ԹՈՒՐՔ­Ի­ԱՆ ԻՐ ՀԱ­ԿԱ­ՀԱՅ ԿԵՑՈՒԱԾ­ՔՈՎ ԴԱՐ­ՁԱԾ Է ԱՌԱ­ՒԵԼ ԱՆ­ԶԻ­ՋՈՂ

0 0
Read Time:11 Minute, 8 Second

Ստո­րեւ, լոյս կ՛ըն­ծա­յենք Վան­քու­վը­րի (Պրի­թիշ Քո­լումպ­իա, Գա­նա­տա) մէջ Ապ­րիլ 21-ին կա­յա­ցած Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 98-ամ­եա­կի ոգե­կոչ­ման հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ան­դամ Յա­կոբ Տէր Խա­չա­տուր­եա­նի ար­տա­սա­նած խօս­քը:

Արեւմ­տա­հա­յու­թեան սպան­դը չսկսաւ 1915-ին. 1890-ական­նե­րուն տե­ղի ու­նե­ցած Հա­միտ­եան ջար­դե­րը եւ մին­չեւ 1920-ական թուա­կան­նե­րը եր­կա­րող հան­րա­պե­տա­կան Թուրք­իոյ մէջ ցե­ղաս­պա­նու­թեան շա­րու­նա­կու­թիւնը, խօ­սուն փաս­տերն են Թուրք­իոյ հա­յաջն­ջու­մի հե­տե­ւո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, որ այ­սօր ալ կը դրսե­ւոր­ուի թուրք պե­տու­թեան ժխտու­մի քա­ղա­քա­կա­նու­թեամբ ու իր սահ­ման­նե­րէն ներս փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու իրա­ւունք­նե­րու հա­կա­օ­րի­նա­կան խախ­տում­նե­րով:

Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը քսա­նե­րորդ դա­րու այլ ան­մարդ­կա­յին արարք­նե­րէն կը տար­բե­րի առն­ուազն երեք հան­գա­մանք­նե­րով
Առա­ջի­նը` անոր ան­յա­գօ­րէն վայ­րագ, բա­ցա­յայ­տօ­րէն արիւ­նար­բու տա­րո­ղու­թիւնը եւ փաս­տե­րով ար­ձա­նագր­ուած ըլ­լա­լու իրո­ղու­թիւնն է: Իրո­ղու­թիւն մը, որ հաս­տատ­ուած է բազ­մա­թիւ օտա­րազ­գի վկա­նե­րու կող­մէ – դիւա­նա­գի­տա­կան, միսի­ո­նար, օտար, թուրք եւ քիւրտ ակա­նա­տես­նե­րու վկա­յու­թիւն­ներ, որոնք պահ­պան­ուած են պե­տա­կան թէ ան­հա­տա­կան ար­խիւ­նե­րու մէջ: Իշ­խող երիտ­թուր­քե­րը սկզբնա­կան շրջա­նին չքօ­ղար­կի­ցին ան­գամ իրենց մի­ա­տարր բնակ­չու­թիւն ստեղ­ծե­լու փան-թրքա­կան ու փան-թու­րա­նա­կան ծրա­գի­րը եւ յանդգ­նե­ցան յայ­տա­րա­րե­լու թէ, նպա­տա­կը առանց հա­յու­թեան Հա­յաս­տան ու­նե­նալն էր: Եւ պա­տե­րազ­մա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թեան պատր­ուա­կով տե­ղա­հա­նե­ցին բնիկ ժո­ղո­վուր­դի լրիւ մնա­ցոր­դա­ցը, որուն պաշտ­պան այ­րե­րը ջարդ­ուած էին ար­դէն ու ղե­կա­վա­րու­թիւնն ալ գլխատ­ուած ամիս­ներ առաջ:

Երկ­րոր­դը` հո­ղե­րու յափշ­տակ­ման երե­ւոյթն է: Ի տար­բե­րու­թիւն քսա­նե­րորդ դա­րու այլ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րուն, թուրք պե­տու­թեան նպա­տա­կը միայն հա­յու­թիւնը բնաջն­ջե­լը չէր, այլ նա­եւ անոր հո­ղե­րուն տի­րա­նա­լը: Ազ­գա­յին օր­րան մը կը քանդ­ուէր եւ կը փորձ­ուէր վեր­ջա­կէտ դնել աւե­լի քան երեք հա­զա­րամ­եայ բնիկ քա­ղա­քակր­թու­թեան գո­յա­տեւ­ման:

Եր­րոր­դը` Թուրք­իոյ ժխտու­մի քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնն է: Քսա­նե­րորդ դա­րու ցե­ղաս­պան միւս պե­տու­թիւն­նե­րը ամ­բող­ջո­վին կամ մա­սամբ ըն­դու­նած են իրենց ոճիրն ու պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւնը: Մինչ­դեռ Թուրք­ի­ան` օգտ­ուե­լով իր ռազ­մա­վա­րա­կան կա­րե­ւո­րու­թեան եւ շրջա­նա­յին ղե­կա­վա­րու­թեան դիր­քի ըն­ձե­ռած կա­րե­լիու­թե­նէն, լռու­թիւն կը փոր­ձէ պար­տադ­րել իր դաշ­նա­կից ու բա­րե­կամ պե­տու­թիւն­նե­րուն: Սա­կայն վեր­ջին յիս­նամ­եա­կին աշ­խար­հաց­րիւ հա­յու­թիւնը ըմ­բոս­տա­ցաւ եւ կրցաւ քան­դել լռու­թեան պա­տը‘ ապա­հո­վե­լով մե­ծա­թիւ եր­կիր­նե­րու կող­մէ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը եւ վճռեց պայ­քա­րիլ մին­չեւ Թուրք­իոյ կող­մէ ճա­նա­չու­մը ու հա­տու­ցում­նե­րու ապա­հո­վու­մը:

Այ­սօր, սու­գի ու յի­շա­տա­կու­մի տօ­նէ ան­դին, Ապ­րիլ­եան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով ամե­նու­րէք պա­հան­ջա­տէր կը ներ­կա­յա­նայ հա­յու­թիւնը բազ­մա­թիւ մա­կար­դակ­նե­րով, որուն առա­ջին քայլն է եկե­ղե­ցա­կան կալ­ուած­նե­րու վե­րա­դար­ձի ար­ծար­ծու­մը:

Այ­սօր, մենք թե­ւա­կո­խած ենք նոր շրջան: Ան­կախ Հա­յաս­տա­նը ցե­ղաս­պա­նու­թեան օրա­կար­գը նե­րա­ռած է իր ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ: Հա­մա­հայ­կա­կան ճի­գե­րը տուած են կա­րե­ւոր ար­դիւնք մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման աս­պա­րէ­զէն ներս եւ հա­րիւ­րամ­եա­կի սե­մին սկսած ենք լրջօ­րէն զբա­ղիլ հա­տուց­ման թղթած­րա­րի քա­ղա­քա­կան ու օրի­նա­կան երես­նե­րով:

Այս յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րուն դի­մաց` Թուրք­ի­ան իր հա­կա­հայ­կա­կան կեց­ուածք­նե­րուն մէջ դար­ձած է առա­ւել ան­զի­ջող. սկսած է դի­մել տար­բեր քայ­լե­րու` պա­ռակ­տե­լու հա­մար հայ ժո­ղո­վուր­դի միու­թիւնը: Սփիւռ­քը կը փոր­ձէ ան­ջա­տել Հա­յաս­տա­նէն, առա­ջի­նին ղե­կա­վա­րու­թիւնը պի­տա­կե­լով ծայ­րա­յե­ղա­կան, իսկ երկ­րոր­դին իշ­խա­նու­թիւնը աւե­լի “չա­փա­ւո­րա­կան“ ու “յար­մա­րուո­ղա­կան“: Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցը իր հու­նէն շե­ղե­լու հա­մար կը գոր­ծադ­րէ զու­գա­հեռ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն` ժո­ղո­վուր­դէ-ժո­ղո­վուրդ “բա­րի կա­մե­ցո­ղա­կան“ կեղծ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ հաս­տա­տե­լու փոր­ձե­րով:

Քօ­ղար­կե­լով իր իս­կա­կան նկրտում­նե­րը ան կը դի­մէ հա­կա­հայ ամէն մի­ջո­ցի. Հա­յաս­տա­նի շրջա­փա­կում, Կով­կաս­եան շրջա­նա­յին տնտե­սա­կան ու հա­ղոր­դակ­ցա­կան ծրա­գիր­նե­րէ բա­ցա­ռում, Ատր­պէյ­ճա­նի հետ հա­մադ­րա­բար` Խո­ջալ­ուի շին­ծու “կո­տո­րած­նե­րու“ օրա­կար­գով Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւնը որ­պէս ջար­դա­րար նե­րա­կա­յա­ցում, արեւմտ­եան պատ­մա­բան­նե­րու եւ քա­ղա­քա­կան դէմ­քե­րու կա­շա­ռում … նշե­լու հա­մար մի քա­նի օրի­նակ­ներ միայն:

Այ­սօր հարս­տա­ցած է հայ դա­տի օրա­կար­գը: Եթէ դեռ մօ­տիկ անց­եա­լին ան կը սահ­մա­նա­փակ­ուէր Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հար­ցով, այ­սօր ըն­դար­ձակ­ուած է անոր տա­րո­ղու­թիւնը, ընդգր­կե­լով ոչ միայն Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը եւ ան­կէ բխող պա­հան­ջա­տի­րա­կան ծրա­րը, այլ նա­եւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան, Ար­ցա­խի ու Ջա­ւախ­քի զօ­րակ­ցու­թեան խնդիր­նե­րը: Այ­սօր սփիւռ­քա­հա­յե­րուս պար­տա­կա­նու­թիւնն է մեր ապ­րած եր­կիր­նե­րուն մէջ աշ­խա­տիլ‘ զօ­րաց­նե­լու հա­մար մեր ան­կախ հայ­րե­նի պե­տա­կա­նու­թեանց ժո­ղովր­դա­վար հիմ­քը ու մի­ջազ­գա­յին վար­կը, սա­տա­րել Ար­ցա­խի մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման գոր­ծըն­թա­ցին եւ ամուր պա­հել հա­յու­թեան ար­մատ­նե­րը Ջա­ւախ­քի մէջ: Այս ուղ­ղու­թեամբ պար­տա­ւոր ենք ի գործ դնել մեր բո­լոր ճի­գե­րը – նիւ­թա­կան, քա­ղա­քա­կան, տնտե­սա­ըն­կե­րա­յին եւ քա­րոզ­չա­կան մար­զե­րէն ներս:

Այ­սօր Սփիւռ­քը քա­ղա­քա­կա­նօ­րէն աշ­խու­ժա­ցած է եւ տէր` իր իրա­ւունք­նե­րուն եւ պար­տա­ւո­րու­թեանց: Այ­սօր կայ հա­մա­հայ­կա­կան գի­տակ­ցու­թիւն, որ յանձ­նա­ռու Սփիւռք է հար­կա­ւոր հզօր հայ­րե­նի­քի հա­մար, ու հա­մա­հայ­կա­կան տես­լա­կան ու­նե­ցող ժո­ղովր­դա­վար հայ­րե­նիք` Սփիւռ­քի հայ­կա­կան դի­մագ­ծիկու­քի ան­քակ­տե­լի միու­թեամբ է որ կրնանք ձեռք բե­րել հա­մա­հայ­կա­կան հա­մադր­ուած նոր յա­ղա­թա­նակ­ներ եւ դի­մա­կա­յել նոր մար­տահ­րա­ւէր­ներ:

Յստա­կօ­րէն կը յի­շեմ, որ դեռ մա­նուկ, ամէն ան­գամ որ կը փոր­ձէի թա­փան­ցել մեր հետ ապ­րող մեծ մօրս աչ­քե­րուն խոր­քը, կը զգա­յի, առանց լրիւ ըն­կա­լե­լու, թէ որ­քան լուռ թա­խիծ ու սար­սա­փազ­դու պատ­կեր­ներ գամ­ուած էին անոր մտքին ու հոգ­ւոյն մէջ: Ան միշտ կը նա­խընտ­րէր մնալ լուռ. որ­պէս մի­ակ փրկուա­ծը իր մեծ ըն­տա­նի­քէն` չէր ու­զեր վե­րապ­րիլ այն ար­հա­ւիրքն ու դա­ժան յու­շե­րը, որոնք իր պա­տա­նի աչ­քե­րով տե­սած էր ու իր էու­թեան մէջ ամ­բա­րած տե­ղա­հա­նու­թեան դա­ժան օրե­րուն: Մեծ մայ­րիկս վկա­նե­րէն էր մար­դուն ան­մարդ­կայ­նու­թեան այն ահա­ւոր դրսե­ւոր­ման, որ մարդ­կա­յին միտքն իսկ դժուար կ՛ըմբռ­նէր ի տես այն խժդժու­թեան, որուն զոհ գա­ցած էր ամ­բողջ ժո­ղո­վուրդ մը: Միշտ կը փոր­ձէ­ինք մղել զինք, որ բա­նայ իր սիրտն ու լե­զուն, որ­պէս­զի դուրս ժայթ­քին իր մէջ կու­տակ­ուած ան­հուն վիշտն ու ցա­սու­մը եւ որ­պէս­զի լսենք ու հասկ­նանք իր գող­գո­թան, եւ իր խօս­քե­րուն ընդ­մէ­ջէն ծա­նօ­թա­նանք մեր մեծ հօր ու իր ըն­տա­նի­քին:

Իր մահ­ուը­նէ մի քա­նի տա­րի­ներ առաջ, անդ­րա­դառ­նա­լով որ իր հետ կրնար ան­հե­տա­նալ նա­եւ ակա­նա­տե­սի իր ան­գիր վկա­յու­թիւնը, մեծ մայ­րիկս որո­շեց փո­խան­ցել իր պատ­գա­մը եւ պատ­մել իր ոդի­սա­կա­նը: Ու­շի ու­շով ունկնդ­րե­ցինք զինք եւ տե­սե­րի­զի վրայ ար­ձա­նագ­րե­ցինք այդ ահա­ւոր դրուագ­նե­րը, որ­պէս մնա­յուն ժա­ռանգ:

Վերջ ի վեր­ջոյ անդ­րա­դար­ձանք, որ իր պատ­մու­թիւնը իւ­րա­յա­տուկ չէր եւ մեր շուր­ջի իւ­րա­քան­չիւր հայ ըն­տա­նիք կը կրէր սպի­նե­րը այն պատ­մու­թեան, որ դա­ժա­նա­բար ար­մա­տա­խիլ ըրած էր հա­յու­թիւնը եւ անոր ան­հայ­րե­նիք մնա­ցոր­դա­ցը դա­տա­պար­տած թա­փա­ռե­լու Սուր­իոյ անա­պատ­նե­րուն մէջ: Անդ­րա­դար­ձանք, որ մեր բո­լոր բա­րե­կամ­ներն ու ծա­նօթ­նե­րը ու­նէ­ին ըն­տա­նիք­ներ, որոնց­մէ առ­յա­ւէտ կը բա­ցա­կա­յէ­ին մեծ հայ­րեր, մեծ մայ­րեր եւ անոնց տա­րե­կից մէկ ամ­բողջ սե­րունդ:

Այդ վկա­յու­թեան ի հե­տե­ւանք` մեր երի­տա­սարդ հո­գի­նե­րը զայ­րոյ­թի, վրէ­ժի եւ մի­ա­ժա­մա­նակ պայ­քա­րի վճռա­կա­մու­թեան խառ­նուր­դով լեց­ուե­ցան. յաղ­թա­հա­րե­ցինք ան­զօ­րու­թեան զգա­ցու­մը եւ որո­շե­ցինք դառ­նալ Հայ Դա­տի զի­նուո­րագր­եալ­ներ:

Այ­սօր հա­ւաք­ուած ենք Վան­քու­վը­րի մէջ մեր դա­տին պաշտ­պան գանա­տա­ցի բա­րե­կամ­նե­րուն հետ վե­րա­նո­րո­գե­լու մեր պայ­քա­րի ուխ­տը. մեր նպա­տակն ու կամ­քը տկա­րու­թիւն չեն ճանչ­նար. բնաջն­ջու­մի ար­հա­ւիր­քէն ճո­ղոպ­րած հայ ժո­ղո­վուր­դը մի­աս­նա­կա­նօ­րէն կը քա­լէ առաջ, հի­մա որ սու­գի ու լոկ յի­շա­տա­կու­մի օրէ ան­դին մենք Ապ­րիլ­եան տա­րե­լի­ցը վե­րա­ծե­ցինք ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման ու պա­հան­ջա­տի­րու­թեան օր­ուան:

Հա­րիւ­րամ­եա­կի սե­մին վճռա­կա­մօ­րէն եւ նոր թա­փով պի­տի շա­րու­նա­կենք պայ­քա­րը մեր ան­ժա­ման­ցե­լի իրա­ւունք­նե­րու ձեռք­բեր­ման հա­մար, որ­պէս­զի հայ ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րը կարե­նան ապ­րիլ ու ստեղ­ծա­գոր­ծել իրենց ազատ, ան­կախ ու հանգր­ուան-առ-հանգր­ուան ազա­տագ­րուող ամ­բող­ջա­կան հայ­րե­նի­քին մէջ:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles