
Արմենակի հետ կը զրուցէինք, հետեւելով մայթով քալող ցուցարարներուն: Արցախի լեռներուն վրայ կը շարունակուէր թուրքին ոճիրը:
Երիտասարդները կը պոռային:
Ոչ Արմենակը ոչ ալ ես խօսելու սիրտ ունէինք: Ի՞նչ ըսել, երբ չենք կրնար հայ երիտասարդներու կեանքը խլողին ձեռքը բռնել:
Ցոյց կ’ընէինք, պաhանջելու, որ բարեկամներ եւ քաղաքակիրթ աշխարհ, բռնեն ոճրագործին ձեռքը:
Արմենակ խոր շունչ մը առաւ եւ ըսաւ.
– Քիչ վերջ կամ վաղը, քաղաքապետ մը, խորհրդարանի անդամ մը, այդ պաշտօններուն յաւակնող մը, կրկին կոչ պիտի ընեն հեռատեսիլէն, ձայնասփիւռէն, թերթի մը սիւնակէն կամ ժողովի մը բեմէն, որ դադրեցնեն կռիւները, պիտի դատապարտեն յարձակումները բնակչութեան, դպրոցներու եւ եկեղեցիներու վրայ: Քանի հրթիռ, քանի փամփուշտ կը կշռեն կոչ եւ դատապարտութիւն:
– Ճիշդ ես: Չեն լսուիր խրամներու միւս կողմէն: Այս է: Ի՞նչ կրնանք ակնկալել:
– Դատապարտողները բարոյական պէտք է ըլլան: Երբ խնդիրը վերաբերի իրենց շահերուն, կը դիմեն ուժի: Բանակ ը ղրկեն: Եւ ի՜նչ բանակներ, օդանաւակիր, ձայնի արագութեամբ սուրացող օդանաւ,- ըսաւ իմաստուն Կեդրոնականցին:
– Արմենա՛կ,- ըսի,- թերթի մը մէջ կարդացի, որ կ’ըսէր թէ Արցախը հաւանական է, որ ունի ոսկիի, նաւթի եւ բնական կազի պաշարներ:
– Ինչ որ կ’ըսես յոյս կը ներշնչէ, Մակա՛ր: Եթէ ճիշդ է, Արցախի բարեկամները կը բազմանան, կոչ եւ դատապարտութիւն օդին մէջ կախուած չեն մնար: Սահմանին վրայ կը դնեն զինուոր, որպէսզի կաթոյէն բաժին ունենան:
Երթը կանգ առած էր: Բարձրախօսներէն կը լսուէին ճառեր եւ ժողովուրդը կը ծափահարէր:
Ցրուող ժողովուրդին հետ հասանք հանրակառքի կայանը: Երբ պիտի բաժնուէինք Կեդրոնականցին ըսաւ.
– Լաւ լուր տուիր, Մակա՛ր: Հարուստ Արցախը բարեկամներ կ’ունենայ: Բայց վտանգ կայ: Անոնք հոն կրնան իրարու դէմ պատերազմիլ, եւ կրկին մեր ժողովուրդը կը վճարէ ագահներու կռիւին գինը: Երբ կռիւները դադրին, հիմնադրամ պէտք է գոյացնել Արցախի ընդերքը պեղելու, որ բարեկամներ ունենանք:
Արմենակ հանրակառք բարձրացաւ:
Մտածեցի, որ քանի՞ հիմնադրամներ պիտի ստեղծենք, որպէսզի հանքերուն վրայ դնենք մեր դրօշները:
Թերեւս այն ատեն կոչի եւ դատապարտութեան խօսքերու փոխարէն կու գան պաշտպան զինուորներ, Կապոյտ Սաղաւարտակիրներ: Ոչ մեր սեւ աչքերուն համար:
Իմ ալ հանրակառքս հասաւ: Տուն պէտք է հասնիլ, տեսնելու համար թէ ի՞նչ պիտի ըսեն զոհը եւ ոճրագործը չզանազանող բանիմաց լրագրողները:
Մակար ի Գաղիա, 14 հոկտեմբեր 2020