Գրական

ԳՐԱԿԱՆ ԳԱՆՁԵՐ․- ԻԲՐԵՒ  ՈՐԴԻ  ԵՒ  ՆԱԽԱՀԱՅՐ

Ծ․Խ․- Ստորեւ լոյս կ՛ընծայենք, Վեհանոյշ  Թեքեանի խօսքը Դանիէլ Վարուժանի մասին, կարդացուած 1984-ին Նիւ Եորքի մէջ, ի յիշատակ ձեռնարկի մը ընթացքին։ 

Կան քերթողներ, որոնք վարարուն թախիծով մը իրենց ծածկաղօթքը կը մրմնջեն, եւ բարութեան քնքշութեան գեղեցկութեան դուռ մը կը բանան մարդկութեան համար։  Կան՝ որ կեանքէն մեծ ալիքի մը վրայ կ՚արձակեն իրենք զիրենք, եւ հրաշահիւս շողապսակ մը կը դնեն մարդկութեան ճակտին։ Անոնք կեանքէն մեծ են։ Մարդկութեան եւ իրենց ժողովուրդին համար չեն տատամսիր հաշիւ պահանջելէ բոլոր աստուածներէն եւ սատանաներէն։ Անոնք հանճարներ են, որոնք աստղակայլակ  իրենց խօսքը կ՚ըսեն եւ իրենց հմայքին տակ կը պահեն դարե՛րը։  Ասոնցմէ էր քսաներորդ դարուն սկիզբը, հայ բանաստեղծութեան կամարին վրայ իր շքեղ հոգեքանդակը դրած քերթողը՝ Դանիէլ Վարուժան։

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email
Back to top button