Լրահոս

Լիբանան․- Կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. «Զաւարեան» Ուսանողական Միութեան Տեղի Ունեցաւ «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Եռօրեայ Միջ-Շրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովը

Հոկտեմբեր 3-5-ին, Լիբանանի մէջ, կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. «Զաւարեան» ուսանողական միութեան, տեղի ունեցաւ «Դաշնակցութիւնը եւ ուսանողութիւնը» եռօրեայ միջ-շրջանային ուսանողական-երիտասարդական խորհրդաժողովը, որուն մասնակցեցան Հ․ Յ․ Դաշնակցութեան ուսանողական եւ երիտասարդական 12 միութիւններ՝ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութիւն (Հայաստան), Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւն, Արցախի Երիտասարդական Միութիւն, «Յովնան Դաւթեան» Ուսանողական Միութիւն (Թեհրան, Իրան), «Ռուբէն» Երիտասարդական Միութիւն (Նոր Ջուղա, Իրան), «Ռոստոմ» Երիտասարդական Միութիւն (Թեհրան, Իրան), Քուէյթի Երիտասարդական Միութիւն, «Նոր Սերունդ» Երիտասարդական Միութիւն (Ֆրանսա), «Գարեգին Նժդեհ» Երիտասարդական Միութիւն (Նիտերլանտներ), «Խանասոր» Երիտասարդական Միութիւն (Անգլիա), «Զաւարեան» Ուսանողական Միութիւն (Լիբանան) եւ Լիբանանի Երիտասարդական Միութիւն։

Նախաձեռնութեան նպատակն էր առիթ մը ստեղծել, ուր ուսանողութիւնը եւ երիտասարդութիւնը կրնան փոխանակել իրենց կազմակերպական փորձառութիւնը, տեսակէտները եւ գաղափարները՝ աշխատանքներու բարելաւման եւ ընդլայնման համար, զարկ տալով հմտութիւններու եւ փոխ համագործակցութեան հնարաւորութիւններու։

Եռօրեայ խորհրդաժողովը ունէր օրակարգային չորս բաժանումներ՝ զեկոյցներ, դասախօսական նիւթեր, քննարկում-բանավէճեր եւ այցելութիւններ:

Խորհրդաժողովին մեկնարկը տրուեցաւ Ուրբաթ, 3 Հոկտեմբերին «Աղբալեան Հ.Մ.Ը.Մ.» մարզամշակութային համալիրին մէջ։

Մասնակից երկիրներէ ժամանած Հ.Յ.Դ. ուսանողական եւ երիտասարդական միութիւններու ներկայացուցիչները զեկուցեցին 2020-էն ետք իրենց միութիւններու տարած գործունէութեան մասին։ Ապա, Հայկազեան համալսարանի դասախօս Շաղիկ Խիւտավերտեան մասնագիտացած ներկայացում մը կատարեց՝ «Դաշնակցական երիտասարդին հոգե-ընկերային վիճակը՝ յետ Արցախեան պատերազմին» նիւթով, որուն յաջորդեց զրոյց մը։

Advertisement Subscribe Today

Յաջորդիւ, «Հայկազեան» համալսարանի դասախօս պրն. Շանթ Ստեփանը վարեց գիտաշխանոց մը՝ «Ընկերային ցանցերը որպէս առաջնային միջոց ազդու քարոզչութեան եւ տրամադրութիւններու ստեղծման համար» նիւթով։

Աւարտին, խորհրդաժողովի մասնակիցները այցելեցին Պիքֆայայի դպրեվանքը, ուր հանդիպում մը ունեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ։ Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ՎեհափառիՆ օրհնութիւնը ստանալու, ինչպէս նաեւ ազգային գործունէութեան մէջ ուսանողութեան դերի մասին զրուցելու։

Խորհրդաժողովի առաջին օրուան յայտագիրը փակուեցաւ Պիքֆայայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանի դիմաց, Կիլիկիոյ մաղթերգի երգեցողութեամբ։

Շաբաթ, 4 Հոկտեմբերին խորհրդաժողովի մասնակիցները այցելեցին «Շաղզոյեան» կեդրոն, ուր ծանօթացան Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի, «Վանայ Ձայն» ռատիոկայանի, «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրատան, եւ «Համազգային»-ի հրատարկչատան գործունէութեան։

Օրուան յայտագիրը ընդգրկեց զանազան դասախօսութիւններ եւ զրոյցներ։ Կրթական մշակ Կարօ Յովհաննէսեան հանդէս եկաւ «Դաշնակցութեան հակադիր պայքար» նիւթին մասին պատմական ակնարկով մը, որ մեծ հետաքրքրութիւն գտաւ մասնակիցներուն կողմէ: Ապա Հ.Յ.Դ. Նախկին Բիւրոյի անդամ Տիգրան Ճինպաշեան ներկայացուց «Հ.Յ.Դ. ներկայ ռազմավարութիւն եւ ծրագիրի նպատակներ, Հ.Յ.Դ. 35-րդ ընդհանուր ժողովի հիման վրայ» նիւթը։

Դասախօսութիւններուն յաջորդեցին զրոյց եւ բանավէճ։ Զրոյցի նիւթն էր՝ «Կովկասի մէջ քաղաքական իրավիճակ յետ Արցախեան պատերազմ – պիտանի խորհուրդներ եւ հնարքներ քաղաքական դաշտի ուսումնասիրման եւ գործընթացներու հետեւելու ժամանակ», որ վարեց քաղաքագէտ, Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Եղիա Թաշճեանը։ Իսկ «Հ.Յ.Դ.-ն 21-րդ դարուն, գաղափարական կեդրոնացման եւ գործելաոճային այլազանութեան մարտահրաւէրները եւ ընծայած առիթներ» բանավէճը վարեց Հ.Յ.Դ. Լիբանանի «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Ղուկասեանը։

Երեկոյեան մասնակիցները այցելեցին «Թռչնոց Բոյն»-ի Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը, որմէ ետք շրջագայեցան Պիպլոս եւ Պաթրուն քաղաքները։

Կիրակի, 5 Հոկտեմբերին, առաջին քննարկման նիւթն էր «Միջին Արեւելքի քաղաքական քարտէսի նոր ուղղութիւնները», մասնակցութեամբ՝ Եղիա Թաշճեանի, «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանի եւ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Հայ Դատի մարմինի ատենապետ Վահրամ Էմմիյեանի։

Անոր յաջորդեց գիտաշխանոց մը՝ «Ինչպէ՞ս ապահովել Հայ Դատի համար զօրակցութիւն եւ զօրաշարժ տարբեր համալսարաններու մէջ» նիւթով։ Գիտաշխանոցը վարեց Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Աշոտ Բագրատունին։ Ապա՝ Հ.Յ.Դ. Միջին Արեւելքի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան ներկայացուց «Ինչպէ՞ս կատարել հետեւողական յարաբերական գործունէութիւն, եւ ծառայեցնել մշակուած կապերը երկարաժամկէտ բարեկամութիւններ ձեւաւորելու համար» նիւթը։

Օրուայ երկրորդ կիսուն, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Ցողիկ Աշըգեան վարեց զրոյց-գիտաշխանոց մը՝ «Դաշնակցական Ուսանողութեան դերը կուսակցութեան արդիականացման, համահայկական օրակարգերու ձեւաւորման եւ հայ ուսանողութիւնը այս առանցքին շուրջ համախմբելու գործին մէջ» նիւթով։

Աւարտին, խորհրդաժողովի մասնակիցները այցելեցին Պուրճ Համուտի եւ Ֆըրն Շըպպէքի ազգային գերեզմանատուներ, ուր ծաղկեպսակներ զետեղեցին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պանթէոնին, Լիզպոնի գործողութեան նահատակ ընկերներուն, եւ այլ կուսակցական գործիչներու շիրիմներուն։ Մասնակիցները նաեւ առիթ ունեցան շրջելու կեդրոնական Պէյրութ։

Հ.Յ.Դ. «Զաւարեան» Ուսանողական Միութեան կազմակերպած «Դաշնակցութիւնը եւ Ուսանողութիւնը» միջ-ուսանողական-երիտասարդական խորհրդաժողովը եզրափակուեցաւ միութիւններու ներկայացուցիչներու միջեւ յուշանուէրներու փոխանակումով եւ միասնական ընկերական ընթրիքով մը՝ «Աբրահամ Աշճեան» երիտասարդական կեդրոնէն ներս։

Խորհրդաժողովը Հ.Յ.Դ. «Զաւարեան» Ուսանողական Միութեան 120-ամեակի ձեռնարկներու ծիրէն ներս կարեւոր համախմբում մըն էր, որ կրկին անգամ փաստեց դաշնակցական Երիտասարդականի միակամութիւնը եւ Հայութեան դիմագրաւած առաջնային օրակարգերու հետ կապուած պատրաստակամութիւնն ու նուիրումը:

 

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button