ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Ճիորճիոս Կերափեթրիսի հետ՝ Հարաւ- Արեւելք Եւրոպական Համագործակցութեան Հոլովոյթին վեհաժողովին աշխատանքներուն զուգահեռ։
Թէեւ ոչինչ հաղորդուեցաւ հանդիպման ընթացքին քննարկուած հարցերուն մասին, ակնյայտ իրողութիւն է, որ վերջերս բաւական լարուած են Աթէնք- Անգարա յարաբերութիւնները՝ Եգէական ծովուն եւ Միջերկրականեան ծովու Արեւելեան հատուածին մէջ ծովային սահմաններու եւ օդային տարածքներու բռնաբարման հարցերով։
*
Թուրքիոյ կորիզային կայանին մէջ, որուն կառուցման աշխատանքները հասած են իրենց աւարտին, կորիզային վառելանիւթի համակարգը յաջողութեամբ միացուեցաւ հնոցներուն մասնաբաժնին։
Աքքէօյուի կորիզային կայանը, ըստ նախնական գնահատականի, այս տարեվերջին պիտի բանի եւ պիտի արտադրէ ելեկտրուժի առաջին խմբաքանակը։
Ուժանիւթի եւ բնական աղբիւրներու նախարարութիւնը յայտարարեց, որ վառելանիւթի 163 սարքեր միացուած են հնոցին ճնշման համակարգին։ Այս աշխատանքը, որ հինգ ամբողջական օր տեւած է, խորքին մէջ եղած է փորձարկում մը՝ շողավարակ վառելանիւթի լիցքաւորման իմաստով։
Թուրքիոյ իշխանութիւններուն մշակած ծրագրին հիմամբ, կորիզային երկրորդ կայանը պիտի կառուցուի հիւսիսային Սինոփ նահանգին եւ հիւսիսարեւմտեան Տողու Թրաքիա շրջանին մէջ։
*
Թուրքիա եւ Սէուտական Արաբիա համաձայնութիւն մը գոյացուցին՝ ստորագրելով երկաթուղիի եւ փոխադրութեան ուղիներու մասին յուշագիրը։
Անգարա եւ Ռիատ այսպիսով պիտի ամրապնդեն երկաթուղային փոխադրութեան մարզին մէջ իրենց միջեւ համագործակցութիւնը՝ առաւել զարկ տալով արհեստագիտական, ենթակառուցային, մարզումներու եւ մարդկային աղբիւրներու արդիւնաւէտ կիրարկման եւ շահագործման։ Հաղորդուեցաւ, որ մօտէն կը հետեւին Սուրիա – Յորդանան – Իրաք ուղիներուն կապուած զարգացումներուն՝ աւելցնելով, որ երկու անգամ փորձարկուած է Իրաքի վրայով Թուրքիայէն դէպի Սէուտական Արաբիա ուղին, ինչ որ ցոյց տուած է անոր արդիւնաւէտութիւնը։
*
Թուրք կապալառուներ ընթացիկ տարուան առաջին հինգ ամիսներուն ընթացքին 15 երկիրներու մէջ յաջողած են ստանձնել 40 ծրագրեր, որոնց ընդհանուր արժէքը 2.3 միլիառ տոլար է։
Առեւտուրի նախարարութեան հրապարակած տուեալներուն համաձայն, թուրք կապալառուներ հետեւողականօրէն բարելաւած են օտար ծրագրերու ստանձնումը։ Անցեալ տարի 22.5 միլիառ տոլարի արժողութեամբ 309 ծրագրեր իրականացուած է տարբեր երկիրներու մէջ։ 1972էն ի վեր 138 երկիրներու մէջ 12,901 ծրագրեր իրականացած են՝ թուրք կապալառուներու կողմէ։ Ընդհանուր արժէքը հասած է 562,6 միլիառ տոլարի։

