
Ա.Ա.
Կասկածէ դուրս է, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները չեն կրնար եւ պատրաստակամ չեն՝ ապահովելու համար Արցախահայութեան իրաւունքները եւ անվտանգութիւնը։ Արցախեան առաջին գոյամարտին դրդապատճառները, Արցախեան երկրորդ պատերազմին արդիւնքները եւ հետեւանքները, ինչպէս նաեւ ներկայ իրավիճակը ասիկա կ՛ապացուցեն եւ հայկական կողմը կը մղեն ըլլալու ոչ թէ կասկածամիտ, այլ համոզուած, թէ Ատրպէյճան ոչ մէկ պարագայի նպատակ ունի Արցախի հայութեան իրաւունքները տալու եւ զանոնք պաշտպանելու։ Իսկ երբ կը խօսինք Արցախահայութեան իրաւունքներուն մասին, առաջին հերթին եւ առաջին գիծի վրայ կու գայ Արցախի բնիկ ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը, որ այսօր ամբողջութեամբ կ՛անտեսուի։
Հարաւային կովկասեան ընդհանուր իրավիճակին մէջ միջազգային դերակատարներու միջեւ ոչ թէ կռուախնձորի, այլ՝ ազդեցութեան գօտիի ստեղծման գործօնի վերածուած Արցախի մէջ բազմապիսի դժուարութիւններ դիմագրաւող եւ զանոնք յաղթահարելով՝ իրենց հայրենի բնօրանին մէջ ապրելու եւ գոյատեւելու վճռականութիւնը ունեցող արցախցիներուն համար թէ՛ անցեալին եւ թէ՛ այսօր շատ յստակ է, որ ինչ կը նշանակէ Ատրպէյճանի իշխանութեան տակ ապրիլ։ Նախկին խորհրդային Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի ժողովուրդին ապրած ոդիսականին տարբեր հանգամանքներուն վրայ ուշադրութիւն սեւեռելով՝ կարելի կ՛ըլլայ լոյսի բերել ատրպէյճանական այն բոլոր «հոգատար» ծրագրերը, որոնց միակ նպատակը Արցախը ենթարկել էր Նախիջեւանի ճակատագրին՝ զայն իր բնիկ ժողովուրդէն պարպելով եւ Արցախի կրօնամշակութային ժառանգութիւնը բնաջնջելով։ Տակաւին մեր յիշողութեան մէջ թարմ է Նոր Ջուղայի արուեստի գլուխ գործոց գերեզմաքար- խաչքարերուն ջարդը եւ անոնց Արաքս գետ թափուիլը։Օրին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ իր տուած հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ ցաւ իսկ յայտնած էր,որ իր հայրը՝ Հայտար Ալիեւ, չէր յաջողած գլուխ հանել եւ իր լրումին հասցնել Արցախը իր բնիկ ժողովուրդէն պարպելու ծրագիրը, որովհետեւ կանչուած էր Մոսկուա՝ իբրեւ Համայնավար կուսակցութեան քաղաքական բիւրոյի նորանշանակ անդամ։Արցախի մէջ ատրպէյճանցիներու բնակեցման Հայտար Ալիեւի ծրագիրը կէս կատար կը մնար եւ Իլհամ Ալիեւ այս մասին հրապարակաւ ցաւ կը յայտնէր։
Ներկայ իրավիճակին մէջ Արցախահայութեան դիմագրաւած ամէնէն վտանգաւոր խնդիրը Արցախի գոյութեան կապուած՝ ինքնորոշոման իրաւունքի հարցն է, որուն շուրջ բանակցութիւններ,խօսակցութիւններ եւ քննարկումներ անիմաստ ժամավաճառութիւն են, որովհետեւ Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքի հարցը քննարկելի նիւթ չէ, պարզ այն պատճառով ,որ անիկա ամրագրուած է նախ՝ միջազգային օրէնքով, ապա արցախահայութեան կողմէ կիրարկուած բազմահոլովոյթ հանգրուաններ ամբողջացուցած եւ իրաւական ոչ մէկ խնդիր ունեցող գործընթացով մը, որ հարիւր առ հարիւր կ՛ապահովագրէ Արցախի հայութեան ինքնորոշման իրաւունքը։
Արցախի տագնապին նկատմամբ Ատրպէյճանական պաշտօնական դիրքորոշման ժխտականութիւնը չէզոքացնելու եւ խնդրին ճիշդ էութիւնը միջազգային ընտանիքին եւ որոշումներու մայրաքաղաքներուն քաղաքական հաշուարկներուն հետ համաձայնեցնելու ծանր եւ պատասխանատու գործը Երեւանի իշխանութիւններուն եւ ամբողջ հայութեան պարտաւորութիւնն է, որպէսզի Արցախահայութեան ինքնորոշման արդար իրաւունքը ապահովագրելով՝ կարելի ըլլայ հայկական ճակատին դիմադրականութիւնը ամրապնդել եւ ազգային քաղաքականութեան վճռորոշ դրոյթներուն մէջ իր արժանաւոր տեղն ու դիրքը շնորհել Արցախահայութեան՝ նկատի ունենալով, որ հայութեան ազգային շահերուն ապահովման խուլ պայքարին մէջ արցախի ժողովուրդը առաջին գիծի վրայ կը գտնուի։Արցախի տագնապին ի նպաստ Արցախահայութեան ազգային շահերուն լուծումը միայն լոզունգ չէ։Հետեւաբար կարիքը ունի համահայկական ներուժի, հաւատքի եւ տեսլականի։Որպէսզի Արցախը հայութենէ չպարպուի։