ԳլխաւորՅօդուածներ
Լեզուական Փեթակ` Պուրճ-Համմուտը
Արմենակ Եղիայեան
Հրաչեայ Աճառեան կ’ըսէ, թէ լեզու մը իւրացնելու ամէնէն բուռն ու արդիւնաւէտ ժամանակամիջոցը մանուկի կեանքի առաջին հինգ-վեց տարիներն են, որմէ անդին իւրացումի թափը կը սկսի կոտրիլ, իմա՝ բթանալ: Եւ ան կը շեշտէ, թէ որեւէ մանուկի համար եւ այդ տարիներուն որեւէ Õ

