Իմաստասէրներու Տեսութիւնները` Տիեզերքը Բացայայտելու Մասին
Սօսէ Փիլաւճեան
1․ Ի՞նչ է Փիլիսոփայութիւնը։
Ամէն բանէ առաջ փորձենք սահմանել թէ ի՞նչ է փիլիսոփայութիւնը։ Փիլիսոփայութիւնը միշտ կը սկսի հարցադրումով։ Հարցում` ամենէն աւելի ընդհանուր բաներու մասին։ Ո՞վ է մարդը։ Ուրկէ՞ եկած է աշխարհ։ Ինչո՞ւ գոյութիւն ունի։ Ինչո՞ւ կ’ուզենք ճանչնալ եւ հետազօտել զինք։ Ինչպէ՞ս կը ճանչնանք զինք եւ այլն․․․
Փիլիսոփայութիւնը յունարենէ բառ է, որ կազմուած է երկու բաղադրիչէ` Փիլո, որ կը նշանակէ սէր եւ Սոփիա, որ կը նշանակէ իմաստութիւն։
Ուրեմն Փիլիսոփայութիւնը իմաստասիրութիւն է, իսկ փիլիսոփան իմաստասէրն է։ Ուստի փիլիսոփայութիւնը գործնական գիտութիւն չէ քիմիագիտութեան թէ կենսաբանութեան նման, որովհետեւ ինք կ՛առաջնորդէ մեզ դէպի աւելի բարձր նպատակի, որ ճշմարտութեան հասնիլն է։
Փիլիսոփայութիւնը կը հարցնէ ամէն բաներու սկիզբի մասին։ Ան կ’ուզէ ճանչնալ ամէն բանի ծայրագոյն սկզբը եւ այս նպատակին կը հասնի ո’չ դիցաբանութեամբ, ո’չ կրօնով, այլ` իմաստութեամբ եւ մտքով։ Փիլիսոփայութիւնը կը ջանայ ամէն բաներու ամբողջութիւնը բացատրել։
Փիլիսոփայութիւնը հարց կու տայ «ինչպէ՞ս» եւ «ինչո՞ւ»։ Անոր հիմքը զարգացումն է։ Իմաստասիրութիւնը զարմանալէ ծնունդ առած է, որուն կը յաջորդէ հարցադրումները։
Իւրաքանչիւր մանուկ իր մօր հարց կու տայ ամէն ինչի մասին` ան փիլիսոփայ է, եւ ետքը այս փիլիսոփայելու կարողութիւնը իր մէջ կ՛աներեւութանայ։
Թէեւ Փիլիսոփայութիւնը տեսական գիտութիւն չէ եւ անոր նպատակը եւ արդիւնքը գործանական եւ օգտակար չեն այլ գիտութիւններու նման, բայց ան կը սորվեցնէ վերլուծական մտածողութիւն, ճիշտ եզրակացութեան եւ փաստարկումի յանգիլը։
Ուստի փիլիսոփայութիւնը կու գայ տրամաբանական եւ գործնական կարողութիւններէ, որոնք օգտակար են կեանքի բոլոր ասպարէզներուն մէջ։
2-Փիլիսոփայութեան ճիւղերը կապուած են քննարկուող խնդիրներէն, որոնք կը բաժնուին հետեւեալ կերպերը`
Ա․ Մետաֆիզիք (Բնալանցութիւն) – կը քննէ գոյը, այսինքն բոլոր գոյութիւն ունեցող բաները, իբր ինքզինք եւ գոյի մասը։
Բ․ Հմտաբանութիւն – կը քննէ մարդկային ճանաչումը, այսինքն ինչպէս մենք կը ճանչնանք աշխարհը եւ թէ որքան մեր ճանաչումը իրականութեան համապատասխան է։
Գ․ Մարդաբանութիւն – կը քննէ մարդը, անոր էութիւնը, տեղը տիեզերքի մէջ եւ ճակատագիրը։
Դ․ Բարոյագիտութիւնը – կը քննէ մեր բարոյական վարքը եւ կը հարցնէ բարոյականութեան աղբիւրներու մասին։
Ե․ Տիեզերաբանութիւն ( Գիտութեան փիլիսոփայութիւն) – կը քննէ բնութիւնը եւ տիեզերքը, որ կը շրջապատէ մեզ։
Զ․ Գեղագիտութիւնը – կը քննէ գեղեցկութիւնը։
Բացի այս ամենակարեւոր ճիւղերէն, կարելի է բաժնել յատուկ փիլիսոփայութիւն մը` ամէն գիտական ճիւղի համար, օրինակ․-
– Աստուծոյ փիլիսոփայութիւն։
– Օրէնքի փիլիսոփայութիւն։
– Կրօնի փիլիսոփայութիւն։
– Միտքի փիլիսոփայութիւն եւ այլն․․․
3․ Փիլիսոփայութեան սահմանումը`
Ոմանք կ՛ըսեն, թէ փիլիսոփայութիւնը անկարելի է սահմանել։ Ուրիշները կը ստեղծեն զանազան սահմանումներ։ Հոս դիմենք անոնցմէ մէկուն, որ կազմեց կաթողիկէ վարդապետ հայր Franciszek Kwiatkowski – Փիլիսոփայութիւնը գիտութիւն է ամէն բաներու վերջնական պատճառի մասին, որ հասած է մարդը մտքի լոյսով։
Ուրեմն փիլիսոփայութիւնը իր հիմնական իմաստով վերջնական պատճառներու գիտութիւն է։
Որպէսզի ճիշտ ընկալենք` անհրաժեշտ է պատասխանել ի՞նչ է պատճառ։
Պատճառը` այն բանն է, որ կ՛ազդէ ուրիշ բանի հաստատութեան վրայ։ Այնուհետեւ փիլիսոփայութիւնը գիտութիւն է ասոր մասին։
Ինչո՞ւ աշխարհը հաստատուած է, ինչո՞ւ մենք գոյութիւն ունինք։
Ինք կը փնտռէ առաջին հիմնական պատճառները։ Փիլիսոփայութիւնը կը քննէ աշխարհը, մարդը եւ Աստուած։
Նոյնպէս կրօնը կ՛ընդգրկէ այս երեք ասպարէզները, բայց գլխաւոր տարբերութիւնը կրօնի եւ փիլիսոփայութեան միչեւ այն է, թէ կրօնի մէջ Աստուած կը յայտնէ ճշմարտութիւնը մարդու համար, իսկ փիլիսոփայութիւնը կը ջանայ հասնիլ ճշմարտութեան մարդկային մտքով։
Պատճառի հարցը`
Նախկին Յոյներն էին, որ երեւան հանեցին։
Անոնք կը բացատրէին իրականութիւնը դիցավէպերու օգնութեամբ։ Աշխարհն ու մարդը աստուածներու կռիւի հետեւանք էին։
Բայց դիցավէպերու հիմքի մօտ թաքնուած է հարցում մը` պատճառի մասին (Յունարէն «Արհէ»)։ «Արհէ» կարելի է թարգմանել զանազան ձեւով`
-իբր պատճառ
-իբր սկզբունք
-իբր ատաղձ։
Որպեսզի ճիշդ հասկնալ յունական փիլիսոփայութիւնը` նախ պէտք է իմանալ անոնց ժամանակի հասկացողութիւնը, որ կը զանազանուի մեր հասկացողութենէն։ Մեզի համար ժամանկը գծային է։ Աշխարհը ունի իր սկիզբը եւ կ՛երթայ մինչեւ վերջ։
ՍԿԻԶԲ – ՎԵՐՋ
Իսկ յոյներուն ժամանակը շրջանային է։
Զանազան դարագլուխներ կը յաջորդեն զիրար։
Ասոր համար` այսպիսի մտածողներէն ոմանք կը հաւատային նաեւ վերամարմնաւորման։ Շրջանային ժամանակը չունէր սկիզբ եւ վերջ։
Այսինքն, եթէ այժմ նստած ես եւ կը կարդաս այս գրութիւնը, ուստի դարձեալ պիտի գայ ժամանակ, որ պիտի կարդաս միեւնոյն գրութիւնը, որովհետեւ ամէն ինչ շրջային է եւ կը կրկնուի դէպի անսահմանութիւն։
Առաջին հայեացքէն կը թուի, որ եթէ ժամանակն է շրջային եւ սկիզբ չունի, կարիք չկայ հարցնել պատճառի մասի։
Ի՞նչ է այս աշխարհի պատճառը` սկզբունքը թէ ատաղձը։
Բայց յոյները սկսան հարցնել` Թալես Միլեթացի յաւակնեցաւ, որ պատճառը ջուրն է։ Որովհետեւ ջուրն ունի երեք վիճակներ եւ ներկայ է ամէն բանի մէջ։ Մեր սնունդը մեծ մասամբ կը բաղկանայ ջուրէն, խմած ենք ջուրը եւ ջուրի շնորհքով ապրած ենք, երկիրը կը լողայ ջրի վրայ եւ այլն․․․
Իսկ ըստ Քսենոփանտեսի պատճառը հողն է։ Ամէն ինչ հողէն շինուած է եւ դէպի հող կը վերադառնայ։ Անաքսիմենեսի համար պատճառը օդն է։ Օդը կը թափանցէ ամէն ինչի մէջ, օդով մենք շունչ կ՛առնենք։
Հերակլիտոս համոզուած էր, որ կրակն է ամէն ինչի պատճառը։ Հերաքլիտոս դիտելով կրակին եւ անոր փոփոխութեանը` եկած է այն եզրակացութեան, որ ամէն ինչ փոփոխական է։ Ինք համարուած է փոփոխութեան փիլիսոփայ։ Ան կը պնդէր, որ անկարելի է երկու անգամ մտնել նոյն գետը, որովհետեւ երկրորդ անգամին կը մտնենք ուրիշ ջուրի մէջ։ Ան կ՛ըսէր, որ ամէն ինչ հոսած է եւ չկայ որեւէ հաստատ բան այս աշխարհի վրայ։
Հակառակ Հերաքլիտոսին, Պարմենիդես կայունութեան փիլիսոփայ է։ Ըստ Պարմենիդեսի պատճառը` հիմնական սկզբունքի գոյ է։ Այս պատասխանը աւելի վերացական էր նախորդներէն, որոնք կեդրոնացած էին աշխարհի տարրերու վրայ։ Ասոր համար Պարմենիդեսի պատասխանը յեղափոխութիւն էր։
Գոյ, միակ գոյ։
Ի՞նչ են գոյի յատկանիշերը։ Պարմենիդես կը համարէր, որ գոյն է յաւիտեան, անփոփոխ, կատարեալ, անշարժ եւ յատուկ։ Ետքը նման յատկանիշերով Աստուածաբանութիւնը պիտի նկարագրէ զԱստուած։
Բայց ի՞նչ է Պարմենիդեսի խնդիրը։ Թէեւ ինք կը համարէր, որ գոյն աշխարհի սկզբունքն է, չէր բաժներ աշխարհը իրեն սկզբունքէն, իրեն պատճառէն։ Ըստ անոր կայ այն ինչ կայ, իսկ չկայ գոյութիւն չունի։ Եթէ բան մը գոյութիւն ունի ապա կայ, եթէ գոյութիւն չունի` ապա չկայ։
Պարմենիդեսի դիրքը պիտի կոչուի «մոնիզմ»։ Ամէն ինչ միութիւն է եւ մէկ գոյ։ Բայց եթէ ամէն ինչ պիտի ըլլար միութիւն, ինչպէս մենք տեսած ենք զանազան գոյեր։ Անասուններ եւ մարդիկ, որ ծնած են եւ մեռած, որոնք այսպիսի անկայուն եւ փոփոխական են։
Մեր կեանքն ալ անկայուն է, այսօր կ՛ապրինք եւ վաղը պիտի մեռնինք։ Նաեւ մենք ալ կատարեալ չենք, կրնանք հիւանդանալ, իրեր կրնան փճանալ եւ այլն․․․
Ուրեմն Պարմենիդես ուրկէ՞ սահմանած է այս գոյի կայուն յատկանիշերը, եթէ ամէն ինչ կ՛ենթարկուի փոփոխութեան։ Ուրեմն Հերաքլիտոս ճիշտ էր հաւակնելով, որ փոփոխութիւնը գոյուրեան հիմքն է, եւ ոչ կայունութիւն։
Բայց նոյնիսկ այս փոփոխուրեան մէջ կը զգանք կայունութեան կարիք մը, գտնելու իրականութեան առաջին սկզբունքը։
Թէեւ Հերաքլիտոսի եւ Պարմենիդեսի տեսութիւնները յիշեցում են Աստուծոյ մասին, բայց Աստուծոյ հարցումը ծածկուած է անոնց մտածումի մէջ։ Պարմենիդեսի գաղափարի արդիւնքն է կայուն մոնիզմ, այսինքն հայեացքը, որ աշխարհը ընդգրկուած է Աստուծոյ մէջ։
Ըստ
Հերաքլիտոսէն եկող գաղափարին` Աստուած կրնայ ըլլալ նոյն աշխարհի հետ, որտեղ մնայուն փոփոխութիւնը կու տայ աշխարհի աստուածային յատկանիշեր։
Չնայած այս բոլոր յեղափոխական հայեացքները, գլխաւոր մնացած խնդիրը այն էր, որ իրենք չէին կրնար բաժնել աշխարհը` սկզբունքէ (Աստուծմէ)։
Ի՞նչ կը վերաբերի
Պղատոնի, ան կը ջանար լուծել դժուարութիւնը` Պարմենիդեսի եւ Հերաքլիտոսի գաղափարներու միչեւ։ Ինք կը նկատէր, որ այս բանը, որուն Պարմենիդես տուաւ յատկանիշեր իբր յաւիտեան, անփոփոխական եւ կայուն գոյ չէ, իսկ գաղափար է։ Ըստ Պղատոնին գաղափարները կայուն, յաւիտեան եւ անփոփոխական են եւ յատուկ գոյութիւն ունին, ինպէս`
-Սիրոյ գաղափարը, -Գեղեցկութեան գաղափարը, -Ճշմարտութեան գաղափարը եւ այլ․․․ Ամէն ինչ, որ գոյութիւն ունի, ան ունի գաղափար մը։
Այլ գոյերը ինչպէս` աթոռը, սեղանը, արջը ունին իրենց գաղափարները։ Այս գաղափարները ճշմարիտ գոյն են։ Այս աթոռները, որ մենք տեսած ենք միայն աթոռի գաղափարին շուքերն են։ Ուրեմն ամէն բան ունի իր յատուկ, անփոփոխական եւ կայուն գաղափարը։ Պղատոնի երկխօսութիւններուն մեծ մասը նուիրած է գաղափարին։ Ինք գաղափարները կը բացատրէ քարանձաւի փոխաբերութեամբ։
Քարանձաւի մէջ նստող մարդիկ դէպի ելքը կը տեսնեն, իսկ քարանձաւի պատին վրայ` միայն շուքեր։ Չեն տեսներ այն, որ ճշմարիտ է։ Ուրիշ մարդիկ կը մօտեցնեն իրական իրերը կրակին մօտ եւ կը յառաջացնեն շուքեր, որոնք առաջին մարդիկ տեսած են։ Իրենք կապուած են այնպիսի ձեւով, որ չեն կրնար դառնալ եւ տեսնել ճշմարիտ իրերը, արդ` ամբողջ կեանքի ընթացքին դիտած են միայն շուքերը։ Եթէ իրենցմէ որեւէ մէկը ազատելով շղթաներէն դուրս գար քարանձաւէն աշխարհը տեսնելու, երբ վերադառնայ քարանձաւ եւ պատմէ իր ընկերներուն ինչ տեսաւ եւ որ այս շուքերը ճշմարիտ չեն, իրենք պիտի չուզեն լսել անոր ու մերժեն դուրս ելլել, միայն շուքերուն հաճութիւն ունենալով։
Այս է փիլիսոփայի գլխաւոր խնդիրը։ Նոյնիսկ եթէ ան գտնէ ճշմարտութիւնը, չկարենայ փոխանցել եւ բացատրել զայն մարդկանց, որ գոհացած են այս աշխարհի շուքերով։ Ըստ Պղատոնին գոյերը, որ մենք տեսած ենք միայն շուքեր են ճշմարիտ իրականութեան։ Միայն գաղափարներու աշխարհը գոյութիւն ունի կատարեալ ձեւով։
Իսկ Գնոստիկեանները համոզուած էին, որ մեր ամբողջ աշխարհը պատրանք է։ Ըստ անոնց իրական աշխարհը գոյութիւն ունի ինչ որ տեղ մը, բայց մենք կ՛ապրինք միայն այս նիւթական աշխարհի պատրանքին մէջ։
Այսպիսի աշխարհի հասկացողութեան ընդդիմացաւ Արիստոտելը։
Ան մերժեց գաղափարներու տեսութիւնը։ Ինչպէս` աթոռը, որ ինծի համար կարեւոր, շօշափելի եւ յատկանշական է միայն շուք է եւ պէտք է ունենայ գաղափար մը, որ բացարձակապէս հեռու է անորմէ։ Այնուհանդերձ Արիստոտել կազմեց իր փիլիսոփայութիւնը, որ կը հաւակնի, թէ մեր աշխարհը գոյութիւն ունի իրական։ Այս դիրքը կոչուեցաւ իրապաշտութիւն (ռեալիզմ) հակառակ Պղատոնի գաղափարականութեան (իտեալիզմի)։ Արիստոտելի համար իրերը գոյութիւն ունին իրական եւ իրական կարող ենք ճանչնալ զիրենք։ Պէտք է նշել, որ Արիստոտելի համար նիւթը գոյ կ՛ըլլայ յաւիտեան։ Հակառակ քրիստոնէութեան ըսածին, աշխարհը սկիզբ չունի։ Բայց Արիստոտել տեսնելով նիւթի շարժումն եկաւ եզրակացութեան, որ անհրաժեշտ է, որ գոյը ըլլայ առաջին շարժողը, որ նիւթը շարժման մէջ դրաւ։ Այս մտածողութիւնը պիտի դարձաւ Աստուծոյ գոյութեան խելամիտ ապացոյցերու սկիզբը։ Բայց պէտք է նշել, որ Արիստոտելի համար Աստուած ստեղծող չէ, իսկ միայն շարժող։ Արիստոտելի դրութիւնը դարձաւ Թովմա Աքուինացիի փիլիսոփայութեան սկզբունքը, որ տիրապետած էր արեւմտեան քրիստոնէութեան մէջ մինչեւ 20-րդ դար։

