
ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
«Հայրենիք»
Յուլիս 13-ին Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները արգիլեցին երկիր մուտքը Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպոութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանին: Ան որոշ ժամանակ պահուեցաւ Զուարթնոց օդակայանի բաժիններէն մէկուն մէջ, գրաւուեցաւ անոր անցագիրը եւ ոչ մէկ բացատրութիւն տրուեցաւ անոր հետ ցուցաբերուած այս վարմունքին դրդապատճառներուն մասին: Միայն յայտնի դարձաւ, որ ան Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ անցանկալի անձ է: Ինչո՞ւ: Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը մերժեց բացատրութիւն տալ եղածին գծով: Օրեր վերջ միայն կառավարութեան աշխատակազմի գրասենեակը հրապարակեց կցկտուր հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշած էր, թէ խնդիրը կապ ունի շուրջ երկու տարի առաջ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնը զբաղեցնող անձ Նիկոլ Փաշինեանի Փարիզ այցելութեան ընթացքին կազմակերպուած բողոքի ցոյցին հետ: Փաշինեանի գրասենեակին հաղորդագրութիւնը կը նշէր, թէ ցոյցը կազմակերպուած էր Փափազեանի կողմէ եւ անոր ուղղակի մասնակցութեամբ, ինչ որ կատարեալ սուտ մըն էր, որովհետեւ ան ո՛չ կազմակերպած էր այս ցոյցը, ո՛չ ալ մասնակցած էր անոր:
Այս դէպքէն քանի մը օր ետք միայն յայտնի դարձաւ, որ Հայաստան մուտքի արգելքը չէր սահմանափակուեր միայն Փափազեանով: Յաջորդաբար մուտքը արգիլուեցաւ Նետերլանտներու Հ․Յ․Դ․ «Գարեգին Նժդեհ» երիտասարդական միութեան անդամներէն Սիւնէ Աբրահամեանին, որ Հայաստան եկած էր մասնակցելու համար Հ․Յ․Դ․ Երիտասարդական գրասենեակին կազմակերպութեամբ Սիւնիքի մէջ տեղի ունենալիք դաստիարակչական բնոյթի ծրագիրի, ապա անոր հօր՝ Նետերլանտներու Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Մասիս Աբրահամեանի: Դարձեալ մինչեւ այս տողերուն գրուիլը ոչ մէկ պաշտօնական բացատրութիւն այս երկու պարագաներուն մուտքի արգելքին մասին:
Մուրատ Փափազեանի մուտքի արգելքի պարագան եւ այդ առնչութեամբ տրուած պաշտօնական բացատրութիւնը ամբողջութեամբ անհեթեթութեան սեռին կը պատկանին: Փարիզի մէջ Փաշինեանի շքախումբին դէմ կատարուած ցոյցէն երկու տարի վե՞րջ միտքերնին ինկաւ, որ այս մարդը կրնայ ընդհանրապէս ինչ որ «վտանգ» ներկայացնել, ուստի պէտք է արգիլուի անոր մուտքը: Կը յաջորդէ հարցադրում մը եւս: Ինչո՞ւ հիմա, մանաւանդ որ Մուրատ Փափազեանը յայտնի է Հայաստան իր յաճախակի այցելութիւններով: Վերջին երկու տարուան ընթացքին ան գոնէ չորս անգամ այցելած է Հայրենիք, եւ այդ այցելութիւններէն կարեւոր մէկ մասին ան ընկերակցած է ֆրանսական պաշտօնական բարձրաստիճան պատուիրակութիւններու՝ միայն Հայաստանին եւ հայկական հարցերուն զօրակցութիւն ապահովելու նպատակով:
Ենթադրութիւնները տարբեր եւ յաճախ անցանկալի տեղեր կը տանին: Ինչո՞ւ հայութեան համար ներկայ ճակատագրորոշ փուլին տեղի կ՛ունենան մուտքի այս արգելքները։ Արգելքը ինչո՞ւ կը տարածուի երկար տարիներ Եւրոպայի տարածքին Հայ դատի համար պայքարած յայտնի գործիչներու վրայ, կամ ի՞նչ է յանցանքը երիտասարդ աղջնակի մը, որ յայտնի է իր երիտասարդական քաղաքական աշխուժութեամբ: Եթէ Մուրատ Փափազեանի դէմ կիրարկուած արգելքի որոշումին պատճառը Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն դէմ մնայուն եւ սկզբունքային ընդդիմախօսի մօտեցումն է, ապա կը ցաւիմ ըսելու, որ իշխանութիւնները այս քայլով շատ մեծ սխալ կը գործեն եւ ցոյց կու տան, որ իրենք դոյզն ինչ հանդուրժողականութիւն չունին տարբեր կարծիքի նկատմամբ եւ երբեք մօտ չեն ժողովրդավարութեան տարրական սկզբունքներուն: Նոյնը կը վերաբերի նաեւ արգելքի նոյն որոշումին «արժանացած» միւս երկու պարագաներուն: Այսպիսով Հայաստանի գործող իշխանութիւնները հետզհետէ աւելի եւս կը մխրճուին բռնատիրութեան տիղմին մէջ՝ ամբողջութեամբ եւ անվերադարձ շեղելով այսպէս կոչուած «Թաւշեայ յեղափոխութեան» սկզբնական գաղափարներէն եւ սկզբունքներէն:
Կան նաեւ ուրիշ հանգամանքներ, որոնց վրայ կ՛արժէ քիչ մը կեդրոնանալ: Եղան վերլուծումներ եւ ենթադրութիւններ, որ մուտքի արգելքներու այս քայլերով իշխանութիւնները, հաւատարիմ՝ իրենց սկզբունքներուն, կը շարունակեն իրենց հինի եւ նորի, սեւի եւ սպիտակի տարանջատումներու քաղաքականութիւնը, այս անգամ տարանջատում փորձելով մտցնել հայաստանցիի եւ սփիւռքահայու միջեւ։
Աւելի մասնաւորեցնելով՝ Հայաստանի իշխանութիւններուն հաւատարիմ սփիւռքահայերու եւ ընդդիմախօս սփիւռքահայերու միջեւ, մէկ կողմ դնելով այն իրականութիւնը, որ հայր եւ դուստր Աբրահամեանները սկզբունքով արտագաղթած հայաստանցիներ են: Եթէ այսպէս է, եւ իշխանութիւններու՝ հայ ժողովուրդը մասերու բաժնելու քաղաքականութիւնը պիտի հասնի այս մակարդակին, ուրեմն պիտի նախատեսենք, որ ներկայիս հայութեան մէջ տիրող անհանդուրժողականութեան, պառակտումի, երկփեղկումի մթնոլորտը աւելի եւս խորանայ, եւ ասոր պատասխանատուն մէկ մարդ է եւ այդ մարդը Նիկոլ Փաշինեանն է:
Ինչպէս վերը ակնարկեցինք արդէն, մուտքի արգելքներու այս որոշումները կը զուգադիպին Հայաստանի, Արցախի եւ հայութեան համար շատ ճակատագրորոշ փուլի մը: Սեղանի վրայ դրուած են Հայաստան-Թուրքիա եւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման թղթածրարները իրենց մէջ գտնուող բոլոր ծուղակներով հանդերձ: Եւ այս ճակատագրորոշ փուլին աւելի եւս կը շեշտուի հակահայ ծրագիրներուն եւ ծուղակներուն դէմ դիմադրութեան կարեւորութիւնը: Անցնող ժամանակաշրջանին Փափազեան եւ Աբրահամեանները յայտնի եղած են թուրք-ատրպէյճանական օրակարգերուն սպասարկու իշխանութիւններուն դէմ իրենց ընդդիմախօսութեամբ: Անոնք Եւրոպայի մէջ առաջամարտիկներն են այս յանձնուողական իշխանութիւններուն դէմ ծառացած «Դիմադրութիւն» շարժումին: Հայաստանի իշխանութիւններուն մտքէն իսկ թող չանցնի, որ մուտքի արգելքներու այս որոշումներով, կամ այլ միջոցներով, ինչպէս՝ սփիւռքահայերու Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու կարգին դժուարացումը, կրնան ընտելացնել սփիւռքը կամ մարել սփիւռքահայերուն մէջ դիմադրութեան ոգին, բաժանումի որոմը մտցնելով հայութեան զանազան հատուածներուն մէջ: