
Պատրաստեց՝ Ցոլեր Աղճեան
Վանի մէջ գանձ որոնողները շինարարական մեքենաներով ոչնչացուցած են Ուրարտական ժառանգութիւնը: Այս պատմական վայրը կը գտնուի Զըրնեքօլ բլուրին վրայ:
Աղբիւր՝ www.gazeteduvar.com.tr
Գորգը, որ պատահմամբ յաճախորդը լուալու բերած էր, յարգի գանձ մըն է։ Արդարեւ, «Մալաթիոյ աւանդական օրեր» անունով չորրորդ ցուցահանդէսին, որ տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 21-24-ին, ցուցադրուեցաւ Գումգափի գորգերու առաջատար վարպետ Զարեհ Բենիամինի հիւսած գորգը: Գորգին արժէք գիտցուած է, երբ գորգերով զբաղուող Պիւլէնթ Չաքըրհանին մօտէն քննած է գորգը, որ լուացուելու բերուած էր յաճախորդի մը կողմէ: Յայտարարելով, որ գորգը 150 հազար տոլար կ՚արժէ, Չաքըրհանը ըսաւ՝ «Ես զարմացայ, երբ գորգը տեսայ: Որովհետեւ մենք սովորաբար կարող ենք այս գորգերը տեսնել թանգարաններու մէջ: Ես անմիջապէս գորգի տիրոջը զանգեցի եւ գնեցի»: Գորգը մօտ 110 տարեկան է։ Վրան կայ Քորանէն 4 հատուած, իսկ «Յակոբ» անունը գրուած է գորգի վարի ձախ անկիւնը, որպէս երախտագիտութիւն Զարեհ Բենիամինէն իր աշակերտ Յակոբին:
Աղբիւր՝ www.cumhuriyet.com.tr
2022 թուականի Թուրքիոյ կառավարութեան նախահաշիւի նախագիծը կը քննարկուի խորհրդարանի ծրագրող և նախահաշիւի յանձնաժողովին կոշմէ Հոկտեմբերի 26 -էն սկսեալ: Յառաջիկայ հանդիպումներու մօտեցումին անդրադառնալով հայ երեսփոխան Փայլան ըսաւ․- «նախահաշիւը ժողովուրդի պահանջներուն համապատասխան չէ։ Պաշտպանութեան նախահաշիւը բարձրանալէն ետք, մարդիկ աղքատացած են: Երբ նախընտրութիւնը պատերազմ է, ժողովուրդի պահանջները կը մոռցուին»:
Աղբիւր՝ www.artigercek.com
Պոլսոյ Պաքըրքոյի Տատեան փողոցի անունը անգամ մը եւս փոխուեցաւ։ Այսպէս այդ փողոցին, ուր կը գտնուին Ծնունդ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին եւ Տատեան դպրոցը, Յովհաննէս Տատեանի անունը տալու պահանջը տարիներ շարունակ կը մերժուի։ Տատեան երկրաչափ էր, որ ապրած է Օսմանեան ժամանակաշրջանին եւ ինք կառուցած է եկեղեցին ու դպրոցը Պոլսոյ Պաքըրքօյի Զեյթինլիք թաղամասի այս փողոցին մէջ։
Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ Տատեան հիմնադրամի նախագահ Մեսութ Օզտեմիրը քննադատած է 2008 թուականէն ի վեր փողոցը Տատեան անուանակոչելու մերժումը: Օզտեմիր ըսաւ՝ «Փողոցի անուանափոխութեան դէմ են նաեւ թաղամասի բնակիչները»։
Աղբիւր՝ www.medyascope.tv
Հազարամեայ Հասունի քարանձաւները դարձած են աղբանոց։ Տիարպէքիրի (Տիգրանակէրտ) Սիլվան թաղամասէն 6 քլմ․ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Հասունի քարանձաւներու եւ Ինճեսու գիւղի միջեւ գտնուող աղբանոցէն բխող հօտն ու ծուխը, ուր կը գտնուի նաեւ 1000 Ք.Ա. -էն մինչեւ 13-րդ դարի աւերակներ, անհանգստութիւն կը պատճառէ թէ՛ զբօսաշրջիկներուն, թէ՛ գիւղացիներուն։ Աղբանոցը մօտ քսան տարիէ ի վեր գոյութիւն ունի:
Աղբիւր՝ www.guneydoguekspres.com
Պոլսոյ մէջ ոստիկանական յատուկ գործողութեամբ մը, յայտնաբերուած են 278 պատմական իրեր։ Չորս զանազան շրջաններու մէջ «Պատմական իրերու մաքսանենգութիւն» գործողութեան ընթացքին ձերբակալուած է հինգ կասկածելիներ։ Գրաւուած են 278 պատմական իրեր։
Աղբիւր՝ www.sabah.com.tr
Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը երկուշաբթի՝ Հոկտեմբերի 25-ին կառավարութեան նիստէն ետք իր յայտարարութեան մէջ անդրադարձած է նաեւ փոքրամասնութիւններու հիմնադրամներու ընտրութիւններու խնդրին, որոնք արդէն երկար ատեն է տեղի չեն ունենար։ Ան ըսաւ, թէ «…. Մենք քննարկեցինք Մարդու իրաւունքներու ծրագիրը որ կ՚ընդգրկէ փոքրամասնութիւններու հիմնադրամներու ընտրութեան ընթացակարգի հարցը։ Անկախ անոնց ծագումին, համոզմունքներու կամ դաւանանքին, մեր 84 միլիոն քաղաքացիներուն իւրաքանչիւրին խնդիրը մեր խնդիրն է: Այս ըմբռնումով մենք առած ենք ամէն քայլ, որ կ՚ամրապնդէ մեր ազգային միասնութիւնն ու համերաշխութիւնը նախապէս, եւ այսօր ալ կը շարունակենք»:
Աղբիւր՝ www.agos.com.tr
Նախագահ Էրտողանը ներածական յօդուած գրած է «Ղարաբաղի Յաղթանակը» գրքի համար։ Էրտողան Զանգիլան կատարած այցի ժամանակ իր գործընկեր Ալիեւին նուիրած է «Անատոլու Աժանս»-ի կողմէ պատրաստուած «Ղարաբաղի Յաղթանակը» վերնագրով գիրքը, որ կ՚ամփոփէ խնդրի պատմական հիմքերը եւ յաղթանակը մանրամասնող լուրերը, լուսանկարներն ու վերլուխական յօդուածները։
Աղբիւր՝ www.aa.com.tr
Համբիկ Սասունեանի ազատ արձակուիլը զայրոյթ պատճառած է Անգարային։
Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ, դեսպան Թանճու Պիլքիչը շեշտեց, թէ «Լոս Անճելըսի մեր գլխաւոր հիւպատոս, նահատակ Քեմալ Արըքանի սպաննող հայ ահաբեկիչ Համբիկ Սասունեանը ազատ արձակուելու որոշումը կը համարենք որպէս ահաբեկչութեանը զիջող լուրջ սխալ եւ կը դատապարտենք զայն։ Ակնյայտ է, որ նման որոշումները կը ծառայեն այն շրջանակներու օրակարգին, որոնք կը ձգտին խթանել ահաբեկչութիւնը՝ որպէս օգտակար գործիք, որ կրնայ օգտագործուիլ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի, այլ քաղաքական նպատակներով։ Այս առիթով մենք անգամ մը եւս յարգանքով եւ ողորմութեամբ կը յիշենք մեր նահատակ դիւանագէտ Քեմալ Արըքանին եւ հայկական ահաբեկչական կազմակերպութիւններու յարձակումներէն նահատակուած մեր բոլոր նահատակներուն»։
Աղբիւր՝ www.hurriyet.com.tr