ՄԵՐ ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ  ՑԱՒԸ

0 0
Read Time:1 Minute, 45 Second

Obama-US-Turkey-Nucle_Horo-e  ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Խմբագրական

Ապրիլ քսանչորսեան 99-ամեակի անցուդարձերն ու կատարուած յայտարարու-թիւնները վերատեսութեան ենթարկելով կարելի է եզրակացնել թէ սպասուածին նման, այդչափ ալ անակնկալ արտայայտութիւններ չկատարուեցան ղեակավար-ներու կողմէ:

Հոս տեղին է անդրադառնալ երեք ղեկավարներու.- Թուրքիոյ վարչապետ Ռե-ճէպ Թայիպ Էրտողանի, Միացեալ Նահանգներու նախագահ` Պարաք Օպամայի եւ  Ֆրանսայի նախագահ` Ֆրանսուա Հոլանտի,  կատարած յայտարարութիւննե-րուն մասին: Հաւանաբար, այս վերջինին պարագան, համեմատած մնացեալ եր-կուքին աւելի տարբեր եւ իրապաշտ է: Յատկապէս վերջին քանի մը ամիսներուն Եւրոպայի վեցանկիւն երկրի ղեկավարին հասցէին վերագրուած ամբաստանու-թիւններու արդիւնք, ամենէն աւելի հակադրուած հայորդին, մէկդի դրած Հոլանտի ապագայի այլ “հաշիւներ“ը, յարկ է, որ գնահատէ անոր յայտարարութիւններն ու յատկապէս անձամբ ներկայութիւնը, Սէնի ափին, Կոմիտասի արձանին առջեւ կազմակերպուած յուշահաւաքին առթիւ:

Արդարեւ, Ֆրանսայի նախագահը խօսեցաւ Ցեղասպանութեան համաշխարհա-յին ճանաչման անհրաժեշտութեան մասին: Ան շեշտեց թէ, Ֆրանսա շարունակ պիտի զօրակցի Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին նկատմամբ, անշուշտ եզրակաց-նելով թէ տարի մը ետք, ան Երեւանի մէջ պիտի մասնակցի հարիւրամեակի հա-ւաքին:

Հոլանտի այս կուռ ու վճռակամ խօսքերուն դիմաց, բոլորովին տարբեր բերեռ կարելի է նկատել վերոյիշեալ երկու այլ ղեկավարներու` Էրտողանի եւ Օպամայի յայտարարութիւնները:

Թուրքիոյ վարչապետը, Հայոց Ցեղասպանութեան (անշուշտ առանց Ցեղասպա-նութիւն բառը գործածելու) վերաբերեալ յայտարարութիւն մը հրապարակելով Թուրքիոյ պետութեան անունով ցաւակցութիւն յայտնեց քսաներորդ դարու սկզբնաւորութեան, սպաննուած հայորդիներուն թոռներուն:

Ամենայն ճկունութեամբ եւ անշուշտ կեղծիքով, ան նշեց, թէ Ապրիլ 24-ը յատուկ նշանակութիւն ունի Թուրքիոյ մէջ բնակող հայ քաղաքացիներուն եւ աշխարհի տարածքին բոլոր հայերուն համար: Ան փորձեց ինքնզինք արդարացնել, նշելով թէ եթէ կազմակերպուած ջարդ պատահեր, ոչ մէկ հայորդի կը բնակէր Պոլսոյ եւ այլ քաղաքներու մէջ: “Հասարակաց Ցաւ“ բացատրութիւնը գործածելով, ան շեշ-տեց թէ, Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն բոլոր ժողովուրդները ցա-ւով լեցուն դժուար ժամանակներ ապրած են եւ պէտք է որ այդ ժամանակաշրջա-նին ապրուած ցաւերուն համար արդար, մարդկայնական եւ խղճամիտ կեցուածք որդեգրուի:

Թուրք ղեկավարէ մը այլ բան չէր սպասուեր, դժբախտաբար միեւնոյն ակնկա-լութիւնն ալ պիտի գար Սպիտակ Տունէն, ուր յաջորդաբար վեցերորդ տարին ըլլա-լով, նախագահ Օպամա կրկնեց “թութակաբանութիւն“ մը, շարունակ գործածելով “Մեծ եղեռն“ արտայայտութիւնը: Աւելին, նախագահ Օպամա առ հասարակ, աւելի շեշտեց “Հասարակ Ցաւ“ը, ողջունելով, այն խիզախ հայերն ու թուրքերը, որոնք իրենց կառավարութիւններուն, ներառեալ` իր աջակցութեամբ, կը փորձեն հաշտուիլ պատմական անցեալի մութ էջերուն հետ:

Այսպէս, “Հասարակաց Ցաւ“ին հարիւրամեակի սեմին ենք եւ դե՛ռ կեղծիքը կը շա-րունակուի:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles