ԳլխաւորՅօդուածներ

ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ՕՐԵՐ ԵՒ ՑԱՅՏՈՒՆ ԴԷՄՔԵՐ

Ցողիկ Աշըգեան
Երեւան
Կան օրեր որ պարզապէս օրեր չեն, ինչպէս որ կան մարդիկ եւ սերունդներ, որոնք պարզապէս մարդիկ եւ սերունդներ չեն: Անոնք ուրիշ են, տարբեր են , ի՚րապէս անզուգական են: Օրե՜ր եւ անձե՜ր: Մէկ օր ՝ Մայիս 28, եւ անկրկնելի սերունդ՝ Անկախութեան սերունդ:
Մէկ տարիէ պիտի լրանայ Անկախութեան հարիւրամեակը: Թէ Անկախութեան կերտիչ , յեղափոխական գործիչ եւ մտաւորական ,համեստ եւ գաղափարական Մեծն Արամ Մանուկեանը, յեղափոխական ականաւոր ղեկավար՝ Ռուբէն Տէր Մինասեանը ,մանկավարժ ,հասարակական եւ քաղաքական գործիչ Նիկոլ Աղբալեանը, վրիժառու , Հ.Հ. առաջին Ռազմական նախարար Դրաստամատ Կանայեանը ին՞չ խորհուրդ կրնայ ըլլալ փոխանցէին մեր սերունդին: Հաստատ գիտեմ , որ անոնք մեզի ցոյց պիտի տային մէ՚կ ուղղութիւն եւ մէ՚կ հաւատամք: Անոնք պիտի առաջնորդէին մեզ ցոյց տալով գաղափարականութեան ուղին: Մեզ պիտի տոգորէին ժողովրդավար մտածողութեամբ եւ ընկերվար սկզբունքներով: Պիտի ներշնչէին մեզի ծառայութեան ոգի, եւ հաստատէին, թէ ա՚յդ է միակ ճանապարհը ազգակերտման: Յուսալքման ամէն մտածում պիտի վանէին մեր մտքերէն եւ փոխարէնը պիտի ծաղկեցնէին մտասլաց եւ նպատակադրուած յստակ գործելակերպ: Այլ խօսքով, պիտի ուղղէին եւ առաջնորդէին մեզ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան:
Այս տարի Մայիս 28ը տօնակատարեցինք Բիւրականի բանակավայրին մէջ , Հ.Յ.Դ. Երեւանի քաղաքային կոմիտէի կազմակերպած հաւաքով մը: Խնճոյքի ժամանակ, երբ երգիչը կ՚երգէր «Արարատը մեր լեռն է» ես գոհունակ, սակայն միաժամանակ վրդովումով աչքս յառած էի Արարատին, որ իր դիւթական անվեհութեամբ վկան է մեր պատմութեան օրհասական եւ փառահեղ բոլոր իրադարձութիւններուն: Ականատեսն է եղած մեր աննկարագրելի տառապանքներուն, մեր ազգի հազարամեայ պատմութեան,մեր արի զաւակներուն սխրագործութւիւններուն :
Եւ հարցում մը կը պարտադրէր ինքզինք… արդեօք այս օրուան մէջ ի՞նչ կը մտածեն եւ ի՞նչ կ՚ընեն փշաթելերէն անդին պատմական հայրենիքին մէջ ապրող մեր հայրենակիցները: Արդեօք անոնք գիտե՞ն թէ այսօր Մային 28 է , թէ այսօր մեր Անկախութեան փառաւոր տօնն է , թէ այսօր մեր Յա՚ղթանակի տօնն է. կը գիտակցի՞ն թէ Մայիս 28ի օրինակով մեր ազգի պայքարի ոգին եւ ուժը անպարտելի են եւ թէ այդ ոգին իրենց մէջ ալ անթեղուած է եւ անպայման օր մը պիտի արեգակէ:
Այ՚ո, Մայիս 28 սովորական տօն մը չէ: Անիկա մեր նորագոյն պատմութեան մեկնակէտն է: Եւ պէտք է տօնուի արժանավայել կերպով, պետականօրէն իր ամբողջական իմաստով , մանաւանդ Հ.Յ.Դաշնակցութեան անուրանալի դերը արժեւորելով անոր կայացման մէջ: Մայիս 28-ը ա՚յն տօնն է, որ տակաւին երկար ժամանակ իր գաղափարական խորհուրդով եւ քաղաքական առաջադրանքներով պիտի միախմբէ մեզ Հայաստանէն Միջին արեւելք , Եւրոպայէն Ամերիկաներ, մինչեւ Պոլիս ու Տիգրանակերտ , մինչեւ Համշէնի սէգ լեռներ եւ Տերսիմի լայն դաշտեր: Մայիս 28 ը հայ նոր սերունդները պիտի առաջնորդէ դէպի նոր ազատագրումներ:

 

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email
Back to top button