Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՀՐԵԱՆԵՐՈՒ ՓՐԿԱՐԱՐ ԲԺԻՇԿ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻՆ

0 0
Read Time:1 Minute, 0 Second

harutyun-khachatryan  ԵՐԵՒԱՆ.- Փետրուար 4-ին, Երեւանի մէջ կայացած յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, Իսրայէլի  արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Շմուէլ Մայրոմ եւ Հայաստանի մէջ Իսրայէլի հիւպատոս Աշոտ Շախմուրատեան յուշամետալ մը յանձնեցին “Ազգի Առաքեալ“ Յարութիւն Խաչատրեանի թոռնուհիին` երգչուհի Աննա Խաչատրեանին:

Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի ընթացքին ռազմական բժիշկ Յարութիւն Խաչատրեան (1915-1985) փրկած է նացիներու կողմէ հալածուող հրեաներու կեանքը: Ան յետ մահու արժանացած է Իսրայէլի “Ազգի Առաքեալ“ յուշամետալին (Righteous Among the Nations Award) Հրէական Ողջակիզումի Եատ Վաշեմ հիմնարկին կողմէ:

Համաշախարհային Բ պատերազմէն 18 տարի ետք, 1963-ին հրէական Եատ Վաշեմ կազմակերպութիւնը հիմնեց համաշխարհային ծրագիր մը` “Ազգի Առաքեալ“ կոչումով, պարգեւատրելու համար բոլոր այն ոչ հրեաները, որոնք Ողջակիզումի ժամանակ իրենց կեանքը վտանգելով` փրկած են հրեաներ: Այս նախագիծը իր տեսակին մէջ միակն է ամբողջ աշխարհի մէջ: 2013-ի Մայիսի դրութեամբ` “Ազգի Առաքեալ“ ճանչցուած են 24.811 անհատներ, որոնցմէ 22-ը Հայաստանէն են:h khachadrayans-award

Դեսպան Շմուէլ Մայրոմ նշեց թէ ռազմական բժիշկ Յարութիւն Խաչատրեանի պատմութիւնը բացայայտուած է շնորհիւ “Ռաուլ Վոլենպերկ“ միջազգային հիմնադրամի ն, որ անցեալ տարի Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի ներկայութեամբ յուշամետալ յանձնեց Խաչատրեանի ընտանիքին:

Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան, որ իր խօսքին մէջ նշեց, որ այս ձեռնարկը նուիրուած է ոչ միայն մէկ մարդու փրկութեան, այլ նաեւ հայ եւ հրեայ ժողովուրդներու ցեղասպանութիւններու զոհերու յիշատակներու ոգեկոչման արարողութիւն է:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles