Ի ՆՊԱՍՏ ԱՐՑԱԽԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒ ՄԱՍԱՉՈՒՍԷՑ ՆԱՀԱՆԳԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՏԱՆ ՄԷՋ

0 0
Read Time:1 Minute, 4 Second

 ՊՈՍԹԸՆ.- Շաբաթասկիզբին, Մասաչուսէց նահանգի Ներկայացուցիչներու Տունը որդեգրեց բանաձեւ մը, որուն մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ Քոնկրէսին կոչ կ՛ուղղուի սատարելու Արցախի ինքնորոշման եւ անկախութեան:

Բանաձեւը պատրաստած էր Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ճանըսըն Հեքթ:

Այս առիթով Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան ըսաւ.-. “Շնորհակալ ենք Մասաչուսէցի Ներկայացուցիչներու Տան Արցախի ազատութեան ի նպաստ բանաձեւ որդեգրելու համար: Որդեգրելով սոյն բանաձեւը` նահանգի օրէնսդիր մարմինը կը խրախուսեն մարդու իրաւունքներու եւ ազատութիւններու ընդհանուր արժէքները: Մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք քոնկրեսական Հեքթին` այս հարցին մէջ իր ցուցաբերած վճռական ղեկավարութեան համար: Բարձր կը գնահատենք մեր հայրենակիցներ եւ երկարամեայ աջակիցներ Ճէյմս Գալուստեանի եւ Միտըլսեքս շրջանի շերիֆ Փիթըր Գութուճեանի մեծ նուիրումը եւ շարունակական ջանքերը` ուղղուած Միացեալ Նահանգներու մէջ Արցախի շահերու հետապնդման“:

Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցչութեան լոյս ընծայած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ բանաձեւը կը դատապարտէ Սումկայիթի, Կիրովապատի եւ Պաքուի մէջ հայերու կոտորածները, ինչպէս նաեւ բռնարարքները, զորս Ատրպէյճան գործած է Արցախի ինքնորոշումը պահանջող խաղաղ ցուցարարներուն դէմ: Բանաձեւը բարձր կը գնահատէ, որ Արցախի ժողովուրդը, հակառակ շարունակական հալածանքներուն եւ ճնշումներուն, Դեկտեմբեր 10, 1991-ին համաժողովրդական հանրաքուէի միջոցով քուէարկախ է ի նպաստ անկախութեան, ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան: Բանաձեւը կ՛ողջունէ Լեռնային Ղարաբաղի արձանագրած յաջողութիւնները ժողովրդավարութեան կառուցման ասպարէզին մէջ եւ այդ առումով մեծ քայլ կը նկատէ Յուլիս 19,  2012-ին տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւնները:

Նաեւ,փաստաթուղթը կը շեշտէ, որ Ատրպէյճան իր թշնամական քայլերով ներկայիս եւս կը շարունակէ սպառնալ Արցախի անվտանգութեան:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles