Լրահոս

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ

 

Թուրքիոյ իշխանութիւնները ժամանակաւորապէս արգիլեցին հանրային բոլոր տեսակի հաւաքները՝ Պոլսոյ գլխաւոր հրապարակներուն վրայ,ինչպէս նաեւ ոստիկան ուժեր շրջափակեցին ընդդիմադր Հանրապետական Ժողովուրդին կուսակցութեան Պոլսոյ կեդրոնատեղին եւ արցունքաբեր կազ գործածեցին տարածքին մէջ հաւաքուած ցուցարարները ցրուելու համար։

Պոլսոյ մէջ կիրքերը լարուեցան դատական վիճահարոյց որոշումէն ետք, որ կասեցուց ընդդիմադիր կուսակցութեան Պոլսոյ գրասենեակի ղեկավարութեան գործունէութիւնը՝ 2023ի համագումարին ընթացքին արձանագրուած ենթադրեալ խախտումներու պատճառով։ Դատարանը նաեւ նշանակեց գրասենեակի ժամանակաւոր ղեկավար, ինչ որ ընդդիմադիրները կը համարեն քաղաքական ապօրինի միջամտութիւն մը։

*

16-ամեայ պատանի մը զինեալ յարձակում գործեց Իզմիրի Պալչովա շրջանի ոստիկանատան վրայ՝ երկու ոստիկաններ սպաննելով եւ երրորդ մը ծանրօրէն վիրաւորելով։

Ոստիկաններ յաջողեցան զգետնել զինեալ պատանին՝ զայն ծունկէն վիրաւորելէ ետք։ Հաղորդուեցաւ, որ պատանին գործածած է իր հօրը կողմէ տասը տարի առաջ գնուած գնդացիրը։

Նախագահ Էրտողան անդրադարձաւ այս յարձակման եւ նշեց, որ հետաքննութիւն բացուած է՝ ստուգելու համար պատանիին կապերը տարբեր կազմակերպութիւններու հետ, նկատի ունենալով, որ լրատու որոշ աղբիւրներու համաձայն, ան կարճ պատգամներ փոխանակած է ՏԱԷՇի նման ծայրայեղական խմբակներու հետ։ Ան վիրաւորուելէ ետք մայթին վրայ փռուած սկսած է «Աստուած Մեծ Է» գոռալ։

*

    Թրքական «Պի. Էմ. Սի.» գործարանը սկսաւ աշխատանքներու՝ Ալթայ հրասայլի մեծաքանակ արտադրութեան համար։

Թրքական «Ալթայ» հրասայլը օժտուած է արդիական արհեստագիտական մօտեցումներով եւ կը բանի «Պի. Էմ. Սի.»  գործարանին արտադրած «Պաթու» շարժակով։ Գործարանը աշխատանքի լծած է մարդամեքենաներ եւ արդիական արհեստագիտութիւն՝ հրասայլին մեքենաշինութեան եւ արտադրութեան համար։

Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Ճարտարարուեստի Գործակալութեան նախագահ Հալուք Կէօրկիւն յայտնեց, որ գործակալութիւնը մեծ ներդրում ունի «Ալթայ»-ի յղացման եւ նախագծման աշխատանքներուն մէջ։

*

Թրքական զէնքի եւ զինական սարքերու մեծագոյն ընկերութիւններէն՝ «Ասելսան», երկրին Պաշտպանութեան Ճարտարարուեստի Քարտուղարութեան հետ կնքեց 1.6 միլիառ եւրօ  արժողութեամբ համաձայնագիր մը, որուն հիմամբ, յառաջիկայ հինգ տարիներուն օդուժի պաշտպանական արդիական սարքեր եւ զինական կազմածներ պիտի հայթայթէ։

«Ասելսան» թրքական զէնքի արտադրութեան ընկերութիւններուն մէջ կ՛առանձնանայ իր ելեկտրական զինական սարքերով, ռատարներու արհեստագիտութեամբ եւ հաղորդակցութեան զարգացած համակարգերով։

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button