Իտէալիզմի Եւ Մեկուսացման Միջեւ – Աւետիս ԱհարոնԵանի Վերջին Ուղերձը Ազգերու Լիկային՝ 1932 Թուականին
ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
Ա.- Ուղերձ` անարդարութեան եւ մոռացութեան դէմ

1866–1948
Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակի նախօրեակին Զուիցերիոյ Ազգային արխիւին մէջ պահպանուած կարեւոր փաստաթուղթ մը իր վրայ հրաւիրեց ամբողջ ուշադրութիւնս: Առկան շուրջ երեք էջերէ կազմուած ֆրանսերէնով մեքենագիր նամակ մըն է, որ կը կրէ գրող, ազգային-քաղաքական եւ հասարակական գործիչ Աւետիս Ահարոնեանի հեղինակաւոր ստորագրութիւնը:
Արդարեւ, ո՞վ չէ յուզուած, ո՞վ չէ արտասուած կարդալով «հայոց վշտի ու պայքարի երգիչ» Աւետիս Ահարոնեանի հոգեցունց ստեղծագործութիւնները: Ահա այս նամակը նոյնպէս իր գրական, ազգային-հասարակական եւ քաղաքական հողմածուփ կեանքին ոսկեայ էջերէն մին կը կազմէ: Անմահանուն հեղինակութիւն մը, որ իր ամբողջ կեանքը դարձուց վաստակաշատ ծառայութիւն մը հայ ժողովուրդին` իր անձին, սրտին ու հոգւոյն մէջ կրելով գերազանց կարգախօս մը. Հայաստանի համար` մինչեւ վերջ:
Ահաւասիկ քաղաքական բնոյթ ունեցող այս փաստաթուղթը զիս կը մղէ բազմաթիւ հարցադրումներու` իր ազգային-հայրենասիրական բովանդակութեամբ, բայց նաեւ տարօրինակօրէն` գրութեան թուականով:
Բ.- Ակնարկ մը` պատմական խորապատկերին վրայ
Հայոց պատմութիւնը քաջ գիտէ, որ Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք, յաղթանակած Դաշնակից տէրութիւններու նախաձեռնութեամբ գումարուած խաղաղութեան խորհրդաժողովներուն թէպէտ ոչ պաշտօնապէս հրաւիրուած` այնուհանդերձ իրենց մասնակցութիւնը բերած են Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան եւ (արեւմտահայոց) Ազգային պատուիրակութիւնները, որոնցմէ մին առաջնորդուած էր Աւետիս Ահարոնեանի, իսկ միւսը` Պօղոս Նուպար փաշայի կողմէ: Հայկական այս զոյգ պատուիրակութիւններն ալ ոգեւին ջանացին հայ ժողովուրդի պահանջները ներկայացնել Փարիզի [1], Սան Ռեմոյի [2] եւ Լոնտոնի [3] խաղաղութեան խորհրդաժողովներուն, ապա` Սեւրի [4] եւ Լոզանի [5] դաշնագրերու իրականացման համար գումարուած վեհաժողովներուն:
Ի դէպ, պէտք չէ մոռնալ յուշելու, որ թէ՛ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կառավարութիւնը եւ թէ՛ Ազգային պատուիրակութիւնը ունէին արդարացի յոյսեր, որ Դաշնակից պետութիւններուն համար հայ ժողովուրդի թափած արիւնը պիտի գնահատուի, իսկ Արեւմտեան Հայաստանը վերջապէս պիտի ունենայ իր ազատութիւնն ու անկախութիւնը: Հայը այդ իրաւունքը ձեռք բերած էր Ա. Աշխարհամարտին Դաշնակից պետութիւններուն հետ իր ռազմական գործակցութեան շնորհիւ: Հարկ է նշել, որ միայն ցարական Ռուսիոյ զօրաբանակներուն մէջ հայ մարտիկներուն թիւը կ’անցնէր 200.000-ը, իսկ հազարաւոր հայեր հերոսաբար մարտնչած էին Դաշնակից միւս տէրութիւններու զինուած ուժերու շարքերուն մէջ: Արդարեւ, վիճակագրական առումով եւ տոկոսային յարաբերութեամբ հայ ժողովուրդն ու Հայաստան կեանքի բոլոր տիրոյթներուն մէջ ունեցած էին ամենամեծ վնասները` թէկուզ առանց Ա. Աշխարհամարտին ուղղակի կողմ կամ մասնակից ըլլալու:
Հայաստանի խորհրդարանի պատուիրակութիւնը Փարիզի 1919 թուականի խորհրդաժողովին,
կեդրոնը նստած` Աւետիս Ահարոնեան
25 փետրուար 1919 թուականին Դաշնակից պետութիւններու խորհուրդը Փարիզի մէջ հայկական զոյգ պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչներուն պահանջները ունկնդրելէ ետք, վերջապէս կ’ընդունի անոնց միասնաբար ներկայացուցած յուշագիրը, որ հիմնականին մէջ իրաւացիօրէն կը պահանջէր հետեւեալները.
Ա.- Հայկական անկախ պետութեան ճանաչումը, որ կը ներառէ հայաբնակ եօթը վիլայեթները, ներառեալ` Տրապիզոնը, նկատի ունենալով, որ ան ամբողջ Բարձր Հայքի միակ կարեւոր ելքն է դէպի Սեւ ծով, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Կիլիկիոյ միացմամբ:
Բ.- Հայկական պետութեան ամբողջականութիւնն ու անվտանգութիւնը պահպանելու նպատակով յաղթանակած տէրութիւններէն մէկը կամ Ազգերու լիկան պէտք է ստանձնէ Հայաստանի հովանաւորութիւնը` 20 տարուան ժամկէտով:
Գ.- Թուրքիա պէտք է փոխհատուցէ պատերազմի տարիներուն Հայաստանի պատճառած ծանր վնասներուն եւ կորուստներուն համար: Հարկաւոր է ստեղծել անհրաժեշտ միջոցներ` կարենալ վերադարձնելու տարագրուած հայերը իրենց հայրենիքը: Նաեւ պատիժի ենթարկել բոլոր այն պատասխանատուները, որոնք իրագործած էին հայերու տարագրութիւններն ու կոտորածները:
Վերոգրեալ պահանջները նմանապէս առաջադրուած էին Դաշնակից տէրութիւններու գերագոյն խորհուրդի համաժողովին, որ տեղի ունեցած էր 19-26 ապրիլ 1920 թուականին Իտալիոյ Սան Ռեմօ ծովափնեայ քաղաքին մէջ: Այստեղ էր, որ քննարկուող հարցերու շարքին վերջնականապէս մշակուեցաւ նաեւ Օսմանեան կայսրութեան հետ հաշտութեան պայմանագրի նախագիծը, որ միաժամանակ որպէս հիմք պիտի ծառայէր Սեւրի դաշնագրի իրականացման:
Սան Ռեմոյի խորհրդաժողովին հայկական պատուիրակութիւն մը նոյնպէս իբրեւ իրաւահաւասար կողմ հրաւիրուած չէր: Այնուամենայնիւ, Հայկական հարցը քննարկման առարկայ էր խորհրդաժողովի համաթեքսթին մէջ, քանի որ սոյնը կը վերաբերէր Մերձաւոր Արեւելքի եւ նախկին Օսմանեան կայսրութեան վերադասաւորման հարցերուն, մասնաւորապէս` Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան տակ գտնուող ժողովուրդներու, ընդ որում` 1915 թուականի ցեղասպանութենէն ետք հայերու ճակատագրին:
Զօրավար Հատի փաշան, այդ ժամանակուան Թուրքիոյ հանրային կրթութեան նախարարը,
Սեւրի դաշնագիրը ստորագրելու պահուն`
Յունաստանի վարչապետ Էլեֆթերիոս Վենիզելոսի ներկայութեամբ:
Վերոգրեալ նշուեցաւ, որ Սան Ռեմոյի բանաձեւերը հիմնականօրէն կը նախապատրաստէին Սեւրի դաշնագիրը, որ նաեւ կը նախատեսէր հայկական անկախ հանրապետութեան ստեղծումը` համաձայն ԱՄՆ-ի 28-րդ նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռին:
Հայոց մեծ երազը կը թուէր իրականացած ըլլալ Սեւրի դաշնագրի կայացումով, որ կը ստորագրուէր բոլոր մասնակիցներուն կողմէ 10 օգոստոս 1920 թուականին: Օսմանեան կայսրութեան կողմէ դաշնագիրը պաշտօնապէս կը ստորագրուի Մեհմետ Զ. սուլթանի ներկայացուցիչներուն կողմէ` գլխաւորութեամբ Տամաթ Ֆերիտ փաշայի, որ մեծ վեզիրն էր Օսմանեան կայսրութեան, ապա` Ռիզա Թեւֆիքի, կրթութեան նախարար Հատի փաշայի եւ Պեռնի մէջ Օսմանեան կայսրութեան դեսպան Ռեշիտ Հալիս փաշայի, իսկ վերոնշեալ հայկական զոյգ պատուիրակութիւններէն բնականաբար Աւետիս Ահարոնեանը` Հայաստանի Հանրապետութեան անունով:
Այսպէս, կ’իրականանար միացեալ Հայաստան մը, որ իր սահմաններուն մէջ կը ներառէր` Վանի եւ Պիթլիսի նահանգներուն երկու երրորդը, Էրզրումի գրեթէ ամբողջ նահանգը, Տրապիզոնի նահանգին մեծ մասը, ներառեալ` նաւահանգիստը: Ընդհանուր առմամբ 90 հազար քառ. քմ հողային տարածք մը, որ միաւորուելով Անդրկովկասի մէջ արդէն գոյութիւն ունեցող Հայաստանի Հանրապետութեան հետ (71.330 քառ. քմ)` ընդամէնը կ’ունենար 161.330 քառ. քմ հողային տարածք մը` դէպի Սեւ ծով ելքով:
Այս առթիւ Աւետիս Ահարոնեան կը գրէ.
«Երեսուն տարուայ պայքարս, բողոքս, տառապանքս ու յոյսերս պսակուեցին փառաւոր յաջողութեամբ»:
Հազա՛ր ափսոս, որ այս ոգեւորութիւնը կարճատեւ եղաւ: Պատճառները կարելի է նշել հետեւեալ ամփոփագրով.
Ա.- Թրքական վճռորոշ մերժողականութիւն եւ ռազմական դիմադրութիւն` Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի առաջնորդած ազգայնական շարժումին կողմէ:
Բ.- Մուսթաֆա Քեմալի գլխաւորութեամբ Անգարայի մէջ կազմուեցաւ իշխանութիւն մը, որ հեղինակազրկեց օսմանեան կառավարութիւնը: Ան վճռականապէս մերժեց Սեւրի դաշնագիրը` կոչելով զայն «խաղաղութեան հրամայական[6]» («diktat de paix»), քանի որ սոյնը ընկալուեցաւ թուրքերու գոյութեան դէմ ուղղուած նուաստացում եւ սպառնալիք:
Գ.- Ճիշդ է, որ Սեւրի դաշնագիրը ստորագրուեցաւ օսմանեան կառավարութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ, բայց օսմանեան խորհրդարանը զայն չկրցաւ վաւերացնել, որովհետեւ ուղղակի Դաշնակիցներուն կողմէ 1920 թուականի մարտին ցրուած օսմանեան խորհրդարանին բացակայութիւնը անկարելի դարձուց նման գործընթացի մը իրականացումը:
Գ.- Յաւելեալ` քեմալական շարժումը ռազմական յաջող դիմադրութիւն ցուցաբերեց
Յունաստանի (Արեւմտեան Անատոլիա – Զմիւռնիա), Կիլիկիոյ մէջ տեղակայուած ֆրանսական ուժերու եւ քրտական անկախութեան շարժումին դէմ: 22 սեպտեմբեր 1920 թուականին թրքական բանակը Քեզիմ Գարապեքիրի հրամանատարութեամբ ներխուժեց Հայաստան: Երկու ամիս տեւած անհաւասար մարտերէ ետք, 2 դեկտեմբեր 1920 թուականին Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը ստիպուած եղաւ քեմալական ուժերուն հետ կնքելու Ալեքսանդրապոլի պայմանագիրը: Փաստօրէն քեմալական Թուրքիոյ ձեռք բերած ռազմական այս յաջողութիւնները անհնար դարձուցին Սեւրի դաշնագիրը իրագործելու նախապէս գոյութիւն ունեցող հնարաւորութիւնները:
Դ.- Դաշնակից պետութիւններու վերապահութիւնը եւ անոնց միջեւ շահերու մրցակցութիւնը նոյնպէս նպաստեցին միջազգային քաղաքական նոր իրավիճակի մը յառաջացման, նաեւ` Սեւրի դաշնագրի կիրարկելիութեան վերաբերեալ կասկածամտութեան ձեւաւորման:
Ե.- ԱՄՆ-ի ծերակոյտը չվաւերացուց Հայաստանի նկատմամբ հովանաւորութիւնը, որ նախապէս զուգահեռաբար առաջադրուած էր Վուտրօ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռով: Ընդհանրապէս Մերձաւոր Արեւելքի հանդէպ ԱՄՆ-ի որդեգրած վերապահութիւնը անիրագործելի դարձուց այս ուղղութեամբ մշակուած նախնական ծրագրերը եւ ի դերեւ հանեց հայութեան անձկայրեաց երազին իրականացումը:
Զ.- Թուրքիոյ ձեռք բերած ռազմական յաղթանակները փաստացիօրէն սահմանափակեցին Սեւրի դաշնագրի իրագործման բոլոր հնարաւորութիւնները: Այլապէս Դաշնակից պետութիւնները ստիպուած պիտի ըլլային ռազմական նոր գործողութիւններու ձեռնարկել Թուրքիոյ դէմ, որոնց համար անոնցմէ ոչ ոք պատրաստ էր:
Է.- Փոխարէնը` Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի գլխաւորութեամբ ստեղծուած նոր Թուրքիոյ Հանրապետութեան հետ 24 յուլիս 1923 թուականին Palais de Rumine պալատին մէջ ստորագրուեցաւ Լոզանի դաշնագիրը, որուն միջոցով ամրագրուեցան ժամանակակից Թուրքիոյ սահմանները` առանց Հայաստանի, Քիւրտիստանի կամ ազգային այլ փոքրամասնութիւններուն համար Սեւրի դաշնագրով նախատեսուած իրաւունքներուն:
Լոզանի խաղաղութեան համաժողովին ներկայացած թրքական պատուիրակութիւնը:
Եզրակացութիւն.- Սեւրի դաշնագրին իրագործումը ձախողեցաւ, որովհետեւ թրքական ազգային շարժումը վճռականօրէն պայքարեցաւ անոր դէմ եւ ռազմական միջոցներով կանխեց զայն: Թուրքիոյ մէջ ձեւաւորուած նոր ուժերը միանգամայն հեղինակազրկեցին երբեմնի օսմանեան կառավարութիւնը, որուն խաղաղութեան վեհաժողովներուն ընդմէջէն ստանձնած բոլոր պարտաւորութիւնները անիրագործելի դարձան: Առ այս, փոխուեցաւ նաեւ միջազգային քաղաքականութեան իրավիճակը` գլխաւորաբար Լոզանի դաշնագրին պատճառով, որ ամբողջութեամբ փոխարինեց Սեւրի դաշնագրի սկզբնական ծրագրերը:
Այնուհանդերձ, Փարիզի, Սան Ռեմոյի եւ Սեւրի պայմանագրերուն մէջ ընդգրկուած Հայաստանի վերաբերեալ դրոյթները ստոյգ պէտք է միջազգային իրաւունքի փաստաթուղթեր համարուին: Անոնք կը փաստագրեն Օսմանեան կայսրութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը եւ միաժամանակ կը վերահաստատեն հայ ժողովուրդին հանդէպ պատասխանատուութեան պատմական եւ իրաւական գիտակցութիւնը: Հակառակ Ա. Աշխարհամարտէն ետք իրականացած աշխարհաքաղաքական հսկայական փոփոխութիւններուն, միեւնոյն է, այս համաձայնագրերը կը շարունակուին ի զօրու մնալ միջազգային իրաւունքի մարզէն ներս եւ յիշողութեան քաղաքականութեան վերաբերեալ բանավէճերուն մէջ:
Իր ազգին լուսաւոր ապագայի հեռանկարով խանդավառ Աւետիս Ահարոնեան, որ իր անձը համակ զոհաբերած էր հայ ժողովուրդի բարօրութեան եւ Հայաստանի անվտանգութեան ապահովման նպատակին, Լոզանի դաշնագրի իրականացման եւ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու բացարձակ անտեսման փաստով` հանդիսացաւ հայոց այս դառնագոյն յուսախաբութեան խորազգած թարգմանը: Տակաւին 1899 թուականին ան թուղթին յանձնած էր «Աշուղը» խորագրով սրտառուչ քերթուածը, որ իր ժամանակի հնչեղութենէն ոչինչ զիջելով` ցարդ կը մնայ հայ սերունդին ուղղուած մին այն հզօրագոյն պատգամներէն, որ կ’ըսէ.
«Այսքա՛ն չարիք թէ մոռանան մեր որդիք,
Թող ո՛ղջ աշխարհ հային կարդայ նախատինք»:
Լոզանի դաշնագրին մէջ ընդհանրապէս ոչ միայն կը բացակայէին «Հայաստան» եւ «հայ» անուններուն յիշատակութիւնը, այլեւ Հայկական հարցը միանգամայն նենգափոխուելով` կը վերածուէր Արեւմտեան Հայաստանի որոշ շրջանի մը մէջ հայկական ազգային օճախ մը (Foyer arménien) ստեղծելու ծրագրի: Առաջարկ մը, որուն վճռականապէս կ’ընդդիմանայ թրքական պատուիրակութիւնը եւ կը յաջողի անոր վիժեցումը պարտադրել Դաշնակից տէրութիւններուն:
Կարելի չէ պատկերացնել Աւետիս Ահարոնեանի եւ իրեն հետ Լոզան ժամանած հայ պատուիրակներուն ապրած հիասթափութեան տարողութիւնը: Հոն, ուր ուժը կը թելադրէ երեւոյթներուն չափանիշը, իրաւունքը կը դառնայ անոր աղախինը, ոչ թէ արդարութեան սկզբունքէն, այլ` անձնատուր ըլլալու անզօրութենէն: Հայկական պատուիրակութեան ներկայացուցիչներուն Լոզանի մէջ հնչեցուցած վերջին ուղերձը լուռ արժանապատուութեան մը դրսեւորումն է, արձագանգ չունեցող ճիչ մը, եւս յուսահատ փորձ մը` նետուած մեծ տէրութիւններու խղճին, որ հուսկ պիտի փակուէր քաղաքական շահերու ետեւ:
Համոզուած ըլլալով, որ Դաշնակից պետութիւններու ջանքերը Լոզանի վեհաժողովին ի նպաստ հայերուն որեւէ արդիւնք չէին տուած, հայ պատուիրակները պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը տարածեցին վեհաժողովի մասնակիցներուն, ուր ամփոփ կ’ըսուէր հետեւեալը.
«Լոզանի վեհաժողովի յանձնախումբերու յայտարարութիւններէն, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան պայմանագրի վերաբերեալ մամուլի կանխատեսումներէն հայ պատուիրակները կը հասկնան, որ Դաշնակից տէրութիւնները լքած են հայերը: Մենք պիտի ուզէինք ընդգծել, որ Հայկական հարցի լուծման ձախողութիւնը վատթարացուցած է հայերուն վիճակը: Վերսայի, Սեւրի խաղաղութեան պայմանագրերուն եւ 1921 թուականի Լոնտոնի խորհրդաժողովին մէջ, նաեւ 1922 թուականի Փարիզի հանդիպումներուն ժամանակ որոշումներ կայացան Օսմանեան կայսրութեան որոշ փոքրամասնութիւնները փրկելու, իսկ հայերուն համար հայրենիք ստեղծելու մասին: Այնուամենայնիւ, Լոզանի մէջ [Դաշնակից տէրութիւնները] ոչ մէկ հանաձայնութեան եկան հասնելու համար տրուած խոստումներու իրականացման, հակառակ անոր որ հայերը պատերազմի ընթացքին ճանչցուած էին իբրեւ մարտական ուժ, իսկ պատերազմի աւարտէն ետք` որպէս դաշնակիցներ: Այս պայմաններէն մեկնելով, որպէս հայ պատուիրակներ եւ բոլոր հայերու անունով, կրկին կոչ կ’ուղղենք պետութիւններուն` արդար լուծում գտնել հայերու տառապանքին: Նման խաղաղութիւն մը չի կրնար երկարատեւ ըլլալ Արեւելքի մէջ» [7]:
Այս տխրաշուք սեղանին վրայ էր, որ 24 յուլիս 1923 թուականին, ժամը 15:09-ին, Իսմեթ Ինէօնիւ ստորագրեց Լոզանի դաշնագիրը: Ընդամէնը սեղան մը, որ թուրք ազգայնականներուն համար դարձաւ սեղան մը խրախճանքի, իսկ հայ ժողովուրդին եւ Օսմանեան կայսրութեան ազգային այլ փոքրամասնութեանց համար եղաւ արդար իրաւունքներու զոհաբերութեան բագին մը: Զուիցերիոյ Համադաշնութեան Խորհուրդի նախագահ Փասքալ Շուշփեն այս սեղանը 2008 թուականին նուիրեց Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ապտուլլահ Կիւլին` իբրեւ խորհրդանշան Զուիցերիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող դարաւոր բարեկամութեան: Այսօր այս պատմական սեղանը կը գտնուի Անգարայի նախկին խորհրդարանի շէնքին մէջ, ուր յաչս Թուրքիոյ վաւերացուած է Լոզանի պայմանագիրը*:
9 Օգոստոս 1923 թուականին Աւետիս Ահարոնեան Հայաստանի պատուիրակութեան անունով կրկին կը դիմէ Ազգերու լիկային եւ կը պահանջէ իր օրակարգին մէջ ներառել Հայկական հարցը, քանի որ հայոց արդար իրաւունքները անտեսուած էին Լոզանի դաշնագրով: Միաժամանակ հայկական պատուիրակութիւնը կը յղէ բողոքագիր մը Դաշնակից պետութիւններու ներկայացուցիչներուն` դժգոհելով, որ խնդրոյ առարկայ դաշնագիրը կնքուած էր այնպէս` իբր թէ հայեր ընդհանրապէս գոյութիւն չէին ունեցած: Նման պայմանագիր մը չէր կրնար ազգերու միջեւ խաղաղութիւն երաշխաւորել եւ ո՛չ ալ արդարութիւն իրականացնել, ուստի պիտի բախէր մերժումի եւ վճռական դիմադրութեան:
Աւետիս Ահարոնեանի` Ազգերու լիկային 1932 թուականին ուղղած վերոգրեալ վերջին նամակը կարեւորութիւն կը ստանայ գերազանցապէս նախ հեղինակին անհատականութեան, ապա անոր ծաւալած քաղաքական գործունէութեան շնորհիւ: Հետեւաբար Հայ դատին եւ հայոց պահանջատիրութեան համար այս կարեւոր փաստաթուղթին մասին խօսելէ եւ զայն թարգմանաբար ներկայացնելէ առաջ այստեղ հարկ կը սեպեմ անդրադառնալ այս լուսակարկառ հայուն` Աւետիս Ահարոնեանի անձին եւ գործին:
գ. Աւետիս Ահարոնեան՝ «հայոց վշտի ու պայքարի երգիչ»-ը
«…Ես չեմ, որ գրել եմ, այլ իմ հայրենիքի հոգին է բռնել իմ գրիչը քառասուն տարուց ի վեր։ Ես գրել եմ այնպէս, ինչպէս իմ հայրենիքն է շշնջացել իր հողմերի սոյլերով, իր մրրիկներով, իր երգերով ու պարերով, իր ցաւերով ու խնդութեամբ»[1]։
Աւետիս Ահարոնեան իր աչքերը լոյսին կը բանայ 4 յունուար 1866 թուականին Երեւանի նահանգին մաս կազմող Իգդիր գաւառի Իգդիրմաւա գիւղի դարբին Առաքել Ահարոնեանի յարկին տակ։ Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ իր հօրենական օճախին մէջ։ Առաւելաբար մօրը՝ Զարդարի խնամքով իր մէջ կը ձեւաւորուի ուսումնատենչ ոգին եւ բացառիկ սէրը մայրենիին հանդէպ։ Կ’աշակերտէ Կիւլազիզ խալիֆայի՝ տէր Թոթիկեան դպրոցին, ուրկէ 1876-ին Իգդիրի մէջ կը հետեւի եւրոպական կրթութիւն ստացած մտաւորական Դաւիթ Քալանթարեանի ուսուցումներուն, որ տեսուչն էր տեղւոյն ծխական դպրոցին։ Ուսումը կ’ընդհատուի 1877-1878 թուականներուն բռնկած ռուս-թրքական պատերազմին պատճառով։ Այս միջոցին է, որ պատանին իր աչքերով կը տեսնէ արեւմտահայ գաղթականներուն ողբերգական վիճակը, որոնք թրքական եաթաղանէն մազապուրծ կը գաղթէին Կովկաս՝ գէթ կեանքի ապահովութիւն եւ ապրուստի նուազագոյն միջոց մը գտնելու յոյսով։ Վտարանդի հազարաւոր ազգակիցներու այդ աղէտալի տեսարանները իրենց անջնջելի կնիքը կը թողուն իր երեւակայութեան վրայ, որոնք հետագային կը դառնան գրական ատաղձը իր կարգ մը պատմուածքներուն։ Բարեբախտաբար 1879–1881 թուականներուն կը յաջողի շարունակել իր ուսումնառութիւնը նոյն ծխական դպրոցին մէջ՝ մինչեւ իր ուսուցիչին Եւրոպա մեկնիլը։ Ահաւասիկ այս ընտիր դաստիարակը՝ Դաւիթ Քալանթարեանն է, որ կը միջնորդէ, որպէսզի Աւետիս Ահարոնեան 1881 թուականին ընդունուիլ կարենայ Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը, զոր յաջողութեամբ կ’աւարտէ 1886 թուականին։ Հոս՝ ուսանողներէն շատեր տոգորուած էին հայրենիքի ազատագրութեան գաղափարով, անձկայրեաց համոզում մը, որ կ’ակօսէ հոգեւոր ճեմարանի շրջանաւարտ Աւետիս Ահարոնեանի կեանքի ողջ ուղին։
1887 թուականին ան կ’ամուսնանայ եւ վերադառնալով Իգդիր՝ կը նուիրուի ուսուցչական ասպարէզին տեղւոյն ծխական, ապա Նոր Պայազիտի դպրոցներուն մէջ մինչեւ 1896 թուականը։ 1898 թուականին ընտանիքով կը մեկնի Զուիցերիա, ուր 1898-1899 թուականներու ձմեռնային կիսամեակին կ’ընդունուի Լոզանի համալսարան՝ գրականութեան դոկտորայի աստիճան ստանալու նպատակով։ Համաձայն համալսարանական արձանագրութեանց հաղորդած տուեալներուն՝ իր բնակութեան առաջին վայրը կ’ըլլայ rue du Tunnel 6, 1005 Lausanne հասցէն։ Ապա ուսումնառութեան տարիներուն, ինչ-ինչ պատճառներով, ան կը բնակի տաբեր բնակարաններու մէջ հետեւեալ հասցէներով՝ Villa des Lilas, pl. Chauderon, 16 եւ av. de Rumine, 48։ Կարեւոր է նշել, որ հետեւելով ուսանողական արձանագրութեանց տարեգիրքերուն՝ 1899-1900 թուականներու ամառնային կիսամեակին եւ 1901-1902 թուականներու ձմեռնային կիսամեակին իր անունը կը բացակայի համապատասխան ցանկերէն։ Այս առթիւ հակած պիտի ըլլայի ենթադրելու, որ Աւետիս Ահարոնեան գտնուած է նաեւ Փարիզ՝ Սորպոնի համալսարանը, ուր հաւանաբար որպէս ազատ ունկնդիր կարճաժամկէտ հետեւած է գրականութեան դասընթացքներուն։ Այսուհանդերձ, ան իր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ Լոզանի համալսարանի ուսումնառական ծրագրին վրայ, ուր 1901 թուականին յաջողութեամբ կը յանձնէ դոկտորական ուսման քննութիւնները, ապա 1903 թուականին կը պաշտպանէ իր աւարտաճառը՝ նիւթ ունենալով «Anciennes croyances arméniennes, d’après le Folk-lore» («Հին հայկական հաւատալիքները, ըստ ժողովրդական աւանդութեան») խորագրով։ Եզրափակիչ քննութիւնը յանձնելէ ետք, Լոզանի համալսարանի գրականութեան կաճառը նոյն թուականին իրեն կը շնորհէ գրականութեան դոկտորի կոչում:
Աւետիս Ահարոնեան փաստօրէն մաս կը կազմէ այն փաղանգին հայ գրողներու,– որպիսիք էին Դանիէլ Վարուժան, Ռուբէն Սեւակ, Սիամանթօ, Զապէլ Եսայեան եւ ուրիշներ,– որոնք իրեց գրական բնածին տաղանդին կը միացնեն նաեւ ակադեմական պատրաստութիւնը՝ պաշտօնապէս վկայուած Եւրոպայի ուսումնական առաջատար կեդրոններէն, ինչպէս Կենթի, Սորպոնի, Լոզանի եւ այլ համալսարանները։
Զինք գաղափարական առումով ներշնչողը եւ կայծը հոգւոյն մէջ հրահրողն ու զայն հրայրքի վերածողը կը հանդիսանայ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադիր անդամներէն Քրիստափոր Միքայէլեանը։ Հայոց կարմիր երկնակամարին վրայ փայլատակող անմահանուն աստղ մը, որ իր լուսածիր բովին մէջ կը ներգրաւէ հայ ժողովուրդի ազատագրութեան տեսլականով խանդավառ երիտասարդներու ամբողջ փաղանգ մը։ Աւետիս Ահարոնեան հուսկ մաս կը կազմէ այդ անմահներու գունդին։
Զուիցերիա կեցութեան տարիներուն՝ 1898 թուականէն սկսեալ, Քրիստափոր Միքայէլեանի պատկառազդու հեղինակութիւնը, նաեւ ջերմ մտերմութիւնը խոր ազդեցութիւն կը ներգործեն Ահարոնեանի անձին վրայ, որուն հրաւէրին ընդառաջ ան կը թղթակցի արդէն Ժընեւի մէջ լոյս տեսնող ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ին, որու էջերուն մէջ 1898–1902 թուականներուն Ղարիբ[2] գրչանունով կը հրատարակէ «Ազատութեան ճանապարհին» շարքի առաջին պատմուածքները։
1902 թուականին Աւետիս Ահարոնեան վերադառնանով Կովկաս՝ բնակութիւն կը հաստատէ Թիֆլիսի մէջ եւ կը ստանձնէ «Մուրճ» ամսագրի գրական-գեղարուեստական բաժնի խմբագրի պաշտօնը։ Այդ ժամանակ Թիֆլիս կարեւոր կեդրոններէն մին էր հայ մտաւորականութեան, ուր կար յուռթի միջավայր մը ստեղծագործելու։ Ուրեմն այստեղ է, որ իբրեւ բեղուն գրող լոյս կը տեսնէ իր գրական աշխատութիւններուն կարեւոր մէկ մասը՝ հրատարակուելով ոչ միայն իր խմբագրած ամսագրին, այլեւ «Դրօշակ», «Ալիք», «Զանգ», «Վտակ», «Երկիր», «Խարիսխ», «Մշակ», «Մուրճ», «Հասկեր» եւ այլ պարբերաթերթերու էջերուն մէջ։
Արդէն իբրեւ հեղինակութիւն վայելող ազգային-քաղաքական գործիչ Աւետիս Ահարոնեան 1901-1902 թուականներուն կը մասնակցի Թիֆլիսի մէջ կայացող Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Հնչակեան կուսակցութեան միջեւ անոնց միաւորման նպատակով մեկնարկած բանակցութիւններուն։ Ափսոս, որ այդ նախաձեռնութիւնը ի դերեւ դուրս կու գայ, ինչպէս ապարդիւն կը մնայ հայ յեղափոխականներու դաշնակցութիւն մը ստեղծելու նախնական ծրագիրը։
1907 թուականի աշնանային ամիսներէն մինչեւ 1909 թուականի մայիս ամիսը Աւետիս Ահարոնեան կը վարէ Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցի տեսչութեան պատասխանատու պաշտօնը։ Սակայն այս թուականին ուրիշ շարք մը հայ մտաւորականներու եւ ազգային-հասարակական գործիչներու հետ այսպէս կոչուած «դաշնակցութեան գործով» կը ձերբակալուի ռուսական ոստիկանութեան կողմէ եւ ամբողջ երկու տարի կ’արգելափակուի Մետեխի, Պաքուի, Ռոստովի եւ Նովոչերկասկի բանտերուն մէջ։ 1911 թուականին զանազան միջնորդութիւններու շնորհիւ ազատ կ’արձակուի ու Կ.Պոլսէն անցնելով կը հաստատուի Զուիցերիա։
Ճակատագրին ալիքը եւ ազգային գործը 1916 թուականին զինք վերստին կ’առաջնորդեն Թիֆլիս, ուր 1917 թուականին կ’ընտրուի Հայոց ազգային խորհուրդի նախագահ։ 1918 թուականի յուլիսին, երբ կը ստեղծուի Հայայստանի Հանրապետութեան խորհրդարանը, Հայոց ազգային խորհուրդը կը դադրեցնէ իր գործունէութիւնը։ Այսպէս, Աւետիս Ահարոնեան 1919 թուականի յունիսին կը դառնայ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ, իսկ օգոստոս 1-ին կ’ընտրուի ՀՀ խորհրդարանի նախագահ։ Այստեղ կարեւոր է նկատի ունենալ այն փաստը, որ Աւետիս Ահարոնեան որպէս ՀՀ կառավարութեան պատուիրակութեան ղեկավար, որուն մասին վերոգրեալ անդրադարձ եղաւ հանգամանօրէն, Փարիզի խորհրդաժողովին մասնակցելու եւ այս առթիւ արտասահման գտնուելու պատճառով չէ վարած ՀՀ խորհրդարանի ոչ մէկ նիստ։ Պարզ է՝ զինք ՀՀ խորհրդարանի նախագահ ընտրելով խորհրդարանը առաջադրած է իրեն առաւել հեղինակութիւն եւ կշիռ հաղորդել Փարիզի խաղաղութեան վեհաժողովին մասնակցելուն առթիւ։ Սոյնը դիւանագիտական քայլ մըն էր, որ ոչինչով կը նուաստացնէ հայոց բազմատաղանդ գրող եւ քաղաքական անխոնջ գործիչ Աւետիս Ահարոնեանի արժանահաւատ հեղինակութիւնը։
Առկայ գրութիւնը չի նախատեսեր անդրադառնալ այն կոշտ հակասութիւններուն, որոնք տարաբախտօրէն գոյութիւն ունեցած են հայկական զոյգ պատուիրակութիւնները առաջնորդող Աւետիս Ահարոնեանի եւ Պօղոս Նուպար փաշայի միջեւ։ Բնականաբար առկայ տարակարծութիւնները յաւելեալ օրհնութիւն մը չէին կրնար շնորհել հայկական պատուիրակութիւններու քաղաքական աշխատանքներուն։ Միասնական ճակատի մը կազմութեան եւ համակարգուած միաձոյլ ազգային պահանջատիրութեան բացակայութիւնը յաճախ ընդարմացուցած է յաջողութեան հասնելու այն յառաջընթացը, որ հրամայականօրէն անհրաժեշտ էր դիւանագիտութեան արդէն իսկ դժուարագնաց ճամբուն վրայ։
10 մայիս 1930 թուականին Փարիզ՝ Սորպոնի համալսարանի հանդիսութիւններու մեծ դահլիճին մէջ մեծաշուք հանդիսութեամբ կը նշուի Աւետիս Ահարոնեանի գրական գործունէութեան 40-ամեակը: Հանդիսութեան կը նախագահէ անուանի պատմաբան Նիկողայոս Ադոնցը։ Խորհրդային Հայաստանի մէջ մերժուած, սփիւռքի մէջ աստանդական դարձած մեծ գրողը՝ Աւետիս Ահարոնեան, արդարեւ, արժանի էր այս մեծարանքին, զոր կ’ընծայէին իրեն ֆրանսահայութիւնը, նաեւ ֆրանսացի մտաւորականներու եւ պետական գործիչներու հոյլ մը։ Մեծութիւններ կը յատկանշուին իրենց համեստութեամբ. Աւետիս Ահարոնեան իր ելոյթին մէջ խոնարհաբար կ’անդրադառնայ իր ստեղծագործական վաստակին, ամենեւին չի յանձնուիր իր արժանիքները ցուցադրելու փորձութեան, այլ կ’ոգեշնչէ տարագիր հայութիւնը հայրենադարձութեան այն զօրեղ հաւատամքով, որ կիզակէտն էր իր գրական ներշնչումներուն եւ սեւեռակէտը՝ ազգային-քաղաքական գործունէութեան․
«…Ես հաւատում եմ, հայ ժողովուրդ, քո Դարձին, ինչպէս հաւատում եմ, որ ամէն առաւօտ արշալոյսը կը բացուի: Հաւատում եմ, վասնզի կամրջընկէց Արաքսի ափերին Մասիսի խորհրդաւոր հայեացքի տակ մեր Հայրենիքը կայ, որ մեր թրթռացող հոգին է բռնել իր մայրական քնքուշ ձեռների մէջ եւ ակնդէտ ու խռովահոյզ` նայում, նայո՜ւմ է ճամբաներին:
Եւ հեռու չէ այն օրը, երբ իր բազուկները տարածած, նա կ’ընդունի հեռաւոր հորիզոնների տակ յածող ու հեծող իր զաւակների կարօտակէզ բազմութիւնները. եւ բիւրաւոր ձայներ կը թնդան Մայր Արաքսի ափերին.
Արմենիա, Արմենիա, ո՜վ իմ հոգու յաւիտենական ապաստան, ո՜վ իմ պաշտելի հայրենիք»[3]:
Թէեւ հոգեկան ու ֆիզիքական ծանր ցնցումներու ենթարկուած եւ պայքարի պատնէշներուն վրայ առողջապէս հիւծած գրողը 1928 թուականին կաթուած մը անցուցած էր, իսկ բժիշկներ իրեն խորհուրդ տուած էին խնայել իր առողջութեան, այնուամենայնիւ Աւետիս Ահարոնեան երբեք չէր եղած քանքարաթաքոյց մը, այլ անդուլ կը շարունակէր ստեղծագործել եւ տալ իր ժողովուրդին այն ամէնը, որ շնորհած էին իրեն մայր բնութիւնն ու հայ ցեղը։
Այսպէս, 1934 թուականին Մարսիլիոյ մէջ կը կազմակերպուի բարեսիրական ձեռնարկ մը՝ նպաստելու համար Պէյրութի Համազգայինի «Հայ ճեմարանին»[4]։ Աւետիս Ահարոնեան կը խոստանայ պատուել միջոցառումը նաեւ համապատասխան ելոյթով։ Եւ ահա 11 փետրուարին քաղաքի մեծ դահլիներէն մէկուն մէջ, շուրջ երկու հազար հանդիսականներու ներկայութեան, երբ ան հայ ժողովուրդի գոյութեան խորհուրդը հանդիսացող հայ մշակոյթի մասին փառահեղ ճառ մը կ’արտասանէր, կաթուածահար կը զգետնուի եւ այնուհետեւ ամբողջ 14 տարի կը մնայ անկողնին գամուած մինչեւ իր մահը, որ կը պատահի 1948 թուականին եւ մեծ շուքով կը յուղարկաւորուի Փարիզի Փեր–Լաշեզ գերեզմանատան մէջ:
Աւետիս Ահարոնեան մեզի աւանդած է գրական հարուստ թողօն մը, որմէ կարելի է նշել հետեւեալ ընտրանին.
- «Հռօ կինը», տպ․ Հ․ Մարտիրոսեանց, Թիֆլիզ, 1897։
- «Բաշօն», տպ․ Մ․ Շարաձէ եւ ընկ․, Թիֆլիս, 1899։
- «Տժգոյն հովուերգութիւն», տպ Տ. Մ. Ռօտինեանցի, 1899։
- «Հզօր Սամսոն», տպ․ Մ. Վարդանեանցի, Թիֆլիս, 1899։
- «Պատկերներ», տպ․ Վառվառէ Գատցուկի, Մոսկուա, 1900։
- «Պատկերներ հայ յեղափոխական կեանքից», տպ. Հ. Յ. Դաշնակցութեան,Ժընեւ 1901։
- «Մխիթարեան միաբանութիւն», տպ․ Մ․ Մարտիրոսեանցի, Թիֆլիս, 1901։
- «Ազատութեան ճանապարհին», տպ․ Հ. Յ. Դաշնակցութեան, Ժընեւ, 1902։
- «Խեղճերը», տպ. Վրաց. հրատ. ընկ., Թիֆլիզ, 1902։
- «Իտալիայում», Արագատիպ Մն. Մարտիրոսեանցի, Թիֆլիզ, 1903։
- «Մրրիկի սուրբը», Скоропечатна М.Мартиросанца, Тифлисъ, 1903։
- «Կեանքի դասը», տպ․Մովսէս Վարդանեանցի, Թիֆլիս, 1903։
- «Աշուղը», սեփական տպ․ Ոսկանապատ, 1904։
- «Հայդուկի Նոր տարին», Հրտ. Կ. Հ. Ա. Մ. «Մեծ քաղաքի» ճիւղի, Պետերբուրգ, 1904։
- «Երեխաները», տպ․ «Արoր»,Բագու, 1904։
- «Ժողովածու երկերի», տպ․ Պուշկինեան, Ս. Պետերբուրգ, 1904։
- «Արազը», տպ․ «Հերմէս»,Թիֆլիս, 1904։
- «Լռութիւնը», տպ․ «Հերմէս»,Թիֆլիս, 1904։
- «Գայլերը ոռնում էին», տպ․ Քութաթելաձէի, Թիֆլիս, 1906։
- «Արցունքի հովիտը», տպ. Տրուդ, Բագու, 1907։
- «Կեանքի վէպը», տպ․ «Հերմէս» Ս. Պ. Եդիգարեանի, Թիֆլիս, 1908։
- «Ժողովածու երկերի», տպ․ օր. Նուարդ Աղանեանցի, Թիֆլիս, 1909։
- «Ժողովածու երկերի», տպ. Կուլտուրա ընկերութեան, Թիֆլիս, 1909։
- «Անդունդը», տպ․ օր. Ն. Աղանեանցի, Թիֆլիս, 1910։
- «Մոխիրների տակից», տպ․ օր. Ն. Աղանեանցի, Թիֆլիս, 1910։
- «Խաւարի մէջ», տպ․ օր. Ն. Աղանեանցի, Թիֆլիս, 1910։
- «Զարթի՛ր, Աստւած․․․», տպ․ «Ազատամարտ»-ի, Կ․Պոլիս, 1911։
- «Պարտւածներ», տպ․Արաքս, Կ․Պոլիս, 1912։
- «Աստծու կրակը», տպ․ Ն. Աղանեանցի, Թիֆլիս, 1912։
- «Շվէյցարական գիւղը», տպ․ օր. Ն. Աղանեանցի, Թիֆլիս, 1913։
- «Փոքրիկ պատմւաքներ», տպ. Ն. Աղանեանցի, Թիֆլիզ, 1916։
- «Հայկական հարցը խաղաղութեան ժողովին առջեւ», տպ․ Հայրենիք, Պօսթըն, 1919։
- «Հայրենիքիս համար», տպ. Հայրենիք, Պօսթըն, 1920։
- «Դաշնակցական կառավարութեան դոկումենտներից», տպ․ Ռազմ. Ժող. Կոմիսսարիատի,Երեւան, 1922։
- «Քրիստափոր Միքայէլեան», տպ. Հայրենիք, Պօսթըն, 1926։
- «Ճամբորդը», տպ․ Հայրենիք,Պօսթըն, 1926։
- «Կաթուշկը», տպ․ «Յուսաբեր»,Գահիրէ, 1926։
- «Իմ գիրքը», հտ․ Ա․, տպ. Նավարի, Պարիզ, 1927։
- «Իմ գիրքը», հտ․ Բ․ , տպ. Նավարի,Պարիզ, 1931։
- «Կարօտ հայրենի», տպ. Հայրենիք, Պօսթըն, 1927։
- «Ա․ Ահարոնեանի ճառը» (արտասանուած իր գրական քառասնամեայ յոբելեանին, Սորպոնի սրահը, 1930 Մայիս 10-ին), տպ․ «Յուսաբեր», 1930։
- «Րաֆֆի», Նիւ Եորք, 1936 (հրատարակչատան անունը նշուած չէ)։
- «Մենութեան մէջ», տպ․ The Sandal Press, Նիւ Եորք, 1938։
- «Ծիծեռնակի բոյնը», տպ․ Շնորհօքեան, Պէյրութ, 1940։
- «Իմ բանդը եւ երազներիս աշխարհը», տպ. Հայրենիք,Պոսթըն, 1943։
- «Սարդարապատից մինչեւ Սեւր եւ Լօզան», տպ. Հայրենիք, Պոսթըն, 1943։
- «Ճնճղուկի մահը», տպ. Տիգրիս, Հալէպ, 1944։
- «Մանկութիւն», տպ. Համազգային ընկերութեան, Պէյրութ, 1951։
Իհարկէ, այստեղ նկատի առնուած չեն այն բազմաթիւ վերահրատարակութիւնները, նաեւ հայոց այս բազմաբեղուն գրողի ստեղծագորութիւններուն տարբեր լեզուներու թարգմանութիւնները։ Այստեղ պարզապէս աւելորդ պիտի չըլլար նշել Աւետիս Ահարոնեանի երկերու ժողովածուի այն տասնհատորեակը, որ 1940–1950-ական թուականներուն «հրատարակիչ յանձնախումբի» մը աջակցութեամբ հրատարակած է իր որդին՝ Վարդգէս Ահարոնեանը։ Նոյնը վերահրատարակուած է 1980-ական թուականներուն Թեհրանի մէջ։ Այսուհանդերձ, ինչքան ալ երախտաշատ աշխատութիւն մը իրականացած է սոյն տասնհատորեակով, միեւնոյն է, ցարդ կարելի չէ եղած ամբողջական եւ միաձոյլ համանուագի մը մէջ ընդգրկել,– Զապէլ Եսայեանի խօսքով՝ «Հայ գրականութեան թուխ Արամազդ»-ին,– գրական ժառանգութիւնը, նկատի ունենալով անոր գրչին պատկանող կարգ մը գրութիւններն ու յօդուածները, որոնք տակաւին ցրուած կը մնան հայ մամուլի զանազան էջերուն մէջ։
դ. Աւետիս Ահարոնեանի կոչը՝ որպէս քաղաքական անձնուէր յանձնառութեան վկայութիւն աշխարհաքաղաքական անզօրութեան դէմ
Ա. աշխարհամարտէն ետք մեծ տէրութիւններու նախաձեռնութեամբ Եւրոպայի մէջ կայացած խաղաղութեան խորհրդաժողովներուն եւ ստորագրուած դաշնագրերուն առնչութեամբ մինչեւ հիմա մեզի այսքանն էր ծանօթ, քանի մեր ընթացիկ պատմութիւնը մեզի լոկ այսչափ կ’աւանդէ։ Այսուհանդերձ, կայ իրողութիւն մը, որ ստոյգ եւ համոզիչ է անոնց համար, որոնք իր անդուլ գործունէութեան եւ հայաբոյր գրականութեան ընդմէջէն ճանաչցած են վերոնշեալ հրաշունչ պատգամին հեղինակը. Աւետիս Ահարոնեան անվեհեր մարտիկ մըն էր, մարդ, որ չէր հետեւեր հոսանքին, այլ անխոնջ կը պայքարէր անոր դէմ՝ որքան ալ ամեհի ու մեծ ըլլային անոր բերած կոհակները։ Հետեւաբար, իր մասին այն կարծիքը, թէ Լոզանի դաշնագրէն ետք ան վերջին անգամ դիմած է Դաշնակից տէրութիւններուն, ինչպէս նաեւ Խորհրդային Ռուսիոյ արտաքին գործերու ժողովրդական քոմիսար Գէորգի Վասիլեւիչ Չիչերինին, հուսկ հրաժարած է քաղաքական գործունէութիւն ծաւալելէ, ամենեւին չի համապատասխաներ փաստացի այն տուեալին, որ կը պարզուի մեր առջեւ։
1932 թուականին, աշխարհաքաղաքական խոր ցնցումներու, տնտեսական եւ հոգեկան տարատեսակ ախտահարումներու ժամանակշրջանին, երբ Ա. աշխարհամարտի բացած արիւնածոր վէրքերը տակաւին չէին սպիացած մարդկութեան մարմնին վրայ, Ահարոնեան նամակով մը կը դիմէ Ժընեւի մէջ տեղակայուած Ազգերու լիկային՝ բողոքելով վերջինիս կողմէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան Ազգերու լիկային անդամակցելու անոր առաջադրանքին, հայ ժողովուրդի ունեցած մարդկային եւ հողային ահաւոր կորուստներուն եւ Դաշնակից տէրութիւններուն կողմէ անոր տրուած սնավաստակ խոստումներուն դէմ։
Առանց Հայաստանի Սոցիալիստական Խորհրդային Հանրապետութեան պատկան մարմիններէն կամ սփիւռքահայ ազգային որեւէ հեղինակաւոր համագումարէ մը լիազօրուած ըլլալու, Աւետիս Ահարոնեան այս նամակին մէջ կը խօսի ձայնով մը, որ խորհրդանշական եւ հոգեհարազատ էր հայութեան՝ տոգորուած հայրենասիրական ջերմ ապրումներով, բարոյական պատասխանատւութեամբ եւ արդարութեան հանդէպ անսասան հաւատքով։
Այսուհանդերձ, նամակին գլխագրութիւնը կը նշէ. « DÉLÉGATION DE LA RÉPUBLIQUE ARMÉNIENNE » («Հայկական Հանրապետութեան պատուիրակութիւն») տիտղոսը, երբ, ինչպէս վերոգրեալ նշուեցաւ, 1932 թուականին նման պատուիրակութիւն մը գոյութիւն չունէր, իսկ Հայաստանի մէջ արդէն հաստատուած էր խորհրդային իշխանութիւնը։ Բաց աստի, նամակաթուղթին վրայ նշուած նախնական հասցէն՝ 71 avenue Kléber, Paris, le …, ակներեւ կը դարձնէ, որ ան հաւանաբար 1919 թուականին Փարիզի խորհրդաժողովին մասնակցելու առթիւ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան համար նախապէս տպագրուած պաշտօնական նամակաթուղթ մըն է, զոր օգտագործած է Ահարոնեան Ազգերու լիկայի արտակարգ համաժողովի նախագահին եւ անդամներուն իր բողոքը ներկայացնելու նպատակով։
Ստոյգ է նաեւ, որ 1932 թուականի յունիսին Աւետիս Ահարոնեան Ժընեւ գտնուած է՝ 11, Florissant հասցէին, ուր իջեւանելով La Résidence պանդոկը՝ յղած է իր խնդրոյ առարկայ նամակը։ Հետազօտելով Ազգերու լիկայի այդ համաժողովին արձանագրութիւնները՝ կարելի չեղաւ հաստատել՝ արդեօ՞ք Աւետիս Ահարոնեան անձամբ ներկայ գտնուած է որեւէ մէկ նիստին։ Սակայն յստակ է մէկ փաստ, որ նշուած համաժողովին հայկական ոչ մէկ պատուիրակութիւն հրաւիրուած է։
Այսուհանդերձ, ուրիշ հետաքրքրական փաստ մը այս նամակին արժէքը առաւել եւս կը բարձրացնէ, քանի որ հասցէակիրը կամ սոյն ժողովի պատկան պաշտօնեաներէն մին նամակին վրայ իր ձեռագրով արձանագրած է. « Cette question a été discutée à Genève » («Այս հարցը քննարկուած է Ժընեւի մէջ»)։ Ճիշդ է, որ համաձայն արխիւային մեր հետազօտութիւններուն՝ Ազգերու լիկայի այս արտակարգ համաժողովը իր օրակարգին վրայ Հայկական հարցի քննարկում նշած չէ, սակայն եւ այնպէս սփիւռքահայ կազմակերպութիւնները միջազգային մակարդակով միշտ ալ գործուն եղած են, յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան եւ գաղթականներու օգնութեան հարցերով, որոնց պերճախօս վկայութիւններէն մին կը հանդիսանայ Աւետիս Ահարոնեանի առկայ նամակը։
Աւետիս Ահարոնեան Ազգերու լիկայի 13-րդ համագումարի արտակարգ նիստին յղած իր նամակը կը ստորագրէ իրեն վերապահելով արժանահաւատ հեղինակութիւն մը․ « Le Président de la Délégation de la République Arménienne à la Conférence de la Paix et signataire du Traité de Sèvres » («Խաղաղութեան վեհաժողովին Հայկական Հանրապետութեան պատուիրակութեան նախագահ եւ ստորագրող Սեւրի դաշնագրի»)։
Արդարեւ, ան իր նամակին կը հաղորդէ պատմական եւ քաղաքական հեղինակութիւն մը, որ նոյնիսկ կը գերազանցէ իր անձը։ Այսինքն՝ ան ոչ միայն անհատական քաղաքական կեցուածքի մը վկայութիւնն է, այլեւ կ’արտայայտէ ամբողջ ժողովուրդի մը արդար իրաւունքներն ու յոյսերը։ Այսպիսով Ա. Ահարոնեան ինքզինք կը ներկայացնէ ոչ միայն որպէս լուծուած երբեմնի հանրապետութեան մը ներկայացուցիչը, այլեւ որպէս միջազգային իրաւունքի մէջ ամրագրուած եւ երբեք չկատարուած խոստումներու վկայ։ Այս ինքնադիրքորոշումը կրկնակի հայեցակարգ կ’առաջադրէ. մէկ կողմէ Ահարոնեան կ’ընդգծէ իր քաղաքական օրինականութիւնը, իսկ միւս կողմէ ան միջազգային հանրութեան կը յիշեցնէ Հայաստանի հանդէպ իր ունեցած բարոյական եւ իրաւական պարտաւորութիւնները, որոնք այս պահուն արդէն մեծաւ մասամբ մոռցուած էին։ Աւելին՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան Ազգերու լիկային անդամակցումով յանցագործը կ’արդարանար, իսկ զոհը միանգամայն կ’իրաւազրկուէր. արդարադատութեան շրջադարձ մը, որ ոչ միայն կը քօղարկէ փաստացի անարդարութիւնը, այլեւ կասկածելի կը դարձնէ միջազգային հանրութեան բարոյական կողմնացոյցը։ Հետեւաբար Աւետիս Ահարոնեանի առկայ ուղերձը միաժամանակ զօրեղ բողոք մըն է միջազգային կառոյցներուն եւ համաշխարհային հանրութեան լռութեան դէմ։
ե. Նամակը[5]
Հայկական Հանրապետութեան Պատուիրակութիւն
71, AVENUE KLÉBER, PARIS…
Ժընեւ, 28 յունիս 1932
La Résidence,
11, Florissant.

Նորին Գերազանցութեան՝ Ազգերու լիկայի արտակարգ ժողովի նախագահին
եւ ժողովի անդամներուն
Պարոն Նախագահ եւ պարոնայք,
Այն ժամանակ, երբ ազգերը, որոնց պարտականութիւնն է արդարութեան միջոցով խաղաղութիւն պարգեւել ժողովուրդներուն, կը պատրաստուին հրաւիրել Թուրքիան անդամակցելու համար Ազգերու լիկային։ Խաղաղութեան համաժողովին Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը, որ ստորագրած է Սեւրի դաշնագիրը եւ Ազգերու լիկային առջեւ բազմիցս պաշտպանած է Հայկական հարցը, պատիւն ունի Ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրելու հետեւալին վրայ.
Պատերազմէն առաջ հայ ազգն ունէր 4.000.000 բնակչութիւն, որուն աւելի քան երկու միլիոնը կ’ապրէր Թուրքիա՝ գլխաւորաբար հայկական վիլայեթներուն մէջ՝ իրենց նախնեաց պատմական հողերուն վրայ։
Թուրքերը, օգտուելով ընդհանուր պատերազմէն՝ իրականացնելու մեր ազգը ոչնչացնելու իրենց մինչ այդ անաւարտ մնացած ծրագիրը, շարք մը կոտորածներու եւ տեղահանութիւններու միջոցով այս թիւը կիսով չափ կրճատեցին։
Ուստի գրեթէ բոլոր վերապրողները՝ շուրջ մէկ միլիոն մարդ, վտարուեցան իրենց տուներէն եւ ցրուեցան արտասահմանի մէջ։
Թրքական կառավարութիւնը բռնագրաւեց բոլոր սեփական եւ ազգային ունեցուածքը (դպրոցներ, եկեղեցիներ, հաստատութիւններ): Ամէն ինչ բռնագրաւուեցաւ ամենակամայական աւարառութիւններով։
Իսկ այսօրուան հանրապետական Թուրքիան, հակառակ որոշ յայտարարութիւններու, պարզապէս կը շարունակէ նախորդ կառավարութիւններուն քաղաքականութիւնը։
10 օգոստոս 1920 թուականին կնքուեցաւ Սեւրի դաշնագիրը, որու 88-րդ յօդուածը հետեւեալն էր. «Թուրքիա կը յայտարարէ,– ինչպէս արդէն Դաշնակից տէրութիւններն ըրած են,– որ կը ճանչնայ Հայաստանը իբրեւ ազատ եւ անկախ պետութիւն»։
Այս թեքստը յստակօրէն կը վերաբերի Սեւրի դաշնագրով պայմանաւորուած բոլոր Դաշնակից տէրութիւններու կողմէ ճանաչումին։
1922 թուականի իրադարձութիւններէն ետք, Սեւրի դաշնագիրը փոխարինուեցաւ Լոզանի պայմանագրով, ուր ո՛չ «Հայաստան» անուանումը, ո՛չ ալ «հայ» բառը որեւէ մէկ տեղ կը գտնուին։ Սակայն Ազգերու լիկան չէր կրնար անտեսել հայերու ճակատագիրը։ Հետեւաբար արդէն 1920 թուականի նոյեմբերին ան իր առաջին նիստին քննարկեց Հայաստանի անդամակցութեան հարցը։
[Այնուհանդերձ] ան ստիպուեցաւ հրաժարելու այդ առաջադրանքէն՝ գլխաւորաբար քեմալական բանակի յարձակումին պատճառով։
Սակայն Ազգերու լիկան 1921 թուականին միաձայնութեամբ ընդունեց բանաձեւ՝ Թուրքիոյ մէջ, թրքական տիրապետութենէն ամբողջապէս անկախ, հայկական ազգային օճախ ստեղծելու մասին։
Այս բանաձեւը ընդունուած եւ հաստատուած է Գլխաւոր խորհրդաժողովի իւրաքանչիւր նստաշրջանին մինչեւ 1924 թուականը, այսինքն՝ նոյնիսկ Լոզանի դաշնագրի ստորագրումէն ետք։
Ազգերու լիկան չունենալով Թուրքիոյ հանդէպ գործողութիւններ ձեռնարկելու որեւէ միջոց՝ ստիպուած էր տարիէ–տարի յետաձգել արդարադատութեան եւ փոխհատուցման իր ջանքերը։
Բայց այսօր, այն պահուն, երբ ան ձեռք կը մեկնէ Թուրքիոյ ու կը հրաւիրէ զայն անդամակցութեան, մի՞թէ Ազգերու լիկան պարտաւոր չի զգար օգտուելու այս բարենպաստ եւ եզակի հնարաւորութենէն՝ հայկական պահանջատիրութիւնը պնդելու իմաստով։
Հայ գաղթականները, որոնք հարիւր հազարներով հաւաքուած են իրենց հայրենիքին շուրջը գտնուող հսկայական տարածաշրջանին մէջ՝ Պարսկաստանէն մինչեւ Պալքաններ, անցնելով Իրաքով, Սուրիայով, Եգիպտոսով եւ Յունաստանով, չհաշուած անոնք, որոնց ճակատագիրը զիրենք աւելի հեռաւոր երկիրներ նետած է, երբեք չեն դադրած իրենց հայեացքը յառելու դէպի իրենց նախնեաց երկիրը, որ այժմ լիովին ամայացած ու լքուած է։
Ինչպէ՞ս պիտի կարենային ընդունիլ անոնք, որ մէկ կողմէ տէրութիւններէն եւ Ազգերու լիկայէն նկատի չեն առնուիր իրենց տրուած հանդիսաւոր պարտաւորութիւնները, մինչդեռ միւս կողմէ Թուրքիան՝ իրենց դժբախտութեան հեղինակը, կ’անդամակցի Ազգերու լիկային՝ առանց իրենց նկատմամբ արդարութիւն իրականացնելու։
Վերջապէս, ներքոստորագրեալ պատուիրակութիւնը[6] պարտաւորուած է իր ամենանշանակալի վերապահումները կատարելու Թուրքիոյ ներկայ սահմաններու վերջնական ամրագրման առնչութեամբ, քանի որ ազգը[7] չ’ընդունիր զրկուիլ ո՛չ իր աշխարհիկ իրաւունքներէն, ո՛չ ալ իր պատմական ժառանգութենէն։
Հակառակ դառն հիասթափութիւններուն, հայ ժողովուրդը մեծ յոյս ունի, որ Ազգերու լիկան կը ձգտի կանխել հետագայ անարդարութիւնը, եւ ան կը ցանկայ, որ Թուրքիոյ՝ Ազգերու լիկա ընդունուելու օրը կը նշանաւորուի արդարութեան եւ փոխհատուցման նոր դարաշրջանի մը սկիզբով։
Ընդունցէք, խնդրեմ, պարոն Նախագահ եւ պարոնայք, մեր խորին յարգանաց հաւաստիքը։
Խաղաղութեան վեհաժողովին Հայկական Հանրապետութեան պատուիրակութեան նախագահ եւ Սեւրի դաշնագրի ստորագրող ՝
Ա. Ահարոնեան
Դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան
Ժընեւ, 28 Մայիս 2025
Տօն Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան
[1] Հմմտ. «Ա․ Ահարոնեանի ճառը» (արտասանուած իր գրական քառասնամեայ յոբելեանին, Սորպոնի սրահը, 1930 մայիս 10-ին), տպ․ «Յուսաբեր», 1930, էջ 11։
[2] Ա. Ահարոնեան իր առաջին ներդրումը կը բերէ «Դրօշակ»-ի էջերուն՝ հրատարակելով «Խայը» խորագրով պատմուածքը, որուն տակ կը ստորագրէ «Ղարիբ» ծածկանունը։ Տե՛ս «Դրօշակ», 28 փետրուար 1899, էջ 32։ Ահարոնեան ունեցած է նաեւ այլ ծածկանուններ՝ «Վաստակաւոր», «Կուրբաթ-Հարուն», «Ա.Ա.» եւ «Avesta»։
[3] Հմմտ. «Ա․ Ահարոնեանի ճառը», էջ 14։
[4] 1950 թուականէն ետք, շնորհիւ լոնտոնաբնակ Նշան Փալանճեան քոյրերու բարերարութեան, այդ կրթական հաստատութիւնը կը վերանուանուի Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» ճեմարան։
[5] Տե՛ս Nationalarchiv CH-BAR#E2001C#1000-1535#1037#1
[6] Խօսքը այն պատուիրակութեան մասին է, որ նամակին գլուխը կը ներկայանայ «Հայկական Հանրապետութեան Պատուիրակութիւն» անունով։ Այս պատուիրակութիւնն է, որ կը ստորագրէ նամակը, նոյնինքն՝ Աւետիս Ահարոնեանը։
[7] Նկատի ունի հայ ժողովուրդը։

