Լրահոս
Իշխան Սաղաթէլեան Հանդիպումներ Ունեցաւ Եւրոխորհրդարանի Ներկայացուցիրներու Հետ

ՊՐԻՒՔՍԷԼ․- Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, որ աշխատանքային այցելութեամբ Պելճիքայի մայրաքաղաք ժամանած, Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանի ընկերակցութեամբ, հանդիպում ունեցաւ Եւրոխորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի փոխնախագահ եւ Ընկերվարական Միջազգայնականի փոխնախագահ Հանա Ժալուլ – Մուրոյի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացման ուղղուած՝ Եւրոպական խորհրդարանի տարբեր հարթակներուն մէջ գործող երեսփոխան Նաչօ Սանչէս – Ամորի հետ։

