Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՅ ՓՈ­ԽԵԼ

0 0
Read Time:16 Minute, 21 Second

serzh-sargsyan  Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Սկզբուն­քով Փետր­ուար 18-ին հա­մար նա­խա­տես­ուած նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու քա­րո­զար­շա­ւի մեկ­նար­կու­մէն մէկ շա­բաթ յե­տոյ, Յուն­ուար 31-ին, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Հե­ռուս­տա­տե­սու­թեան եւ Ռատ­իո­յի Ազ­գա­յին Յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Գրի­գոր Ամալ­եան տուաւ մամ­լոյ ասու­լիս մը, որուն ըն­թաց­քին հաս­տա­տեց թէ թեկ­նա­ծու­նե­րու կող­մէ եթե­րա­յին ելոյթ­նե­րու ըն­թա­ցա­կար­գը օրէն­քով նա­խա­տես­ուած պայ­ման­նե­րուն մէջ կ՛ի­րա­կա­նա­նայ, առանց խախ­տում­նե­րու ար­ձա­նագր­ման:

Հա­յաս­տան­եան քա­ղա­քա­կան գոր­ծըն­թա­ցին հե­տե­ւող­նե­րուն հա­մար նման յայ­տա­րա­րու­թիւն անս­պա­սե­լի չէր: Աւե­լի՛ն, քա­նի որ յա­տուկ սպա­սում­ներ չկա­յին ընտ­րու­թիւն­նե­րէն, սպա­սու­մը այն էր որ Հան­րա­պե­տա­կան ընտ­րա­մե­քե­նան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւնը չզգար իր թեկ­նած­ուին քուէ­նե­րու ապա­հով­ման հա­մար ար­դէն փոր­ձարկ­ուած թէ նո­րար­ուած մե­խա­նիզմ­նե­րու դի­մե­լու: Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կար­գե­րու առող­ջու­թեամբ ան­կեղ­ծօ­րէն լա­ւա­գոյնս տրա­մադր­ուած­նե­րուն հա­մար այս թէ­կուզ եւ կան­խա­տե­սե­լի ար­դիւն­քով, եւ ու­րեմն հա­ւա­նա­բար անմր­ցու­նակ ու քիչ մըն ալ ձանձ­րա­ցու­ցիչ ընտ­րու­թիւն­նե­րը կրնա­յին ինչ, որ բան դրա­կա­նօ­րէն փո­խել քա­ղա­քա­կան հա­մա­կար­գին թէ մշա­կոյ­թին մէջ: Աւե­լի ցի­նիք­նե­րուն հա­մար ընտ­րու­թե­նէ ընտ­րու­թիւն կրկնուող բա­րի սո­վո­րու­թիւն­նե­րու բա­ցա­ռու­մը լաւ լուր չէր շար­քա­յին քա­ղա­քացի­ին հա­մար. տու­եալ թեկ­նած­ուի մը քու­է­ար­կե­լու առա­ջար­կով կան­խօ­րոք բաժն­ուե­լիք գու­մար­ներ պի­տի չըլ­լա­յին, եւ քա­ղա­քա­ցին պէտք էր բա­ւա­րար­ուէր խոս­տում­նե­րով…

Այ­սու­հան­դերձ, քո­նէ առա­ջին շաբթ­ուայ քա­րո­զար­շա­ւի պատ­կե­րը թեկ­նա­ծու­նե­րու ակտիւաց­ման իմաս­տով խօ­սուն էր իր թա­տե­րա­կա­նու­թեամբ: Հան­րա­պե­տա­կան թեկ­նած­ուին ընտ­րար­շա­ւը կա­րե­լի է որա­կել շքեր­թա­յին ինչ­պէս վա­յել է շքերթ­նե­րու վարժ եւ անոնց շա­րու­նակ­ման վստահ Նա­խա­գա­հի մը: Ժա­ռան­գու­թեան Ռաֆ­ֆի Յով­հան­նէս­եա­նը փո­ղոց ելած էր ձեռն­ուե­լու իւ­րա­քան­չիւր քա­ղա­քացիի հետ` անձ­նա­պէս հա­մո­զե­լու անոնց որ “հնա­րա­ւոր է“, ինչ­պէս իր քա­րո­զար­շա­ւի լօզուն­գը կը վստա­հեց­նէ: ԱԻ­Մի ղե­կա­վար Պա­րոյր Հայ­րիկ­եա­նի ճի­գը կը կա­յա­նար քսան­մէ­կամ­եայ ան­կա­խու­թիւն ճա­շա­կող­նե­րուն յի­շու­թիւնը թար­մաց­նե­լու մէջ թէ ո՛վ էր ան­կա­խու­թեան կեր­տի­չը, յա­ճախ իր ելոյթ­նե­րուն անոնց հրամց­նե­լով իր հայ­րե­նա­սի­րա­կան եր­գե­րէն: Առա­ւել` խոս­տա­նա­լով որ նա­խա­գահ կ՛ըլ­լար հա­զիւ եր­կու տա­րի յե­տոյ պաշ­տօ­նէ հրա­ժա­րե­լու հա­մար, որով­հե­տեւ պի­տի վերց­նէր նա­խա­գա­հա­կան կա­ռա­վար­ման հա­մա­կար­գը եւ ամ­բող­ջա­կան ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն հաս­տա­տէր: Հրանդ Բագ­րատ­եա­նը ամե­նէն աւե­լի կը խօ­սէր իր մաս­նա­գի­տու­թեան մա­սին. տնտե­սա­գէտ է, նախ­կին վար­չա­պետ ու սե­փա­կա­նաշ­նոր­հող, հմտա­ցած է ազատ շու­կա­յա­կա­նու­թեան մէջ, զոր կ՛ու­զէ իրա­կա­նաց­նել Հա­յաս­տա­նի մէջ: Ան­շուշտ եթէ ազատ շու­կա­յա­կա­նու­թեան այլ մաս­նա­գէ­տի, վար­չա­պետ Տիգ­րան Սարգս­եա­նի կար­ծի­քը այս մա­սին հարց­նենք շատ հա­ւա­նա­բար պի­տի զար­մա­նայ թէ Բագ­րատ­եան ի՞նչ ըսել կ՛ու­զէ. աս­կէ աւե­լի ազա­տա­կան տնտե­սու­թի՞ւն… բայց երե­ւի Բագ­րատ­եան բան մը գի­տէ աւե­լի ազա­տա­կա­նաց­ման մա­սին: Ան­շուշտ, թեկ­նա­ծու­նե­րը եր­բեմն դէմ յան­դի­ման կու գա­յին նա­եւ անա­խորժ պա­տա­հար­նե­րու որոնք ան­մի­ջա­պէս տեղ կը գտնէ­ին Եու­Թու­պին վրայ, ինչ­պէս օրի­նակ Սերժ Սարգս­եա­նի մէկ ելոյ­թի բե­մա­կա­նա­ցու­մը պատ­րաս­տող հան­րա­ծա­նօթ դե­րա­սա­նուհի­ին թեկ­նած­ուին ժա­մա­նու­մը Մով­սէ­սի Կար­միր Ծո­վը բա­նա­լուն հետ հա­մե­մա­տե­լը –թէ­կուզ եւ ան ու­զեց վստա­հեց­նել որ այդ­պէս չէր, կամ այդ չէր իր ըսա­ծը (“ուաթ էվըր…“ պի­տի ըսէ­ինք անգ­լե­րէ­նով…): Կամ` նոյն ինքն Սերժ Սարգս­եա­նին նեղ­ուած կշտամ­բան­քը կնոջ մը որ իրեն կը գան­գա­տէր թէ տղան գործ չէր գտներ եւ Ռու­սաս­տան գա­ցած էր. “Ե՞ս եմ պա­տաս­խա­նա­տուն“, եղաւ նա­խա­գա­հա­կան թեկ­նած­ուին պա­տաս­խա­նը: Կամ` երբ Հրանդ Բագ­րատ­եան կը խօ­սէր երկ­րա­գոր­ծու­թեան թշուառ վի­ճա­կին մա­սին, իրեն յի­շե­ցու­ցին որ հո­ղը սե­փա­կա­նաշ­նոր­հո­ղը ինք եղած էր, ինչ որ բար­կա­ցուց թեկ­նած­ուին որով­հե­տեւ, ան­շուշտ որ ինք սե­փա­կա­նաշ­նոր­հած էր եւ հո­ղը տուած գիւ­ղացի­ին, բայց իր­մէ յե­տոյ եկած­նե­րուն է մեղ­քը որ ազա­տա­կան դրա­խա­տա­վայ­րը չի­րա­կա­նա­ցաւ:

Յե­տոյ կան միւս թեկ­նա­ծու­նե­րը որոնք իւ­րա­յա­տուկ գու­նա­ւո­րում մը տուած են քա­րո­զար­շա­ւին` հա­ցա­դու­լի դի­մած Անդր­ի­աս Ղու­կաս­եա­նը, միայն ընտ­րու­թիւն­նե­րու իրա­ւա­կա­նու­թեամբ զբա­ղե­լու նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ տո­գոր­ուած Ար­ցա­խի նախ­կին Արտ­Գործ նա­խա­րար Ար­ման Մե­լիք­եա­նը, Փետր­ուար մէ­կին նոր քա­րո­զար­շա­ւի սկսե­լու խոս­տում տուած Վար­դան Սեդ­րակ­եա­նը, որ վստա­հած է մամ­լոյ ասու­լիս­նե­րուն ու հար­ցազ­րոյց­նե­րուն ընտ­րող­նե­րուն հա­մո­զե­լու հա­մար քա­նի ոչ մար­զե­րը այ­ցե­լե­լու նպա­տակ ու­նի, ոչ ալ ընտ­րող­նե­րուն հետ տեսն­ուե­լու…

Նա­խա­գա­հա­կան թեկ­նա­ծու չա­ռա­ջադ­րե­լու որո­շում կա­յա­ցու­ցած միւս երեք խորհր­դա­րա­նա­կան ու­ժե­րու` Հ.Յ.Դ., Հ.Ա.Կ. եւ Բ.Հ.Կ. բա­ցա­կա­յու­թիւնը այս քա­րո­զար­շա­ւին բնա­կա­նա­բար զգա­լի է: Առա­ջին եր­կու­քը իրենք իրենց յստա­կօ­րէն սահ­մա­նած են որ­պէս ընդ­դի­մա­դիր, հրա­պա­րա­կա­յին կեր­պով դիր­քո­րոշ­ուած են Սերժ Սարգս­եա­նի թեկ­նա­ծու­թեան դէմ, բայց երե­ւի որով­հե­տեւ անոնց­մէ ոչ մէ­կը ընտ­րու­թիւն­նե­րը պոյ­քո­թի են­թար­կե­լու կոչ չուղ­ղեց, հա­ւա­նա­բար մտա­հոգ ժո­ղովր­դա­վար հա­մա­կար­գը եւ անոր հան­դէպ քա­ղա­քացի­ին վստա­հու­թիւնը պահ­պա­նե­լու մտա­հո­գու­թեամբ –կամ ալ իրա­պաշ­տօ­րէն հա­մոզ­ուած որ նման նա­խա­ձեռ­նու­թիւն Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան այ­սօր­ուայ բե­մա­հար­թա­կին վրայ ձա­խո­ղե­լու դա­տա­պարտ­ուած է, դժուա­րու­թիւն կ՛ու­նե­նան իրենց ընտ­րա­զանգ­ուա­ծին ուղ­ղու­թիւն տա­լու: Ինչ կը վե­րա­բե­րի Բ.Հ.Կ.-ին, Հան­րա­պե­տա­կա­նէն յե­տոյ խորհր­դա­րա­նա­կան ամե­նա­կա­րե­ւոր ներ­կա­յա­ցուց­չու­թիւնը, անոր դի­մա­դիր թէ ընդ­դի­մա­դիր կեց­ուած­քը այն­քան ալ յստակ չէ, եւ թե­րեւս ատոր հա­մար ալ ամե­նէն լուռն էր ցարդ:

Առանց այս երեք քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րուն, եւ եթէ պահ մը են­թադ­րենք, որ Սարգս­եա­նի ամե­նաու­ժեղ երեք մրցա­կից­նե­րը, երեքն ալ հան­րա­ծա­նօթ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ, իրենք ալ թեկ­նա­ծու չըլ­լա­յին, այն ժա­մա­նակ շատ հա­ւա­նա­բար մէկ թեկ­նա­ծուով այս ընտ­րու­թիւն­նե­րը իս­կա­պէս հար­ցա­կան պի­տի ըլ­լա­յին, թէ­կուզ եւ Հան­րա­պե­տա­կան ընտ­րա­մե­քե­նան Սարգս­եա­նի մրցա­կից շին­ծու թեկ­նա­ծու­ներ առաջ քշէր: Հի­մա, սա­կայն, կը մնայ տես­նել թէ այս երեք քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րուն ընտ­րա­զանգ­ուած­նե­րը դէ­պի ո՞ր թեկ­նա­ծուն պի­տի հա­կին: Կաս­կած չկայ, որ Սերժ Սարգս­եա­նի քա­ղա­քա­կա­նու­թե­նէն դժգոհ կա­րե­ւոր ընտ­րա­զանգ­ուած մը կայ. բայց անոր խնդի­րը միայն Սերժ Սարգս­եա­նին քուէն չտա­լը չէ, այլ` որո՞ւ ընտ­րելն է: Մէկ խօս­քով, ի տար­բե­րու­թիւն 2008ին, այս­պէս կոչ­ուած “պա­տիժ քուէն“ դէ­պի մէկ մրցա­կից թեկ­նա­ծու հու­նա­ւոր­ուե­լու կա­րե­լիու­թիւն չու­նի: Այս, ան­շուշտ, չի նշա­նա­կեր որ պէտք է թերգ­նա­հա­տել Սարգս­եա­նի մրցա­կից երեք թեկ­նա­ծու­նե­րու հա­ւա­քե­լիք ձայ­նե­րու տո­կո­սը ար­հա­մար­հե­լի պի­տի ըլ­լայ: Ընդ­հա­կա­ռա­կը, ան­կախ իրենց յաղ­թա­նա­կին վրայ իրենց ու­նե­ցած վստա­հու­թե­նէն, ընտ­րու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցող բո­լոր պար­տուող թեկ­նա­ծու­նե­րուն հա­մար իրենց հա­ւա­քած ձայ­նե­րուն տո­կո­սը շատ կա­րե­ւոր պի­տի ըլ­լայ իրենց քա­ղա­քա­կան ապա­գան ծրագ­րե­լու հա­մար:

Եթէ քա­րո­զար­շա­ւի այս առա­ջին շաբթ­ուայ պար­զած պատ­կե­րը հիմ­նա­կանն է գա­լիք երեք շա­բաթ­նե­րուն հա­մար, ապա եւ սխալ պի­տի չըլ­լայ են­թադ­րել որ ընտ­րող­նե­րուն քուէն առա­ւե­լա­բար պի­տի հիմն­ուի ան­ձե­րու եւ ոչ թէ անոնց գա­ղա­փար­նե­րու ընտ­րու­թեան վրայ: Այս մէ­կը այն­քան ալ ցու­ցա­նիշ չէ երկ­րի մը ուր քա­ղա­քա­ցի­նե­րու պա­հանջ­ներն ու ակն­կա­լիք­նե­րը այն­քա­նով բա­ւա­րար­ուած են եւ պե­տա­կան-հա­սա­րա­կա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը այն­քան լաւ կը գոր­ծեն որ քուէի այ­լընտ­րան­քի չա­փա­նիշ ըլ­լայ այս կամ թեկ­նած­ուի հան­դէպ իր ու­նե­ցած հա­մակ­րան­քը կամ հա­կակ­րան­քը: Երե­ւոյ­թը աւե­լի խօ­սուն է գա­ղա­փար­նե­րու սնան­կու­թեան, գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան լճաց­ման եւ քա­ղա­քա­կան ծրա­գիր­նե­րու բա­ցա­կա­յու­թեան: Փաս­տօ­րէն տի­րա­պե­տող են հայ­րե­նա­սի­րա­կան ճա­ռե­րը, զգաց­մուն­քա­յին ելոյթ­նե­րը, իմի­ճա­կան Փի. Ար.ը: Կեդ­րոն-Ձա­խի, եւ ընդ­հան­րա­պէս Ձա­խի, չգո­յու­թիւնը թե­րեւս լա­ւա­գոյն ցու­ցա­նիշ է յետ-Պաղ Պա­տե­րազմ­եան Մէկ Մտա­ծո­ղու­թեան (Փան­սէ Իւ­նիք) գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան տի­րա­պե­տու­թեան, որ կա­րե­լի է սահ­մա­նել որ­պէս Ֆուք­ու­եա­մա­յի “Պատ­մու­թեան Աւարտ“ի հայ­կա­կան տար­բե­րա­կը` ազատ շու­կայ ու լի­բե­րալ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն զար­դար­ուած հին խորհր­դա­յին այ­լա­խո­հու­թեան նոս­թալժի­ով, ազ­գայ­նա­կա­նու­թեամբ (Հան­րա­պե­տա­կան­նե­րու պա­րա­գա­յին` Նժդե­հա­կա­նու­թեան) եւ լու­սա­ւոր­եալ պահ­պա­նո­ղա­կա­նու­թեամբ (կամ‘ ժա­ռան­գա­կա­նու­թեամբ): Երկ­րի դի­մագ­րա­ւած ճա­կա­տագ­րա­յին խնդիր­նե­րուն` սկսե­լով ար­տա­գաղ­թէն հաս­նե­լու հա­մար հան­քա­յին ալան-թա­լա­նով անա­պա­տաց­ման սպառ­նա­լի­քին թեկ­նա­ծու­նե­րը կար­ծես լու­ծում կու տան իրենց հայ­րե­նա­սի­րա­կան ճա­ռե­րով: Յան­ցան­քը միայն իրեն­ցը չէ ան­շուշտ. այդ հար­ցե­րու, ի մաս­նա­ւո­րի` բնա­պահ­պան­ման, բարձ­րաց­ման առա­ջին դիր­քա­յին դե­րա­կա­տար­նե­րը` հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը փաս­տօ­րէն չեն յա­ջո­ղած անոնց քա­ղա­քա­կա­նա­ցու­մը ապա­հո­վել: Մա­սամբ որով­հե­տեւ մեր­ժած են շփուիլ քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն անոնց “կո­ռում­պաց­ուա­ծու­թե­նէն“ զերծ մնա­լու հա­մար, մա­սամբ ալ որով­հե­տեւ հե­տե­ւե­լով բո­ղո­քի շարժ­ման Արեւմտ­եան ֆոլք­լո­րին առ այ­սօր չեն յա­ջո­ղած իրենց ար­ծար­ծած օրա­կար­գի սեղմ շրջա­նա­կէն դուրս գալ –ոմանք թե­րեւս ոչ իսկ կը փա­փա­քին այդ ընել… Եւ քա­նի որ Մարտ 1-էն յե­տոյ շատ հասկ­նա­լի եւ ար­դա­րօ­րէն “քա­ղա­քա­կիրթ քա­ղա­քա­կան պայ­քար“ի նա­խան­ձախնդ­րու­թիւնը բո­լո­րին մօտ կայ հիմ­նախն­դիր­նե­րուն բա­ցա­յայ­տումն ու անոնց պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան հա­մար հրա­պա­րա­կա­յին հաշ­ուե­տուու­թեան պա­հան­ջը կամ խոս­տու­մը շատ վե­րա­ցա­կան բա­նա­ձե­ւե­րով ներ­կա­յաց­նե­լու հար­կադ­րան­քը: Գրե­թէ բո­լոր թեկ­նա­ծու­նե­րը “օլի­գարխ“նե­րուն մա­սին կը խօ­սին բայց անոնց անու­նը չեն տար, օրի­նա­կի հա­մար: Եւ քա­նի որ Հա­յաս­տա­նի մէջ միայն մէկ բա­ցա­ռու­թեամբ (Քո­չար­եան-Դե­միրճ­եան) նա­խա­գա­հա­կան թեկ­նա­ծու­նե­րը դէմ յամ­դի­ման հրա­պա­րա­կա­յին բա­նա­վէ­ճի սո­վո­րու­թիւնը չու­նին, առա­ւե­լի դժուար պի­տի ըլ­լայ ծրագ­րա­յին իմաս­տով իրենց տար­բե­րու­թիւն­նե­րու բա­ցա­յայ­տու­մը:

Յուն­ուար 31-ի գի­շե­րը Պա­րոյր Հայ­րիկ­եա­նի դէմ կա­տար­ուած մա­հա­փոր­ձը եկաւ տռա­մա­յին երանգ մը տա­լու քա­րո­զար­շա­ւին:

Հա­յաս­տան աշ­խար­հի այն եր­կիր­նե­րէն է ուր կա­րե­լի է ըսել թէ հան­րա­յին անվ­տան­գու­թիւնը քա­ղա­քա­կա­նու­թեան օրա­կար­գին վրայ չէ: Սպա­նու­թիւն­նե­րու եւ ծանր յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու տո­կո­սը հա­մե­մա­տա­բար այլ եր­կիր­նե­րու շատ ցած է: Թե­րեւս այս է պատ­ճա­ռը որ ամէն ան­գամ որ հրա­զէ­նի պայ­թիւն մը նիւթ դառ­նայ քա­ղա­քա­կան սադ­րան­քի ուր­ուա­կա­նը սա­ւառ­նե­լու կը սկսի: Քմա­հա­ճոյ­քի ար­դիւնք չէ ան­շուշտ այս. ան­կա­խու­թե­նէն ի վեր քա­ղա­քա­կան սպա­նու­թիւն­նե­րը ցնցած են եր­կի­րը‘ սե­փա­կա­նաշ­նորհ­ման գոր­ծըն­թա­ցի ժա­մա­նակ ահա­բեկ­ուած պե­տա­կան հան­րա­ծա­նօթ դէմ­քե­րէն մին­չեւ Հոկ­տեմ­բեր 1999ի ող­բեր­գու­թիւնը: Իր իսկ վկա­յու­թեամբ իր պար­զած ձեռ­քէն հա­զիւ 25-30 սան­թի­մեթր հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ գտնուող յան­ցա­գոր­ծը (կամ ահա­բե­կի­չը), բա­րե­բախ­տա­բար, չկա­րո­ղա­ցաւ իր նպա­տա­կին հաս­նիլ եւ հիւան­դա­նոց փո­խադր­ուած Պա­րոյր Հայ­րիկ­եա­նը յա­ջորդ օրն իսկ կա­րո­ղա­ցաւ ըն­դու­նիլ լրագ­րող­նե­րուն թէ իրեն այ­ցե­լող­նե­րուն:

Եթէ մէկ կողմ թող­նենք մա­հա­փոր­ձի մա­սին ելոյթ ու­նե­ցող­նե­րուն “քա­ղա­քա­կա­նա­պէս ճիշդ“ ըլ­լա­լու նա­խան­ձախնդ­րու­թիւնը, ապա եւ բո­լո­րին կող­մէ կրկնուած մե­ղադ­րան­քը որ պա­տա­հա­րին քա­ղա­քա­կան բնոյ­թի գնա­հա­տանք պէտք է տրուի, որ այն Հա­յաս­տա­նին դէմ է, որ հա­մայն հա­յու­թեան ուղղ­ուած հար­ուած է, եւ նոյն իմաս­տով տար­բեր շա­րադր­ուած յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ աւե­լի շուտ ցու­ցա­նիշ է պա­տա­հա­րի մա­սին բա­ցար­ձակ ան­գի­տու­թեան: Թէ պա­տա­հա­րը անս­պա­սե­լի էր` այդ մէ­կը կաս­կա­ծի տակ չ՛առն­ուիր: Բայց նա­եւ ճիշդ է, որ այն մի­ջազ­գա­յին լուր իսկ չե­ղաւ: Պա­րոյր Հայ­րիկ­եան հա­մոզ­ուած է որ իր դէմ կա­տար­ուած մա­հա­փոր­ձին պա­տաս­խա­նա­տուն պէտք է փնտռել Ռուս­իոյ մէջ: Մա­հա­փոր­ձին պա­տաս­խա­նա­տուն ու անոր ետին կանգ­նած դրդա­պատ­ճառ­նե­րը թե­րեւս բա­ցա­յայ­տէ ոս­տի­կա­նա­կան հե­տաքն­նու­թիւնը: Մինչ այդ, մա­հա­փոր­ձը սե­ղա­նի վրայ դրաւ մէկ հիմ­նա­կան հար­ցում. ի՞նչ կրնայ փո­խել այն: Փետր­ուար 5-ին, Հայ­րիկ­եա­նի փաս­տա­բա­նը յայ­տա­րա­րեց որ թեկ­նա­ծուն Սահ­մա­նադ­րու­թեան թիւ 52 յօդ­ուա­ծին հա­մա­ձայն դա­տա­րան պի­տի չդի­մէ ընտ­րու­թիւն­նե­րու թուա­կա­նը եր­կու շա­բա­թով յե­տաձ­գե­լու հա­մար: Այդ իմաս­տով մա­հա­փոր­ձը ոչինչ փո­խեց: Հա­ւա­նա­կան չէ որ այն անդ­րա­դարձ ու­նե­նայ ընտ­րու­թիւն­նե­րու կան­խա­տե­սե­լի ար­դիւն­քին վրայ: Եւ թե­րեւս կար­կի­նը աւե­լի լայն պէտք է բա­նալ եւ հարց տալ թէ ընտ­րու­թիւն­նե­րը ի՞նչ կրնան փո­խել Հա­յաս­տա­նի մէջ…

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles