ նշուած է թէ թրքական ստորաբաժանումները նոյնպէս մասնակցած են որոնման եւ մաքրման աշխատանքներուն։ Այդ գործողութիւններու օգտագործուած է նաեւ թրքական արտադրութեան ականներու մաքրման սարքաւորումներ (MEMATT):

Ըստ նախնական տուեալներու մաքրուած են հիմնական ճանապարհները, գիւղատնտեսական հողերն ու բնակավայրերը:

Ականազերծման աշխատանքներն կ’իրականացնէ Ատրպէյճանի ականազերծման գործակալութիւնը (ANAMA):

Աղբիւր՝ www.aa.com.tr

 

  • Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոսութեան վրայ յարձակած հայորդին տնային կալանքի տակ

Հայկական ծագումով անձ մը, որ 2016-ին Ֆրանսայի Մարսէյ քաղաքի Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոսարանին վրայ յարձակած երկու անձերէն մէկն էր, դատապարտուած է վեց ամսուան տնային կալանքի:

Մարսէյի վերաքննիչ դատարանէն ներս կայացած նիստին դատաւորը 3 տարուան պայմանական ազատազրկման դատապարտեց հայազգի կասկածեալին, որուն մատնահետքերը յայտնաբերուած էին հիւպատոսութեան վրայ նետուած «Քոքթէյլ Մոլոթով» շիշերէն մէկուն վրայ: Դատաւորը պատիժը մեղմացուց վեց ամսուան տնային կալանքի։

Ապրիլ 2016 -ին երկու անծանօթներ, «Քոքթէյլ Մոլոթով» շիշերով յարձակում գործեցին հիւպատոսարանին վրայ եւ յարձակման ժամանակ բռնկուած հրդեհէն վնասուեցաւ թրքական դրօշը:

Ֆրանսայի հարաւը գտնուող, այս նաւահանգիստին մէջ բնակութիւն հաստատած են մեծ թիւով հայեր, ինչպէս նաեւ քիւրտ այլախոհներ։

Աղբիւր՝ www.aa.com.tr

 

  • 1915-ին Գոզանի մէջ, հայեր ողջակիզած են թուրքե՞ր

Ատանայի Գոզան թաղամասի քաղաքապետ Գազըմ Օզգանը տեղեկացուց, թէ հետաքրքրուած զբօսաշրջիկներուն համար, բացումը կատարած է այդ վայրին, ուր ըստ իր հաստատումներուն, հայեր ողջակիզած են թուրքեր։

Գոզանի քաղաքապետը յայտնեց, թէ «Հայերն ու ֆրանսացիները մեղաւոր են: Անոնք կը պնդեն, որ մենք ցեղասպանութիւն կատարած ենք: Ահաւասիկ, մենք այս վայրին բացումը կատարեցինք, ցոյց տալու համար իրականութիւնը»։

Աղբիւր՝ www.inegolonline.com

  • Հետաքրքրական պեղումներ Անի քաղաքին մէջ

Եունեսքօ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ արձանագրուած՝ Անիի աւերակներու վերջին պեղումներու ժամանակ ի յայտ եկած է Սելճուքեան գերեզմանատուն մը, որ առաջինը կը յամարուի Անատոլուի շրջանին մէջ։

Աղբիւր՝ www.gazetepusula.net

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles